Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Բարի Լոյս 31. Նոր Սկիզբ

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու արարը փակուած է: 26-ամեայ հանրապետութիւնը, այս ընտրութիւններուն կայացումով, նոր սահմանադրութեան գործադրութեան առաջին հանգրուանը կը թեւակոխէ: Ներկայ Ազգային ժողովը պիտի ամրագրէ նախագահական համակարգէն խորհրդարանական համակարգ անցման գործընթացը: Ընտրութիւններու արդիւնքներուն մասին տակաւին առիթ կ՛ըլլայ կատարելու յաւելեալ վերլուծութիւններ: Տուեալներու ամբողջացման ու քաղաքական դաշտի մէջ ձեւաւորուած մթնոլորտի իբրեւ արդիւնք, յառաջիկայ փուլին համար իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ բնականաբար պիտի մօտենայ յաւելեալ նախանձախնդրութեամբ, որովհետեւ այս պարագային երկրի քաղաքական կեանքի հունաւորման հիմնական օղակը պիտի կազմէ Ազգային ժողովը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յաւելեալ պատճառներ ունի հայրենիքի քաղաքական կեանքին մէջ ստեղծուած այս նոր կացութիւնը արժեւորելու եւ ըստ այնմ իր աշխատանքը կազմակերպելու` տրուած ըլլալով, որ ներկայ համակարգին հեղինակը ինքն է, որ անցնող տարիներուն պայքարեցաւ եւ փորձեց հանրային կարծիք ձեւաւորել ու ահաւասիկ այսօր իր աշխատանքին արդիւնքն է, որ կը քաղէ:

Այս բոլորին կողքին անշուշտ հայ քաղաքական միտքը կը դիմագրաւէ մեծ մարտահրաւէր մը: Եթէ առողջ սահմանադրութիւնը չունենայ զայն գործադրութեան դնող առողջ պետական ղեկավարութիւն ու քաղաքացիական բարձր գիտակցութեան տէր ժողովուրդ, ուշ կամ կանուխ դատապարտուած է ձախողութեան:

2 ապրիլին տեղի ունեցած ընտրութիւնները այս մարտահրաւէրը դարձուցին աւելի շեշտակի եւ եկան ամրագրելու Դաշնակցութեան այն առաջադրանքը, որ հայրենիքի մէջ ամէն բանէ առաջ հրամայական անհրաժեշտութիւն է արդարութեան վերականգնումը իր ընկերային, իրաւական եւ այլ մարզերով: Ճիշդ է, որ ընտրութիւնները անցան քաղաքակիրթ մթնոլորտի մէջ եւ արժանացան օտար դէտերու գնահատանքին: Հազուագիւտ միջադէպեր արձանագրուեցան, խախտումի կոպիտ երեւոյթներ գրեթէ չպատահեցան: Ճիշդ է նաեւ այն հանգամանքը, որ ընտրութիւնները տեղի ունեցան արդի արհեստագիտութեան ընձեռած բոլոր  կարելիութիւններով, ինչ որ եկաւ յաւելեալ վարկանիշ մը տալու ընդհանուր գործընթացին: Սակայն 2 ապրիլին, ամէն մարդ զգաց ու տեսաւ, որ մեր հայրենի ժողովուրդը կը դիմագրաւէ ընկերային մեծ տագնապ, որ կ՛արգելակէ քաղաքացիական գիտակցութեան զարգացումը, ազատ ու անկաշառ կարծիքի ու կեցուածքի կազմաւորումը, ինչպէս նաեւ իր իրաւունքներուն նկատմամբ նախանձախնդիր մօտեցում ցուցաբերելու ընթացքը:

Ընտրութիւնները կանխող ժամանակահատուածին «նուէր»-ի անուան տակ մարդոց տրուած ծառայութիւնները, նիւթականը, խոստումները անխուսափելիօրէն իրենց ազդեցութիւնը ունեցած էին ու ի յառաջագունէ դրոշմը դրած ընտրական գործընթացին եւ յատկապէս արդիւնքներուն վրայ:

Ճիշդ է, որ քաղաքացիներու պատկառելի թիւ մը այս ընտրութիւններուն մէջ տեսաւ իր ապրուստի յառաջիկայ կարճ փուլը ապահովելու փրկարար  լաստ մը եւ կամովին կամ ինքնապարտադրաբար յօժարեցաւ ընթացք տալու նպաստընկալի հոգեբանութեան տարածման: Ահաւասիկ հոս կը կայանայ հիմնական մարտահրաւէրը: Ժողովուրդէն ծնած ու ժողովուրդին համար ոչ մէկ բան չսակարկող կուսակցութեան ու դաշնակցական անհատին համար ԱՐԴԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ կերտումը անհրաժեշտ է երաշխաւորելու համար քաղաքացիի արժանապատիւ կեանքը եւ բարոյական արժեչափերու վրայ հիմնուած քաղաքացիական պարտաւորութիւններն ու իրաւունքները: Տակաւի՛ն, արդար Հայաստանի կայացումը  նախապայմա՛ն է ազգային անվտանգութեան ընդհանուր ռազմավարութեան մէջ: Միայն արդար Հայաստանի մէջ կարելի է երաշխաւորուած տեսնել ազգին ու հայրենիքին անմնացորդ ծառայելու ու մէկ թիզ հող չզիջելու եւ այդ ճամբով զարգանալու համազգային մեր ռազմավարութեան իրագործումը: Բայց պէտք է մատնանշել նաեւ այն հանգամանքը, որ այս ամբողջ ընտրական խճանկարին մէջ հայրենի ժողովուրդը եկաւ պատգամելու բոլորին, որ Արցախը եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը գերիվեր են ամէն տեսակի պայքարներէն, իշխանութեան, ընդդիմութեան առճակատումներէն, եւ մեր կեանքին մէջ հնչող ամէն տեսակի պարտուողական ու զիջումնային կեցուածք դատապարտուած է իր սաղմին մէջ ճզմուելու:

Վերջապէս, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը փաստօրէն 7 պատգամաւորներով չէ, որ մուտք կը գործէ խորհրդարան, այլ կը մտնէ հոն իբրեւ ներկայ համակարգի ձեւաւորման մէջ վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցող քաղաքական ու գաղափարական ուժ եւ նաեւ յիշեցնելով համայն հայութեան, որ անցնող 26 տարիներու ընթացքին ամէն տեսակի քաղաքական ուժ դարձաւ գնայուն: Միակը, որ ներկայ էր քաղաքական ու ընտրական բոլոր գործընթացներուն, ինքն է՛ր` Դաշնակցութիւնը, իր գաղափարական ամրակուռ շէնքով ու Հայաստանը ամէն բանէ վեր նկատելու ազգային մտածողութեան դրօշակակիրի իր կոչումով: Դաշնակցութիւնը դարձեալ մուտք կը գործէ խորհրդարան բարձրաճակատ եւ գիտէ, որ ունի կատարելիք մեծ գործ ու կը վստահի հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ իր կուտակած ներուժին, իր համակիր զանգուածին, որ պիտի գայ ներկայ փուլը վերածելու իրաւամբ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲԻ:

Բարի երթ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>