Կիներու միջազգային օրուան եւ Լիբանանի մէջ Ուսուցչաց տօնին թուականի զուգադիպումը միայն օրերու անմիջական յաջորդականութեան չի վերաբերիր: Խորհուրդներու համատեղման երեւոյթը կ՛ընդգծուի հետզհետէ` տրուած ըլլալով, որ ուսուցչական ասպարէզը մեծ մասամբ իգական սեռով զբաղեցուած է եւ առողջ սերունդներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործը հիմնականին մէջ կիներու մասնագիտական ասպարէզին եւ նուիրուածութեան վերապահուած:
Շատ գրուած է ասպարէզի նուիրականութեան, վեհութեան, անմնացորդ ծառայելու ինքնակոչումին եւ զրկանքներու գնով կրթութիւնը իբրեւ առաքելութիւն ստանձնած մանկավարժական մարդուժին մասին:
Երկրորդ ծնողքի դերը վերցուցած ուսուցիչներէն ամբողջ սերունդի մը մարդկային եւ հայեցի դաստիարակութիւնը ակնկալելը բաւարար չէ: Չի բաւեր վստահիլը, միայն. անհրաժեշտ է գնահատանքը, արժեւորումը, համապատասխան վարձատրութիւնը` բարոյական եւ նիւթական առումներով:
Մանկավարժութիւնը մասնագիտութիւն է: Մասնագիտական մարդուժի պատրաստութիւնը, դպրոցը դպրոցավարական մասնագիտութիւն աւարտած մասնագէտին յանձնելը, ուսուցչական ասպարէզին համար մանկավարժական ուսման հետեւած երիտասարդ տարրը ներգրաւելու անհրաժեշտութիւնը տեսութիւններ են, որոնք բանականօրէն կրնան սերունդներու դաստիարակութեան հետ կապուած խնդիրներուն լուծում ապահովել:
Կայ գործնական բաժինը: 21-րդ դարը մասնագիտութեան դար է, եւ ասպարէզին մասնագիտացման գործընթացը ամէն բանէ առաջ կը պահանջէ այդ մասնագիտութեան հետեւած անհատին ներգրաւումը եւ անոր առաջ մղումը` այդ մասնագիտութեան հետեւելու:
Մղումը ինքնահոս ձեւով չ՛ըլլար. հաւաքագրում, կրթաթոշակի ապահովում, մասնագիտացում եւ ապա գործի առիթ. եւ նաեւ համապատասխան վարձատրութիւն: Ապա, մնայուն որակաւորում եւ վերաորակաւորում:
Այս համակարգի կիսատ աշխատիլը կը վնասէ ասպարէզին եւ այս ասպարէզի բացթողումը կ՛ազդէ անպայման սերունդի դաստիարակութեան, սերնդափոխութեան գործընթացին վրայ:
Մեր պարագային, առաջադրանքի գործնականացումը աւելի դժուար է. յատկապէս հայոց լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան դասանիւթերու դասաւանդման համապատասխան մարդուժի պատրաստութեան համար, զուտ մանկավարժական մասնագիտութիւնը բաւարար չէ. ահա այստեղ է, որ արեւմտահայերէնի իմացութիւնը, հայ ժողովուրդի պատմութեան իրազեկումը, հայեցի շունչ փոխանցելու հմտութիւնը աւելի քան նախապայմանային են: Մէկը առանց միւսին թերի կը պահէ առաջադրուած համակարգը:
Համակարգային եւ համալիր մօտեցումի հարց կայ ըստ ամենայնի: Զուգահեռ պատրաստելու թէ՛ դպրոցավարական, թէ՛ մանկավարժական եւ թէ՛ հայեցի մասնագիտութիւններու համապատասխան մարդուժը:
Եւ այստեղ խնդիր չէ իգական սեռի գերակայութիւնը: Հայ կինը ամէնէն բարդ ու վտանգաւոր պայմաններուն մէջ իսկ յաջողած է կրթել ու դաստիարակել նոր սերունդը. եւ պատճառ չկայ, որ ծինային այս իւրայատկութիւնը շարունակէ աւելի արդիւնաւէտ գործել առաջադրուած համակարգի օժտումով:
Դժբախտաբար որոշ պարագաներու, վերը նշուած հաստատումէն շեղումներ արձանագրուած են, եւ առաջին ծնողքի այս ուղղութեամբ կատարելիքը կատարած են եւ ներկայ պայմաններուն մէջ աւելի պատճառներ ունին կատարելիք երկրորդ ծնողները: Յաճախ երկրորդ ծնողքը առաջին ծնողքի դեր վերցնելու պարտականութեան առջեւ է շեշտակիօրէն:
Հայ ուսուցիչէն, հայ մանկավարժէն, հայ կնոջմէն հսկայական ակնկալութիւն կայ այս առումներով: Ակնկալութիւնը սակայն միակողմանի ուղղութեամբ պէտք չէ գործէ: Ակնկալելէ առաջ բարոյական եւ նիւթական ներդրում, գնահատանք եւ արժեւորում ապահովելը աւելի քան անհրաժեշտ է: Որպէսզի լիարժէք աշխատի առաջադրուած համակարգը, որպէսզի սերունդը ճիշդ ուղղութեամբ հունաւորուի, որպէսզի առողջ գործէ սերնդափոխութեան գործընթացը: