Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

ՀՕՄ. Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմը Յիշելով

$
0
0

Անցնող տարուան արցախեան հայրենիքին դէմ ազերի հորդաներուն ի գործ դրած ապրիլեան տմարդի ներխուժումէն ասդին, արդէն իսկ նոր ապրիլի մը անկայուն իրադրութեան սկիզբն է, որ կ՛ապրինք:

Հարկ չկայ ըսելու, թէ հակառակ իր կրած պարտութեան` ատելութեամբ մոլեգնած թշնամին կը շարունակէ մնալ իր ռազմատենչ դիրքերուն վրայ: Անսալով այս իրավիճակի իրողութենէն յառաջացած նորանոր վտանգներուն` հայրենի թէ սփիւռքի հայութիւնը պարտի շարունակել, աչալուրջ ու միացեալ, միատեղե՛լ իր ուժերը` դիմագրաւելու համար ամէն հաւանականութիւն:

Այդ միասնական ոգիով է, որ մի՛շտ մնալով համայն հայութեան կողքին` Հայ օգնութեան միութիւնը, իր աշխարհատարած միաւորներով, իր սրբազան պարտականութիւնը նկատեց ու տակաւին կը նկատէ հասնիլ հերոսական Արցախի օգնութեան` ամոքելով անոր բոլո՛ր վիրաւոր զինեալներուն, սահմանամերձ աւերակի վերածուած գիւղերու ու աւաններու բնակիչներուն եւ անոնց բոլո՛ր հարազատներուն ցաւն ու վիշտը` բարոյապէս ու նիւթապէս սատար հանդիսանալով հարկ եղած խնամքի ու վերաշինութեան աշխատանքներուն:

Արդարեւ, ազերի նախայարձակ գործողութիւններուն առաջի՛ն իսկ օրէն ՀՕՄ-ը, իր Արցախի ու Հայաստանի միաւորներուն նուիրեալ եւ անխոնջ գործակցութեամբ, Արցախի իշխանութիւններուն ցուցմունքներով անմիջական օգնութիւն կը հասցնէր տնազուրկ դարձած, ճակատներու վրայ կռուող, զոհուած ու վիրաւոր մարտիկներու ընտանիքներուն ու հարազատներուն` հոգալով ու հասնելով անոնց ամէնօրեայ կարիքներուն:

Այսօր, ինչպէս ապրիլեան այդ հոգեմաշ օրերուն, երբ կենաց-մահու պայքարի մէջ էր Արցախի հերոսական ժողովուրդը, Հայ օգնութեան միութիւնը, իր նուիրեալ շարքերով, կը մնայ պատնէշի վրայ` պատրաստ ամէ՛ն զոհողութեան:

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>