Սուրիան անկիւնադարձային հանգրուանի մը սեմին է: Եղանակային յեղաշրջումի մը սեմին, որ պատմութեան գիրկը պիտի շպրտէ տմոյն գարունը` ծնունդ տալու ծաղկաւէտ, գունեղ ու ճշմարիտ գարնան:
Եօթը տարի շարունակ քանդումներով, նախճիրով, գաղթով եւ հաւատադրժողական արարքներով յատկանշուած արաբական տմոյն գարունը կը վիժի` իրեն հետ թաղելով կեղծ լոզունգներ, յետին նպատակներ ու տեղեկատուական պատերազմի մը խաբկանքը ամբողջ:
«Արաբական գարուն»-ը աւետող գրաւիչ ու հետաքրքրաշարժ պաստառները եօթը տարի վերջ գլխիվայր կը շրջին: Ներմուծուած գաղափարներուն, ազատութեան կեղծ խոստումներուն հաւատք ընծայող մարդիկ հիասթափուելով կ՛ողբան կործանումը իրենց երդիքին: Ի՜նչ արդարութիւն, ի՜նչ ժողովրդավարութիւն եւ ի՜նչ արժանավայել կեանք® Այս բոլորը խաբուսիկ խոստումներ էին, որոնցմով զարդարուեցան «Արաբական գարուն»-ի արիւնաթաթախ ծառերը:
ՄԱԿ-ի տուեալներով, նոյնինքն արաբ ժողովուրդը «Արաբական գարուն» մը վայելելու, այսինքն իր իսկ տունը իր ձեռքով քանդելու սիրոյն 614 միլիառ ամ. տոլար վատնեց: Գումար մը, որ արաբական աշխարհի բարգաւաճումին ծառայելու փոխարէն` անոր աւազախրումին դրամագլուխը դարձաւ, իսկ արաբական աշխարհէն ներս աղքատութեան տոկոսը այնքան բարձրացաւ, որ կարելի չէ յառաջիկայ քանի մը տարիներուն խօսիլ կենսամակարդակի բարձրացման նուազագոյն հնարաւորութիւններուն մասին:
«Արաբական գարուն»-ին ամէնէն դառնահամ «պտուղ»-ը ծայրայեղական շարժումներու ծաւալումն էր, որ աղաւաղեց մտքերը, հրահրեց իրարու նկատմամբ կոյր ատելութիւնը:
Եօթը տարի վերջ Արեւմուտքի եւ Սուրիոյ դրացի կարգ մը երկիրներու հաշուարկներով, «Արաբական գարուն»-ի գործարքը ձախողութեամբ պսակուեցաւ: Անոր վիժումը անխուսափելի դարձաւ:
Ներկայ դրութեամբ արաբական դաշտին վրայ նոր խաղաքարտեր կը յայտնուին, մինչ Սուրիան հրաշքի համազօր ուժով դուրս կ՛ելլէ այս դժոխքէն` ճշմարիտ գարունը դիմաւորելու յոյսով: Գարուն, որ սկսաւ Հալէպի ազատագրումով ու պիտի թագադրուի Դամասկոսի յաղթանակով: Գետնի վրայ զարգացող իրադարձութիւնները կը վկայեն այս բոլորին մասին: Ճշմարիտ գարունը, սակայն, կը թելադրէ վերատեսութեան ենթարկել երկրի քաղաքական մշակոյթը, վերատեսութեան ենթարկել յատկապէս պատերազմի տարիներուն ընդհանուրին կարծրացած մտածելակերպը:
Իսկ մենք` հայերս, որպէս կարեւոր մէկ մասնիկը այս աշխարհին, դիմագրաւելով հանդերձ պատերազմին յաջորդող ծանր կացութիւնը եւ անոր ստեղծած անբարենպաստ պայմանները, կարիք չունի՞նք վերատեսութեան ենթարկելու մեր աշխատելաոճը, մեր մտածելակերպը ու վերականգնող երկրին մէջ մեր տեղն ու դերը:
«Գ.»