«… Հրեշտակը կիներուն ըսաւ.
– Դուք մի՛ վախնաք. գիտեմ, որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք: Հոս չէ‚ որովհետեւ յարութիւն առաւ‚ ինչպէս ըսած էր: Եկէ՛ք եւ տեսէ՛ք այն տեղը, ուր դրուած էր: Անմիջապէս գացէ՛ք եւ ըսէ՛ք իր աշակերտներուն, թէ յարութիւն առաւ: Անիկա ձեզմէ առաջ Գալիլիա կը հասնի եւ հոն պիտի տեսնէք զինք. ահա ըսի ձեզի»:
(Մատթէոս 28:5-7)
Գոհութիւն եւ փառք կը յայտնենք Ամենակալին, որ մեզ դարձեալ կ՛արժանացնէ տօնական հոգեպարար մթնոլորտի մէջ վայելչապէս նշելու մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան հրաշափառ տօնը:
Աւետարանը կը պատմէ, որ մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս, խաչի մահուամբ իր մահկանացուն կնքելէ ետք, գրեթէ լուռ ու ծածուկ պայմաններու մէջ թաղուեցաւ բոլորովին նոր ու անծանօթ գերեզմանի մը մէջ, որուն դուռն ալ փակուեցաւ անհամեմատօրէն մեծածաւալ ժայռի բեկորով մը, որպէսզի ընդմիշտ խափանուած մնայ անոր գերեզմանին մուտքը բոլորին դիմաց: Հրէից պահանջով, գերեզմանին շուրջ հաստատուեցաւ նաեւ խիստ զինուորական հսկողութիւն:
Իսկ Յիսուսի խաչելութենէն ու թաղումէն ետք, վախի ու սարսափի մթնոլորտ կը տիրէր Երուսաղէմի մէջ ու Հրէաստանի ամբողջ տարածքին: Հաւատացեալներու այն հսկայ բազմութիւնը, որ շարունակաբար Յիսուսին կը հետեւէր եւ որմէ նոյնիսկ կ՛ակնածէին փարիսեցիներն ու դպիրները, հրապարակէն բոլորովին հեռացած էր: Հալածանքի այդ օրերուն, հրապարակէն քաշուած էին նաեւ Յիսուսի ամէնէն հարազատ հետեւորդները` նոյնինքն առաքեալները: Եւ այսպէս, սուգի ու վախի այդ վիճակին մէջ, երբ ամէն մարդ կը փորձէր իր գոյութիւնը ապահովել, ո՞վ կրնար կրկին անգամ Յիսուսը տեսնելու մտածումը ունենալ:
Սակայն, ինչպէս Աւետարանը կը վկայէ, կիրակի առաւօտ կանուխ‚ անտեսելով հալածանքն ու հաստատուած արգելքները, Մարիամ Մագդաղենացին‚ Յակոբոսի մայրը` Մարիամը եւ Սողոմէն գերեզման կ՛երթան, որպէսզի խունկ ծխելով Յիսուսի մարմինը օծեն: Անոնք իրենց դիտաւորութեան մէջ չէին մտածած արգելքներուն մասին. ընդհակառակն, երբ առաւօտ կանուխ, բարեպաշտական սովորութեան մը հետեւողութեամբ գերեզման կ՛ուղղուէին, ճամբու ընթացքին միայն մտահոգուած էին գերեզմանին դուռը խափանող ժայռով, զոր շարժելու համար իրենց ուժը անբաւարար կը նկատէին:
Եւ ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը, դէպի գերեզման տանող ճամբան անարգել կտրելէ ետք, բարեպաշտ այս կիները գերեզմանին մուտքն ալ փակող ժայռը մէկդի գլորուած ու դուռն ալ բացուած կը գտնեն իրենց դիմաց: Այնտեղ, գերեզմանի մուտքին, Տիրոջ հրեշտակը զիրենք կը դիմաւորէր Յիսուսի յարութեան լուրով եւ քաջալերելէ ու սրտապնդելէ ետք զիրենք, կը յանձնարարէր պատահածին մասին լուրը տանիլ Յիսուսի աշակերտներուն եւ անոնց թելադրել, որ անմիջապէս Գալիլիա վերադառնան, որովհետեւ այնտեղ իրենց կը սպասէր իրենցմէ առաջ տեղ հասած Յարուցեալը:
Խորհրդալից է կիրակի առաւօտուն Յիսուսի գերեզմանի մուտքին պարզուած տեսարանը: Տիրոջ հրեշտակը կը յայտնուէր քանի մը բարեպաշտ կիներու, որոնք առաւօտ կանուխ, իրենց վարդապետին հետ ըլլալու որոշումով գերեզման ուղղուած էին: Եւ բնականաբար, իրենց պարտականութեան գիտակցութիւնը ունեցող այս քանի մը կիներուն պիտի վստահուէր յարութեան լուրը աշակերտներուն տանելու եւ զիրենք իրենց պարտականութեան հրաւիրելու սրբազան առաքելութիւնը:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Ահաւասիկ, դարձեալ Սուրբ Զատիկ է եւ մեր ալ դիմաց պարզուող տեսարանը նոյնքան խորհրդալից է, որքան դարեր առաջ Յիսուսի գերեզմանին շուրջ պարզուած տեսարանը:
Ս. Յարութեան աւետիսով ողողուած է աշխարհը, սակայն շարունակաբար աշխարհին համակերպող մեր կեանքի ոճովը, ի՞նչ տեսակ հաւատքով մասնակից կրնանք ըլլալ Յարութեան հրաշքին եւ մեր եկեղեցւոյ ճամբով մեզի հասնող յարութեան աւետիսը ստանալով, ի՞նչ տեսակ եռանդով կրնանք զայն վերցնել մեր ուսերուն եւ ուղղուիլ դէպի հոն, ուր մեր Փրկիչն ու մեր Աստուածը մեզի կը սպասէ:
Սուրբ Յարութեան տօնը առիթ է ուժգնօրէն զգալու, որ հակառակ աշխարհի յարափոխուող երեւոյթներուն, աշխարհը կը մնայ Աստուծոյ ստեղծած միեւնոյն այն միջավայրը, ուր շարունակաբար ներկայ է ինք Աստուած, որ մեզի համար աշխարհ եկաւ, մեզի համար խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի լուսաւոր ճանապարհ ցոյց տալով մեզի, մեզ առաջնորդէ իր անմահական պարգեւներուն:
Զատիկ է դարձեալ եւ Յարուցեալը մեզի կը սպասէ միեւնոյն ժամադրավայրին մէջ: Անոր հետ հանդիպելու ժամադրավայրը մեր ժողովուրդին կեանքն է իր տեսակաւոր կարիքներով: Ժամադրավայրը ծառայութեան այն դաշտն է, ուր մեր աշխատանքին ընդմէջէն սրբութիւնը կրնանք մատչելի դարձնել մեր ժողովուրդին:
Հետեւաբար, միայն անցեալի պատմութեան մէջ չփորձենք տեսնել ու ըմբռնել զԱստուած: Ջանանք գերեզմանէն անդին` զինք զետեղել նաեւ այսօրուան մեր կեանքին ու վաղուան մեր հեռանկարին մէջ, որպէսզի նաեւ կեանքի իրական պայմաններուն մէջ զգանք իր ներկայութիւնը: Եւ զգուշ ըլլանք, որպէսզի աշխարհի մէջ մեր ապրած անկաշկանդ կենցաղին հետեւանքով, չվտանգենք մեր հաւատքը եւ չկորսնցնենք նաեւ մեր Տէրն ու Փրկիչը:
Զատիկ է դարձեալ. եւ հետեւաբար, Յիսուսի հրաշափառ Յարութենէն ճառագայթող լոյսը աշխարհին տանելու յանձնառութեամբ, վերականգնենք Արարիչին հետ խզուած կապերը եւ անձնակեդրոն վիճակէ ու մեկուսացումէ դուրս գալով, մեր կեանքին ընթացքը ուղղենք դէպի սրբազան պարտականութեանց այն դաշտը, ուր մեզի կը սպասէ Աստուած:
Տօնական բարեբաստիկ այս առիթով, սրտովին ու ջերմապէս կը շնորհաւորենք ամբողջ լիբանանահայութիւնը, թեմիս հոգեւորականաց դասը, ժողովականութիւնը, մեր եկեղեցիներու, վարժարաններու, համայնական մեր կեանքին մէջ գործող մարմիններու ու կառոյցներու պատասխանատուներն ու անդամները:
Թող ամենաբարին Աստուած Սուրբ Յարութեան հրաշափառ լոյսով ողողէ ամբողջ մարդկութիւնը: Թող Յարութեան յոյսը նոր ոգեկանութիւն ու ամրութիւն բերէ ամբողջ հայութեան, որպէսզի անթիւ տագնապներու բովէն անցած մեր ժողովուրդը, քրիստոնէական սիրոյ, յանձնառութեան եւ նուիրումի հաւատքով, իր կեանքը ապրի դէպի յաղթանակ տանող Յարութեան ուղիին մէջ:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ եւ աղօթարար, մնամ`
ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՀԱՅՈՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ