Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հաղորդագրութիւն

$
0
0

«Նոր սկիզբ եւ արդար Հայաստան» կարգախօսով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը, պիտի մասնակցի Ապրիլ 2¬ին կայանալիք Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն:

Նոր սկիզբ մը եւ նոր հանգրուան մը կը սպասէ ամբողջ հայ ժողովուրդին, անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ: Հայաստանը իր նոր սահմանադրութեամբ կոչուած է փոխելու երկրի կառավարման փիլիսոփայութիւնը, ուր նախագահականը իր տեղը պիտի զիջի խորհրդարանական հաւաքական պատասխանատուութեան ղեկավարման դրոյթին:

Համակարգային փոփոխութեան գործընթացը մեծ մարտահրաւէր մըն է մեր ժողովուրդին համար եւ յատկապէս անոր քաղաքական կազմակերպութիւններուն: Դաշնակցութիւնը խոշորագոյն ներդրումը ունեցած է Հայաստանի նոր սահմանադրութեան մշակման ու որդեգրման աշխատանքներուն մէջ, չըսելու համար, որ անոր համահեղինակն է: Հետեւաբար, Դաշնակցութիւնը քաջ կը գիտակցի, որ պատմական ու ճակատագրական յաջորդ հինգ տարիներու ընթացքին, ծանրակշիռ պատասխանատուութիւններ կը սպասուին իրմէ:

Դաշնակցութիւնը արդէն այսօրուընէ իսկ, համոզումով ու հաւատքով ընդունած է այդ մարտահրաւէրը:

Մենք սփիւռքի մէջ մեծ հիացմունքով կը հետեւինք, հայրենի դաշնակցական ղեկավարներու ընտրական քարոզարշաւի ելոյթներուն:

Տեսէ՛ք, անոնք չունին ամպագորգոռ յայտարարութիւններ:

Անոնք երբե՛ք հանդէս չեն գար սին խոստումներով:

Անոնք ամենայն անկեղծութեամբ, մեր ժողովուրդին կը ներկայանան իրենց իրատեսական ծրագիրով:

Արդարեւ, պատմական ու ճակատագրական այս ընտրութիւներու սեմին, մենք մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Հայաստանի Դաշնակցութեան ողջ ընտանիքին եւ կը դիմենք հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ անվարան իրենց առատահոս քուէները տան Դաշնակցութեան օգտին, առիթ ընծայելով իրեն, որ իր համահայկական կառոյցի ողջ ներուժը կարողանայ ծառայեցնել, յանուն Հայաստանի հզօրացման, յանուն ամբողջ հայութեան երազած արդար-բարեկեցիկ եւ հզօր Հայաստանի տեսլականի իրականացման:

ՀՅԴ ՔՈՒԷՅԹԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

25 մարտ 2017
Քուէյթ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>