Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «թնճուկեան » սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գլխապտոյտին պատճառները» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի մասնագէտ տոքթ. Էլի Թաշճեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց յանձնախումբի ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ գլխապտոյտը տարբեր անհանգստութիւններու կամ հիւանդութիւններու պատճառով յառաջացած վիճակ մըն է: Շատ անգամ կ՛անհետանայ, բայց երբեմն ալ կը շարունակուի` խանգարելով մեր առօրեայ կեանքի ընթացքը: Եափուճեան բացատրեց նաեւ, որ գլխապտոյտը լուրջ ախտանշան մըն է շատ մը հիւանդութիւններու: Շարունակուելու պարագային, անհրաժեշտ է անմիջապէս դիմել բժիշկին, որպէսզի պէտք եղած ախտաճանաչումը եւ անհրաժեշտ դարմանումը կատարէ:
Տոքթ. Էլի Թաշճեան դասախօսութեան սկսաւ սահմանելով գլխապտոյտը: Գլխապտոյտը այն զգացողութիւնն է, երբ որեւէ շարժում չենք ըներ, բայց կ՛ունենանք այն զգացումը, թէ մեր շուրջ ամէն ինչ կը շարժի, կը դառնայ, կը ճոճուի:
Գլխապտոյտը ունի իր չորս տեսակները.
1. «Վերթիկօ» ամէնէն շատ տարածուածը, որ կը կազմէ 50 առ հարիւր գլխապտոյտներուն:
2. Նախաուշագնացութեան վիճակ, (փրի սինքոփ) որ կը կազմէ 15 առ հարիւրը:
3. Հաւասարակշռութեան խախտումն ալ կը կազմէ 15 առ հարիւրը:
4. Անյայտ բնոյթի գլխապտոյտը, որ կը կազմէ 10 առ հարիւրը:
Գլխապտոյտի ախտորոշում կատարելը բաւականին դժուար աշխատանք է բժիշկին համար, յատկապէս երբ ամէն մէկ տեսակ ունի իր զանազան պատճառները:
«Վերթիկօ» գլխապտոյտի երկու տեսակները .
ա-Կեդրոնական. Ուղեղին հետ կապուած:
բ- Ծայրամասային- Ականջին հետ առնչուած, ուր մարդ անհատի ներքին ականջը պայմանաւորուած է մարմնի հաւասարակշռութիւնը պահելու:
Ի՞նչ կրնան ըլլալ գլխապտոյտին պատճառները .
1. Տեսողութեան խանգարումը, տկարացումը,
2. Ներքին ականջի խանգարումը,
3. Ուղեղի հետ առնչուած զանազան խանգարումները ու հրամանները:
Դասախօսը մանրամասնելով զանազան ձեւի գլխապտոյտները թուեց.-
– Դիրքային գլխապտոյտը.- Երբ առնչուած է ներքին ականջին հետ, ուր առկայ է գլխապտոյտը, սրտխառնուքը, ինչպէս նաեւ քրտինքը:
Նոյնանման վիճակներ եւս կը ստեղծուին, երբ ենթական գլուխէն հարուած կը ստանայ, կամ իբրեւ արկածի հետեւանք:
– «Մեների» հիւանդութիւնը.- Ներքին ականջին հետ կապուած հիւանդութիւն մը, ուր ենթական կ՛ունենայ յաճախակի գլխապտոյտ, ինչպէս նաեւ լսողութեան աստիճանական նուազում եւ կորուստ:
Յաճախ վերոնշեալ ախտանշաններուն կ՛ընկերակցին զանազան տեսակի ձայներ, աղմուկ:
– Ներքին ականջի բորբոքումը եւս կը պատճառէ գլխապտոյտ. երբ ենթական կը վարակուի կրիփի ժահրով, անիկա իբրեւ բարդոյթ կրնայ յառաջացնել ներքին ականջի բորբոքում:
– Լսողութեան ջիղին շուրջ զանազան ուռուցքներ կը պատճառեն լսողութեան խանգարում, ինչպէս նաեւ գլխապտոյտ:
Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ այն պարագան, ուր կարելի է արհեստականօրէն գլխապտոյտը յառաջացնել, երբ հոլի նման կը դառնանք:
– Միկրեն.- Յատկապէս տագնապներու ընթացքին ենթական կ՛ունենայ սուր գլխացաւ, սրտխառնուք, փսխուք, ինչպէս նաեւ գլխապտոյտ:
Տոքթ. Էլի Թաշճեան նշեց նաեւ շարք մը այլ պատճառներ, ուր գլխապտոյտը առկայ է.
1. Կնոջ յղութեան ընթացքին,
2. Վահանագեղձի խանգարումի պարագային,
3. Սրտի տագնապի պարագային, ոչ միայն սրտի տագնապի, այլ նաեւ սրտի հետ առնչուած զանազան վիճակներու, ինչպէս` սրտի ռիթմի խանգարման իբրեւ հետեւանք,
4. Արեան գերճնշումի բարձրացման, ինչպէս նաեւ բնականէն նուազ ըլլալու պարագային,
5. Արեան տկարութեան:
Անհրաժեշտ է յիշել, թէ վերոնշեալ վիճակներուն ընթացքին բաւարար թթուածին չհասնելով ուղեղին, գլխապտոյտ տեղի կ՛ունենայ:
Վերջին բաժինով տոքթ. Թաշճեան ներկայացուց ոչ աւելի նուազ կարեւոր պատճառներ, վիճակներ, որոնք կրնան պատճառ ըլլալ գլխապտոյտի:
– Զանազան հոգեվիճակները, ճնշուածութիւնը, վախը, ընկճուածութիւնը:
– Տարիքի յառաջացման պատճառով ուղեղի չորացումը, երակներու կարծրացումը:
– Ուղեղային զանազան ուռուցքները, ներքին ուղեղային արիւնահոսութիւնը:
Աւարտին տոքթ. Էլի Թաշճեան զանազան բացատրութիւններով եւ օրինակներով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: