ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
«Յայտնիներու դիւանագիտութիւն. վերասահմանելով Հայաստանի դերը սփիւռքի մէջ» համաժողովը ստեղծարար նախաձեռնութիւն էր, որ գրաւեր էր մեծաթիւ հանդիսատես Իւ.Էս.Սի. համալսարանին մէջ, յունուար 29-ին: Ուսումնական այս հաստատութիւնն ու Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Սալբի Ղազարեանը արժանի են երախտագիտութեան` բանախօսներու տպաւորիչ ցանկ մը կազմելնուն համար: Այս ձեռնարկին ծագումը, թերեւս «Արդարութիւն Հայաստանի մէջ»` change.org կայքին վրայ սկսուած ստորագրահաւաքն էր, զոր սկսած էին խումբ մը արուեստագէտներ` առաւել լայն հայ հանրութիւն գրաւելու նպատակով:
Որպէս բանախօս, արուեստագէտներու հետ մէկտեղ, քաղաքագէտներու ներառումը ձեռնարկին հաղորդած էր «հանրային գիտակրթական» ձեւաչափ, որ առաւել հետաքրքրական դարձուցած էր ձեռնարկը` անմիջական եւ առցանց հանդիսատեսին համար: Ուղիղ հեռարձակումն ու տարբեր երկիրներէն բանախօսներու հետ տեսամիացումը առաւել զօրաւոր դարձուցած էին համաշխարհային հաղորդակցութիւնը:
Կազմակերպիչին նպատակը կասկածի ենթարկել չէր, թէ արդեօ՞ք սփիւռքի արուեստագէտները պէտք է մասնակցին Հայաստանի ընտրական քաղաքականութեան: Այդ մէկը կը թողում Վահէ Պէրպէրեանին (բանախօս արուեստագէտ)` իր յաջորդ կատակերգական ներկայացման համար: Նպատակն էր` առաւել լայն ուղերձի շուրջ քննարկում: Կ՛անդրադառնամ ձեռնարկին հնչած առանցքային հարցերուն, քանզի անհնար է մեկնաբանութիւններ ընել 12 բանախօսներէն իւրաքանչիւրին ըսածին շուրջ:
Ընդհանուր առմամբ, մասնակիցները համախմբման հզօր կոչ ուղղեցին սփիւռքին` մասնակցելու Հայաստանի ժողովուրդի քաղաքացիական պայքարին համաշխարհայնացուած նման դարաշրջանի մը մէջ, ուր սահմանները այլեւս դերակատար չեն: («Այսօրուան համաշխարհային քաղաքացիական հասարակութեան պայմաններուն մէջ իւրաքանչիւրը կը ներգրաւուի աշխարհի մէջ առկայ զինք յուզող տարբեր հարցերուն մէջ», Ա. Խանճեան): Մասնակցութեան մասին տեսակէտները կը տարբերէին «կը ներգրաւուին աւանդական առիթներէն անդին» (Ատոմ Էկոյեան) ներգրաւում` առանց «տեղական քաղաքական կուսակցութիւններէն որեւէ մէկուն աջակցութեան» (Սերժ Թանքեան), կամ` «մասնակցութիւն որպէս մէկ ազգ, եւ ոչ թէ հեռուէն հետեւող միայնակ դիտորդ» (Վահէ Պէրպէրեան): Արուեստագէտները կարծէք համաձայն էին առանցքային սկզբունքներու շուրջ առանց կարգադրողական տօնի:
Հետաքրքրական էր փրոֆեսէօր Աննա Օհանեանի ելոյթին մէջ հնչած մեկնաբանութիւնը, ըստ որուն, իշխող քաղաքական գործիչներուն կողմէ Հայաստանի հանրութեան ներկայացուող «քուէաթերթիկ/ընտրութիւն կամ սահմաններ» կամ «անվտանգութիւն ընդդէմ ժողովրդավարութեան» թեզերը սխալ ընտրութիւններ են: Ան նկատի ունէր, թէ ինչպէ՛ս վերջին 25 տարիներուն Հայաստանի մէջ ընտրական քաղաքականութիւնը յաճախ որպէս ճնշում կը բանեցուէր` քաղաքացիները ստիպելով ընտրութիւն կատարելու արտաքին սպառնալիքներու/անվտանգութեան եւ լաւ կառավարման ու ազգային բարեկեցութեան զարգացման միջեւ:
Ես լիովին համաձայն եմ փրոֆեսէօր Օհանեանին հետ, թէ արդար «Հայկական քուէաթերթիկը որքանով որ կենսական է Հայաստանի լիազօրութիւնները զօրացնելու, այնքան ալ` Հայաստանի անվտանգութիւնը ուժեղացնելու համար»: Մինչդեռ սփիւռքի ազգայնական ուղղափառները երբեմն կը ձախողին այս հարցը ըմբռնելու ողջ խորութեամբ, իսկ Հայաստանի հետ կապի մէջ գտնուող սփիւռքի երիտասարդ գործիչները կը տեսնեն այս մէկը` բաւական պարզորոշ:
Արդեօ՞ք ազգային անվտանգութեան հարցերը Հայաստանի մէջ իսկապէս երկակի գերակայութիւն ունին ժողովրդավարութեան եւ, որ աւելի կարեւոր է, տնտեսական զարգացման հարցերուն մէջ, ինչպէս որ նախորդ ընտրական քաղաքականութիւնը կ՛առաջարկէր: Արդեօ՞ք վատ կառավարման հանդէպ սփիւռքի անհամաձայնութիւնը պէտք է անպայմանօրէն դիտարկուի որպէս դաւաճանութիւն Հայաստանի նկատմամբ: Ձեռնարկին ներկաներէն ոմանք զգացողութիւն ունէին, որ սփիւռքի աւանդական կազմակերպութիւնները չափազանց երկար ժամանակ աչք փակած են Հայաստանի պայքարող քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ:
Քաղաքական վերլուծաբան Իրինա Ղափլանեանը իր «Հայաստան. երկիր, որ կը փնտռէ ղեկավարներ» գիրքին մէջ (լոյս պիտի տեսնէ 2017 թ.-ին) հետաքրքրական կէտեր կը ներկայացնէ: Անոնցմէ մէկը կ՛անդրադառնայ յետխորհրդային զիրար յաջորդող վարչակազմերուն կողմէ «իմաստ ստեղծելու կարեւորութեան բացակայութեանը»: Այսպիսով, Իրինան, կը կարծեմ, նկատի ունէր Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ հայկական համընդհանուր գաղափարախօսութեան տեսակէտներ կերտելու ջանքերու բացակայութիւնը, որոնք կը ձեւակերպեն գործընթացներ ու առիթ կը դառնան հաստատութիւններու ստեղծման, որոնք պիտի արտացոլացնեն այսօրուան հայ հանրութեան արժէքերը (ի հեճուկս, պարզապէս յետխորհրդային երկիր մը, որ կը բնորոշուի աւելի շատ անցեալով, այլ ոչ` վերջին 25 տարիներով):
Այս «իմաստ ստեղծելու կարեւորութեան» ջանքը, որ շատ նման է անոր, որ Միացեալ Նահանգներու հիմնադիր հայրերը ըրին երկրի ձեւաւորման տարիներուն, իսկապէս հրատապ հարց է: Այս նաեւ այլ հիմնարար առիթ է սփիւռքի տարբեր ցանցերու (կազմակերպութիւններու, միութիւններու, խումբերու) համար` յառաջիկայ տարիներուն համագործակցելու Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան խումբերու հետ:
Ակնյայտ է, որ ո՛չ ԼՏՊ-ի կողմէ առաջին հանրապետութեան վաղաժամ ընդունուած խորհրդանիշները, ո՛չ ալ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կողմէ կեղծուած Գարեգին Նժդեհի ազգայնական նշանակաբանութիւնը (ՀՅԴ առաջնորդ եւ Հայաստանի ազգային հերոս), կրնան փոխարինել Ղափլանեանի առաջարկած «իմաստ ստեղծելու կարեւորութեան» հայեցակարգը:
Ձեռնարկին ընթացքին, աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ երիտասարդ պետութիւններու մասին ոչ հայ քաղաքական վերլուծաբաններու կողմէ բարձրացուած հարցերը եւս ճանաչողական էին: Անոնք հաստատեցին, որ Հայաստանի մէջ ընթացող կառավարման համար պայքարը բացառիկ երեւոյթ չէ: Այնպիսի առաջադրումներ, ինչպէս, օրինակ, «ժողովրդավարական գործընթացներուն մէջ բացերը չեն լրացուիր առանց ներքեւէն եկող ճնշումներու եւ ուժեղ քաղաքացիական հասարակութեան» զանգ հնչեցուցին համաժողովին ներկաներուս շրջանին մէջ: Յատկապէս հետաքրքրական էր Չիլիի երկարատեւ անցումը դէպի ժողովրդավարութիւն, որ կարծես միշտ ալ կարիք ունեցած է ճնշման: Կրնա՞յ արդեօք ճնշումը ներքեւէն (Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւնը) եւ ճնշումը «մերձաւոր արտասահմանէն» (սփիւռքի ցանցերն ու տարբեր հարցերով զբաղող խումբերը) արդիւնաւէտ ըլլան: Կրնա՞յ ըլլալ արդեօք, որ այդ մէկը տեղի ունենայ առանց համախմբող գաղափարախօսութեան, թէ՞ այդ կը յիշեցնէ Հայաստանի մասնատուած ընդդիմութեան միաւորման փորձերը:
Որոշ թեքնիք թեմաներ եւս տեղեկատուական էին: Օրինակ, շատ հետաքրքրական էր այն փաստը, որ 119 երկիրներու մէջ կը գործեն այնպիսի պայմաններ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան իրենց սփիւռքի անդամներուն քուէարկել արտերկրէն, մինչ Հայաստանը յամառօրէն իր քաղաքացիներէն կը պահանջէ քուէարկել միայն Հայաստանի մէջ գործող ընտրատեղամասերուն մէջ: Խօսուեցաւ նաեւ «Ընտրողներուն գաղտնիութեան ցանկ»-ին մասին, եւ թէ, ինչպէ՛ս յառաջիկայ ընտրութիւններէն սկսած, ատիկա խոչընդոտ պիտի չհանդիսանայ (մէկ քայլ առաջ): Միաժամանակ, քաջալերական էր լսել Հայաստանի իշխանութիւններուն մէկ այլ որոշման մասին, ըստ որուն, յառաջիկայ ընտրութիւններուն թուային տեսախցիկներ պիտի տեղադրուին շուրջ 1500 ընտրատեղամասերու մէջ: Նպատակն է` մեղմացնել (կամ նուազագոյնի հասցնել) հնարաւոր խախտումները:
«Բովարդ» հանդիսասրահի լեցուն դահլիճին մէջ, ներկաները կը թուի, թէ դրականօրէն կ՛արձագանգէին բանախօսներուն: Կար նաեւ «տեժա վիւ»-ի զգացում առ այն, որ Հայաստանը, որ համամասնական առումով նախկին խորհրդային ցանկացած պետութիւններէն ամենամեծ թիւով սփիւռք ունի, ի վիճակի չէ եղած հնարաւորինս օգտագործելու այդ «բացառիկ առաւելութիւնը»:
Բանախօսներու աշխուժ քննարկումը ինծի ստիպեց քիչ աւելի խորութեամբ անդրադառնալու հետեւեալ հարցերուն.
1. Չեմ կարծեր, որ սփիւռքի կազմակերպութիւնները միշտ ալ աչք փակեր են 1991 թ.-էն սկսած Հայաստանի վատ կառավարման հանդէպ: Մինչ տարակարծութիւնները չեն բարձրաձայնուած, շատ կազմակերպութիւններ (ինչպէս, օրինակ` Հայ դատի յանձնախումբը, Հայկական համագումարը եւ այլք) արտայայտուած են երեք վարչակազմերուն ժամանակ ալ: Հարկ է նշել, որ մեծ բազմազանութիւն կայ սփիւռքի կազմակերպութիւններու, միութիւններու տեսակներուն միջեւ. անոնցմէ մէկ քանին մուտք ունին դէպի կառավարութիւն եւ կրնան ճնշում գործադրել, մինչ միւսները` կրնան աւելի արդիւնաւէտ կապ հաստատել քաղաքացիական հասարակութեան հետ: Օրինակ, ՀՅԴ-ն (համահայկական քաղաքական կուսակցութիւն` Հայաստանի եւ սփիւռքի անդամներով ու հասարակական ներկայութեամբ, եւ այսօր` նաեւ Հայաստանի կառավարութիւն հասանելիութեամբ), շարունակաբար բարեփոխումներու լոպիինկ կ՛ընէ: Իրականութեան մէջ, ապրիլին նախատեսուած պատմական ընտրութիւնները, որոնք կը փոխակերպեն Հայաստանը խորհրդարանական հասարակութեան, ՀՅԴ-ի 20 տարուան անդադար գործունէութեան արդիւնքն են: Ուրախ եմ` տեսնելով, որ Հայաստանի մասնատուած ընդդիմութիւնը, որ ի սկզբանէ չեղեալ համարած էր այս կարեւոր բարեփոխումը, այժմ աշխուժօրէն ներգրաւուած է յառաջիկայ պատմական ընտրութիւններուն մէջ: Նոյն ձեւով, ՀՅԴ-ն շարժիչ ուժն էր սահմանադրութեան մէջ 2007 թուականին Հայաստանի քաղաքացիութեան օրէնքին փոփոխման, որ կը լիազօրէ երկքաղաքացիութիւն: Այստեղ ես համաձայն եմ փրոֆեսէօր Օհանեանին հետ, որ երկքաղաքացիութեան մասին օրէնքը շատ ազատական չէ (այն կը բացառէ Հայաստանէն դուրս քուէարկութիւնը), եւ ըստ այդմ, ունէր զարգացման սահմանափակ արժէք: Գովելի կ՛ըլլայ, եթէ ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութիւնը, սփիւռքի կառոյցներուն հետ միասին, ապրիլեան ընտրութիւններէն ետք ներգրաւուի երկքաղաքացիութեան օրէնքին ազատականացման գործընթացին մէջ:
2. Ճիշդ ինչպէս Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւնն ու ընդդիմութիւնը, սփիւռքը միատարր էութիւն չէ, եւ անոր ինքնութիւնը մասնատուած է շատ չափումներով: Եւ մինչ սփիւռքի «զօրաւոր բազմազանութիւնը» արժէք է` արդիւնաւէտ հաստատութենական համագործակցութեան հարթակի բացակայութիւն կայ: Մինչ հայերը ունեցած են սփիւռք, անհրաժեշտութիւն կայ հետագայ ուսումնասիրութիւններու այս ոլորտին մէջ` որոշելու համար սփիւռք ունեցող այլ երկիրներու յաջողուած փորձը:
Բացի այդ, հայաստանեան ընտրութիւնները ժամանակ առ ժամանակ ցոյց տուած են, որ անոնք պայմանաւորուած են անհատականութիւններով, քանի որ քաղաքական կուսակցութիւններուն (եւ «դաշինքներուն») շրջանին մէջ կայ գաղափարախօսութեան պակաս: Նոյն ձեւով, հայկական սփիւռքի այսօրուան ազատական ազգայնականութիւնը շատ հեռու է սփիւռքի մէջ միաւորող գաղափարախօսութիւն ունենալէ: Մինչ հայկական «անդրազգային» (Թոլոլեան) լեզուն, եւ այժմ ալ` «Կլոպալ հայեր»-ը (Վարդանեան եւ այլք) կ՛աշխատին բնորոշել կամ յառաջացնել նոր ինքնութիւններ, իրականութեան մէջ, կը թուի, թէ սփիւռքի մէջ չկայ այնպիսի առարկայական հաւաքականութիւն, ազգային ինքնութիւն, որ կրնայ ըլլալ զօրաշարժի աղբիւր եւ «հաւաքական գործակալութիւն» ճգնաժամին հակազդելու, ոչ ալ ազգային տեսլական կայ: Այստեղ կարեւոր է նշել, որ սփիւռքի մէջ «քաղաքական տարակարծութիւնները» կրնան առողջարար ըլլալ, քանզի կ՛առաջադրեն զրոյց եւ բանավէճ: Առարկայական չէ չափազանց մասնատուածութիւնը (եւ անտարբերութիւնը), երբ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի հետ յարաբերութեան: Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցը, կամ մարդասիրական արտակարգ իրավիճակները չեն կրնար ըլլալ սփիւռքի համայնքները համախմբող ընդհանուր յայտարարը: Աւելի՛ն. այդ խթանը պէտք է բխի քաղաքացիական պատասխանատուութեան համընդհանուր եւ հայրենասիրական զգացումէն: Եւ կրկին, «ստեղծելու կարեւորութեան բացակայութիւնը», որուն մասին կ՛ակնարկէր Ղափլանեանը:
3. Զարգացող երկիրներուն մէջ ընկերային-տնտեսական հիմնական շարժիչ ուժ շատ տեսաբաններ կը համարեն հաստատութիւններու առողջ ըլլալու հանգամանքը: Այստեղ կը ցանկան զօրեղ տեսակէտ ներկայացնել առ այն, որ հայերը 1991 թ.-էն սկսած, բաւարար ներդրումներ չեն ըրած պետականաշինութեան (հաստատութիւններու կառուցման) գործընթացին մէջ եւ անոնց շեշտը եղած է քաղաքական գործիչներու եւ ո՛չ քաղաքականութեան վրայ: Այս մէկը յատկապէս կարեւոր է յետխորհրդային հասարակութիւններուն համար ինչպիսին Հայաստանն է: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ յետխորհրդային պետութիւնները սովորաբար սկիզբ դրած են երկակի քաղաքական համակարգերու. սահմանադրական (սահմանադրութեան ձեւաչափ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան, ընտրութիւններ, խորհրդարան եւ այլն) տիպ, որ ուղեկցուած է յետամնաց կողմով` ներկայացնելով նեղ վերնախաւի շահերն ու երկրին մէջ կրկին ներդրումներ կատարելու անտարբերութիւնը: Հայաստանը նման խառնածին պետութիւն է: Գուցէ աւելի լաւ է, քան` Կեդրոնական Ասիոյ որոշ երկիրներ (եւ Ազրպէյճանը), սակայն աւելի քիչ յառաջադէմ է` քան Պալթեան երկիրները: Քաղաքացիական հասարակութեան մասնակցութիւնը ուղղորդելու այլընտրանքային միջոց (ե՛ւ Հայաստանի մէջ, ե՛ւ` արտասահմանի) կրնայ ըլլալ հաստատութիւններու ստեղծման հարցը, եւ` այստեղ առկայ բացի լրացումը: Պետականաշինութիւնը, ի հարկէ, կրնայ տեղի ունենալ ե՛ւ երկրի ներսը, ե՛ւ երկրէն անկախ` ծանրակշիռ քաղաքացիական հասարակութեան հաստատութիւններու ներսը: Քանի դեռ սփիւռքահայ քաղաքացիական հասարակութիւնը չէ պարտաւորած ստանձնել երկարաժամկէտ հատուածի մէջ հաստատութիւններու կառուցումը որպէս հայաստանեան գործընթացներուն մասնակցութեան ձեւ, ընտրութիւններու արտաքին դիտարկումը չի յանգեցներ ոչինչ աւելիի, քան «խոռոչ պետութեան»` արատաւորուած ձախողած հաստատութիւններով եւ հայ սակաւապետութեան համար կատարեալ միջավայրով («Հայաստանի քաղաքականութեան եւ պիզնըսի միջեւ կապը», Իրինա Ղափլանեան), որ կը շարունակէ բարգաւաճիլ: Այդուհանդերձ, ըստ փրոֆեսէօր Օհանեանի, «ընտրութիւնները նոյնպէս ինքնին հաստատութիւններ են, եւ կրնան զօրեղ գործիքներ ըլլալ հաստատութիւններ կառուցելու եւ փոփոխութիւններու»:
Ես խորապէս համոզուած եմ, որ Հայաստանի գործընթացներուն սփիւռքի ներգրաւուածութեան զգայուն հարցի շուրջ պէտք է հետագայ բանավէճ ծաւալի, քննարկումներ տեղի ունենան` անդրադարձ կատարելով տարբեր անկիւններէ եւ տեսակէտներէ:
Եւ վերջաւորութեան, ի տարբերութիւն Իւ. Էս. Սի. համալսարանի «Բովարդ» հանդիսասրահին մէջ հաւաքուածներուն, որոշ հայեր տակաւին կը դժգոհին ստորագրահաւաք ձեռնարկած սփիւռքի արուեստագէտներուն դէմ եւ կը շարունակեն զանոնք յորդորել տեղափոխուելու Հայաստան, եթէ անոնք իսկապէս հետաքրքրուած են երկիրը բարեփոխելու հարցով: Արդեօ՞ք սփիւռքի փափուկ ուժի ազդեցութիւնը կ՛ողջունուի Հայաստանի մէջ: Այո՛, եւ ո՛չ: Արդեօ՞ք այն պէտք է դուրս գայ Ցեղասպանութեան, Թուրքիոյ եւ Արցախի հանդէպ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու սահմաններէն եւ ներառէ Հայաստանի մէջ կառավարման խնդիրը: Իսկ ինչո՞ւ ոչ: Այդ, ինչեւէ, մեծապէս կախուած կ՛ըլլայ անկէ, թէ 21-րդ դարու Սփիւռքը ինչպէ՛ս կ՛ինքնակազմակերպուի (Դիմատետրի ինքնութեան քաղաքականութենէն եւ «ընտրութենէ ընտրութիւն էյֆորիայէն» դուրս), եւ որքանո՛վ անոնց քաղաքացիական ներգրաւումը կը տարբերի ներկայիս` բարեգործական յատուկ ազգայնականութենէ:
Ես փորձեցի ուշադիր լսել Իւ. Էս. Սի.-էն արուեստագէտներու եւ գիտնականներու ներկայացուցած գաղափարները: Արսինէ Խանճեանին` ինծի ուղղուած վերջին խօսքը այն էր, որ «Մենք պէտք է ըլլանք այնտեղ` անոնց հետ միասին: Այդ կարեւոր է: Մենք կարիք ունինք ըլլալու մէկ ամբողջութիւն»: Որոշ մարդիկ, հնարաւոր է անյարմարաւէտութիւն զգան այս համարձակ գաղափարներէն: Բայց հայերը այնքան մեծ եւ համարձակ իրագործումներ կատարած են նախապէս, եւ իրենց յամառ հաստատակամութեամբ վերապրած են աւելի լաւ օրուան համար:
Արուեստագէտներու խօսքը ես չդիտարկեցի առճակատման գացողի հայեացքով: 21-րդ դարուն, կը կարծեմ, որ մեզի տրուած է հնարաւորութիւնը` ըլլալու Հայաստանի երբեւէ ամենահզօր սերունդը: Մենք կարիք ունինք 20-րդ դարը ձգելու ետեւ եւ ներգրաւուելու` մարդկութեան համար յառաջիկայ լուսաբացի խոստումով: Որպէս աշխարհի քաղաքացիներ, որոնք խորապէս կապուած են արմատներուն եւ Հայաստանի ժողովուրդին, գուցէ արժէ փորձել ներգրաւուիլ այս ոգեւորող ճամբորդութեան մէջ:
Սփիւռքը կրնայ փոխել իր ռազմավարութիւնը` վերաձեւելով ինքզինքը որպէս ժամանակակից անդրազգ եւ կրկին դառնալ վերափոխուող` ոչ թէ փոխանակելով մէկ առաջնորդը միւսով, ինչպէս ըրաւ Հայաստանի թոյլ ընդդիմութիւնը, այլ` մանր քաղաքականութենէն անցում կատարելով ու փորձելով յառաջդիմել: Ինչպէս մեր մտաւորականները 1860 թուականին այդ մէկը կատարեցին, դարերով պետականութիւն չունենալէ ետք, երբ սկսաւ դէպի պետականութիւն մեր երկար ուղին: Հայկական սփիւռքի կառոյցները կրնան, ի հարկէ, առաւել գործուն դառնալ Հայաստանի երիտասարդ ժողովրդավարութեան կայացման գործին մէջ: Սակայն, բացի «միայն այս պահին մասնակցելէ», հետագայ աշխատանք ալ անհրաժեշտ է` սահմանելու համար հաստատուն ճանապարհներ: Այս էր այն կարեւոր ուղերձը, որ «Յայտնիներու դիւանագիտութիւնը» արթնցուց իմ մէջս:
Րաֆֆի Արտալճեանը ֆինանսներու եւ արհեստագիտութիւններու հարցերով արհեստավարժ մասնագէտ է, եւ` սփիւռքահայ մտաւորական, որ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր ընկերային ձեռներէցութեան իրականացման մեծ պատմութիւն ունի հայրենիքի մէջ: Ան աւարտած է Ֆլեթչերի իրաւագիտութեան եւ դիւանագիտութեան դպրոցը, եւ Շիքակոյի համալսարանի պիզնըսի բաժանմունքը: