Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, 18 մարտին ժամը 9:30-2:00, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններու տնօրէններու ժողով-սեմինար:
Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Սեդա Մանկասարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ Ուսումնական խորհուրդը այս տարի եւս նախաձեռնած է «Մանկավարժական մշակման օր»-ուան` նկատի ունենալով անոր անհրաժեշտութիւնը` բարելաւելու մեր կրթական մշակներուն մասնագիտական գիտելիքներն ու հմտութիւնը, աւելցնելով, որ այս նախաձեռնութիւնը պիտի ունենայ 3 փուլ. առաջինը սոյն հանդիպումն է` տնօրէններուն յատկացուած, ուր իրենց պիտի ներկայացուի 2 զեկոյց, երկրորդը` յատկացուած է մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի, իսկ երրորդը` միջնակարգի եւ երկրորդականի ուսուցիչներուն: Ապա Ս. Մանկասարեան ներկայացուց 2 զեկուցաբերները եւ հրաւիրեց զանոնք ներկայացնելու իրենց նիւթերը:
Սեմինարի առաջին զեկուցաբերն էր Ս. Ժոզէֆ համալսարանի կրթական համադրող եւ նախակրթարանի բաժինի տնօրէն Նենսի Թիմոնեան: Ան անդրադրաձաւ այն միջոցներուն, որոնք կը նպաստեն դպրոցին մէջ բոլորին նկատմամբ դրական մշակութային մթնորորտ մը ստեղծելու համար:
Առաջին հերթին Թիմոնեան դրաւ կարգ մը հարցադրումներ. տնօրէնը ի՞նչ զգացում կ՛ունենայ, երբ դպրոց մտնէ: Ամէն մարդ իր արժէքը ունի՞ դպրոցին մէջ: Ինչպիսի՞ մշակոյթ կը տիրէ դասարանին կամ դպրոցին մէջ: Ի՞նչ համոզումներ կը ձեւաւորեն այդ մշակոյթը: Դպրոցի ուսուցիչները, տնօրէնները եւ առաջնորդները գիտե՞ն իրենց դպրոցին նպատակը, արժէքները, սովորութիւնները, որպէսզի փոխանցեն աշակերտներուն:
Այնուհետեւ մանրամասնելով նիւթը` ան նկատել տուաւ, որ դպրոցին մէջ միայն աշակերտները չէ, որ կարիքը ունին ուսման եւ բան սորվելու, այլ` տնօրէն, ուսուցիչ պաշտօնեայ եւս պէտք ունին յարատեւ զարգացման եւ վերաորակաւորման: Ան նկատել տուաւ, որ դպրոցին մէջ կեդրոնացումը կ՛ըլլայ միայն ուսումնական եւ կրթական բարելաւման մէջ, սակայն կարեւոր է նաեւ բարելաւել ոչ շօշափելի երեւոյթները, ինչպէս` յարաբերութիւնները, ինքնութիւնը, որոնք մաս կը կազմեն մշակութային կեանքին: Մշակոյթը կը ծնի դպրոցի մը տեսլականէն, արժէքներէն, առաքելութենէն եւ համոզումէն եւ այս բոլորը պէտք է արտացոլան դպրոցի կրթական գործընթացին մէջ` ստեղծելով դրական մթնոլորտ մը: Թիմոնեան շեշտեց, որ սոյն սեմինարը նոր միջոց մըն է, որ կու տայ պատկանելիութեան զգացում` ստեղծելով մշակոյթ մը, որ հիմնուած է փոխադարձ վստահութեան եւ գործակցութեան վրայ` ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան միջեւ:
Օրուան երկրորդ զեկուցաբերն էր Ս. Ժոզեֆ համալսարանի ճարտարապետական հոգեբանութեան դասախօս Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան: Ան խօսեցաւ պարագայական ղեկավարութեան մասին եւ բացատրեց, որ ղեկավարութեան ոճը պէտք է որդեգրել պարագաներու եւ տուեալներու հիման վրայ եւ ոչ թէ ըստ պատահականութեան: Ան շեշտեց, որ ղեկավարութիւնը հմտութիւն մըն է, որ ամպայման պէտք է զարգացնել եւ ճիշդ ձեւով հունաւորել, աւելցնելով, որ անձ մը կրնայ ունենալ ղեկավարելու հմտութեան սկզբունքները, սակայն հարկ է ճիշդ ձեւով աշխատի եւ զարգացնէ զայն, որպէսզի ազդու դառնայ իր շրջանակին մէջ:
Սահմանելով «ղեկավար»-ը կամ «ղեկավարութիւն»-ը, Լ. Պապոյեան-Ազեզեան բացատրեց, որ ղեկավարը այն անձն է, որ ունի հմտութիւնը եւ կարողութիւնը ազդելու իր շրջանակին, դպրոցին կամ խմբակին վրայ` հասցնելու զանոնք իրենց նպատակին: Ան ըսաւ, որ արժէքներու կարեւորութիւնը կը բնորոշէ ղեկավարին կամ ղեկավարութեան դրական կամ ժխտական մօտեցումը: Ապա ան բացատրեց ղեկավարի եւ տնօրէնի տարբերութիւնները. ղեկավարը այն անձն է, որ կը հիմնուի իր անձնական հմտութիւններուն եւ կարողութիւններուն վրայ եւ ոչ թէ անպայման պաշտօնի վրայ: Ան իր ազդեցութիւնը եւ կարողութիւնը ունի գործի մղելու` առանց անպայման պաշտօն ունենալու: Մինչ տնօրէնի պարագային, ան կրնայ ունենալ բնականօրէն իր հմտութիւնները` ճիշդ ձեւով ղեկավարելու, բայց աւելի կը հիմնուի իր պաշտօնին եւ դիրքին վրայ եւ թերեւս կրնայ կարողութիւն չունենալ ուղղելու մարդիկը կամ ազդելու անոնց վրայ, եթէ ինք չունենար այդ պաշտօնը: Լ. Պապոյեան-Ազեզեան շեշտեց, որ հարկ է, որ տնօրէնը լաւ ճանչնայ իր գործակիցները կամ ծնողները, որպէսզի ճշդէ իր ոճը` հասնելու համար նախ դպրոցի հիմնական նպատակներուն, նաեւ` հեզասահ ընթացք տալու աշխատանքներուն եւ յարաբերութիւններուն:
Զոյգ զեկուցումներու աւարտին առիթ տրուեցաւ տնօրէներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու բանախօսներուն: