Վարեց` ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Փարիզի մեր պաշտօնակից` «Նոր Յառաջ»-ի կողմէ կատարուած հարցազրոյց մը Սուրիոյ համայնքի պատասխանատուներէն եւ Բերիոյ հայոց թեմի Երեսփոխանական ժողովի անդամ Կարօ Իւզպաշեանի հետ, որ անդրադարձած է սուրիահայութեան վրայ սուրիական պատերազմին ունեցած ազդեցութեան, հետեւանքներուն եւ ներկայիս տիրող կացութեան ու ապագայ մարտահրաւէրներուն։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Ի՞նչն է, որ սուրիահայութիւնը ընդհանրապէս եւ հալէպահայութիւնը մասնաւորաբար` կը կապէ սուրիական հողին:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Սուրիան ջարդէն ճողոպրած հայութեան առաջին հանգրուանը եղած է. Տէր Զօրի անապատներէն փրկուած տարագիր հայութիւնը մեծամասնութեամբ հաստատուած է Հալէպ եւ մօտակայ շրջաններ, ոմանք Ուրֆայէն, Մարաշէն, Քիլիսէն, Այնթապէն, Տիգրանակերտէն եւ Ատանայէն ուղղակի եկած են: Անոնց մէկ մասը կարճ ժամանակ մը ետք փոխադրուած է Դամասկոս, Լիբանան կամ այլ ոստաններ: Արաբ ազնիւ ժողովուրդի բարեգութ ընդունելութիւնը խրախուսած է հայութիւնը Սուրիոյ մէջ կայք հաստատելու եւ յոյս ներշնչած` իր ապագան կերտելու: Գաղթական դարձած հայութիւնը կարճ ժամանակ մը ետք, շնորհիւ իր վերապրելու կամքին, տաղանդներուն եւ աշխատասիրութեան, յաջողած է ընկերային-տնտեսական բարեկեցիկ կեանք ապահովել եւ բարոյապէս ու տնտեսապէս բարձր դիրքերու հասնիլ:
Հարկ է նշել, որ մեր ազգի զաւակները ազատութիւնը ունեցած են իրենց դպրոցները, եկեղեցին ու ակումբները շինելու, մշակոյթը պահելու եւ զարգացնելու: Աւելցնեմ նաեւ, որ այն ժամանակ Հալէպը այսօրուան դիմագիծը չունէր. քրիստոնեաները բնակչութեան մօտաւորապէս կէսը կը կազմէին: Այսօր տեղւոյն բնակչութեան մեծամասնութիւնը մահմետականներն են:
Սուրիոյ այս պատերազմէն առաջ մարդիկ շատ լաւ պայմաններու մէջ կ՛ապրէին: Մեր ժողովուրդը զինք հիւրընկալող Սուրիոյ մէջ ազատ կեանք վարած եւ ստեղծագործած է: Հալէպի մէջ ունեցած ենք գործող բազմաթիւ մշակութային, մարզական, բարեսիրական, հայրենակցական միութիւններ, կազմակերպութիւններ, ակումբներ, եկեղեցիներ, դպրոցներ, տպարաններ, հրատարակչութիւն, մամուլ եւ այլն: Այդ իսկ պատճառով մեր գրականութեան մէջ Հալէպը յաճախ ստացած է «Երազային Հալէպ» մակդիրը:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Հետագային, Ֆրանսայի հոգատարութեան շրջանին, Սուրիան ի՞նչ ազդեցութիւն ձգած է ընդհանրապէս հայութեան կեանքին վրայ:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Ֆրանսացիներու օրով հայութիւնը գնահատուած է որպէս պարկեշտ նկարագիր ունեցող, արդարութիւն եւ մշակոյթ սիրող վստահելի ժողովուրդ: Բնականաբար օտար պետութիւն մը երբ մտած է այլ երկիր մը, չէր կրնար անշահախնդիր ըլլալ. սակայն ես ծնողքէս լսած եմ, որ բաղդատաբար այլ պետութիւններու, որոնք իշխեցին Սուրիոյ վրայ, ֆրանսացիները իրենց իշխած ժամանակամիջոցին մշակութային կեանքն ու շինարարութիւնը քաջալերած են: Այսօր Սուրիոյ մէջ կան կառուցուած մեծ թիւով շէնքեր, որոնք ֆրանսական ճարտարապետութեան ոճով շինուած են: Ֆրանսական մշակոյթն ու կենցաղը իրենց դրոշմը ձգած են Սուրիոյ ժողովուրդին վրայ:
Աւելի ուշ, ինչպէս` բոլոր ազատատենչ ժողովուրդները, սուրիացիք եւս պիտի ուզէին ունենալ իրենց անկախ հայրենիքը եւ ձերբազատիլ ֆրանսական իշխանութենէն: Իսկ սուրիահայութիւնը իբրեւ պարկեշտ քաղաքացի` բնականաբար համաձայն պիտի ըլլար Սուրիոյ անկախութեան գաղափարին եւ անմասն պիտի չմնար իր մասնակցութիւնը բերելէ այդ անկախութեան պայքարին: Տեղին է յիշել, որ այդ օրերուն Բերիոյ թեմի հոգեւոր առաջնորդ Զարեհ սրբազանը (ապագային` Կիլիկիոյ կաթողիկոս) ջատագովը հանդիսացած է անկախութեան գաղափարին: Նախապէս ֆրանսական բանակին մէջ ծառայած հրամանատարներ Գարամանուկեան, Պայրամեան եւ հայ այլ սպաներ եւս իրենց դրական ներդրումը ունեցած են Սուրիոյ անկախութեան շարժումին:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Իսկ երբ Պաաս կուսակցութիւնը իշխանութեան գլուխ անցաւ եւ մենատիրական վարչակարգ մը հաստատուեցաւ մանաւանդ արաբական յեղափոխութեան շրջանին, կարգ մը խմորումներ մէջտեղ եկան, որոնց պատճառով հակահայ երեւոյթներ դրսեւորուեցան, դպրոցներ գոցուեցան… Այսօր ինչպէ՞ս կը յիշուի այդ շրջանը:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Անկեղծօրէն այսօր բաւական ժամանակ անցած ըլլալով` այդ տարիները մոռցուած են: Սուրիոյ անկախութենէն ետք տարբեր կուսակցութիւններ, ինչպէս «Վաթանի» եւ «Քաումի» կուսակցութիւնները եւ իրերայաջորդ տարբեր իշխանութիւններ կառավարեցին Սուրիան: Յատկանշական էին «Վաթանի» կուսակցութեան օրով մեր մօտիկ յարաբերութիւնները իշխանութեան հետ:
Աւելի ուշ, երբ Սուրիոյ օրուան իշխանութիւնը Եգիպտոսի հետ միացման դաշինք կնքեց, Նասերի ազգայնական շարժումին պատճառով հայերը` որպէս ազգային փոքրամասնութիւն, անհանգիստ փուլ մը ապրեցան, հայկական դպրոցներու նկատմամբ ճնշումներ բանեցուեցան, իսկ ազգային կուսակցութիւնները հալածուեցան: Այդ ընթացքը շարունակուեցաւ նաեւ Պաաս կուսակցութեան Սուրիոյ մէջ իշխանութեան հասած առաջին վարչակարգի ժամանակամիջոցին, մինչեւ Հաֆեզ Ասատի իշխանութեան գլուխ հասնիլը, որուն օրով նման երեւոյթներ չկրկնուեցան:
Այսուհանդերձ, այդ պատահածները եւ աւելի ուշ 1967-ի եւ 1973-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմները պատճառ հանդիսացան պատկառելի թիւով հայութեան Սուրիան լքելուն: Ոմանք հաստատուեցան Լիբանան, իսկ ուրիշներ գաղթեցին դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Նկատի ունենալով, որ Ֆրանսան Սուրիոյ քաղաքական յեղափոխութեան, բայց նաեւ պառակտումին մէջ դերակատարութիւն ունեցած է, կ՛ուզէի անդրադառնայիք Ալեքսանտրեթի սանճագի հարցին մէջ ֆրանսացիներու վերաբերումին, որ հայութեան առնչուող կարեւոր կէտ մըն է: Այդ հողային հատուածը նաեւ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ վիճարկումի նիւթ ըլլալով` ժամանակին պետական մակարդակի բախումներու առարկայ եղած է: Սուրիացիները եւ մանաւանդ հայութիւնը ինչպէ՞ս ապրած են այդ շրջանը, երբ ֆրանսացիները լքած են նշեալ հողերը:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Ալեքսանտրեթի սանճագի հարցը այսօրուան Սուրիոյ քաղաքական օրակարգին մաս չի կազմեր: Հայութեան վերաբերող պատմական այդ փուլին մասին շատ բան գրուած է պատմագիրքերու մէջ: Մէկ բան ակնյայտ է, որ ֆրանսացիները չյարգեցին Կիլիկիան հայերուն տալու իրենց խոստումը: Անկէ ետք Ալեքսանտրեթի եւ շրջակայ գիւղերու հայերը անապահովութեան պատճառով կամաց-կամաց հեռացան այդ շրջանէն. անոնց մէկ մասը Քեսապ հաստատուեցաւ, իսկ մուսալեռցիները Այնճար գացին:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Սուրիոյ մէջ բնակող հայութեան հատուած մը կայ, որ արաբական ցեղախումբերու մէջ ծպտուած եւ իսլամացած է: Մենք այսօր ի՞նչ գիտենք այդ հայերուն մասին, անոնք ո՞ւր կը գտնուին, այս պատերազմին մէջ ի՞նչ կեցուածք ունին:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Ի տարբերութիւն այն իրողութեան, որ Թուրքիոյ շրջաններուն մէջ բռնի իսլամացուած հայեր կ՛ապրին, Սուրիոյ մէջ ծպտուած հայեր չկան: Ճիշդ է, որ Տէր Զօրի անապատին մէջ հայ մանուկներ եւ տղաք արաբներու կողմէ որդեգրուեցան, ինչպէս, օրինակ` Ռաքքայի շրջանին մէջ կան անձեր, որոնք Մոհամետ-Կարապետ կամ նման անուններ ունին, սակայն անոնք հազուադէպ են: Դէպք մը պատմեմ. վերջերս Հալէպի մէջ հանդիպեցայ արաբ զօրավարի մը, որ Տէր Զօրէն էր: Ան զիս հայերէնով բարեւեց. «Ինչպէ՞ս էք պարոն»: Ես զարմացայ եւ հարց տուի, թէ ուրկէ՞ հայերէն գիտէ: Ան պատասխանեց, որ իր մեծ մայրը հայ է եւ տակաւին ողջ է: Հարցուցի, թէ մեծ մայրիկը չէ՞ փափաքած իր ազգականները գտնել: Պատասխանը ժխտական էր: Կինը չէր ուզեր իր ներկայի «դիրքը» խանգարել, քանի որ ինք արաբ ընտանիքի մէջ մեծցած է, իսլամացած է… հակառակ անոր որ որեւէ նեղութիւն չէ ունեցած իր աւանդութիւնները պահպանելու, աղօթելու, «Հայր Մեր» ըսելու: Նման օրինակներ հետզհետէ հազուադէպ կը դառնան, որովհետեւ հին սերունդի մնացորդացը կամաց-կամաց կ՛անհետանայ, եւ ան միայն յուշերու աշխարհին մէջ կը մնայ:
Յիշեմ նաեւ, որ Հալէպի մէջ, նախքան ջարդը, հայեր կ՛ապրէին, որոնց Սուրիոյ մէջ «հին հայեր» կ՛անուանէին: Փաստն այն է, որ այսօրուան Հալէպի Քառասուն Մանկանց եկեղեցին 450 տարուան պատմութիւն ունի:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Անմիջապէս փակագիծ մը բանալով` կարելի է հարց տալ, թէ արդեօք այդ հին հայերը շաղուա՞ծ են Ցեղասպանութենէն ետք տարագրուածներուն հետ:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Անշո՛ւշտ եւ աւելի՛ն. հին հայերու ներկայութիւնը խանդավառած է ջարդէն ետք հոն հաստատուած հայութիւնը…
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Այսօր այդ հիներուն շառաւիղները տակաւին հո՞ն են:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Չեմ կրնար յստակ պատասխան տալ, բայց գիտեմ, որ Հալէպի մէջ որոշ ընտանիքներու մականունները «եան»-ով չեն վերջանար, եւ հաւանաբար անոնք հին սերունդներուն կը պատկանին:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Սուրիոյ այս պատերազմին դուք որոշ չափով կը զգայի՞ք, որ երկիրը պառակտուելու վտանգին ենթակայ է: Նաեւ դուք այսօրուան իրադարձութիւնները պատերա՞զմ կ՛անուանէք, թէ՞ այլ կերպ պէտք է բացատրել կացութիւնը:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Իրականութեան մէջ տեղի ունեցածը տարօրինակ պատերազմ մըն է, որուն նպատակը Սուրիան քանդելը, պառակտելն ու զայն Արեւմուտքին ենթակայ դարձնելն է:
Ըստ կարգ մը վերլուծաբաններու, Արեւմուտքը Սուրիոյ առաջարկած է, որ Քաթարէն սկսող եւ դէպի Եւրոպա երկարող կազատար խողովակը անցնի Սուրիոյ տարածքով: Առաջարկուած է նաեւ, որ Սուրիա` Իրանի եւ Հըզպալլային հետ իր յարաբերութիւնները սահմանափակէ` երաշխաւորելով Իսրայէլի ապահովութիւնը: Անշուշտ պէտք չէ մտահան ընել նաեւ գերպետութիւններու միջեւ աշխարհագրական դիրքերու տիրանալու եւ ուժային հում նիւթերուն տիրապետելու մրցակցութիւնը, որոնց կռուախնձորը հանդիսացաւ Սուրիան: Երբ զոյգ առաջարկները մերժուեցան Սուրիոյ իշխանութեան կողմէ, որոշուեցաւ տապալել օրուան իշխանութիւնը:
Կրօնական ազդակը օգտագործուեցաւ եւ իշխող շիի փոքրամասնութեան ու սիւննի մեծամասնութեան միջեւ քաղաքացիական պատերազմ ստեղծուեցաւ: Ազատութեան կարգախօսերով կազմակերպուեցան ցոյցեր, որոնց պարագլուխները եղան ծայրայեղ կրօնականներ եւ խուլիկաններ: Այդ ցոյցերը ի վերջոյ վերածուեցան արիւնալի բախումներու, ապա կնճռոտ խնդիրի, որուն մէջ ընդգրկուեցան նաեւ վարձկան կռուողներ եւ դուրսէն բերուած կրօնական ծայրայեղական ժիհատականներ:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Ինչո՞ւ Սուրիոյ նման երկրի մը իշխանութիւնը չկրցաւ վերջ տալ այդ ցոյցերուն:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Հաֆեզ Ասատի ատեն նման ցոյցեր անմիջապէս կը ճզմուէին, բայց ներկայ նախագահը ժողովրդավար ըմբռնումով մօտեցաւ հարցերուն եւ տակաւին համոզուած է, որ Սուրիոյ խնդիրը երկխօսութեամբ պէտք է լուծել:
Սուրիոյ խնդիրի երկարելուն հիմնական պատճառներէն մէկը նաեւ բանակին մէջ տեղի ունեցած դաւաճանութիւններն էին: Որոշ զինուորականներ կաշառուեցան, ուրիշներ հաւատացին, որ այս յեղափոխութիւնը յաղթանակով պիտի աւարտի:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Բայց ինչպէ՞ս տեղի ունեցած էր ամբողջ Սուրիոյ տարածքին այդ խանգարիչ ուժերու ներթափանցումը:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Նախքան պատերազմը, այդ խուլիկաններուն պարագլուխները իրենց կասկածելի արարքներուն համար ձերբակալուած ու բանտ նետուած էին: Դէպքերու նախօրեակին նախագահական ներումով անոնք դուրս ելան բանտերէն եւ փոխանակ զղջալու, ընդհակառակն, կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան արդէն ծայր առած խլրտումներուն մէջ:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Արդեօք Իրաքի յետ-պատերազմեան վարչակազմին սիւննի տարրերը օգտագործուեցա՞ն Սուրիոյ մէջ պառակտումներ յառաջացնելու եւ պատերազմական գործողութիւններ իրագործելու նպատակին:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Անկասկած, ոչ միայն Իրաքի, այլեւ Սուրիոյ սահմանակից բոլոր երկիրները, նախօրօք համաձայն գտնուելով Արեւմուտքին հետ, դիւրութիւններ ընծայեցին, որպէսզի օտար իսլամ ժիհատականներ եւ վարձկաններ մուտք գործեն Սուրիա: Իսկ Թուրքիա` Սուրիոյ հետ ունեցած իր 170 քմ երկարութեամբ սահմանով, իբրեւ «բարի դրացի», պարագլուխը հանդիսացաւ այս գործին:
Պէտք է նշել նաեւ, որ ժողովուրդէն շատերուն բնակարանները ինքնաբերաբար գտնուեցան զինեալ ընդդիմադիրներու տարածքներէն ներս, եւ համաձայն չըլլալով հանդերձ անոնց արարքներուն, վախի պատճառով ակամայ ենթարկուեցան անոնց բոլոր որոշումներուն:
Տեղին է յիշել, որ Հալէպի Նոր Գիւղի հայահոծ թաղամասերու քանդումն ու կործանումը թրքական հրահրումներու արդիւնք էին:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Մենք հեռուէն դիտելով` դժուար կը պատկերացնենք, թէ ինչպէ՛ս Սուրիոյ հայ համայնքը հինգ-վեց տարիէ ի վեր տեղւոյն վրայ կը գոյատեւէ: Ի վերջոյ, գործազրկութիւն կայ, պետական գործառոյթները առկախուած են, ջուրի, ելեկտրականութեան, ուժանիւթի տագնապ գոյութիւն ունի եւ այլն, եւ այլն: Հոն մնացողները ինչպէ՞ս կրցան այդ դժուար պայմաններուն մէջ տոկալ ու դեռ ալ կը տոկան: Անոնք ինչպէ՞ս կը հոգան իրենց ծախսերը: Դուրսէն օգնութիւնը ի՞նչ ձեւերով կը բաշխուի:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Այսօրուան պատերազմական իրավիճակին պատճառով պարզուեցաւ, որ ծնողները անկարող են իրենց զաւակներուն դպրոցական ծախսերը հոգալու: Առ այդ, որպէսզի հայ աշակերտը չզրկուի ուսումէ եւ հայեցի դաստիարակութենէ, Բերիոյ թեմին կապուած ազգային բոլոր դպրոցները անվճար ըլլալու որոշում կայացուցին: Անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին ազգային բնագաւառէն ներս ծառայող ոեւէ պաշտօնեայ գործէ չարձակուեցաւ:
2012-ին ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով շրջանին մէջ հիմնուեցաւ «Սուրիոյ շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմին»-ը, որուն մաս կը կազմեն հայ երեք համայնքապետները (առաքելական, աւետարանական եւ հայ կաթողիկէ, ներառեալ` Դամասկոսի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդը), երեք կուսակցութիւնները (ՀՅԴ, Հնչակեան եւ ՌԱԿ), Սուրիոյ Օգնութեան Խաչը (ՍՕԽ) եւ ՀԲԸՄ-ը: Նշեալ մարմինը, իր կարգին, ունի գործադիր մարմիններ` Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ Գամիշլիի մէջ: Օժանդակութիւնները կը տրուին հետեւեալ ուղղութիւններով` սնունդ, դեղորայք, կրթական եւ բնակարաններու նորոգութիւն:
Բնականաբար տրուածը մեր ժողովուրդի կարիքներուն չնչին մէկ մասը կը կազմէ, այսուհանդերձ, մեր ժողովուրդը` ի գին բազում զրկանքներու, կը շարունակէ տոկալ ու դիմանալ:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Այդ նպաստները ի՞նչ միջոցներով կը հասնին շտապ օգնութեան մարմինին:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Նկատի ունենալով, որ դէպի Սուրիա դրամական փոխանցումներու հնարաւորութիւն չկայ, շտապ օգնութեան մարմինը առաջարկեց, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը դրամատան մէջ իր բացած հաշիւին կողքին ունենայ նաեւ սուրիահայութեան յատուկ հաշիւ մը: Մինչեւ օրս մեզի ուղղուած բոլոր օժանդակութիւնները այդ ճամբով է, որ կը ստանանք: Սփիւռքէն հասած որեւէ գումարի դիմաց 48 ժամուան ընթացքին ստացագիր կը տրուի եւ շնորհակալական նամակ կը յղուի:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Ինչպէս ամէնուր, Ֆրանսայի մէջ եւս տեղի ունեցաւ դրամահաւաքի արշաւ մը, որուն մասնակցեցաք դուք եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան: Շուրջ 120 հազար եւրօ հանգանակուեցաւ: Ներկայ իրադրութեան մէջ նուազագոյնը որքա՞ն պէտք է Սուրիոյ մէջ համայնքային կեանքը վերականգնելու համար:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Յստակ գումար դժուար է ճշդել, բայց կարելի է ըսել, որ ժողովուրդը ծով կարիքներ ունի, որովհետեւ եկամուտ չունի:
Ճիշդ է, որ վերջին շրջանին հայկական թաղամասերու ապահովական իրավիճակը փոխուած է, ռումբերու կամ հրթիռներու տարափը կանգ առած է, սակայն տնտեսական առումով ժողովուրդին կացութենէն ոչինչ փոխուած է:
Անկեղծ ըսած, սփիւռքէն հանգանակուած գումարները բաւարար չեն, սակայն շնորհակալ կը մնանք բոլոր համայնքներու հայորդիներուն, որոնց սիրտերը ամէն օր կը տրոփեն մեզի համար:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Այդ ապահով շրջաններուն մէջ, ինչպէս` Լաթաքիա, ուր հայութիւնը փոխադրուեցաւ, ինչպէ՞ս է տնտեսական կացութիւնը:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Այնտեղ որոշ դիւրութիւններ կան աշխատանքի համար, բայց` ոչ բաւարար չափով:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Այս պատերազմը որեւէ ազդեցութիւն գործե՞ց համայնքային կեանքի կազմակերպութեան վրայ:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Բնականաբար ունեցաւ նիւթական եւ բարոյական ծանր հետեւանքներ: Նիւթական կորուստներուն մէկ մասը ձեւով մը կարելի է ապագային դարմանել, սակայն անդին կայ շատ աւելի ցաւալին` այն ընտանիքներու պարագան, որոնք պատերազմի պատճառով կորսնցուցին իրենց հարազատները, յատկապէս` երիտասարդները, ցաւ մը ու տառապանք մը, որոնք պիտի մնան անդարմանելի: Մենք ցարդ ունեցած ենք 167 նահատակներ:
Այսուհանդերձ, մեր ազգային, եկեղեցական, մշակութային, կրթական, բարեսիրական եւ մարզական կեանքը, իրենց համապատասխան վարչութիւններով, եւ գերադաս մարմիններով ու ժողովներով կը շարունակեն իրենց բնականոն ընթացքը: Անապահով կեանքի բերումով երբեմն ունեցանք նաեւ խարխափումներ: Իսկ արտագաղթը պատճառ դարձաւ, որ բոլոր բնագաւառներուն մէջ արձանագրուի մարդուժի որակի անկում:
Պէտք է նշել, որ պատերազմը ունեցաւ նաեւ դրական անդրադարձներ: Միասնականութիւնը, որ նախքան պատերազմը մեր համայնքի յատկանիշներէն մին էր, դարձաւ աւելի ամրակուռ եւ օրինակելի:
Հպարտութիւն առթող այլ երեւոյթ մը` մենք նուաճեցինք սերունդ մը, որ սորվեցաւ կեանքի գնով տէր կանգնիլ իր ժողովուրդին: Անոնք օրական 24 ժամ տեւողութեամբ, զէն ի ձեռին, ցուրտին ու վտանգին ապահովեցին մեր ընտանիքներուն հանգիստն ու քունը, պաշտպանեցին հայահոծ մեր թաղամասերը, մեր եկեղեցիներն ու կրթական հաստատութիւնները:
Փա՛ռք ու պատիւ այդ նուիրեալ փաղանգին:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ հայութիւնը հաւաքական գիտակցութեան խնդիրներ ունի: Ձեր կարծիքով, Սուրիոյ օրինակը կիրարկելի՞ է այլ գաղութներու մէջ:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Մեր ազգը հզօրանալու բոլոր տուեալները ունի: Անհրաժեշտ է, որ «Հաւաքական ուժ»-ի վերածուինք եւ ունենանք «Համազգային ծրագիր»: Այդ ուժը այսօր` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք եռամիասնութիւնն է, որուն հզօրացումը պէտք է դառնայ նպատակ, իսկ միջոցը ծրագրուած եւ միասնական աշխատանքն է: Մեր ներուժը պէտք չէ մսխենք ներքին անհեթեթ խնդիրներով զբաղելով: Հեռու պէտք է մնալ ոչ ճշգրիտ տուեալներու վրայ հիմնուած աժան ամբաստանութիւններէ, որոնք կը ջլատեն մեր ներուժը: Հայաստանը այնպէս պէտք է ղեկավարել, որ դառնայ համայն հայութեան տնտեսական կարելիութիւններուն աճման եւ դրամագլուխներու մէկտեղման վստահելի կռուան:
Հայրենիքէն հեռու ապրելով` սփիւռքը պէտք չէ վերածուի ազգային ընդհանուր ռազմավարութիւններէ հեռու զգացական միաւորի: Անիկա պէտք է լուրջ դերակատարութիւն ունենայ Հայաստանի ղեկավարման գործընթացին մէջ: Հայրենիքը պէտք է գիտնայ օգտուիլ սփիւռքի բազմատեսակ կարողութիւններէն, որուն համար նախ պէտք է ստեղծել փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ եւ, ինչպէս ըսի, ունենալ «Ազգային ծրագիր»:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Այս առումով ի՞նչ դեր վերապահուած է կուսակցութիւններուն:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Կասկած չունիմ, որ բոլոր կուսակցութիւններն ալ, իւրաքանչիւրը իր աշխատելաոճով, կը ձգտին ծառայելու հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ հայրենիքի հզօրացման գործին: Պէտք է ունենալ համընդհանուր եւ միացեալ ազգային մէկ ծրագիր, որուն շուրջ պէտք է համախմբուին բոլոր կուսակցութիւնները: Այս առիթով կ՛ուզեմ հաստատել, թէ ՀՅԴ-ն մշակած է իր պատկերացումները դրսեւորող ազգային ծրագիր, կը մնայ միջկուսակցական համագումարներով քննել, հարստացնել եւ ընդունելի դարձնել բոլորին կողմէ:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Հայաստանի պարագային, իշխանութեան լուրջ հարց մը գոյութիւն ունի, նկատի ունենալով, որ ժողովուրդը կը լքէ երկիրը ու կը հեռանայ, կ՛արտագաղթէ: Սփիւռքի մէջ մեծցած հայն ալ այս բոլորը տեսնելով` կը ստիպուի կասկածելու, հարցադրումներ ընելու եւ յուսալքուելու: Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընել, որ մարդիկ չհեռանան իրենց հայրենիքէն, չփախչին:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Ակնյայտ է, որ եթէ ժողովուրդը դժգոհ չըլլայ` չի հեռանար իր հայրենիքէն: Այդ դժգոհութեան մէկ մասը կը վերաբերի Հայաստանը ցարդ կառավարող իշխանութեանց ղեկավարման ձեւին եւ արդիւնաբերական ծրագիրներու չգոյութեան, իսկ այլ բաժին մը` օրէնքի դիմաց քաղաքացիին անհաւասարութեան, հարկային տուրքերու անարդարութեան եւ օլիկարխներու առանձնաշնորհեալ երեւոյթներուն: Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի նկատմամբ կիրարկուող տնտեսական շրջափակման անպատեհութիւնները եւ մեր երկրի հում նիւթերով հարուստ չըլլալու իրողութիւնը:
Անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել հարկային օրէնքները, հնարաւորութիւն ընձեռել օտար դրամագլուխներու ներդրումին եւ ստեղծել տնտեսական վստահութեան միջավայր:
Նիւթէն շեղելով կ՛ուզեմ արդարօրէն նշել, որ Հայաստանի կառավարութիւնը, հանրապետութեան նախագահ Ս. Սարգսեան եւ Հայաստանի ամբողջ ժողովուրդը իրենց կարելին ըրին եւ կը շարունակեն օգտակար ըլլալ թէ՛ Սուրիոյ մէջ ապրող հայութեան եւ թէ՛ Հայաստան հաստատուած սուրիահայութեան:
Նաեւ Հալէպի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութիւնը` իբրեւ այնտեղ մնացած միակ հիւպատոսութիւն, այս տագնապալի օրերուն ծառայեց եւ նուիրաբար կը շարունակէ ծառայել` ի գին բազմատեսակ դժուարութիւններու:
Բոլորին վարձքը կատար:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները ֆրանսահայ գաղութին մասին:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Շատ դրական տպաւորուած եմ ֆրանսահայ մեծաթիւ համայնքի որակով եւ ունեցած կարողութիւններով: Ցաւ ի սիրտ, անոնց փոքրիկ մէկ մասն է, որ ազգային եւ մշակութային ծառայութիւն կը մատուցէ: Մնացեալին մէջ նաեւ պէտք է արթնցնել ազգային գիտակցութիւնը եւ հայ ազգին պատկանելիութեան հպարտանքը: Այս ուղղութեամբ մեծ դեր եւ աշխատանք ունին կատարելիք համայնքի կազմակերպութիւններն ու եկեղեցին:
Անցնող երկու շաբաթներուն, համայնքին հետ ունեցած մեր շփումներուն ընթացքին մեծապէս զգալի էր ժողովուրդին խանդավառութիւնը եւ գնահատանքի արժանի է կազմակերպուած ձեռնարկներուն անոր խուռներամ մասնակցութիւնը եւ ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը:
Առիթէն օգտուելով` շնորհակալութիւն կը յայտնենք ֆրանսահայութեան, որ Սուրիոյ տագնապի առաջին օրերէն իսկ մեր կողքին եղան եւ չզլացան իրենց նիւթական օժանդակութիւններով ամոքելու իրենց հայրենակիցներուն ցաւը:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Պետական պաշտօնական մակարդակի ձեր հանդիպումները ինչպէ՞ս անցան:
ԿԱՐՕ ԻՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Այդ տեսակցութիւնները արգասիքն էին Ֆրանսայի ՀՅԴ ղեկավարութեան` պետական բարձրագոյն անձնաւորութեանց հետ մշակած մտերմիկ յարաբերութեանց:
Հանդիպումներուն ընթացքին փորձեցինք դիտել տալ, որ Սուրիոյ ներկայացուած պատկերը միակողմանի է եւ իրականութեան չի համապատասխաներ:
Բացատրեցինք սուրիական պատերազմի արհաւիրքին պատճառով քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց Միջին Արեւելքէն գաղթելու երեւոյթը, շրջանը քրիստոնէութենէն պարպուելու մտահոգութիւնը, արմատական իսլամիզմի ստեղծած սարսափի մթնոլորտը, գործադրուած անմարդկային վայրագութիւնները եւ ժողովուրդի կենցաղային խղճալի պայմանները:
Այցելութիւններուն ընթացքին զգալի էր ֆրանսահայ համայնքին նկատմամբ Ֆրանսայի ղեկավարութեան տածած յարգանքն ու ցուցաբերած վստահութիւնը: Այդ կեցուածքին շնորհիւ էր, որ մեր հանդիպումները թէ՛ ձախակողմեան եւ թէ՛ աջակողմեան ղեկավարութեանց հետ ընթացան շատ սիրալիր եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ:
Այս առթիւ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթեմ ձեզի` իբրեւ «Նոր Յառաջ» թերթի վաստակաւոր խմբագիր: