Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն երկու կարեւորագոյն թեկնածուներու յայտարարութիւնները` Արցախեան հիմնախնդիրի լուծման պատկերացումներ փոխանցելու ուղղութեամբ, դիտարժան կէտեր կը ներառեն իրենց մէջ: Որքան ալ անոնց նայինք ընտրական շարժառիթներու նկատառումով, այնուամենայնիւ խնդիրի իրազեկման, հակամարտութեան էութեան, պատմականին նկատմամբ իրազեկուածութեան երեւոյթը փաստացի է: Առաւել եւս, երկուքն ալ նախապատրաստուած են այս հարցի դիմագրաւման ճշգրիտ պատասխաններ տալու: Պարզ է, որ ընտրական նկատումներէ մեկնած հայանպաստ ըլլալու ճիգը կրնայ ակներեւ թուալ եւ օրինաչափ հնչել, այսուհանդերձ խօսքը պէտք է հիմնաւորեալ ըլլայ. եւ այդպէս է այս պարագային:
Նախ մէջբերենք երկու թեկնածուներուն արցախեան հակամարտութեան լուծման համար իրենց ունեցած պատկերացումներուն մասին կատարուած յայտարարութիւնները:
Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Ֆրանսուա Ֆիյոն յայտնած է, որ հանդիպելով միջազգային անտարբերութեան` Ազրպէյճան փորձեց ուժով տիրանալ Լեռնային Ղարաբաղին. այդ երկրի հայկական ծագումով քաղաքացիները անհանգստացած են ստեղծուած իրավիճակով: «Ես նոյնպէս անհանգստացած եմ, քանի որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածաշրջանը պայթիւնավտանգ է: Պէտք չէ մոռնալ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը Ստալինի պատճառով է, որ 1921-ին տարածաշրջանը կամայականօրէն անջատած է Հայաստանէն` յօգուտ Ազրպէյճանի: Ներկայիս այլ տարբերակ չկայ, քան խաղաղ եւ տեւական լուծում գտնելը», ամփոփած է Ֆիյոն:
Իսկ ազգայնական աջակողմեան դիմագիծով յայտնի կուսակցութեան թեկնածու Մարին Լը Փենը ըսած է. «Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք վարչական սահմանները արագօրէն եւ առանց վերաիմաստաւորման դարձան միջազգային սահմաններ, սակայն, անկախութենէն աւելի ցանկալի կ՛ըլլար, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը հասնէին այն համաձայնութեան, որ թոյլ կու տար Լեռնային Ղարաբաղին վերամիաւորուիլ Հայաստանի հետ», նշած է Ազգային ճակատ կուսակցութեան առաջնորդը:
Լը Փեն կը կարծէ նաեւ, որ Ֆրանսա պէտք է շարունակէ շարք մը երկիրներու հետ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ ունենալ` հաշուի առնելով նաեւ տարբեր երկիրներու հետ ունեցած պատմական կապերը: «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Ֆրանսան պէտք է վերագտնէ իր առաջնակարգ դերը, մասնաւորապէս իբրեւ Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպան, ինչպիսին նաեւ եղած է տակաւին Ֆրանսուա I-ի օրերէն, սակայն այդ դերը արհամարհուած է վերջին տասնամեակներուն», ընդգծած է Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածուն:
Երկու թեկնածուներուն հարցի լուծման պատկերացումներուն միջեւ որոշակի տարբերութիւն կայ. Ֆիյոն չի խօսիր Արցախի անկախութեան կամ Հայաստանի Հանրապետութեան վերամիաւորման մասին, փոխարէնը կ՛ընդգծէ, թէ հարցի լուծման այլ տարբերակ չկայ, քան խաղաղ եւ տեւական լուծում գտնելը: Այստեղ արդէն կը հակադրուի ռազմական ճանապարհներով հարցին լուծում բերելու Ազրպէյճանի պետական արկածախնդրական քաղաքականութեան, որ նաեւ ուղղակի քննադատութեան կ՛ենթարկէ, երբ կ՛ըսէ, թէ Ազրպէյճանը օգտուելով միջազգային անտարբերութենէն փորձեց բռնի կերպով հարցը լուծել ապրիլեան պատերազմ սանձազերծելով: Եւ այս առումով ակներեւ է հակադրութիւնը Ազրպէյճանի պետական կեցուածքին եւ նոյնացումը հայկական կողմէն առաջ քշուող հարցի լուծման խաղաղ եւ մնայուն բնոյթ ունենալու տեսակէտին:
Մինչ Լը Փենի համար առաջադրելի լուծումը Արցախի վերամիաւորումն է Հայաստանի Հանրապետութեան, այն ալ Ազրպէյճանի հետ համաձայնութեամբ: Լը Փենը սակայն ոչ հեռու անցեալը կը յիշեցնէ ընդգծելով Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք վարչական սահմաններու առանց վերաիմաստաւորման միջազգային ճանաչման ենթարկելը` պարզ դարձնելով, որ Արցախը նախապէս Հայաստանի մաս էր եւ բնականաբար պիտի վերադառնար վերստին Հայաստանին: Իսկ այս բաժինը աւելի կը յստակացուի Ֆիյոնի յայտարարութեան մէջ. պէտք չէ մոռնալ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը Ստալինի պատճառով է, որ 1921-ին տարածաշրջանը կամայականօրէն անջատած է Հայաստանէն եւ կցած Ազրպէյճանին:
Կ՛ունենաք այն, որ պատմական անիրաւութիւնը յստակ կը նկարագրէ Ֆիյոնը, իսկ հարցի լուծման բանաձեւը յստակօրէն կու տայ Լը Փենը: Իրար լրացնող յայտարարութիւններ են Արցախի հարցի պատմականին, ներկային եւ լուծման հեռանկարին մասին: Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ երկուքէն ոեւէ մէկուն նախագահ դառնալու պարագային նոյն բովանդակութեամբ յայտարարութիւններ պիտի չհնչեն: Մանաւանդ որ Ֆրանսան համանախագահող երկիր է եւ իր կեցուածքները պիտի համակարգէ համանախագահող երկիրներու հետ:
Դիտարժան է նաեւ այս առիթով Լը Փենի յիշեցումը Ֆրանսայի նախկին քաղաքականութեան յղում կատարելու ընթացքին. Ֆրանսան միշտ զօրավիգ կանգնած է Արեւելքի քրիստոնեաներուն: Ներկայ աշխարհակարգային գործընթացներուն մէջ, երբ ամբողջ տարածաշրջանը ազգաբնակչութեան եւ հոգեւոր կեդրոններու առումով կ՛ապաքրիստոնէանայ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛ընկալուի իբրեւ քրիստոնէական ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կղզի: Ահա նման միջավայրի պահպանման համար կը հիմնաւորէ նաեւ նախագահի թեկնածուն իր դիրքորոշումները:
Ներազգային կարեւոր դիտարկում մը եւս կարելի է ամփոփել այստեղ. այն, որ մինչ այժմ նախագահական թեկնածուները տեղւոյն հայ համայնքին ուղղութեամբ քուէահաւաքի նախընտրական յայտարարութիւններուն մէջ առաւելաբար կը կեդրոնանային Ցեղասպանութեան հիմնախնդիրին վրայ: Գուցէ ապրիլեան պատերազմը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր աշխարհակարգային քարտէսի պարունակին մէջ կարեւոր դիրքի վրայ յայտնուած ըլլալը պատճառ են, որ Արցախի հարցի լուծման համար առնուազն եւ գէթ այս հանգրուանին հնչեն լուծման արդարացի առաջադրանքներ եւ տարբերակներ:
«Ա.»