ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն շաբաթ մը ետք հանդարտ սպասողականութիւն կը տիրէ քաղաքական հարթակի վրայ: Քաջալերելի պէտք է համարել նման քաղաքական անդորրութիւն: Այս կացութիւնը վստահաբար կը թելադրէ թէ՛ խորհրդարանական, թէ՛ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերը ձեռնարկած են
նախապատրաստական աշխատանքներու` դիմակալելու պետական ու կառավարման համակարգի բարեփոխման մարտահրաւէրները, որոնց համար անհրաժեշտ եւ բարւոք լուծումները երկար ատենէ ի վեր կը խուսափին մեզմէ:
Անշուշտ, անպայման կը գտնուին մարդիկ եւ ուժեր, որոնք հասկնալի պատճառներով չբաժնեն բարեփոխումներու իրագործման հաշուոյն կատարուած այս լաւատեսութիւնը: Նման յոռետեսութիւն բնական է, երբ նկատի ունենանք մեր նորանկախ հանրապետութեան ղեկավարման դառն փորձառութիւնները:
Նոյնինքն խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները անխուսափելիօրէն կը ներշնչեն յոռետեսութեան ու նուազ ակնկալութիւններու տրամադրութիւններ եւ զգացումներ: Ոչ միայն քաղաքական հաշուարկները, այլեւ քաղաքական բնազդը կրնան խստօրէն թելադրել նման ժխտական վերաբերմունք: Ընտրութիւններու աւարտին արդիւնքներու համայնապատկերը շատ յստակ էր: Ժողովուրդը իր խօսքը ըսաւ: Սակայն աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել, որ կարգ մը ուժեր, ի գին օրինախախտումներու, իրե՛նք այդ խօսքը ըսել տուին ժողովուրդի մեծամասնութեան:
Այս բոլորով հանդերձ, գոյութիւն ունի քաղաքական գերակշռող իրողութիւն մը, որ ինքզինք կը պարտադրէ երկիրը ուղղելու դէպի պետական եւ համակարգային բարեկարգման ճանապարհ: Այսօր նոր եւ հիմնական փոփոխութիւն մը կատարուած է հայրենի քաղաքական ու պետական կեանքին մէջ: Հայաստանը ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հանրապետութիւն է: Ասիկա թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ազգային իրականութիւն մըն է հիմա, որ կը պարտադրէ խորհրդարանին մէջ թէ անկէ դուրս գտնուող բոլոր ուժերուն` ընթանալ ըստ այնմ եւ ըստ կառավարման ոճային, մտային եւ աշխատանքային բարեփոխման:
Խորհրդարանական կարգը այն նոր սկիզբն է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը առաջադրեց ու խոստացաւ իր ընտրական ծրագրով եւ ընտրարշաւի լուսաբանումներով: Կենսական իրողութիւն է այս նոր սկիզբը: Թերեւս ներկայիս շատերու համար դժուար է խորաչափել կառավարման բարեկարգումին անոր բերելիք կենսական նպաստները: Բայց, ժամանակի ընթացքին, խորհրդարանական քննարկումներու ճամբով, բարերար օրինագծերու որդեգրումով, աստիճանաբար պիտի անդրադառնան եւ համոզուին բոլոր ուժերը, թէ ճիշդ ու անհրաժեշտ էր այս նոր սկիզբը` ի սէր մեր ժողովուրդի բաւարարման եւ ի խնդիր մեր պետական կառավարման բարելաւումին:
Պէտք է անդրադառնալ, ինչպէս նաեւ պէտք է գործել այն գիտակցութեամբ, որ հայրենի խորհրդարանը պիտի ըլլայ հայ քաղաքական կեանքի կառավարման զսպիչ ու հակակշռող կեդրոնը: Իր օրէնսդիր եւ գործադիր իրաւասութիւններով, այս կեդրոնը պիտի ըլլայ քաղաքական ու պետական զարգացման այն մեքենան, որուն վստահուած է նուաճել արդար կարգերու հաստատման, բարգաւաճ ընկերութեան առաջացման եւ պարկեշտ հանրային ծառայութեան մը ստեղծման պարտականութիւնը:
Դիւրին պիտի չըլլայ հայրենի խորհրդարանին գործը, ինչպէս դիւրին չէ եղած ու չէ որեւէ գործ, որ կը միտի անէացնել խլիրդի նման վէրք կապած հին ու սեփական հաշիւներու ծառայող կառավարման համակարգեր: Սակայն մեր խորհրդարանը պիտի կարենայ քանդել ժանգ կապած «սթաթիւս քուո»-ներ, որոնք ոչ միայն վնասաբեր են հայրենիքին ու ժողովուրդին, այլ նաեւ ժամանակավրէպ դարձած են:
Տէր կանգնելով խորհրդարանական իշխանութեան մը հաստատման ժողովուրդի վճիռին` հայրենի Ազգային ժողովը պիտի գործէ յառաջացնելու համար քաղաքականօրէն զարգացած ու արդիական այն համակարգը, որուն արժանի են մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը: Ազգային ժողովի դանդաղ, սակայն կլանիչ քայլերուն տակ պիտի հիւծին հին համակարգն ու անոր մնացորդացը: Այս իմաստով, մեր խորհրդարանը պիտի ըլլայ ի սպաս հայրենիքի եւ ի խնդիր ժողովուրդի ուղղամիտ կառավարման, օրէնքի վերահաստատման եւ ընկերային արդարութեան հարթիչ անիւը:
Հարց է թէ ինչպէ՞ս նման իրագործում կարելի պիտի ըլլայ, երբ Ազգային ժողովը կը վխտայ գաղափարազուրկ, անդիմագիծ եւ անձնականացուած ուժերով, որոնք մեծամասնութիւն կը կազմեն եւ վստահաբար պիտի պաշտպանեն տարիներէ ի վեր իրենք իրենց վերապահած շահերը: Նման ուժեր հին համակարգը կը ներկայացնեն: Անոնք պիտի փորձեն շարունակել կենդանի պահել այդ յամեցող համակարգը: Անոնք տասնամեակներէ ի վեր իշխող նոմենկլաթուրայի կազմակերպ ուժերն են: Իբրեւ այդպիսին` անոնք նոր շղարշով, սակայն հին ճանապարհով պիտի փորձեն պահպանել իրենց անձնապէս ձեռնտու համակարգը:
Այս հարցին պատասխանը պէտք է փնտռել խորհրդարանական ընտրարշաւի ընթացքին դրսեւորուած այն խուճապին մէջ, որուն մատնուեցան հին համակարգի պահպանիչ ուժերը: Ճիշդ է` անոնք կարողացան մեծամասնութիւն ապահովելով մուտք գործել նոր խորհրդարան: Սակայն, ատոր համար անոնք սուղ գին վճարեցին: Գինը, որ վճարեցին, միայն դրամական չէր, այլ բարոյական ու քաղաքական էր: Այս ուժերը բարոյական ու քաղաքական նոյն գինը վճարելու հարկադրանքին տակ պիտի գտնուին խորհրդարանին մէջ:
Այդ ուժերուն համար հին համակարգը պահելու առաջադրանքը կ՛ենթադրէ քաղաքական եւ բարոյական նոր գին մը, որ բաւականին թանկ պիտի ըլլայ ապագայի հաշուոյն` յաջորդ ընտրութիւններուն, երբ պիտի ներկայանան ժողովուրդին պատասխանելու, թէ ի՞նչ կատարեցին բարեփոխելու համար երկիրը: Եւ մեր ժողովուրդը իմաստուն է: Մեր ժողովուրդը գիտէ ճիշդ հարցումը կատարել ճիշդ ատենին ու ճիշդ հասցէին:
Այդ ուժերը նաեւ ունին քուէներու մեծամասնութիւնը խորհրդարանէն ներս: Քուէները վաւերական ուժ են որոշում մը կայացնելու համար: Սակայն որոշումի բանաձեւումն է կարեւորը: Այս բանաձեւումին մշակման մէջ ազդեցիկ եւ առաջնորդող պիտի ըլլայ այն ուժը, որ տեսլական, հեռանկար եւ մշակուած ծրագիր ունի` անկախ իր քուէներու համրանքէն
Հետեւաբար, մէկդի դրած իրենց ներկայացուցած քուէներու համեմատութիւնները, ներկայ խորհրդարանական ուժերը նոր համակարգ մը հաստատելու եւ հաշուետուութիւն կատարելու պարտաւորութեան հարց ունին` ի դիմաց մեր ժողովուրդին: Այս երկու պարտաւորութիւններու պարագային, ՀՅ Դաշնակցութիւնը ի սկզբանէ միակն է, որ կրնայ ճիշդ, անկեղծ ու հաւատարիմ պատասխանը տալ մեր ժողովուրդին:
Մնացեալ ուժերուն կը մնայ իրենց գործունէութեան անկատար պարտամուրհակով ներկայանալ ժողովուրդին:
Եւ ժողովուրդը արդարօրէն հարց պիտի տայ անոնց, թէ իբրեւ առաջնորդող ուժ` ի՞նչ կատարեցիք հայրենիքին պետական ու համակարգային կառավարման բարեկարգումին համար: Անոնց պատասխանը անստոյգ է: Սակայն ՀՅ Դաշնակցութեան պատասխանը յստակ է:
Մինչ այդ, ապագայի այդ հարցադրումներէն առաջ, պէտք է անդրադառնալ պետութեան բարեկարգման գծով քաղաքական զարգացումին եւ մեր ժողովուրդի կողմէ հարցադրման գծով մեր քաղաքական մշակոյթին: Այս զոյգ հարցերու մասին` յաջորդիւ: