Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17765

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Նոր Ջուղա

Նոր Ջուղայի Ընտրատարածքի Թեկնածուներուն Հանդիպումը Կրթական, Դպրոցական Եւ Համալսարանական Գործիչներու Հետ

21 փետրուարին Սպահանի հայոց թեմի 16-րդ նստաշրջանի Պատգամաւորական ժողովի ընտրութիւններուն ընթացքին ՀՅԴ համակիրներու հովանաւորած Նոր Ջուղայի ընտրատարածքի թեկնածուները հանդիպում ունեցան կրթական, դպրոցական եւ համալսարանական գործիչներու հետ:

Օրուան զրուցավարն էր Սոնիկ Բաղումեան:

Հանդիպումին ելոյթ ունեցան թեկնածուներ` դոկտ. Արմոնտ Բաղրամեան, Վահէ Շահիճանեան եւ Մկրտիչ Աւետումեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում:

Երեկոյի ընթացքին ծաւալած նիւթերը կը ներառէին հայկական վարժարաններու աշակերտութեան թիւի նուազման հետ կապուած հարցերու լուծում, կրթական համակարգի մէջ ներկայ գիտութիւններուն համազօր ծրագրաւորում, շրջանաւարտ ուսանողներու համար համապատասխան աշխատանքի ապահովում, մարզամշակութային աշխատանքներու զարգացման համար ներդրում, ազգային իշխանութեան համար մնայուն եկամուտի աղբիւրներու յառաջացում եւ ժողովուրդ-ազգային իշխանութիւն կապի ընդլայնում:

 

Կիպրոս

Մշակութային Երեկոյ

22 փետրուարին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի հերթական մշակութային երեկոն:

Յայտագրի առաջին բաժինը նուիրուած էր Շարլ Ազնաւուրի: Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ քառաձայն երգչախումբի խմբավար Նարա Սարդարեան նկարներու եւ երիզներու ընդմէջէն ծանօթացուց Շարլ Ազնաւուրի կեանքն ու գործը` անոր մանկութենէն մինչեւ ներկայ աշխարհահռչակ երգիչ-երաժիշտի հանգամանքը: Սարդարեան պարզեց ոչ միայն մեծ արուեստագէտի ինքնահաստատման դժուար ուղին, այլեւ` անոր ընտանեկան կեանքին մասին տեղեկութիւններ:

Երկրորդ բաժինը նուիրուած էր «Բագին» գրական-գեղարուեստական եռամսեային, որուն ներկայացումը կատարեց Արթօ Դաւիթեան: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց «Բագին»-ի պատմականը` սկսելով 1962-ի առաջին թիւէն, անդրադառնալով բոլոր խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն աշխատանքին` նկատել տալով, որ «Բագին» այսօր հանրութեան կը ներկայանայ նոր ու երիտասարդ անձնակազմով, արդիական խորքով ու տեսքով:

 

Յունաստան

Հրանդ Տինքի Յիշատակին Նուիրուած
Տեսերիզի Ցուցադրութիւն

Կազմակերպութեամբ Հայ գթութեան խաչի Քսանթիի «Արաքս» մասնաճիւղին, 3  փետրուարին ազգապատկան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հրանդ  Տինքի յիշատակին նուիրուած տեսերիզի ցուցադրութիւն:

Տեսերիզը կը ներկայացնէր հարցազրոյց մը` լրագրողի մը եւ Հրանդ Տինքին միջեւ, նաեւ  կը բովանդակէր Տինքի կեանքէն բաժիններ, անոր մտահոգութիւնները եւ ապրելաձեւը Թուրքիոյ մէջ:

Մասնաճիւղին անունով Շնորհիկ Պալաթլեան նկատել տուաւ, որ նախաձեռնած են շարք մը երիզներու ցուցադրութեան, որուն առաջինը    նուիրուած է Հրանդ Տինքի յիշատակին` անոր սպանութենէն 10 տարի ետք:

Վարչութեան անդամ Մարինէ Վասիլեան կարդաց Հրանդ Տինքի կենսագրականը եւ խնդրեց մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգել անոր  յիշատակը:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզը:

Ոչ Եւս Է Նիքոս Գունտուրոս

22 փետրուարին, 90 տարեկան հասակին, իր մահկանացուն կնքեց հելլէն անուանի բեմադրիչ Նիքոս Գունտուրոս, որուն թաղումը տեղի ունեցաւ 25 փետրուարին, Աթէնքի Առաջին գերեզմանատան մէջ,  ներկայութեամբ` Յունաստանի վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին, նախարարներու, կուսակցապետներու, Համազգայինի ընտանիքին, արուեստի մարդոց եւ բարեկամներու:

Բեմադրիչը ծնած էր 1926-ին ու մեծցած էր  աքսորի ու ցեղասպանութեան ազդեցութեան տակ ապրած ընտանեկան միջավայրի մը մէջ: Պատմութիւնը արուեստի վերածելու ներդաշնակ նախաձեռնութեամբ ու հոգեկան պարտքի մղումներով` 1978-ին ան կը պատրաստէ ու կը նկարահանէ «1922» խորագրեալ գունաւոր ժապաւէնը, որ կ՛անդրադառնայ համապատասխան նիւթի բովանդակութեան, որ այժմէական կը շարունակէ մնալ մինչեւ այսօր, իր արժէքային խորքով, պատմական վկայակոչումներով ու սերունդներու ապրած ողբերգականութեամբ: Ժապաւէնը կը դասուի Յունաստանի դասականացած ժապաւէններու շարքին:

1975-ին, Եղեռնի 60-ամեակին առիթով, երբ Յունաստանի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբը նախաձեռնեց Յունաստանի քաղաքական ու արուեստի ակնառու անձնաւորութիւններու պատմութիւն վկայակոչող ստորագրահաւաքի արշաւի մը` ապահովելով 59 ստորագրութիւններ, Նիքոս Գունտուրոսն ալ ստորագրեց հայ ժողովուրդին համար զգայուն, յախուռն ու արդարամիտ արտայայտութիւններ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Տոքթ. Յարութիւն Արմէնեանի` «Ուխտագնացութիւն Ս. Յակոբայ Ի Սպանիա» Ներկայացումը

Կազմակերպութեամբ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին, վերջերս Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «32 օր ճանապարհին. ուխտագնացութիւն Ս. Յակոբայ ի Սպանիա» նիւթով դասախօսութիւն մը, որ լուսարձակի տակ առաւ միջազգային մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Գամինօ տէ Սանթիակոյի ուխտագնացութիւնը, զոր Սոնա եւ Յարութիւն Արմէնեան ամոլը ամբողջացուցած էին 2016-ի յունիս-յուլիս ամիսներուն:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Սիւզի Մազմանեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անդրադարձաւ տոքթ. Յարութիւն Արմէնեանի գիտական փայլուն կեանքին եւ Սոնա Արմէնեանի ճանապարհորդական եւ լեռնագնացութեան հարուստ փորձին:

Արմէնեաններու ճանապարհորդութիւնը սկսած էր Ֆրանսայի Սեն Ժան Փիէ տը Փորէն եւ 790 քիլոմեթր ետք` աւարտած Սանթիակօ տէ Քոմփոսթելայի մէջ: Տոքթ. Արմէնեան առաջին հերթին պատմական ակնարկ մը ըրաւ ուխտագնացութեան մասին` նկատել տալով, որ այս ուխտագնացութիւնը մինչեւ Սանթիակօ կարելի է կատարել շուրջ 10 տարբեր ճանապարհներով:

Արմէնեան ամոլը այս ուխտագնացութիւնը ամբողջացուցած է 32 օրերու ընթացքին` ֆրանսական ճանապարհով: Դասախօսը ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ 32 օրերու ճանապարհի հանգրուաններուն ու նկարագրեց ուխտագնացութեան հետաքրքրական մանրամասնութիւնները` լուսանկարներու եւ իր իսկ գծած ջրանկարներուն ուղեկցութեամբ: Ան ըսաւ, որ ուխտաւորները 30-րդ օրը երեկոյեան Սանթիակոյի մայր տաճարին մէջ ներկայ կը գտնուին ուխտաւորներու պատարագին, իսկ ուխտագնացութեան վերջին երկու օրերը ուխտաւորները կ՛անցընեն Ֆիսթերէ (Եզրն Աշխարհի) ծովեզերեայ շրջանը, ուր կ՛աւարտի ուխտագնացութիւնը: Միջնադարու հայ ուխտաւորներուն համար Ֆիսթերէն եւ հոն գտնուող Ս. Աստուածածնայ վանքը կարեւոր նշանակութիւն ունեցած են: Տոքթ. Արմէնեան նշեց նաեւ իրենց այցելութիւնը Ֆիսթերէի Ս. Աստուածածին վանք եւ իրենց կողմէ Հայաստանէն բերուած քարի մը զետեղումը` եկեղեցւոյ պատի խորշերէն մէկուն մէջ:

Դասախօսութեան աւարտին դասախօսը կարդաց Արին Արմէնեանի բանաստեղծութիւնը` ճանապարհներու ընտրութեան մասին: Ձեռնարկը վերջ գտաւ եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի «Պահպանիչ»-ով:

Կլենտէյլի Քաղաքապետութեան Խորհուրդի Անդամ Զարեհ Սինանեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

1 մարտին Ազգ. առաջնորդարան այցելեց Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեանը եւ հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին հետ: Այցելութեան նպատակն էր առաջնորդ սրբազանին օրհնութիւնը հայցել իր վերընտրութեան համար:

Հանդիպումի ընթացքին խորհրդակցութեան նիւթ եղան Կլենտէյլի քաղաքապետութեան յառաջիկայի ծրագիրներն ու հայ համայնքի գործակցութեան ոլորտները: Առաջնորդ սրբազանը դրուատիքով անդրադարձաւ Սինանեանի նուիրեալ ծառայութեան եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր:

 

Փարիզ

Միսաք Մանուշեանի Նուիրուած
Ձեռնարկներ

* Մանուշեանի խումբին նահատակութեան 73-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ Ֆրանսահայութեան մշակութային միութեան  եւ Ֆրանսահայ երիտասարդութեան, 17 փետրուարին Փարիզի Մշակութային կեդրոնին մէջ ցուցադրուեցաւ 2012-ին հրապարակուած «Միսաք Մանուշեան. դիմանկարին ուրուագիծը» վաւերագրական ժապաւէնը` բեմադրութեամբ Միշէլ Եոնասքուի, մասնակցութեամբ` Ռեմոն Օպրաքի, Տիտիէ Տենենքսի, Հանրի Գարայեանի, Ժիւլիէն Լոփրեթրի եւ Արսէն Չագարեանի:

Երեկոյթին բացումը կատարեց ԺԱՖ-ի երիտասարդականի ներկայացուցիչ Սեւակ Թաթոյեան: Բեմադրիչը, օգտուելով Արսէն Չագարեանի եւ Հանրի Գարայեանի վկայութիւններէն, կը վերականգնէ Մանուշեանի ժամանակաշրջանը: Երկուքն ալ ազգային հերոսին բախտակից ըլլալով` Եղեռնէն ետք տարագրուած են իրենց հայրենիքէն եւ ապաստանած Ֆրանսա: Վկաները մանրամասնութիւններ կը հաղորդեն այդ օրերու քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին` շեշտը դնելով Մանուշեանի եւ անոր գաղափարակից ընկերներուն տարած պայքարին վրայ:

Յայտնենք, որ Միսաք Մանուշեան ֆրանսական դիմադրական շարժման ազատամարտիկներէն էր, որ յանուն Ֆրանսայի ժողովուրդի ազատութեան` նուիրեց իր կեանքը: 1943 նոյեմբերին ձերբակալուեցաւ եւ տանջանքներու ենթարկուելէ ետք 1944 փետրուարին իր 22 ընկերներուն հետ գնդակահարուեցաւ:

Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք տեղի ունեցաւ վիճաբանական ասուլիս` մասնակցութեամբ բեմադրիչին, Ժոզեֆ Էփշթայնի զաւակին` Ժորժ Տիւֆօ-Էփշթայնին, որ Մանուշեանին հետ ձերբակալուած ու գնդակահարուած է ապրիլ 1944-ին, եւ` Ժիւլիէն Լոփրեթրի:

Աւարտին Ժորժ Տիւֆօ-Էփշթայն մակագրեց իր հօրը նուիրուած Փասքալ Քոնվերի «Ժոզեֆ Էփշթայն. պոն փուր լա լեժանտ» գիրքը:

*  18 փետրուարին բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ Միսաք Մանուշեանի յուշարձանին մօտ` յարգանքի տուրք մատուցելու:

Ելոյթ ունեցան կարգ մը անձնաւորութիւններ, որոնք ընդգծեցին Մանուշեանին եւ անոր ընկերներուն աճիւններու տեղափոխման անհրաժեշտութիւնը` Ֆրանսական պանթէոն:

Յայտնենք, որ վերջերս պղծուած էր Միսաք Մանուշեանին յուշարձանը, ինչ որ վրդովմունք յառաջացուցած է հայկական կազմակերպութիւններու եւ բազմաթիւ պատգամաւորներու մօտ:

 

Քանատա

Նախարար Մելանի Ժոլիի Այցելութիւնը Մոնրէալի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» Մասնաճիւղի Գրասենեակ

27 փետրուարին Քանատայի ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլի այցելեց Մոնրէալի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի գրասենեակ: Հանդիպումին ներկայ էին մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Նայիրի Ֆռունճեան եւ մասնաճիւղի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի պատասխանատու Անահիտ Տէր Խաչատուրեան:                                               Ժոլի գնահատեց ՀՕՄ-ի բարեսիրական առաքելութիւնը` յայտնելով, որ նախարարութիւնը միշտ պատրաստ է աջակցելու Քանատայի տարածքին գործող բոլոր բարեսիրական կազմակերպութիւններուն:

Հանդիպման աւարտին նախարար Ժոլի մասնաճիւղի ատենապետ Լիւսի Շահինեանին յանձնեց Քանատայի դաշնակցային կառավարութեան կողմէ նպաստ մը:

 

Վրաստան

Սումկայիթի, Պաքուի Եւ Գանձակի Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Երեկոյ

28 փետրուարին Թիֆլիսի «Ռետիսըն պլու»-ի  սրահին մէջ տեղի  ունեցաւ Սումկայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի (Գանձակ, Ա.) զոհերու յիշատակին նուիրուած  երեկոյ:

Ձեռնարկը սկսաւ վիրահայոց  թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի հոգեհանգստեան աղօթքով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին զոհերուն յիշատակը:  Այնուհետեւ օրուան հաղորդավարներ Լիզա Թորոսեան եւ Միքայէլ Աւագեան հայերէն եւ  վրացերէն լեզուներով ներկայացուցին Վրաստանի հայկական ոչ կառավարական  կազմակերպութիւններու կողմէ երկրի ղեկավարներուն ուղղուած նամակը` Վրաստանի  բազմազգ բնակչութեան խաղաղ համակեցութեան  վնասող քայլերը կանխարգիլելու դիմումով:

Ելոյթներով հանդէս եկան` Վրաստանի մէջ  Հայաստանի դեսպանութեան առաջին խորհրդական Արթուր Սարգիսեան, «Վրաստանի հայ համայնք» կազմակերպութեան նախագահ Սամուէլ Մկրտիչեան, Վրահայերու միութեան համակարգող Մարի Առաքելովա, Վրաստանի Խաղաղութեան հիմնադրամի նախագահ Կիորկի Թովմասեան, որոնք տարբեր լեզուներով անդրադարձան պատահած դէպքերուն,  ներկայացուցին միջազգային  քաղաքագէտներու եւ լրատուամիջոցներու արձագանգը հայկական ջարդերուն:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր եւ ցուցադրուեցաւ սումկայիթեան դէպքերու մասին տեսերիզ մը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17765

Latest Images

Trending Articles



Latest Images

<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>