Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Սրբոց Վարդանանց Եւ Մայրենի Լեզուին Նուիրուած Տօնախմբութիւն Կրթասիրաց Ս. Չեմպերճեան Երկրդ. Վարժարանին Մէջ
Չորեքշաբթի, 22 փետրուար 2017-ին, Կրթասիրաց մշկթ. միութեան «Զ. Գաբրիէլեան» սրահին մէջ Կրթասիրաց Ս. Չեմպերճեան երկրդ. վարժարանի եւ Կրթասիրաց «Յարութիւնեան» մանկապարտէզի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ նշեցին Սրբոց Վարդանանց եւ Մայրենի լեզուի զոյգ տօները:
ԺԱ. կարգէն խումբ մը աշակերտուհիներ բացման խօսք արտասանեցին, որմէ ետք բեմ բարձրացան Կրթասիրաց «Յարութիւնեան» մանկապարտէզի աշակերտները եւ հաւաքաբար երգեցին ու արտասանեցին Սրբոց Վարդանանց տօնին նուիրուած երգեր: Ապա յաջորդաբար ներկայացուեցան` Բ. կարգէն խմբային ասմունք «Մայրենի լեզու», Ե. կարգէն խմբային երգ` «Ով հայրենեաց պսակադիր», Գ. եւ Ե. կարգերէն խմբային ասմունք` «Խօսք իմ որդուն», Դ. կարգէն խմբային ասմունք` «Հայրենիք», Զ. , Է. կարգերէն խմբային ասմունք` «Մայրենի լեզու», իսկ Ժ. կարգէն` «Հայու ոգին»:
Տօնախմբութեան ընթացքին ներկայ աշակերտները վարժարանի երգի ուսուցչուհի Հուրի Պարսումեան-Հատիտեանի նուագակցութեամբ երգեցին «Հիմի էլ լռենք» երգը:
Օրուան բանախօսն էր վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհի Լիլիթ Տոլմօղլեան-Փայասեան: Ան անդրադարձաւ Աւարայրի ճակատամարտին եւ նշեց, որ Վարդան Մամիկոնեանն ու իր ընկերները նահատակուեցան յանուն հաւատքի, հայրենիքի ու լեզուի պահպանման: Ան թելադրեց հետեւիլ անոնց հայրենապաշտութեան օրինակին:
Գեղարուեստական բաժինի աւարտին վարժարանի տնօրէն Անդրանիկ Պօղոսեան աշակերտներուն խօսեցաւ Վարդանանց պատերազմի խորհուրդին մասին` լուսարձակի տակ առնելով Ղեւոնդ Երէցին եւ ընդհանրապէս հայ հոգեւորականութեան մեծ դերակատարութիւնը, աւելցնելով, որ անոնք զինուորականութեան կողքին կանգնելով` հաղորդութիւն տուին եւ իրենք եւս մասնակցելով պատերազմին` անմահացան: Ան շեշտելով հայոց լեզուի պահպանման կարեւորութիւնը, թելադրեց լաւ սորվիլ եւ ճշգրիտ կերպով օգտագործել հայոց լեզուն:
Ձեռնարկի աւարտին վարժարանի հոգեւոր հովիւ Եզնիկ քհնյ. Զղջանեան խօսք առնելով` խրախուսեց աշակերտները` Աւարայրի հերոսներուն օրինակը վկայակոչելով: Տօնախմբութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Աշակերտները բարձր տրամադրութեամբ ու հայրենասիրական ջերմ զգացումներով զօրացած` մեկնեցան սրահէն:
Այս առիթով տնօրէնութիւնը պատրաստած էր Վարդանանց պատերազմին նուիրուած բացիկներ, որոնք բաժնուեցան աշակերտներուն:
Համազգայինի «Զուարթնոց» Երգչախումբը Դամասկոսի Մէջ Իր Փայլուն Երգահանդէսով Եզրափակեց Սուրիական Երգչախումբերու Փառատօնը
Երգեցին ու համատեղ երգեցողութեամբ հաւաքական աշխատանքի գեղեցկագոյն օրինակը տուին: Երգեցին ու երգի ճամբով իրենց սէրն ու հաւատարմութիւնը յայտնեցին սուրիական հայրենիքին: Երգեցին` ցոլացնելով Սուրիոյ իսկական պատկերը, որովհետեւ, փառատօնի կազմակերպիչ մարմինի պատասխանատու, Սուրիոյ սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի խօսքով, զանազան քաղաքներ եւ գոյներ ներկայացնող երգչախումբերու համատեղ երգեցողութիւնը Սուրիոյ մէջ մշակոյթներու համակեցութիւնը կը ցոլացնէ:
Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան, կազմակերպութեամբ «Ասատ» մշակոյթի եւ արուեստի տան ընդհանուր խորհուրդին, մասնակցութեամբ Սուրիոյ զանազան քաղաքներէն ժամանած ինն երգչախումբերու, շաբաթ, 25 փետրուարէն հինգշաբթի, 2 մարտ 2017, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի «Ասատ» մշակոյթի եւ արուեստի տան օփերայի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիական երգչախումբերու փառատօնը:
Խումբերը մէկ շաբթուան ընթացքին հանդէս եկան առանձին երգահանդէսներով: Ապա անոնք համատեղ երգեցողութեամբ եզրափակեցին փառատօնը` աւելի քան 250 անդամներէ բաղկացած բազմերանգ խումբ մը կազմելով:
Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը հայկական միակ երգչախումբն էր:
Յատկանշական էր «Զուարթնոց»-ին մասնակցութիւնը այս երգահանդէսին: Խումբ, որ հակառակ Հալէպի պատերազմական դժուար պայմաններուն, շարունակեց իր գործունէութիւնը եւ հրաւիրուեցաւ Դամասկոս` որպէս 47-ամեայ վաստակ ունեցող բազմաձայն երգչախումբ:
«Զուարթնոց»-ը ելոյթ ունեցաւ վերջին օրը` հինգշաբթի, 2 մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, խմբավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:
Հալէպէն Դամասկոս երկար ճամբայ կտրած «Զուարթնոց»-ի անդամները թօթափեցին յոգնութիւնն ու բազմաձայն երգեցողութեամբ նախ գովերգեցին Հալէպի յաղթանակը` մեկնաբանելով Մաուսուիյի «Մապրուք նասրաք», «Ռասասաք Հալապ», Էլի Շուէրի «Ռայաթեք պըլ ալի», Զիատ Պըթրոսի «Ալ հաքքու սիլահի» արաբական հայրենասիրական երգերն ու Սելիմ Մասրիի «Լեմմէ պետէ եթեսեննէ» ստեղծագործութիւնը, ապա ներկայացուցին հայկական երգարուեստէն ընտիր ստեղծագործութիւն մը` Թաթուլ Ալթունեանի «Հոյ նար»-ը, որմէ ետք Սետուէյի «Մոսկովեան գիշերներ» ռուսական երգը: Երգահանդէսը եզրափակուեցաւ Մաուսուիյի «Մապրուք Նասրաք» երգով:
Երգահանդէսին ներկայ էին պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, Համազգայինի Կեդր. վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչներ, դամասկահայ, տեղացի եւ օտար հանդիսատեսներ:
«Զուարթնոց»-ը իր բարձրորակ երգեցողութեամբ արժանացաւ ջերմ ծափողջոյններու եւ հանդիսատեսի գնահատանքին:
Հետաքրքրական էր փառատօնին եզրափակիչ բաժինը: Մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեան տեղացի երգչախումբերու աւելի քան 250 անդամները ի մի բերելով` բաժնած էր խումբերու եւ ստեղծած` աշխատանքային խմբակներ: Իւրաքանչիւր խմբակ ընտրած էր նախադասութիւն մը, որ կշռութաւոր երգեցողութեամբ նախ առանձնաբար կատարեց, ապա բոլոր խմբակները միասնաբար հնչեցուցին իրենց ընտրած կշռութաւոր նախադասութիւնները` ստեղծելով գեղեցիկ, միաժամանակ հնչեղ ներդաշնակութիւն մը:
Երգչախմբային երգեցողութեան այս ոճը նորութիւն մըն էր, որ երգողներուն համատեղ աշխատելու առիթ ընծայեց:
Այնուհետեւ երգչախումբերը միասնաբար երգեցին հայրենասիրական երկու երգեր` զանոնք նուիրելով սուրիական հայրենիքին:
Հանդիսութեան աւարտին կազմակերպիչ մարմնին կողմէ իւրաքանչիւր երգչախումբ գնահատագիրով պարգեւատրուեցաւ:
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան ուղղուած գնահատագիրը ստանձնեց խմբավար Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեան, որ իր կարգին Շրջ. վարչութեան կողմէ արծաթեայ վահան մը նուիրեց Դամասկոսի մշակոյթի եւ արուեստի տան:
Գեղարուեստական իր արժէքին կողքին, երգահանդէսը ուղերձ մըն էր Սուրիոյ տագնապը հրահրող ու անոր պատկերը աղաւաղել փորձող բոլոր կողմերուն: Ուղերձ մը, որ կը յուշէր, թէ Սուրիան մշակոյթներու համակեցութեան եւ փոխադարձ հանդուրժողութեան երկիր է ու պիտի շարունակէ պահպանել իր դիմագիծը այսպիսի բարձրորակ ու գօտեպնդող ելոյթներով եւս:
Ատրպատական
Գումարուեցաւ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Պատգամաւորական Ժողովի 8-րդ Նիստը
Նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի, 3 մարտին տեղի ունեցաւ թեմի Պատգամաւորական ժողովի 8-րդ նիստը:
Ժողովի ատենապետ դոկտ. Արա Մելիքեանի բացման խօսքէն ետք առաջնորդ սրբազանը ելոյթ ունենալով` գնահատեց բոլոր ժողովականներուն ժրաջան եւ պատասխանատու մասնակցութիւնը ազգային կեանքի կազմակերպման աշխատանքներուն:
Ներկայացուեցաւ հաշուեքննիչ մարմինի անցնող 11 ամիսներու հաշուեկշիռը` որպէս նախապատրաստութիւն յառաջիկայ ժողովի նիւթա-բարոյական զեկոյցին: Քննարկման առարկայ դարձան թեմի կալուածային առկախ մնացած հարցերը: Թեմական խորհուրդը բացատրութիւն տուաւ ցարդ իր կատարած ընդհանուր աշխատանքներուն մասին ներկայացնելով նիւթական եկամուտ հայթայթելու մեծածաւալ ծրագրի նախագիծը: Քննարկուեցաւ նաեւ Սալմաստի ազգապատկան կալուածներուն հարցը` կարեւոր նկատելով անոնց օգտագործելու եւ վարձելու ներկայ պայմաններու վերանայման անհրաժեշտութիւնը:
Փարիզ
Փարիզի Փողոցներէն Մէկը Պիտի Վերանուանուի Զապէլ Եսայեանի Անունով
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցին առիթով Փարիզի փողոցներէն մէկը պիտի վերանուանուի յայտնի հայ գրող, իգական սեռի իրաւունքներու ջատագով Զապէլ Եսայեանի անունով:
Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ յայտնեց, որ Զապէլ Եսայեան եղած է հայ ժողովուրդի բոլոր տառապանքներու կիզակէտը, աւելցնելով, որ Փարիզի մէջ կը պահպանեն հայ ժողովուրդին կրած բոլոր երկիւղներուն, ինչպէս նաեւ ըմբոստութիւններուն, պայքարներուն յիշողութիւնը, բայց միեւնոյն ժամանակ կը բանան հնարաւոր ճանապարհներ, որոնք, ինչպէս կը կատարուի Երեւանի մէջ, կ՛արտայայտեն յոյսը, յայտնագործութիւններն ու նախաձեռնութիւնները:
Անն Իտալկօ նկատել տուաւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութիւնը հաստատ է, եւ անոնք փոխադարձաբար շատ բան ունին իրարու տալիք նաեւ իրարմէ ստանալիք: Քաղաքապետը շնորհակալական խօսք ուղղեց Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայերուն, որոնք մշակութային, մտաւոր, հոգեւոր հարստութիւն բերած են Ֆրանսա, աւելցնելով, որ հայերն ալ իրենց կարգին երախտապարտ են Ֆրանսային` իրենց ապագան վերակերտելու հնարաւորութեան համար:
Քանատա
Հայեցի Համակարգերու Նուիրուած Խորհրդաժողով
Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային վարչութեան եւ համագործակցութեամբ ՀՅԴ ԿԿ-ին, 4 մարտին, առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հայեցի տարբեր համակարգերու միացեալ խորհրդաժողով մը, մասնակցութեամբ` Ազգային Վարչութեան, ՀՅԴ ԿԿ-ին, Համազգայինի, ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւններուն, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի կրթական մարմինին, տնօրէնին եւ հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ` Մոնրէալի Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի կրթական մարմինին, տնօրէնին եւ հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատուներուն:
Սոյն խորհրդաժողովին նպատակն էր հայեցի դաստիարակութեան ծիրէն ներս գործնական որոշումներու յանգիլ, մղուած` այսօրուան մեր դիմագրուած մարտահրաւէրներէն:
Խորհրդաժողովը նախ բանաձեւեց «Հայեցի» հասկացողութիւնը եւ որոշեց կեդրոնական մարմին մը յառաջացնել, որպէսզի ուսումնասիրեն հայեցի կրթութեան, հայոց լեզուի ուսուցման կազմակերպման կառուցուածքը` հիմնուած Քանատայի առանձնայատկութիւններուն վրայ:
Խորհրդաժողովը ընթացաւ կարծիքներու փոխանակումով եւ գործնական մօտեցումներով եւ աւարտեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով:
Շրջանային Մարմիններու Խորհրդակցութիւն Մոնրէալի Մէջ
ՀՅԴ Քանատայի ԿԿ-ի հրաւէրով, 4 մարտին Լաւալի Հայ կեդրոնի «Պարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանային մակարդակի խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն կը մասնակցէին կիլիկեան թեմի Քանատայի Ազգային վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ Բաբգէն արք. Չարեանի, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի շրջանային վարչութիւնները, ՀՅԴ ՔԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, ՀՅԴ ՔՊՄ Ընդհանուր վարիչ մարմինը:
Առաջնորդ սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան ներկայացուց խորհրդակցութեան ուրուածիրը` յառաջիկայ տարիներուն Քանատայի հայ համայնքին առջեւ ծառացող զանազան մարտահրաւէրները` ներգաղութային, ներքանատական թէ համահայկական բնոյթի:
Մասնակից կազմակերպութիւնները հերթաբար ներկայացուցին իրենց գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին ամփոփ զեկոյց մը: Քննարկուեցաւ նաեւ 2015-ի սեպտեմբերին ՀՅԴ Քանատայի ԿԿ-ի կողմէ հրաւիրուած Գաղութային ներուժի ամրապնդման նուիրուած խորհրդաժողովի արդիւնքներն ու անկէ բխած առաջարկներու ամփոփումը:
Քննարկուեցան յառաջիկայ ամիսներուն իրագործուելիք աշխատանքները, կազմակերպութիւններուն միջեւ աշխատանքներու եւ ծրագիրներու համադրումը բարելաւելու զանազան միջոցներ, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ Քանատայի 150-ամեակի ձեռնարկներուն հայ համայնքի ներկայացուցչականութեան ապահովման, եւ մանաւանդ 2018-ին Հայ պետականութեան վերականգնման եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրման զոյգ 100-ամեակները առաւելագոյն շուքով նշելու անհրաժեշտութիւնը:
Սիմոն Եւ Մարալ Հասըրճեան Ամոլը Քանատայի Ազգային Առաջնորդարանին Կը Նուիրէ 292,825 Ամ. Տոլար Արժող Քանդակ Մը
Վերջերս Սիմոն եւ Մարալ Հասըրճեան ամոլը Ազգային առաջնորդարանին նուիրեց արուեստագէտ Կարէն Պետրոսեանի «Կեանքի ծառը» խորագիրը կրող պրոնզէ քանդակը, որ արուեստաբան Էրիք Տեւլինի կողմէ գնահատած է 292,825 ամ. տոլար. քանդակը կը կշռէ 235 քիլոկրամ եւ 400x300x450 սանթիմեթր բարձրութիւն ունի:
Թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Հասըրճեան ամոլին եւ տեղեկացուց, թէ Մոնրէալ քաղաքի 375-ամեակին առիթով քանդակը պիտի նուիրուի քաղաքապետարանին` որպէս երախտագիտութիւն եւ խորհրդանիշ քաղաքապետին ու քաղաքին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով անոնց ցուցաբերած բարեացակամ կեցուածքին համար: Արդարեւ, իր տեսակին մէջ այնքան գեղեցիկ այս արուեստի գործը ինքնին ցայտուն ցուցանիշ մը պիտի դառնայ հանրութեան առջեւ, որ հայը իր ստեղծագործ, շինիչ եւ մեղուաջան աշխատանքով ու կեանքին նկատմամբ իր լաւատես խառնուածքով վերստին կ՛ընձիւղուի, կը վերապրի ու կ՛անմահանայ:
Միացեալ Նահանգներ
Տէյվիտսըն Լերան Խաչի Գնման 20-ամեակի Տօնակատարութիւն
18 փետրուարին Սան Ֆրանսիսքոյի մօտերը գտնուող Միլպրայի «Կրին հիլզ» ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տէյվիտսըն լերան խաչ-յուշակոթողի պահպանման պարտականութիւնը ստանձնած Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու խորհուրդի տարեկան 20-րդ ճաշկերոյթը:
Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու խորհուրդի խնամակալ յանձնախումբը կազմուած է Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի հայկական եկեղեցիներուն եւ կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչներով: Յայտնենք, որ 1997 յուլիսէն ի վեր հայութեան պատկանող ու Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած Տէյվիտսըն լերան պատմական եւ 103 ոտք բարձրութեամբ խաչ-յուշակոթողին դիմաց ամէն տարի տեղի կ՛ունենան Զատկուան եւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած արարողութիւններ:
Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու խորհուրդի խնամակալ յանձնախումբին անունով Սեւակ Գեւրանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ներկայացուց խնամակալ յանձնախումբին միւս անդամներն ու անոր գործունէութեան նպաստող կամաւորները` շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց տրամադրած նուիրեալ ծառայութեանց համար:
Տօնակատարութեան պատուոյ հիւրը պիտի ըլլար Երուսաղէմէն Արիս արք. Շիրվանեան, որ 20 տարի առաջ կենսական դերակատարութիւն ունեցած էր Տէյվիտսըն լերան խաչի տարածքը գնելու եւ զայն Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի վերածելու համար տարուած պայքարին մէջ: Սակայն ան չկարենալով ներկայանալ` իր պատգամը տուաւ տեսերիզի մը միջոցով, շեշտելով յուշակոթողին կարեւորութիւնը շրջանի հայ համայնքին համար:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ձեռնարկին բանախօս Սան Հոզէի Նահանգային համալսարանի նախագահ դոկտ. Մերի Փափազեան, հետաքրքրական կապեր գծեց հայոց պատմութեան, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Տէյվիտսըն լերան խաչին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի վերականգումի պատմութեանց տարբեր փուլերուն տարուած ջանքերուն միջեւ: Ան հաստատեց, որ Սան Ֆրանսիսքոյի ամենաբարձր կէտը հանդիսացող Տէյվիտսըն լերան խաչը, Զատկուան եւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթներով ամէն տարի լուսաւորուելով` կը հանդիսանայ լոյսի եւ յոյսի փարոս մը ո՛չ միայն հայերուն, այլ համայն մարդկութեան համար:
«Հայ Կին. Դիմադրութիւն, Վերելք, Վերաձեւում» Թեմայով Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց Դաշնակցութեան Մարդու իրաւունքներու միացեալ խորհուրդին ու Հոլիվուտի «Մուսա Լեռ» ուխտին, 5 մարտին Հոլիվուտի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ կին. դիմադրութիւն, վերելք, վերաձեւում» թեմայով ձեռնարկ:
Հայ դատի Արեւմտեան շրջանի նախագահ Նորա Յովսէփեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ կնոջ կարեւորագոյն դերը` մօր դերը, մնացած է անփոփոխ բոլոր հազարամեակներուն, աւելցնելով, որ հայ կինը կը ներկայացնէ այն, ինչ որ կորսուած է, բայց անհրաժեշտ է վերելքի ու բարգաւաճման համար: Հայ հասարակութեան մէջ հայ կիները պահապաններն են ազգի մը, որ վերապրած է հազարաւոր տարիներ, իսկ այժմ մեր գործն է պաշտպանել ապագայ սերունդները` ոչնչացման եւ ձուլման սպառնալիքէն:
Մարդկային իրաւունքներու միացեալ խորհուրդի նախագահ Քրիստինա Մեհրանպոտ նկատել տուաւ, որ նման ձեռնարկներ կազմակերպելու նպատակը այն է, որ հայ կնոջ համար հայ հասարակութեան մէջ որպէս չափանիշ պէտք է սահմանուի անոր տարբեր եւ զօրաւոր ըլլալը:
Այնուհետեւ, ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան անդամ Նարէ Քիւփելեանը ներկայացուց Կիներու միջազգային օրուան պատմութիւնն ու զարգացումները, իսկ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի խոհրդատու Նորա Կայսերեան խօսեցաւ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ իր շարունակական պայքարի մասին: «Այա» ազգային-ժողովրդական պարախումբի անդամ Նաթալի Քամաճեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ խումբի ստեղծման նպատակներէն է պահպանել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:
ՀԵԴ Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի «Սարդարապատ» ուխտի անդամ եւ ձեռնարկի կազմակերպչական խորհուրդի անդամ Էլիա Պիլեմճեան անդրադարձաւ հայ հասարակութեան մէջ հայ կնոջ աւանդական ընկալման` շեշտելով, որ հարկ է կիները համարել որպէս մեր ժողովուրդի հաւասար ղեկավարներ, պայքարողներ, աշխատողներ:
Դերասանուհի Մարի Պասմաճեան խօսեցաւ այն մարտահրաւէրներուն մասին, որոնց ինք հանդիպած է որպէս կին` իր մասնագիտական գործունէութեան ծիրէն ներս: Լոնկ Պիչի Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Համաշխարհային Համեմատական գրականութեան բաժնի դասախօս, դոկտոր Դալար Շահինեան խօսեցաւ տիրող նահապետական համակարգի` ընդունուած սահմանումներու բնորոշումներուն դէմ իր տարիներու պայքարի պատմութեան:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր: