Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Արուեստագէտներու Պատարագ

$
0
0

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Հաւատացեալ ու անհաւատ երեք հազար հոգի բերնէ բերան լեցուցին Նիսի ձկնորսներու պաշտպան Ս. Պետրոսի Սեն Փիեռ տ՛Արեն եկեղեցին, չորեքշաբթի, 1 մարտին, կաթողիկէներու Մեծի պահոց շրջանի սկիզբի Մոխիրի երեկոյի Արուեստագէտներու պատարագին` անգամ մը եւս իրականացնելու համար դար մը առաջ Փարիզ ապրած երգիծաբան Ատոլֆ Վիլլեթի փափաքը:

Ատոլֆ Վիլլեթի քննադատական եւ երգիծական գրութիւնները եւ անոր մտայղացած հանրազդներն ու ծաղրանկարները լոյս տեսած էին, ի միջի այլոց, «Կարագի պնակը» երգիծաթերթին մէջ (L՛Assiette au beurre, 1901-1936), որուն նմանը կը թուի ըլլալ Փարիզի «Շարլի Հեպտօ») երգիծաթերթը, որուն աշխատակից, ծաղրանկարիչներէն ոմանք զոհ գացին 7 յունուար 2015-ի ահաբեկչութեան:

Հարիւր տարի առաջ Ատոլֆ Վիլլեթ ծաղր ու ծանակի առարկայ դարձուցած էր իր ժամանակի յայտնի քաղաքական եւ կրօնական անձնաւորութիւնները եւ արտայայտած էր իր հակասեմական մտքերը. ծաղրանկարած էր այդ օրերուն համար անընկալելի գայթակղեցուցիչ կիսամերկ կիներ, ներառեալ` Ֆրանսայի Հանրապետութեան խորհրդանիշ Մարիաննը: Փարիզի պատերը զարդարած էր ան իր «Մուլեն ռուժ»-ի ելոյթները ծանուցանող որմազդներով, որոնք ցայսօր կը վերապրեցնեն Փարիզի անցեալի յիշատակը:

«Արուեստագէտներու պատարագ» ըսուածը Ատոլֆ Վիլլեթի 1914-ին յայտնած ծաղրական բաղձանքին կատարումն է. «Պիտի ուզեմ, որ պատարագ մը մատուցուի անոնց համար, որոնք պիտի մեռնին, այսինքն` մեզի ապրողներուս համար. պիտի ուզեմ, որ բոլորս եկեղեցի մը երթանք Մոխիրի չորեքշաբթին»:

Երգիծաբանին մաղթանքը հակառակ ըլլալով հանդերձ կաթողիկէից Մեծի պահոց օրուան սկիզբի ննջեցելոց յիշատակին, մեզի` կենդանեացս կը յիշեցնէ Աստուծոյ Ադամ եւ Եւային տուած պատիժներէն` «Հող էիր եւ հող դարձցիս»-ը, իմա`՛ հող էիր եւ հողին պիտի վերադառնաս»-ը: Եկեղեցի եկողները հաղորդուելէ ետք, պատարագի աւարտին եկեղեցականին այրած ճիւղերէն գոյացած մոխիրը խաչաձեւ կը քսեն հաւատացեալի ճակտին:

Ֆրանսայի մէջ կատարուող Արուեստագէտներու պատարագներուն ամէնէն հանդիսաւորը կը մատուցուի Նիսի մէջ եւ տարուէ տարի աւելի ժողովրդական կը դառնայ: Այս տարուանին եկեղեցւոյ մէջ շարժելիք տեղ չէր մնացած:

Փակագիծ բանալով` ըսեմ, որ Նիսի կաթողիկէից եպիսկոպոսարանի արխիւներու պահակ հայր Ֆելիքս Պոտուանը աւելի քան քսան տարի առաջ ինծի յայտնած էր, որ Սեն Փիեռ տ՛Արեն եկեղեցւոյ մէջ դարերէ ի վեր հայ սուրբ մը կը հանգչի: Երկու տարի առաջ ձկնորս հարեւանս` Քարլոս Ժաքոպին ալ նոյնը ըսաւ:

Հարկաւ ես ալ պիտի ուզէի արուեստագէտ ըլլալ, չե՛մ, բայց հոգ չէ՛, քանզի համարեա՛ թէ Հայաստանի բոլոր հայրենակիցներս արուեստագէտ են եւ ամէն բանի մէջ գրագէտ են, գրագէտ` երգի, պարի, երաժշտական գործիքներու, ըմբշամարտի, ծանրաբարձութեան, ճատրակ-շախմատի, ֆութպոլի եւ ամէն բանի մէջ գրագէտ են. գրագէտ է Հենրիկ Մխիթարեանը, երբ կոլ կը խփէ: Հաստատ է, որ ես արուեստագէտ չեմ, բայց հայրենակիցներուս պէս արուեստասէր եմ, եւ պարզ է, որ եթէ արուեստասէրները չըլլան, մուսաները գրագէտ արուեստագէտներուն չեն այցելեր:

Եկեղեցւոյ պատերը զարդարուած էին ցուցադրութեան դրուած երկու հարիւր կտաւներով: Տասնեակ մը մանրանկարիչներ բեմէն ցուցադրեցին իրենց մտայղացած գեղեցիկ սրբանկարները:

Յովհաննէս 23-րդ պապը Ատոլֆ Վիլլեթի Մոխիրի չորեքշաբթին ապրող մեռնելիքներուն համար կատարուելիք պատարագի փափաքը հաստատած է գրաւոր:

Այս տարուան պատարագին կազմակերպիչները թելադրեցին, որ ամէն մարդ զարթնեցնէ իր մէջը ննջող արուեստագէտը: Արուեստագէտներու պատարագը ներկաներուն աչքը, միտքն ու հոգին խօսքով, երգով ու աղօթքով յագեցուց: Եղբայր Իվ Մարի Լըքեն յատուկ բծախնդրութեամբ պատարագը ղեկավարեց եւ հեռարձակեց համացանցով:

Աստիճաններուն վրան երգչախումբի ղեկավարին քովը տեղաւորուած` բեմին վրայ ամէն բաները չէի տեսներ, բայց կը դիտէի մութին սեւին մէջէն խորանի բեմէն խուռներամ բազմութեան վրայ պարող լուսաւոր ստուերները:

Կարդացուեցան անունները անցեալ տարուան յուլիս 14-ի հրավառութեան աւարտին տուն գացող, բայց բեռնակառքին անիւներուն տակ ճզմուած նիսեցի ննջեցեալ արուեստագէտներուն:

Օրուան նիւթն էր աքսորը, բռնի ելքը Միջին Արեւելքի, Սուրիոյ եւ Իրաքի գաղթականներուն ընդհանրապէս եւ յատկապէս քրիստոնէից, որոնք իրենց բնօրրանէն` բռնած էին գաղթի ճամբան դէպի արեւմտեան անհիւրընկալ երկիրները` ապաստան մը գտնելու յոյսով. ուստի ընթերցումները սկսան արաբերէնով եւ շարունակուեցան` ֆրանսերէնով, անգլերէնով եւ իտալերէնով:

Միաստուածեան երեք կրօններու ներկայացուցիչները իրենց խաղաղական պատգամը տուին: Ելոյթներ եղան երաժշտական զանազան գործիքներով: Սեն Փիեռ տ՛Արեն եկեղեցւոյ հովիւ հայր Ժիլ Ֆլորինին իր բամբ ձայնովը ներկաները տարաւ «Ժամանակին կար Արեւմուտքի մէջ» շարժանկարի երաժշտութեան «ԵԼԻՑ» երգին մէջ:

Եւ ինծի ու հոն եղող հայոց համար եղեւ անսպասելի անակնկալ մը, երբ երիտասարդ երգիչ Ֆրանք Ժիորսելին երգեհոնի ընկերակցութեամբ մեկնաբանեց Շարլ Ազնաւուրի «Անոնք ինկան» երգը: Անկասկած որ այս երգին յօրինման շարժառիթին անծանօթները երգին աւարտի բառերէն կապուեցան մեծն արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի հայու ինքնութեան` «Որովհետեւ անոնց յանցանքն էր Հայաստանի զաւակներ ըլլալը»:

Ուրեմն, այսպէս ուրեմն, կազմակերպիչները Արեւելքի գաղթականաց ճակատագիրը կապեցին այն հայոց, որոնք աւելի քան հարիւր տարի առաջ իրենց պապենական հողերէն ելած` բռնագաղթի ենթարկուեցան եւ այդ պատմութիւնը գրեցին, ի միջի այլոց` մեծն երգիչ Շարլ Ազնաւուրի երգով:

Նիս, 16 մարտ 2017

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>