Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Մարգ Արեան (1926-1985)

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Պատանեկութեան մեր այն տարիներն էին, երբ օտար լեզուով մեկնաբանող երգիչները մեզի համար դարձած էին կուռքեր:

Հայ երգը տակաւին չէր տարածուած ու բոլորս`  մեծով-պզտիկով, արեւմտեան երաժշտութեամբ հմայուած էինք:

Մեր փոքրիկ շաբաթական ստացած գրպանի ծախսին մէկ կարեւոր մասը կը յատկացնէինք նոր հրատարակուած ձայնապնակներու:

Համացանցի միջոցով երգեր ունկնդրելու դիւրութիւնները չկային այդ օրերուն:

Լիբանանի պետական ձայնասփիւռի ֆրանսական բաժնէն եւ «Ռատիօ Մոնթէ Քարլօ»-էն կ’ունկնդրէինք Մարգ Արեան անունով երգիչի մը ֆրանսերէն լեզուով սիրային երգերը: Աւելի ուշ լսեցինք իր հայ ինքնութեան մասին, երբ «Էփի քլապ»-ի սեփականատէր, Թորոս Սիրանոսեանի միջոցով Լիբանան հրաւիրուեցաւ` ունենալու շարք մը ելոյթներ:

* * *

Աւստրալիա հաստատուած բարեկամէս տեսերիզ մը կը ստանամ` պատրաստուած Մարգ Արեանի քրոջ կողմէ, ուրկէ կը քաղեմ լայն տեղեկութիւններ` մահացած իր արուեստագէտ եղբօրը մասին:

Բուն անունով` Հանրի Մարգարեան, լիբանանահայ ծնողքի զաւակ է, որոնք Թուրքիոյ Մալաթիա քաղաքէն Լիբանան գաղթած, իսկ աւելի ուշ Ֆրանսա հաստատուած են, ուր ծնած է Հանրի:

Հանրի Վալանս քաղաքին մէջ ուսանած է երաժշտութիւն եւ դաշնակ, ապա սկսած է սիրային երգեր յօրինել:

1957-ին Վալանսէն կը փոխադրուի Փարիզ, ուր կը կարծէր երաժշտութեան մէջ յաջողելու պատեհութիւնները շատ աւելի են:

Հանրի Մարգարեանի` Փարիզի մէջ արձանագրած երգերը չեն գնահատուիր: Դիւրին չէ Փարիզի մէջ յաջողութիւն գտնելը, ուր կը գտնուի` Շարլ Ազնաւուրի, Ժիլպեր Պեքոյի, Ժաք Պրելի եւ Էտիթ Փիաֆի նման երգարուեստի հսկաներ: Նոյնիսկ դժուար է մրցիլ աւելի «փոքրերու»-ն հետ, ինչպէս` Ատամօ, Էնրիքօ Մասիաս եւ Ճոնի Հալիտէյի հետ:

Կը փոխադրուի Պելճիքա, եւ անունը վերցնելով ու մականունը երկուքի բաժնելով` կը կոչուի Մարգ Արեան եւ նոր «մկրտուած» արուեստագէտի անունով կ’արձանագրէ շարք մը երգեր:

Իր քոյրն ու քեռայրը Պելճիքայի մէջ կը հիմնեն տիսքօ` երիտասարդական պարելու եւ զուարճանալու վայր մը, ուր յաճախ կը նուագուին Մարգ Արեանի երգերը, որոնք բաւական կը գնահատուին Պելճիքայի երիտասարդութեան կողմէ:

Պելճիքայի ռատիոկայանները նմանապէս յաճախ կը ձայնասփռեն իր երգերը, որոնց մեծամասնութիւնը «Հիթ փարատ»-ի շաբթուան 20 լաւագոյն երգերուն մէջ են:

Քանի մը տարի ետք արդէն յաջողած երգիչներու շարքին անցած է:

Հրաւէրներ կը ստանայ եւ շրջապտոյտներու կ’ելլէ եւրոպական կարգ մը քաղաքներ:

Իր երգացանկը կը բաղկանայ սիրային երգերէ եւ իրեն կը տրուի «Գրաւչութեան երգիչ» տիտղոսը` հակառակ այն իրողութեան, որ արտաքինով բնաւ գրաւիչ չէ եղած:

Մարգ Արեան սիրահարած է Քաթի անունով աղջկան մը, որ շատ կը գնահատէ իր արուեստը, իր սիրային երգերը, սակայն կը խոստովանի, որ իրեն համար անհատի մը արտաքինը նոյնքան կարեւոր է, որքան` անոր արուեստն ու բնաւորութիւնը:

Արդէն յաջողած երգիչ է: Անհամար շրջապտոյտներ: Նիւթապէս ապահով, սակայն Քաթիի անփոխադարձ սէրը կը տանջէ զինք:

Իր իսկ քրոջը խոստովանութեամբ` «Եղբայրս` Մարգ չափէն աւելի բարեսիրտ էր: Տաղանդաւոր երգիչ ու երգահան էր, սակայն դժբախտաբար արտաքինով շատ ալ ընդունելի չէր իգական սեռին մօտ: Կարճահասակ էր եւ իր ճաղատութիւնը ծածկելու համար կեղծամ կը գործածէր, եւ ամէն մարդ գիտէր, որ իր իսկական մազերը չեն, եւ մտերիմները կատակելով` «Ուիկի» (Wig, անգլերէնով կեղծամ) կեղծանունը տուած էին իրեն, եւ Մարգ չէր բարկանար, կը ժպտէր: Կը գործածէր հաստ  տեսողութեան ակնոցներ, որոնք աւելի կը տգեղցնէին զինք»:

«Քաթի Մարգ Արեանի երգերուն հիացողներէն էր, սակայն… իրեն համար տիպար ամուսինը պէտք է ըլլար նաեւ վայելուչ ու ներկայանալի եւ մերժեց ամուսնութեան առաջարկը»:

«Մարգ ամուսնացաւ Մարի Աննի հետ, սակայն Քաթի մնաց իր միակ սէրը»:

«Իր յօրինած «Քաթի» երգը դասուեցաւ իր երգացանկին ամենասիրուածն ու ամենաշատ ծախուած երգերէն մէկը»:

«Յօրինած է աւելի քան 200 երգեր: Դաշնաւորումները ոեւէ մէկուն չէր վստահեր: Ձայնագրութիւնները կը կատարէր իր անձնական սթիւտիոյին մէջ, որ իր սիրուհիին անունով անուանած էր «Սթիւտիօ Քաթի»:

Երեւանի 2750-ամեակի տօնակատարութեան կը հրաւիրուի Հայաստան եւ ելոյթներ կ’ունենայ աւելի քան 30.000 հանդիսատեսներու ներկայութեան: Այդ առիթով յօրինած է հայերէն երգ մը:

«Սարերում բարձրիկ եւ երկնքում հսկայ
Արեւից պայծառ կանգնել ես, մա՛յր քաղաք:
Պանդուխտ զաւակներդ քեզմով են հպարտ»:

* * *

Նորանոր յաջողութիւններ իրարու կը յաջորդեն: Հրաւէրներ` Միջին Արեւելքէն ու… Թուրքիայէն:

Շատ մը հայ արուեստագէտներ մերժած են Թուրքիոյ հրաւէրները, երբ անոնք եկած են թրքական հաստատութիւններէ` ճոխացնելու թրքական ձեռնարկները: Տարբեր հայ երգիչներ ելոյթ ունեցած են Պոլսոյ մէջ` ճոխացնելու հայկական ձեռնարկներ, սակայն Մարգ Արեան Պոլիս հրաւիրուած է երգելու թուրքերու հրաւէրով, որուն համար ուրախ էր եւ թուրքերը գոհացնելու միտումով յօրինած է «Իսթամպուլ» երգը, այցելած է Աթաթիւրքի գերեզմանը ու ծաղիկ զետեղած` անոր շիրիմին վրայ:

Իր քրոջ խօսքերով`

– «Ստիպած են իրեն, որ այցելէ Աթաթիւրքի գերեզմանը»:

Ի՞նչ էր պատճառը, որ Մարգ Արեանին «ստիպած» են առնել այդ քայլը, երբ Պոլսոյ մէջ ելոյթ ունեցած ո՛չ մէկ հայ երգիչի նման առաջարկ կամ «ստիպում» չէ եղած:

Մարգ Արեանի յօրինած ու երգած «Իսթամպուլ» ե՞րգն ալ թուրքերու «ստիպումով» էր, թէ՞ ներշնչուած ու երգած էր այդ անճոռնի երգը:

Յստակ չէ, թէ այս բոլորը պատահած են նախքա՞ն Լիբանան այցը, թէ՞ աւելի ուշ:

Շատ հաւանաբար` աւելի ուշ, այլապէս Թորոս Սիրանոսեան պիտի չհրաւիրէր զինք Լիբանան:

* * *

Մարգ Արեան եւ Five Fingers

Մարգ Արեան արդէն հասած է Պէյրութ:

Առաջին կալա երգահանդէսը տեղի կ’ունենայ «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ:

Հանդիսասրահը ծայրէ ծայր լեցուած է: Վստահաբար ներկաներուն մեծ մասը հայեր են, որոնք եկած են քաջալերելու հայազգի երգիչը:

Վարագոյրը կը բացուի, եւ յաջորդաբար կը լսենք իր ծանօթ երգերը:

Քաթի , էօն ժուր, Թիւ է իւն փէօթիթ ֆիյ, Ճորճինա, եւ յա՛նկարծ` ֆրանսերէն նոր երգ մը, որ ցարդ բնաւ չենք լսած ձայնասփիւռէն:

«Իսթամպուլ, յաճախ կը մտածեմ քու մզկիթներուդ եւ իրենց մինարէներուն, որոնք մինչեւ երկինք կը բարձրանան:
«Իսթամպուլ, ինչո՞ւ լեռներ ու ծովեր գոյութիւն ունին զիրար սիրողներու միջեւ»:

Հանդիսատեսները ապշած իրարու կը նային: Ճիշդ լսեցի՞ն:

Հայ երգիչ մը, որ Պոլսոյ եւ անոր մզկիթներուն գովքը կ’ընէ:

Կարճ ժամանակ ետք կը սթափին եւ սրահի հանդիսատեսները միաբերան բողոքի եւ անարգական խօսքերով կը լռեցնեն Պոլիսն ու անոր մինարէները գովաբանող Մարգ Արեանի ձայնը:

«Սրիկա՛», «դաւաճա՛ն»: Քանի մը տաքարիւն հայեր նոյնիսկ մտադիր են բեմ բարձրանալ ու լռեցնել զայն, մինչ այդ վարագոյրը վար իջած է:

Թորոս Սիրանոսեան մտահոգ է: Կրնայ գէշ հետեւանքներ ունենալ:

Ոստիկանական ջոկատի մը պաշտպանութեամբ, Մարգ Արեան կը հասցնեն պանդոկ:

Յաջորդ առաւօտ Պէյրութի հայ թէ օտար բոլոր օրաթերթերու առաջին էջին վրայ ամենամեծ գիրերով կը կարդանք:

«Մարգ Արեան ներողութիւն կը խնդրէ իր անմիտ սխալին համար»:

Երկար հարցազրոյցի մը մէջ Մարգ Արեան կը պատմէ, թէ իր մեծ ծնողներն ալ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերէն եղած են, եւ կը խոստանայ բնաւ չերգել այդ երգը:

Յաջորդ երգահանդէսը Պուրճի հրապարակի վրայ գտնուող «Տունիա» շարժապատկերի սրահին մէջ է:

Հայը ոխակալ չէ: Գիտէ ներել այն անձը, որ կը գիտակցի ու կ’ընդունի իր սխալը:

Սրահը ծայրէ ծայր լեցուն է, եւ ամէն անկիւնէ հայերէն խօսակցութեան ձայներ կը հասնի մեր ականջին: Հայերը դարձեալ լեցուցած են սրահը:

«Ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումբի ընկերներուս հետ կանուխէն սրահն ենք: Երգահանդէսին բացումը, քանի մը երգերով մենք պիտի կատարենք: Թորոս Սիրանոսեան միշտ պատեհութիւն եւ առիթ տուած է մեզի` յայտնի արուեստագէտներու երգահանդէսներու բացումը կատարելու: Տակաւին սկսնակ ենք եւ ճանչցուելու լաւ առիթ մը` մեզի համար:

Երգահանդէսը յաջող էր: Մարգ Արեան չերգեց «Իսթամպուլ» երգը:

Այդ օր աւելի մօտէն ծանօթացանք Մարգ Արեանին: Երբ լսեց մեր հայ ըլլալը, շատ աւելի հարազատ զգաց ու մօտիկութիւն ցոյց տուաւ:

Մարգ Արեան Ժողովրդային ՏանՄէջ

Նոյն օրը, երեկոյեան, Ժողովրդային տան մէջ, «Զաւարեան» աշակերտական միութեան պարանցիկի մը պիտի նուագէինք: Հարցուցինք, թէ կը փափաքի՞ հայ ուսանողներու հանդիպիլ:

Մեծ հաճոյքով ընդունեց մեր հրաւէրը եւ ժամ մը ետք անակնկալ կերպով Ժողովրդային տուն մուտք գործեց Մարգ Արեան` զարմացնելով եւ միեւնոյն ժամանակ ուրախացնելով ներկայ հայ ուսանողները:

Կարիքը չեմ զգար դարձեալ յիշելու, որ այդ շրջանին ամենաշատ ժողովրդականութիւն ունեցող երգիչներէն մէկն էր ան:

Մարգ Արեան փափաք յայտնեց աւելի մօտէն ծանօթանալու լիբանանահայ գաղութին:

Յաջորդ օր զինք վերցնելով պանդոկէն` տարինք այդ ժամանակ հայահոծ Էշրեֆիէ թաղամասը: Ցոյց տուինք Ս. Յակոբ եկեղեցին ու «Ազատամարտ» ակումբը, ապա հասանք Հայ կաթողիկէ միութեան «Արարատեան» սրահը, ուր կը կատարէինք մեր նուագախումբին փորձերը:

Լուրը տարածուած էր եւ խուռներամ բազմութիւն մը, մեծամասնութեամբ պատանիներ ու երիտասարդներ, հաւաքուած էին «Արարատեան» սրահի մուտքին: Կը փափաքէին մօտէն տեսնել համբաւաւոր երգիչը:

Մարգ Արեան, հազիւ սրահէն մուտք գործած, սկսանք նուագել իր երգերէն քանի մը հատը:

Մարգ Արեան «Արարատեան» սրահին-մէջ

Ազդուած էր: Յիշատակի խմբային նկար մը ապահովելէ ետք հասցուցինք «Էփի քլապ», ուր պիտի շարունակէր իր ելոյթներու շարքը:

* * *

Քանի մը տասնամեակ անցած է այդ թուականէն:

Մարգ Արեանի ժողովրդականութիւնը սկսած է նուազիլ: Բնական երեւոյթ է:

Հայերէն էսդրատային երգերու ամենաբեղուն տարիներն էին:

Հայրենասիրութենէ՞ մղուած, թէ՞ որպէս շահի աղբիւր, յստակ չէ:

Իր ամենասիրուած ֆրանսերէն երգերէն քանի մը հատը կը թարգմանէ հայերէնի ու կ’երգէ մայրենիով:

Անյաջող փորձ մըն էր, որ բնաւ չգնահատուեցաւ հայերու կողմէ, մինչ նոյն երգերուն ֆրանսերէն բնագիրները մեծ ընդունելութեան արժանացած էին:

«Կը սիրեմ ամրան, կը սիրեմ գարնան,
Սեպտեմբեր կու գայ` զատել մեր ճամբան» (Ma Lulu):

* * *

1980-ականներու կէսերն էր, երբ Մարգ Արեանին դարձեալ հանդիպեցայ Լոս Անճելըսի մէջ: Հրաւիրուած էր ելոյթ ունենալու` այս անգամ Լոս Անճելըսի հայահոծ Փասատենա քաղաքին մէջ:

Նուագախումբ չէր բերած իրեն հետ: Իրեն ընկերացան Ժագ Գոճեան եւ հայ տղոցմէ կազմուած «Փասիֆիք» նուագախումբը:

Յաջող ելոյթ մըն էր: Վերյիշեցինք իր ֆրանսերէն երգերը, որոնք երկար տարիներ չէինք ունկնդրած:

Բնականաբար «Իսթամպուլ»-ը երգելու սխալը չգործեց:

Տարիներ անցան: Արհեստագիտութիւնը զարգացաւ եւ սկսանք տարբեր լեզուներով երգեր ունկնդրել համացանցէն:

Նախընտրած զբաղումներէս մէկն է երգեր որոնել համացանցէն, եւ երբ ֆրանսերէն երգերու փնտռտուքի մէջ էի, աչքիս զարկաւ մեծ թիւով Մարգ Արեանի երգերէն: Յիշեցի Լիբանանի ոսկի տարիները, երբ իր ֆրանսերէն երգերով կը հմայուէինք: Զարմանքով նշմարեցի իր երգերէն քանի մը հատը թրքերէնի թարգմանուած եւ երգուած` իր իսկ ձայնով:

Անհաճոյ անակնկալ մըն էր: Յիշեցի «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի իր առաջին համերգը, ուր երգած էր «Իսթամուլ» անճոռնի երգը: «Զղջացած» էր ու խոստացած` անգամ մըն ալ չերգել, իսկ հիմա, տասնամեակներ ետք, համացանցի վրայ կը հանդիպիմ ո՛չ միայն այդ երգին, այլ իր երգերուն մեծ մասը… թրքերէնով:

Աչքերուս առջեւ պատկերացաւ Լիբանանի օրաթերթերուն մէջ լոյս տեսած իր խօսքերը:

«Իմ մեծ ծնողներս ալ Ցեղասպանութեան զոհերէն են: Կը խոստանամ անգամ մըն ալ չերգել այդ երգը…»:

Կրնա՞յ ըլլալ, որ իր հայերէնի թարգմանուած երգերու անյաջող փորձի յուսախաբութիւնն էր, որ զինք մղեց երգելու թրքերէն լեզուով:

Շատ հաւանաբար մեծ թիւով ձայնապնակներ սպառեց իր ազգը բնաջնջել փորձողին լեզուով երգելով:

Ո՞ր մէկը առաջնահերթ է: Աւելի մեծ քանակութեամբ ձայնապնակնե՞ր սպառել, թէ՞ իր հայութիւնը արժեւորել:

* * *

Մարի Անն-Պուրիեզ Մարգարեան` Մարգ Արեանի կինն է պատմողը:

«Առտուան ժամը 5:00-ն էր: Մարգ արթնցուց զիս` ըսելով, որ լաւ չզգար»: Անմիջապէս հեռաձայնեցի բժիշկին, որ չուշացաւ: Քննած ժամանակ ուզեց առանձին մնալ ամուսնոյս հետ: Ես վարը` նստասենեակին մէջ անհամբեր արդիւնքին կը սպասէի: Պրկուած էի ու մտահոգ: Կարճ ժամանակ ետք բժիշկը իջաւ վար: Դէմքէն գուշակեցի, թէ լաւ լուր չունէր հաղորդելիք»: Մարգ Արեան մահացած էր սրտի կաթուածի պատճառով: 59 տարեկան էր»:

«Այն հայը, որ ազգն ուրանայ եւ այլազգ դառնայ,
Մահուան օրը հայ արցունքի նա չարժանանայ»: (Ժող. երգ)

Լոս Անճելըս 2017 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>