Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Եգիպտոս
Ռիթա Գէորգեան` Եգիպտոսի Մէջ Անհատական Ցուցահանդէս Ունեցող Առաջին Փոքրիկը
Վերջերս 12-ամեայ Ռիթա Գէորգեանը Եգիպտոսի մէջ ունեցաւ իր առաջին ցուցահանդէսը, որ կը կրէր «Եգիպտահայ դէմքեր» անունը: Ան նաեւ Եգիպտոսի առաջին փոքրիկն է, որ կ՛ունենայ իր անհատական ցուցահանդէսը:
Ռ. Գէորգեան 30 պաստառներու վրայ նկարած է յայտնի քաղաքական եւ այլ բնագաւառներու գործիչներ, ինչպէս նաեւ` եգիպտացի յայտնի հայերու դիմապատկերները, ինչպէս` դերասան եւ երգչուհի Նելլիի, Անուշքայի եւ Լուպլուպա Ֆէյրուզի: Ան յայտնած է, որ նկարած է զանոնք` ցոյց տալու, որ Եգիպտոսի մէջ հայերը իրենց մանկութենէն յառաջադէմ եւ գերազանց եղած են բոլոր բնագաւառներուն մէջ:
Ֆրանսա
Մարսէյի Հրապարակներէն Մէկը Պիտի Կոչուի Սողոմոն Թեհլիրեանի Անունով
Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի հրապարակներէն մէկը պիտի անուանակոչուի Սողոմոն Թեհլիրեանի անունով, որ 1921-ի մարտ 15-ին Պերլինի մէջ գնդակահարեց Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն Թալէաթ փաշան:
Հրապարակին բացումը տեղի պիտի ունենայ ապրիլ 21-ին: Հանդիսաւոր արարողութեան պիտի մասնակցին Մարսէյի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոթի, շարք մը հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկի կազմակերպիչներն են Մարսէյի քաղաքապետարանը եւ Ֆրանսայի մէջ Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը:
1921-ին Թեհլիրեան մասնակցած է Դաշնակցութեան «Նեմեսիս» գործողութեան` առաջադրանք ստանալով սպաննել Եղեռնի գլխաւոր կազմակերպիչ Թալէաթ փաշան: Նոյն տարուան մարտ 15-ին Պերլինի մէջ ան կը գնդակահարէ Թալէաթը եւ կը ձերբակալուի: Սակայն 2 յունիս 1921-ին գերմանական դատարանը անմեղ կը ճանչնայ զայն:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՅԴ-ի 126-ամեակի Տօնակատարութիւն
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, 26 մարտին «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի 126-ամեակի տօնակատարութիւնը:
Օրուան հանդիսավար Լեւոն Էսքիճեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ յայտնեց, որ ՀՅԴ օրուան տօնակատարութիւնը տարիներէ ի վեր վերածուած է հաշուետուութեան օրուան, սակայն այս տարի անիկա տարբեր հմայք պիտի ունենայ, որովհետեւ այսօր մեր միտքի պաստառին մէջ պիտի տողանցեն ՀՅԴ-ի 126 տարիներու վրայ երկարող հերոսական դրուագները:
«Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Խաչիկ Հաւաթեան: Ան անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի նկարագրային յատկութիւններուն, սկզբունքներուն, գործելաձեւին, նուիրումին եւ նկարագիրին` հաստատելով, որ վերոյիշեալ տուեալներով, ՀՅԴ-ն արժանացաւ հայ ժողովուրդի անկեղծ համակրանքին, եւ հո՛ն, ուր հայկական օճախ գոյութիւն ունի, հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին, ան ներկայ եղաւ իր լաւագոյն հայորդիներով: Հաւաթեան լուսարձակի տակ առաւ 126 տարիներու վրայ երկարող ՀՅԴ-ի պատմութիւնը` անդրադառնալով ՀՅԴ ծնունդի պատճառներուն:
Օրուան պատգամաբեր, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց 126-ամեայ կազմակերպութեան ծառայութեան որոշ վերնագիրները, անոր` հայ ժողովուրդի կոչերուն, կանչերուն, կարիքներուն հասնելու պարագաները: Ան նկատել տուաւ, որ ներկայիս Հայաստանը անկախ է, եւ մենք ունինք ինքնուրոյն պետականութիւն, սակայն մեզի համար խիստ կարեւոր է, որ մեր հայրենի ժողովուրդը ունենայ արդար միջավայր, ժողովրդավա՛ր իշխանութիւն, առո՛ղջ եւ բարգաւաճ տնտեսութիւն, Հայաստանի մէջ կեանք մը վարելու աւելի՛ հաւասարակշռուած տուեալներ, եւ իբրեւ արդիւնաւէտ ղեկավարութեան դրսեւորում` Հայաստանէն արտագաղթի վատառողջ երեւոյթի դադրեցում եւ անոնց մէջ ՀՅԴ-ի ազդու դերակատարութիւն, աւելցնելով, որ հայը Հայաստանի մէջ պահելը մեզի համար գլխաւոր նպատակ է, որովհետեւ եթէ իբրեւ ազգ պիտի վերականգնինք, ապա անկախ Հայաստանի ամրապնդումը մեր ազգի գոյութեան եւ վերապրումին լաւագոյն ապահովագրութիւնն է:
Բանախօսը շեշտեց Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ յարաբերութեան բարելաւման կարեւոր դերակատարութիւնը` իբրեւ մէկ ազգի ամբողջականութիւն, իբրեւ մէկ ու միացեալ ապագայ հասկացողութեան ապացոյց, իբրեւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք իրարմով սնանող մէկ էութիւն: Ան կոչ ուղղեց, որ Ֆրեզնոյի մէջ հայոց լեզուն առաւելագոյն չափով տարածուի, խօսուի, գրուի եւ կարդացուի, նաեւ հայ մշակոյթի տարբեր երեսները` երգը, պարը, թատրոնը եւ այլն, պահուին եւ զարգացուին, աւելցնելով, որ այն հայերուն մէջ, որոնց մատչելի պիտի չըլլան մեր մայրենի լեզուն սորվիլը կամ գիտնալը, հարկ է աշխատանք տանիլ` անոնց մէջ հայ ոգին կանգուն պահելու, հայութեամբ հպարտութիւն ներշնչելու եւ զանոնք ազգային տարբեր ոլորտներէ ներս ընդգրկելու համար:
Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր` արտասանութիւն, երգ, պար եւ տեսերիզի ցուցադրութիւն` Արցախի քառօրեայ պատերազմի դրուագներէն եւ պատգամներէն:
Աւարտին Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ հովիւ Տաճատ վրդ. Աշըգեանը «Պահպանիչ»-ով փակեց հանդիսութիւնը:
Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն Եւ Սրբապատկերի Օծում
2 ապրիլին նշուեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Ս. պատարագը մատուցեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որուն ընթացքին սրբազան հայրը օծեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նոր սրբապատկերը, որուն հեղինակն է եկեղեցւոյ հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը, իսկ նուիրատուներն են ծխականներ Վարուժ եւ Քարոլին Շիթիլեանները:
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւին նախաձեռնութիւնը` շնորհաւորելով զայն, որ իբրեւ ուխտաւոր նկարած է սոյն սրբապատկերը: Ան նաեւ դրուատեց նուիրատու ամոլը, որ գործնապէս իր բաժինը կը բերէ եկեղեցւոյ ծառայութեան:
Անդրադառնալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ուխտի օրուան` սրբազանը ըսաւ, որ այս տօնը մեծ շուքով կը նշուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, որ տասնամեակներէ ի վեր ճանչցուած է իբրեւ ուխտի օր, երբ ժողովուրդը կը համախմբուի մայրավանքի շրջափակը եւ կը ստանայ վեհափառին օրհնութիւնը: Ան անդրադարձաւ Լուսաւորիչ հայրապետին կրած չարչարանքներուն` շեշտելով, որ ան իր հաւատքին մէջ հաստատ մնալով եւ փրկուելով Խոր Վիրապէն` եղաւ ռահվիրան Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան իբրեւ պետական կրօն հաստատման, իբրեւ գործակից ունենալով Ս. Տրդատ թագաւորը: Սրբազանը վեր առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նկարագրային գիծերը` յիշեցնելով, որ ան տիպար օրինակ մը եղաւ տոկունութեան եւ լուսաւորութեան` յաղթանակով պսակելով իր առաքելութիւնը:
Անդրադառնալով սրբապատկերի օծման` առաջնորդը մաղթեց, որ անիկա համայնքի զաւակներուն համար մնայուն յուշարար մը ըլլայ` հաւատքի, արիութեան եւ հաւատարմութեան, որպէսզի անոնք հաստատ մնան իրենց հաւատքին մէջ, յաղթահարեն ամէն տեսակի մարտահրաւէր եւ ամբողջական վստահութիւն ունենան Աստուծոյ վրայ:
Իր քարոզին մէջ սրբազանը անդրադարձաւ ազրպէյճանական անարգ յարձակումին, անոր պատճառած մարդկային զոհերուն ու նիւթական վնասներուն, բայց մանաւանդ` քաջարի զինուորներու պաշտպանական գործողութիւններուն ու մահուան գնով հայրենի հողը պաշտպանելու սխրանքին, ընդգծելով, որ անոնք գերագոյն զոհաբերութիւնը յանձն առին` ի խնդիր հայրենի հողի ու ժողովուրդի պաշտպանութեան:
Յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, ապա առաջնորդը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր կատարեց մատաղի օրհնութիւն:
Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի Մեծարանք
Երեքշաբթի, 4 ապրիլին տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըս գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդին նիստը, որուն ընթացքին խորհուրդը հռչակագիրով մը մեծարեց «Մաշտոց» քոլեճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի, գաւառին մէջ հայութեան ուղղուած անոր բազմամեայ սպասարկութիւններուն համար:
Նշենք, որ Լոս Անճելըս գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդը 28 մարտին միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր վերահսկիչներ Քեթրին Պարկըրի եւ Ճենիս Հանի կողմէ առաջադրուած այն առաջարկը, որ ապրիլ ամիսը «Հայոց պատմութեան ամիս» կը հռչակէր գաւառի տարածքին:
Այս որոշումին առիթով Լոս Անճելըս գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդը որոշած է ապրիլ ամսուան իւրաքանչիւր երեքշաբթի հայ քաղաքացի մը մեծարել` լուսարձակի տակ առնելով հայ համայնքին ունեցած բարենպաստ ներդրումները Լոս Անճելըս գաւառի տնտեսութեան եւ մշակութային մարզերուն մէջ:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ոգեկոչող Պաստառը` Դարձեալ Սան Ֆրանսիսքոյի Կամուրջին Վրայ
Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով` 2 ապրիլին տեղադրուած է Սան Ֆրանսիսքոն Օքլընտին միացնող եւ միշտ բանուկ «Պէյ» կամուրջէն տեսանելի հսկայ պաստառը, որ հոն պիտի մնայ մինչեւ ապրիլ ամսուան վերջը: Պաստառին վրայ մեծ տառերով գրուած է` «Հայոց ցեղասպանութիւն 1915», եւ կայ յղում` genocideeducation.org կայքին:
Շրջանի 30 հազար հաշուող հայ համայնքին նուիրատուութիւններով կարելի եղած է Ցեղասպանութեան յիշատակի սոյն պաստառը տեղադրել Սան Ֆրանսիսքոյի հանրայայտ կամուրջին վրայ:
Հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն Քիմ Պարտաքեան նկատել տուաւ, որ մարդիկ պիտի կարենան տեսնել պաստառը ամբողջ ապրիլ ամսուան ընթացքին: Պաստառին միջոցով մենք կը բարձրացնենք այլոց իրազեկումի մակարդակը ու հետաքրքրութիւն կը յառաջացնենք: Ան փափաք յայտնեց, որ մարդիկ այցելեն իրենց կայքը ու իմանան մեր պատմութեան մասին:
Հանդիպում Քառօրեայ Պատերազմին Մասնակցած Արման Աւետիսեանին Հետ
6 ապրիլին Հոլիվուտի Հայ կեդրոն այցելեց արցախեան քառօրեայ պատերազմին մասնակցած հայոց բանակի զինուորներէն Արման Աւետիսեան եւ հանդիպում ունեցաւ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի 11-րդ դասարաններու աշակերտներուն հետ, որոնք ապրեցան հպարտութեան եւ հայրենասիրական պահեր: Անոնք մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին Արմանին հետ, հարցումներ ուղղեցին անոր եւ հետաքրքրութեամբ ու ոգեւորութեամբ ունկնդրեցին անոր յուշերն ու տպաւորութիւնները Արցախի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին եւ թշնամիին դէմ մղած ռազմական գործողութիւններուն պատճառով իր վիրաւորուելուն ու ձախ ոտքը կորսնցնելուն մասին:
Մարտական ոգի ունեցող հայ քաջարի զինուորը ըսաւ, որ նոյնիսկ վիրաւորուելէն եւ բուժում ստանալէն ետք իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է եւ արդէն իսկ արձանագրուած է կրկին ճակատ վերադառնալու ու հայրենիքի սահմանները անարգ թշնամիներէն պաշտպանելու համար:
Հոգեհանգիստ` Արցախի Քառօրեայ Պատերազմի Զոհերու Յիշատակին
2 ապրիլին Արցախի քառօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցին առթիւ Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` նահատակներու հոգիներուն համար, եւ ընթերցուեցաւ առաջնորդին պատգամը:
Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան Ձեռնարկը
1 ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղի տարեկան ձեռնարկը, որուն ընթացքին, յարգանքի ու պատիւի արժանացաւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ ու Սան Ֆրանսիսքոյի գաղութի նուիրեալներէն դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեանը:
Օրուան բանախօսն էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախկին ատենապետ Անդրանիկ Պաղտասարեան, որ իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ հիմնադրամին տարած աշխատանքներուն եւ հայրենանուէր ծառայութիւններուն վրայ:
Սրբազան հայրը իր կարգին արտասանեց շնորհաւորանքի եւ օրհնութեան խօսքեր: Ան գնահատեց Հայ մշակութային հիմնարկութեան ծառայութիւնները եւ հայութեան կեանքին մէջ անոր ունեցած դերակատարութիւնը` օրհնելով անոր դրօշին տակ ծառայողներուն վաստակը:
Քանատա
Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Արցախեան Քառօրեայ Պատերազմի Նահատակներուն Համար
2 ապրիլին Քանատայի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Արցախեան քառօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցին առիթով տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն` նահատակ զինուորներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի գլխաւորութեամբ, առաջնորդարանին կից խաչքար-յուշարձանին դիմաց տԵղի ունԵցաւ ծաղկեպսակնԵրու զետեղում: Ծաղկեպսակներ զետեղեցին ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան Մոնրէալի «Լեւոն Շանթ» եւ Լաւալի «Աշոտ Բեկոր» մասնաճիւղերուն անդամները:
Քանատայի երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Կարինէ Կարապետեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայոց բանակի նահատակներուն անժամանցելի աւանդը:
Առաջնորդ սրբազանը իր սրտի խօսքին մէջ շեշտեց, որ երիտասարդութեան մէջ միշտ կը տեսնենք վառ հայրենասիրութեան ոգին եւ այդ երիտասարդներով է, որ մենք պիտի շարունակենք մեր գոյապայքարը եւ պիտի դառնանք տէրը մեր հայրենիքի սուրբ հողին եւ ժողովուրդին:
Լեհաստան
«Հայկական Սփիւռքի Արուեստը» Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողով
Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին եւ Լեհաստանի հայ համայնքի կազմաւորման 650-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, 30-31 մարտին Վարշաւիոյ կարտինալ Սթեֆան Վիշինսքիի անուան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական սփիւռքի արուեստը» խորագիրով միջազգային գիտաժողով:
Գիտաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան ելոյթներով հանդէս եկան Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Էդգար Ղազարեան, Վարշաւիոյ կարտինալ Սթեֆան Վիշինսքիի անուան համալսարանի Պատմութեան եւ արուեստի հիմնարկի տնօրէն, դասախօս Կաթարժինա Խրուտժիմսքա-Ուհերա, Լեհաստանի Համաշխարհային արուեստի ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի նախագահ, Թորունի Նիքոլայ Քոփեռնիքոսի անուան համալսարանի դասախօս փրոֆ. Եժի Մալինովսքի եւ գիտաժողովի կազմակերպական յանձնախումբի ղեկավար, Վարշաւիոյ կարտինալ Սթեֆան Վիշինսքիի անուան համալսարանի դասախօս փրոֆ. Վալտեմար տէ Լուքա:
Գիտաժողովին տարբեր երկիրներու մէջ հայերու կողմէ ստեղծուած արժէքաւոր մշակութային ժառանգութեան վերաբերող գիտական զեկոյցներով եւ իրենց ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներով հանդէս եկան Լեհաստանի, Հայաստանի, Ֆրանսայի, Սերպիոյ, Ուքրանիոյ, Գերմանիոյ եւ Հունգարիոյ շարք մը համալսարաններէ եւ գիտական կեդրոններէ հայ եւ օտար գիտնականներ: