Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայ Քաղաքացիի Ինքնահաստատումը Դաշնակցութեան Յանձնառութիւնն Է

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

«Այսպիսով, պետութիւնն իրեն օտարեց քաղաքացուց,
իսկ քաղաքացին օտարուեց պետութիւնից»:

ՀՅԴ ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Ընդունելի եւ արդար կառավարութեան մը գլխաւորագոյն յատկանիշն է այն փոխադարձ վստահութիւնը, որ գոյութիւն ունի պետութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ: Այս հաստատումին բացակայութիւնը հաւանաբար այն ցաւալի իրականութիւնն է, որ խորապէս կը տագնապեցնէ հայրենի հասարակական կեանքը` բոլոր մակարդակներու վրայ: Սակայն լաւատեսութիւնը կը պարտադրէ, որպէսզի որոնենք այդ վստահութեան յառաջացումը` կառավարման համակարգի փոփոխութեամբ:

 

Հայրենի ժողովուրդը կամքն ու կարողութիւնը ցուցաբերեց կատարելու այդ համակարգային փոփոխութիւնը: Առ այդ, խորհրդարանական կառավարման համակարգը ներկայիս ամրագրուած է` գէթ թուղթի վրայ: Խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն, ինչպէս նաեւ հայրենի քաղաքացիներուն կը մնայ այդ համակարգը գործող եւ աշխատող դրութեան վերածելու պարտաւորութիւնը, որպէսզի վերահաստատուի փոխադարձ վստահութիւնը:

Այս պարտաւորութիւնը լիովին կատարելու իր վճռականութիւնը յայտնած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

Սկսած է փոխանցումի հանգրուան մը, որուն յաջողութիւնը կարելի պիտի ըլլայ ապահովել պետական մտածողութեամբ, համապատասխան գործելաձեւով, քաղաքացիական գիտակցութեամբ եւ արդարութեան ձգտումով: Այս առումներով, հայրենի բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ քաղաքացիներուն կը սպասեն մարտահրաւէրներ, որոնց նուաճումը կը պահանջէ իրարահասկացողութիւն, հանդուրժողականութիւն, համախոհութիւն եւ համագործակցութիւն` երկիրն ու ժողովուրդը յուզող հիմնախնդիրներուն կապակցութեամբ:

Այս պահանջը կ՛ենթադրէ որակեալ եւ շօշափելի քաղաքական զարգացում, որուն բովէն պարտաւոր են անցնելու բոլոր նորանկախ պետութիւնները: Դժբախտաբար, Հայաստանի պարագային, քաղաքական զարգացումը ո՛չ միայն թերացաւ, այլեւ չկայացաւ: Այս կացութեան պատճառներ պէտք է փնտռել երկրի ղեկավարման մեր ներքին անճարակութեան, ապաշնորհութեան, շահակցականութեան, մերժողականութեան եւ անհանդուրժողականութեան մէջ: Փոխանակ դէպի իսկական քաղաքական զարգացում ընթանալու` մսխումի ենթարկուեցան մեր անկախութիւնը ամրագրելու եւ արդիական պետութիւն կայացնելու գծով կատարուած խոստումներն ու ստեղծուած առիթները:

Քաղաքական զարգացման մէջ արձանագրուած թերացումին պատճառով, կարելի չեղաւ ստեղծել մեր սեփական վարչաձեւը եւ մեր ազգային հասարակութիւնը: Փոխարէնը` պարզապէս շարունակուեցաւ կառավարման այն ոճն ու մշակոյթը, որուն ենթակայ դարձած էր հայրենի ժողովուրդը աւելի քան եօթը տասնամեակներ: Քաղաքական զարգացման ակնկալութիւնը այն էր, որ մեր պետութիւնը պիտի ըլլար իրաւական, արդար եւ ժողովրդավար, իսկ հայրենի ժողովուրդը պիտի վերածուէր Հայաստանի քաղաքացիի: Ափսո՜ս, չեղաւ ո՛չ մէկը եւ ո՛չ միւսը:

Ուստի, կրկնուեցաւ այն, ինչ որ տասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունէր: Պետութիւնն ու ժողովուրդը վերադարձան երբեմնի փոխադարձ անվստահութեան, ինչպէս շատ ճիշդ կերպով կը բնութագրէր ՀՅԴ-ի Նախընտրական ծրագիրը` «Այսպիսով, պետութիւնն իրեն օտարեց քաղաքացուց, իսկ քաղաքացին օտարուեց պետութիւնից»:

Պետութեան եւ քաղաքացիին միջեւ գոյութիւն ունեցող խորթացումը արմատն է փոխադարձ անվստահութեան: Այս պայմաններու տակ միամտութիւն պիտի ըլլայ յուսալ արդար եւ ընդունելի կառավարութեան մը յառաջացումը: Ընդհակառակը, կառավարութիւնը պիտի շարունակէ գործել առանց համարատուութեան, իսկ քաղաքացին պատահականութեան պիտի թողու իր քաղաքացիական պարտաւորութիւնն ու իրաւունքները:

Խորհրդարանական կառավարման համակարգի ճամբով կարելի պիտի ըլլայ ճիշդ հունաւորում տալ հայ պետականութեան եւ հայ հասարակութեան որակեալ քաղաքական զարգացման: Նման գործընթաց մեր կառավարման կառոյցները պիտի առաջնորդէր դէպի արդիական պետութիւն, իսկ մեր հայրենի հասարակութիւնը` դէպի գիտակից քաղաքացիութիւն:

Կառավարման այս գործընթացին մէջ առաջնահերթը եւ սեւեռակէտը հայ քաղաքացին է: Ան է՛ ու պէտք է ըլլայ Հայաստանի լիիրաւ քաղաքացին, որուն կամքին ենթակայ է որեւէ կառավարութիւն: Կարելի չէ հայ քաղաքացիին իրաւասութիւնները թողուլ պատահականութեան: Մանաւանդ կարելի չէ անոր քաղաքացիական արտայայտութեան իրաւունքները առեւտրական սակարկութեան ենթարկել:

Այլապէս, քաղաքացիական հին գոյավիճակէն տուժողը պիտի ըլլան պետութիւնը եւ կառավարութիւնը: Իսկ գինը վճարողը պիտի ըլլայ նոյնինքն քաղաքացին:

Բաւարար է քառորդդարեայ կառավարման իշխող դասերու եւ յղփացած նոր աւատապետներու մենաշնորհային գոյութիւնը, որոնք պարզապէս օտարեցին հայ քաղաքացին եւ խորթացուցին զայն իր սեփական պետութենէն:

Կառավարման նոր համակարգի առաջնագոյն պարտաւորութիւնը պիտի ըլլայ հայ քաղաքացիին ինքնահաստատումը` իր քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրաւունքներով:

Եւ հայ քաղաքացիի լիիրաւ ինքնահաստատման գործը  քաղաքական ու գաղափարական յանձնառութիւն է ՀՅ Դաշնակցութեան համար:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles