ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Թուրքիոյ իշխանութիւններու հակաժողովրդավարական վարքագիծը շեշտով մը եւս հարստացաւ` Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի ընտրութիւններուն իրենց կոպիտ միջամտութեամբ:
Էրտողանի` միջազգային հանրային կարծիքը արհամարհող գործողութիւնները կը յաջորդեն իրարու, գրեթէ անտեսուելով աշխարհի պետութիւններէն, որոնց կրաւորականութիւնն ու զգուշաւորութիւնը օրէ օր աւելի յանդուգն ու լկտի կը դարձնեն օսմանեան ամէնէն վատ աւանդութիւնները վերակենդանացնել ջանացող նորօրեայ «սուլթան»-ը:
Էրտողանի ցեղապաշտական ու բռնատիրական գործողութիւններուն ըստ արժանւոյն չհակազդելով` միջազգային ընտանիքը կը խրախուսէ Միջին Արեւելքն ու Եւրոպան ապակայունացնող, տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը սրող մթնոլորտը:
Մենք, անշուշտ, ի տես այս միջազգային մեղսակցութեան, լուռ չե՛նք կրնար մնալ եւ պարտաւոր ենք նախ մեր զօրակցութիւնը յայտնել Պոլսոյ հայ համայնքին ու իր ինքնուրոյնութիւնը պահպանելու անոր պայքարին, ապա նաեւ լայնածաւալ տեղեկատուական ու ցուցական ձեռնարկներով պէտք է մեր բողոքի ձայնը բարձրացնենք աշխարհի բոլոր մայրաքաղաքներուն մէջ:
Եթէ չենք կրնար ազդել պետութիւններուն վրայ, ապա առնուազն կրնանք միջազգային հանրութիւնը իրազեկ դարձնել պոլսահայութեան իրաւունքներուն դէմ կատարուած ոտնձգութեանց մասին` միեւնոյն ժամանակ նպաստելով պոլսահայութեան բարոյական կորովի բարձրացման: Վերջին տարիներուն, յատկապէս` Հրանդ Տինքի նահատակութենէն ետք, պոլսահայութեան ապրած նոր զարթօնքը մեր գուրգուրանքին պէտք է արժանանայ, եւ կարեւոր է, որ այդ զարթօնքը ճզմելու պետական ճնշամիջոցներուն դէմ ծառացողները զգան համա՛յն հայութեան զօրակցութիւնը, զգան սփիւռքի եւ Հայաստանի հայութեան սրտակցութիւնը: Ամէնէն կարեւորը` պոլսահայ համայնքին մէջ պետութեան գործակալի դեր կատարողնե՛րը պէտք է զգան մեր զայրոյթը եւ պէտք է զգաստանան: