Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան Հովանաւորութեամբ Եւ Պատուէրով Հրատարակուած Գիրքերու Շնորհահանդէսը

Մարտ 23-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ պատուէրով հրատարակուած գիրքերու շնորհահանդէսը, որուն մասնակցած էին` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Հայաստանի ԿԳՆ Գիտութեան պետական կոմիտէի նախագահ Սամուէլ Յարութիւնեանը, Երեւանի  պետական  համալսարանի  նախագահ Արամ Սիմոնեանը, անուանի գիտնականներ, քաղաքագէտներ, թուրքագէտներ, լեզուաբաններ, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան շեշտեց սփիւռքի համայնքներու պատմութեան, մշակոյթին, գրականութեան, լեզուի հիմնական հարցերու գիտական համակողմանի ուսումնասիրութեան կարեւորութիւնը: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ եւ պատիւը ունիմ ողջունելու ձեզ այս շնորհահանդէսին, որուն ընթացքին  պիտի ներկայացուի գիտական կառոյցներու հետ մեր միատեղ գործունէութեան արդիւնքը: Գիտական այս հետազօտութիւնները կ՛օգնեն մեզ` աւելի համակողմանիօրէն եւ խորութեամբ ճանչնալու սփիւռքի պատմութիւնը, ծանօթանալու համայնքներու առանձնայատկութիւններուն, նկատի առնելով առաջարկներն ու եզրակացութիւնները: Ամէն տարի սփիւռքի նախարարութիւնը գիտական հետազօտութիւններուն պատուէրներ կու տայ ուսումնասիրութիւններու չորս ուղղութիւններով: Առաջինը` հայկական համայնքներու պատմութեան, տեղաշարժերու մասին ուսումնասիրութիւններն են. հարցերու երկրորդ խումբը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման, հատուցման իրաւական հարցերուն, երրորդը` լեզուի պահպանութեան, զարգացման, հարցերն են եւ չորրորդ ուղղութիւնը` սուրիահայերու հարցերու կարգաւորման ուղիներու հետազօտութիւնները: Սիրով կը շնորհաւորեմ բոլորիս եւ շնորհակալ եմ մեր միացեալ աշխատանքին արդիւնքներուն համար»:

Ներկաները ողջունեց նաեւ Հայաստանի ԿԳՆ գիտութեան պետական կոմիտէի նախագահ Սամուէլ Յարութիւնեանը: Ան շեշտեց, որ կարեւոր է առաւել արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը նախարարութեան հետ` սփիւռքի գիտական ներուժի յայտնաբերման, սփիւռքի գիտնականներու հետազօտութիւններուն ծանօթանալու եւ անոնց աշխատանքի արդիւնքէն օգտուելու առումով:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան նշեց, որ շնորհահանդէսին ներկայացուածները սոսկ գիրքեր չեն, այլ` հարցադրումներ ունեցող լուրջ հետազօտութիւններ: Այդ հարցադրումներուն շուրջ տարիներ շարունակ վիճած են գիտնականները, անոնք հետազօտութեան, ուսումնասիրութեան անսպառ աղբիւր են: Եւ դիմելով սփիւռքի նախարարին` ըսած է. «Այդ առումով շատ կարեւոր կը նկատեմ այս շնորհահանդէսը: Ձեր ղեկավարած կառոյցին աշխատանքը դժուար է գնահատել: Շատ մեծ գործ կատարուած է»:

Ներկայացուեցան «Հայկական համայնքները խորհրդային հանրապետութիւններու մէջ 1941-1991 թուականներուն», «Սուրիահայերու արդի իրաւական-ընկերային հիմնական հարցերը Հայաստանի մէջ», «Հայ պարբերական մամուլի պատմութիւն» (1900-1922 թուականներուն), «Գրական արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեան պատմութիւն», «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման ուղիները», «Գրական սփիւռք-2016. տարեգիրք», «Գրաբարի ներկայացումը համընդհանուր ցանցային լեզուի բառարանային համակարգում», «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը Թուրքիոյ հասարակական-քաղաքական դիսկուրսում», «Սփիւռքի ներդրումային ներուժի բարձրացման ուղիները Հայաստանի տնտեսութեան մէջ», «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներուն վերացման իրաւական հիմնական հարցերը», «Ներքին տեղաշարժերը հայկական սփիւռքի մէջ 1950-1980-ական թուականներուն» աշխատութիւնները:

Ամփոփելով` սփիւռքի նախարարը նշեց, որ համագործակցութիւնը գիտական կառոյցներու հետ շարունակական պիտի ըլլայ:

Գորիսը Հռչակուած Է 2018-ի Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան Մշակութային Մայրաքաղաք

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Թաշքենդի մէջ մասնակցած եւ ելոյթ ունեցած է  Անկախ  պետութիւններու հասարակապետութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:

Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը սկսած է նեղ ձեւաչափով, ապա շարունակուած ընդլայնուած կազմով` պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:

Արտաքին գործոց նախարարներու մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած եղած են կազմակերպութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ խորհրդատուութիւններու իրականացման եւ կառոյցի արդիականացման վերաբերող հարցեր:

Արտաքին գործոց նախարարները յայտարարութիւն ընդունած են քրիստոնեաներու, մահմետականներու եւ այլ դաւանանքներու ներկայացուցիչներու նկատմամբ անհանդուրժողականութեան եւ խտրականութեան անթոյլատրելիութեան մասին:

Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան անդամ երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները անդրադարձած են իրաւապահ, համացանցային անվտանգութեան, մշակութային եւ կրթական ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցերուն:

Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը որոշած է հաւանութիւն տալ Հայաստանի Գորիս քաղաքը իբրեւ 2018-ի  Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան մշակութային մայրաքաղաք հռչակելու մասին որոշման նախագիծին:

Նիստին մասնակիցները քննարկած են եւ հաւանութեան արժանացուցած են 16 նախագիծերու:

Արցախցի Երեք Ուսուցիչներ Կը Վերապատրաստուին Պէյրութի Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցի տնօրէն Մելսիդա Քարդումեանը, ուսուցիչներ Լուսինէ Սաիյեանը եւ Ռուզաննա Աւետիսեանը, որոնք «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» շարժման ծիրին մէջ Լիբանանի Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի հրաւէրով` պիտի մեկնին Պէյրութ` մասնակցելու ներառական կրթութեան մէկշաբաթեայ դասընթացքին: Այս մասին կը հաղորդեն Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Ողջունելով հիւրերը` նախարարը կարեւոր համարած է Պէյրութի Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին նախաձեռնութիւնը եւ` նշած, որ դպրոցը այդպիսով կը փորձէ ամէն ինչ ընել, որպէսզի դառնայ «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» շարժման գլխաւոր մասնակիցը:

Նախարարը բարի ճանապարհ մաղթած է արցախցի ուսուցիչներուն եւ նշած. «Շատ լաւ պիտի ըլլար, որ ամուր կապուէիք սփիւռքի ձեր գործընկերներուն հետ, անոնց փոխանցած գիտելիքները, փորձառութիւնը ներդնէիք հայրենիքի, Արցախի մէջ»:

Ծաղկաձորի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Քոնեակի Փառատօն

«Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամ»-ը Հայաստանի զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի հետ միատեղ մայիս 7-ին Ծաղկաձորի մէջ պիտի կազմակերպէ «Քոնեակի փառատօն»: Այս մասին տեղեկացուցած է «Քոնեակի փառատօն» ծրագրի ներկայացուցիչ Արա Խզմալեան:

Փառատօնին նպատակն է հայկական քոնեակի միջազգային ճանաչման բարձրացումը, ինչպէս նաեւ` աւանդական եւ նոր շուկաներու մէջ անոր հանրայնացումը:

Կը նախատեսուի, որ փառատօնին մասնակցի քոնեակագործութեամբ զբաղող 30 ընկերութիւն:

Խզմալեանի խօսքով, այսպիսի նախաձեռնութիւնները զբօսաշրջութեան խթանման նախապայման են:

Ըստ անոր, վերջերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի զբօսաշրջային արդիւնքը ներկայացնող շնորհահանդէս, որուն նպատակն էր բարձրացնել Հայաստանի ճանաչելիութիւնը եւ խթանել զբօսաշրջային արդիւնքը:  Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուած է հայկական խոհանոցային մշակոյթը, կազմակերպուած է ուտեստներու եւ ոգելից խմիչքներու համտես:

«Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամ»-ի նախագահ Տիգրան Կարապետեան ըսած է, որ քոնեակագործութիւնը այն ոլորտներէն է, որ իսկապէս կրնայ հետաքրքրել զբօսաշրջիկները, որոնք կու գան Հայաստան, կը ծանօթանան եւ երկրին եւ հայկական քոնեակի աւանդութիւններուն:

«Մենք կը սպասենք մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ, յատկապէս` Ռուսիայէն, որովհետեւ ՌԴ քաղաքացիները իրենց ներքին անձնագիրներով կրնան գալ Հայաստան: Փառատօնի հիմնական շուկան Ռուսիան է, ընդհանուր առմամբ, կ՛ակնկալուի, որ փառատօնին մասնակցի 25 հազարէն աւելի մարդ», ըսած է Կարապետեան:

Ստեփանակերտի Մէջ Բացուած Է Արցախցի Նկարիչի Անհատական Ցուցահանդէսը

Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ նախօրէին բացուած է նկարիչ, արցախեան գոյամարտի մասնակից, գնդապետ Արմէն Սողոմոնեանի «Խաղաղութեան ծաղիկներ» խորագրով անհատական ցուցահանդէսը` նուիրուած մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին:

Ցուցահանդէսին Արցախի նկարիչներու միութեան նախագահ Յովիկ Գասպարեան կարեւոր համարած է Արմէն Սողոմոնեանի ստեղծած կտաւներով կերտուած հայրենի չքնաղ բնաշխարհի գեղեցիկ, գողտրիկ անկիւնները:

«Գնդապետ Արմէն Սողոմոնեանի նկարներէն ջերմութիւն ու լոյս կը ճառագէ», ընդգծած է Յ. Գասպարեան:

Յակոբ Կիւրճեանի անուան ուսումնարանի ղեկավար Եուրի Յովհաննիսեան իր խօսքին մէջ ըսած է. «Արմէն Սողոմոնեան ծնունդով արցախցի է եւ իրաւացիօրէն ան այդ իրաւունքը կրկնակի նուաճած է, որովհետեւ ան մասնակցած է արցախեան ազատագրական պայքարին, որմէ ետք անցած  է ստեղծագործական կեանքին»:

Բանաստեղծուհի Սիրվարդ Մարգարեան, խօսելով Ա. Սողոմոնեան անհատի մասին, մասնաւորապէս ըսած  է. «Արմէն Սողոմոնեանը ոչ միայն իր երկրի յաւերժական զինուորն է, այլ նաեւ մեր հոգեւոր տիրոյթներու պահապանն է:  Ան իր կտաւներուն մէջ կը բացայայտէ աշխարհ մը, որուն ծալքերէն մեզի կը հասնի սիրոյ եւ խաղաղութեան հիմը: Պատերազմի թոհուբոհը տեսած զինուորականի հոգին պատերազմը չէ կոշտացուցած, ընդհակառակը` աւելի զգայուն, աւելի նրբազգաց դարձուցած է: Ան մինչեւ ողն ու ծուծը զինուորական է, բայց այսօր զինք բացայայտեցինք նաեւ իբրեւ արուեստագէտ»:

Ցուցահանդէսի  բացման արարողութեան ներկայ եղած են`  նկարիչներ, հեղինակին զինուորական ընկերներ, արուեստասէր հասարակայնութիւն եւ ուրիշներ:

«Աւրորա»-ի Առաջին Դափնեկիրը Պիտի Յայտնուի Հայկական Նամականիշի Վրայ

«Հայփոստ»-ը մայիսին պիտի հրապարակէ նոր դրոշմաթուղթ մը` «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հետ համագործակցութեամբ:

Նամականիշին  վրայ պատկերուած պիտի ըլլայ Մարկարիթ Պարանկիցէն` «Աւրորա» մրցանակի առաջին դափնեկիրը: Յայտնենք, որ նամականիշին հրապարակման հաւանութիւնը տուած է Հայաստանի փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութիւնը:

Դրոշմաթուղթին հրապարակումը եւ մարումը տեղի պիտի ունենայ 2017-ին` «Աւրորա» մրցանակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ:

Դրոշմաթուղթին հետ միասին «Հայփոստ»-ը պիտի հրապարակէ 150 հայկական դրամ արժողութեամբ նուիրատուութեան կտրօններ, որոնց վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի ուղղուի  «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան միջոցով իրականացուող նախագիծերուն:

«Մենք հիմնադրած ենք «Աւրորա» նախաձեռնութիւնը` ի երախտագիտութիւն յատկապէս անոնց, որոնք վտանգի կ՛ենթարկէին իրենք-զիրենք`  փրկելու Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածները: Եւ մենք  կ՛ուզենք երախտագիտութիւն յայտնել` շարունակելով բարին գործել, աջակցելով մերօրեայ հերոսներուն, որպէսզի անոնք նոյնպէս կարենան յուսադրել եւ ձեռք մեկնել մարդասիրական օգնութեան խիստ կարիք ունեցողներուն: Այսպիսով, մենք կ՛ըսենք, որ այդ վերապրողները այսօրուան փրկողներն են: Այս ո՛չ միայն կարեւոր կը դարձնէ յիշողութիւնը, այլեւ` երախտագիտութիւնը գործի կը վերածէ: «Աւրորա»-ի իւրաքանչիւր նախագիծ` ներառեալ Մէգիի դրոշմաթուղթը եւ նուիրատուութեան կտրօնը կարելիութիւն կ՛ընձեռնէ ընդլայնելու «Աւրորա»-ի համայնքը` երախտագիտութիւն յայտնելով եւ շարունակելով նուիրատուութեան շղթան»,  ըսած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:

Մարգարիտ Պարանկիցէն, որ «Մեզան Շալոմ» խնամքի տան եւ ՌԵՄԱ հիւանդանոցի հիմնադիրն է, «Աւրորա» մրցանակի արժանացած է այն բացառիկ ազդեցութեան համար, որ ունեցած է Պուրունտիի մէջ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն: Ան փրկած է 30 հազար փոքրիկ` անոնց տալով օթեւան եւ խնամք:

«Ինծի համար մեծ պատիւ է այսպիսի ճանաչման արժանանալը, բայց նաեւ ոգեւորիչ է գիտակցիլ, որ սէրը միշտ պիտի յաղթէ ատելութեան եւ չարիքին: Ես կը հաւատամ, որ այս դրոշմաթուղթը պիտի նպաստէ «Աւրորա» մրցանակի առաքելութեան տարածման` ճանաչման արժանացնելով այն կիներն ու տղամարդիկ, որոնք բացառիկ ազդեցութիւն ունեցած են մարդասիրական հարցերու լուծման համար», ըսած է Մարկարիթ Պարանկիցէն:

Դրոշմաթուղթը ունի 350 հայկական դրամ անուանական արժէք: Դրոշմաթուղթին ձեւաւորողը  Ալլա Մինկալեովան է` «Աւրորա» նախաձեռնութենէն: Դրոշմաթուղթը պիտի հրապարակուի 40 հազար օրինակով:

Դրոշմաթուղթին մարման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2017-ի մայիսին` Մարկարիթ Պարանկիցէի ներկայութեամբ, որ Երեւան պիտի գայ մասնակցելու համար 2017-ի «Աւրորա» մրցանակի  ձեռնարկներուն:

«Աւրորա» մրցանակի յաւակնորդներուն անունները պիտի յայտարարուին ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի օրը: Յաւակնորդներէն մէկը մայիս 28-ին Երեւանի մէջ պիտի ճանչցուի 2017-ի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր: Ապրիլ 24-էն մայիս 28 «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը աշխարհով մէկ պիտի  կազմակերպէ շարք մը ձեռնարկներ` ներկայացնելով մրցանակի 2017 թուականի յաւակնորդները ոգեշնչող պատմութիւնները, ինչպէս նաեւ մարդասիրական գործունէութիւնը աշխարհի մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>