Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Խմբագրական. Գաղափարական Անվտանգութեան Պահպանման Համար

$
0
0

Լիբանանահայ գաղութին ապրած դժուար պայմանները բնականաբար կը տեղադրուին Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակի շրջագիծին մէջ: Քաղաքական անորոշութիւն, տնտեսական տագնապ, անգործութեան խնդիրներ, որոնցմէ բխող վճարունակութեան նուազում, անհեռանկարային կացութեան պատճառով երիտասարդ տարրի արտագաղթ: Ընկերային-տնտեսական մակարդակի վրայ արձանագրուող երեւոյթները իրենց կարգին տեղի կու տան կրթական, բնակարանային եւ կենցաղային տարբեր  լուրջ խնդիրներու:

Անվերջ կ՛արծարծուէին ժողովական միջավայրերու թէ ընկերային զրոյցներու ընթացքին նման հարցեր` մինչեւ համայնքի հայ կազմակերպ կեանքէն հեռացողներու պատկերներ:

Խնդիրները շատ են եւ անոնց լուծումը` բարդ: Մեր կուսակցութիւնը, որ միշտ յայտարարած է ժողովրդային կարիքներուն դիմաց անտարբեր չմնալու, զօրաշարժի ենթարկուելու, փութալու եւ անհրաժեշտ օժանդակութիւնը ցուցաբերելու իր պատրաստակամութիւնը, այս երկրի երկարատեւ տագնապներուն ընթացքին փաստած է, որ տուած է իր առաւելագոյնը: Իր ազնուագոյն փաղանգի երիտասարդ կեանքերը:

Հիմա ֆիզիքական անմիջական վտանգը չէ հարցը: Հիմա ընկերայինն է, ընտանեկանն է, մանուկն է, ուսանողն է: Վտանգուած է անոնց հայեցիութիւնը: Եւ երբ հնչած է վտանգը, երբ հատուած են կարմիր գիծերը, բացասական միտումներ մատնող թիւերը սթափելու եւ քայլի դիմելու անհրաժեշտութիւնը ընդգծած են:

Ասոնցմով ալ պէտք է բացատրել քաղաքական մեր կազմակերպութեան նման  մարզերու ուղղութեամբ կարեւորագոյն, համայնքային առումով հեռահար ռազմավարական քայլեր առնելու որոշումը: Որոշում, որ յայտարարուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 126-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին:

Նախաձեռնութիւնը կ՛առնէ Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ խնդիրը ռազմավարական բնոյթ ունենալով սերտօրէն կապուած է մեր հաւաքական անվտանգութեան հետ: Մեր ուժը նաեւ այս պարագային քանակ է. իսկ քանակի նօսրացումը հետեւանք է խառն ամուսնութիւններով կազմակերպ կեանքէն հեռացողներու, ընկերային ծանր պայմաններու, անգործութեան բերումով արտագաղթողներու, օտար վարժարան յաճախողներու:

Այս վտանգներուն կանխարգիլման եւ յաղթահարման համար գործնական քայլեր է, որ կ՛առնուին: Ասիկա աննախադէպ է իր բնոյթով, ձեւով եւ նախաձեռնողի հասցէով: Այս բոլորը պէտք է ընկալել մեր համայնքին սպառնացող եւ վտանգաւոր սահմանը հատած երեւոյթներու գոյութեան ի տես:

Եւ երբ առաջադրանքները գործնական ձեւ կը ստանան, երբ խօսքն ու գործը իրար կը համապատասխանեն, աւելի համոզիչ կը դառնայ կուսակցութիւն-ժողովուրդ անքակտելիութիւնը, ինքնակազմակերպման համար առաւելագոյն նուիրուածութիւնը: Թէ՛ ֆիզիքական կեանքեր պաշտպանելով եւ թէ՛ համայնքի հայեցիութիւնը պաշտպանելով Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ համայնքի գաղափարական անվտանգութեան պահպանման նոր եղանակ կը հրամցնէ:

Դաշնակցութեան վաղուան զանգուածները այսօրուան ծնունդներն ու մկրտուողներն են, կուսակցութեան այսօրուան երիտասարդ ու սերնդափոխութիւն իրականացնելու պատրաստ ներուժը ուսանողութիւնն ու երիտասարդութիւնն է, համայնքի գոյատեւումի երաշխիքի, բարոյական արժեհամակարգի առաջին նախադրեալը` հայ ընտանիքը:

Այս բոլորը Դաշնակցութեան պայծառ ապագայի կերտման համար ըլլալով հանդերձ լիբանանահայ գաղութի ամրակայման համար է. իսկ հզօր լիբանանահայութիւնը իբրեւ կեդրոնական համայնք  արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով փաստած է, որ ինք համայն հզօր հայութիւն կը նշանակէ: Ուրեմն այս բոլորը հզօր հայութիւն ունենալու համար է:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>