Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Վերջին Խօսքը Կը Պատկանի Միայն Քեզի

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

Կը գտնուինք Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու նախօրեակին, եւ հասած է փորձաքննութեան ժամը:

Հայ անկախ պետականութեան կեանքին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, կիրարկման կը դրուի Հայաստանի Հանրապետութեան նոր սահմանադրութեամբ ի զօրու դարձող խորհրդարանական համակարգը, որ կոչուած է քաղաքական ուժերու շատ աւելի լայն զանգուածի մը մասնակցութիւնը ապահովելու յառաջիկայ ընտրական գործընթացին մէջ: Եւ նոր ընտրակարգը ինքնաբերաբար ծնունդ տուած է քաղաքական ուժերու այն վերադասաւորման, զոր այժմ կը տեսնենք, բայց միաժամանակ հարց կու տանք, թէ դէպի ո՞ւր կը դիմէ քաղաքական փորձի այս նոր ալիքը, եւ թէ` ո՞ւր ի վերջոյ պիտի իյնան փշուրները այս ընդհանուր տեղաշարժին մէջ:

Յստակ է միայն մէկ բան: Նոր սահմանադրութեան գոյութեան փաստը դեռ չի նշանակեր, որ փոխուած է մեր երկրի հասարակակարգը: Ան չի նշանակեր, որ տեղի ունեցած է արմատական յեղաշրջում` ղեկավարողի եւ ղեկավարուողի փոխադարձ յարաբերութիւններու բնոյթին մէջ: Ան մանաւանդ չի նշանակեր, որ յառաջիկայ ընտրութիւնները իրապէս ազատ պիտի ըլլան անցեալի յոռի բարքերէն, եւ երկիրը պիտի շնչէ քաղաքական նոր մշակոյթով: Կարելի չէ ուրանալ, որ նոր սահմանադրութիւնը աննախընթաց ոստում մըն է դէպի ժողովրդավարութիւն, եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը բանալի դերակատարութիւն ունեցաւ զայն կեանքի կոչելու դժուարին գործին մէջ: Բացառիկ նուաճում մըն էր նաեւ սահմանադրական հանրաքուէն, որով մեր երկրի քաղաքացին իր քաղաքական կամքը դրաւ նժարի վրայ` ի զօրակցութիւն համամասնական եւ խորհրդարանական կառավարչաձեւին: Այնուամենայնիւ, այն շահատիրական ուժերը, որոնք նախագահական համակարգի թոյլտուութիւններէն օգտուելով` քառորդ դար շարունակ իրենց թաթը դրած էին պետականութեան օրկաններուն վրայ, շատ հեռու են «անձնատուր» եղած ըլլալէ: Աւելի քան երբեք` անոնք կենդանի են եւ «կենսունակ»: Իրականութիւնը այն է, որ անոնք երբեք չանհանգստացան նոր սահմանադրութեան փաստով… Ընդհակառա՛կն, անոնք ամէն միջոցի դիմեցին սահմանադրական բարեփոխութիւններու գործընթացը իրենց հակակշռին տակ պահելու եւ զայն լիովին իւրացնելու համար:

Այս առումով, մեր ժողովուրդը պիտի գիտնայ ճիշդ հասկնալ կշիռը ընտրապայքարի այս ճակատագրական փուլին: Այն պայքարը, զոր Դաշնակցութիւնը հետեւողականօրէն մղեց նոր սահմանադրութիւնը կարելի դարձնելու նպատակով, դեռ շատ հեռու է աւարտած ըլլալէ: Իրականութեան մէջ իսկական պայքարը նոր է միայն, որ կը սկսի: Մենք տեսանք, թէ ինչպէ՛ս վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի օրով իշխող հաստատութիւնը անկարելի դարձուց որեւէ հիմնական փոփոխութիւն երկրի տնտեսութիւնը կապտած մենաշնորհային համակարգը կազմաքանդելու ուղղութեամբ: Ազգային տնտեսութեան նախարարութեան ձեռքերը միշտ ալ մնացին կապուած` համակարգային փոփոխութիւններու մարզին մէջ: Մենք տեսանք, թէ ինչպէ՛ս վարչապետ Կարէն Կարապետեանի օրով այդ նոյն նախարարութիւնը զրկուեցաւ տնտեսակարգի ուղղութիւնները ճշդելու եւ անոնց վերահսկողութիւնը ընելու իր լիազօրութիւններէն եւ վերածուեցաւ առեւտուրի քաջալերման սոսկ մէկ գործիքի: Երկու պարագային ալ դաշնակցական նախարարին գործելու եւ յեղաշրջո՛ւմ իրականացնելու կարելիութիւններն էին, որոնք վերջին երկու վարչապետներուն կողմէ կ՛ենթարկուէին աւազախրումի:

Տնտեսութեան շնչերակները խցող մենաշնորհային այս համակարգը այժմ եւս կը գործէ մեծ ուժականութեամբ եւ յառաջիկայ ընտրութիւնները առեւանգելու յստակ ռազմավարութեամբ: Ան կը գործէ ընտրական դաշտի բոլոր յայտնի շերտերուն մէջէն: Կը գործէ որպէս գեր-քաղաքական տիրակալութիւն ապագայ խորհրդարանական համակարգը իր կանոններուն ենթարկելու, զայն աղաւաղելու, զայն իրողապէս (տէ ֆաքթօ) նախագահականի փոխակերպելու հեռանկարներ որոճալով: Այս վտանգին դէմ է, որ անյապաղ պիտի պաշտպանուի մեր երկրի քաղաքացին: Նոր սահմանադրութիւնը, ինքն ըստ ինքեան, երաշխիք մը չէ եւ չի կրնար ըլլալ այս հսկայ սպառնալիքին դէմ: Համակարգի փոփոխութեան մարզին մէջ շրջադարձային քայլեր առնելով հանդերձ, նոր սահմանադրութիւնը այնուամենայնիւ մեծ բացառութիւններ դրած է քաղաքացիի շարք մը անօտարելի իրաւունքներուն վրայ` անոնց տնօրինումը վստահելով Ազգային ժողովին եւ անկէ բխող ու բխելիք օրէնքներուն:

Այս իսկ պատճառով եկած է ժամը, որ մեր երկրի քաղաքացին յառաջիկայ ապրիլի ընտրութիւններու ընթացքին  գործէ մեծ յստակատեսութեամբ եւ իր քուէն արժեցնելով` խորհրդարան ղրկէ Դաշնակցութեան ընտրացանկի թեկնածուներու մէկ մեծ հոյլը` իր որոշիչ զանգուածով: Խորհրդարան պէտք է մտնեն բոլոր այն ուժերը, որոնք մաս կը կազմեն այս մեծ առաքելութեան: Յառաջիկայ խորհրդարանը պիտի ըլլայ ժողովրդավարական ուժերու պայքարի ամէնօրեայ ռազմադաշտը: Քաղաքացին թոյլ պիտի չտայ, որ վաղուան խորհրդարանը կրկին առեւանգուի մենաշնորհային համակարգի տէրերուն կողմէ: Եկած է ժամը, որ Հայաստանի քաղաքացին միանգամընդմիշտ փշրէ այն ախտաւոր փակ շրջանակը, որ տեւաբար կը սեղմուի իր շուրջ: Պէտք է փշրէ եւ դուրս բերէ ինքզինք այս անհեթեթ եւ ինքնապարտադիր ստրկութենէն: Մենք պիտի ունենանք տնտեսութիւն, որ կը շնչէ ազատ եւ մրցակցային շուկայի օրինապատշաճ կանոններով: Տնտեսութի՛ւն, ուր տեղի կ՛ունենայ ազգային եկամուտի տարերային եւ առողջ վերաբաշխում: Ներդրումային դրամագլուխի շարունակական վերաշրջանառութի՛ւն` ծնունդ տալով բարձրորակ աշխատատեղերու, որոնք կ՛ամրապնդեն ողնայարը քաղաքացիական հասարակութեան: Եւ վերջապէս, տնտեսութի՛ւն, որ ապաւինելով իր ընդոծին ուժականութիւններուն` կրնայ կասեցնել մեր երկրի ապագան պատուհասող արտագաղթը եւ, ընդհակառա՛կն, կը դառնայ ներգաղթի այն հզօր բեւեռը, որ ցուցանիշն իսկ է վաղուան մեր վերածնունդին:

Նոր սահմանադրութիւնը կրնայ ըլլալ մեծ սկիզբ մը մեր պետականութեան եւ մեր ժողովուրդին համար, եթէ անոր տէր կանգնի մեր երկրի քաղաքացին եւ չլքէ պայքարի ասպարէզը` իր քուէն եւ իր ազատութիւնը ծախելով մենաշնորհի տէրերուն: Տէր կանգնի մեծագոյն նախանձախնդրութեամբ եւ զայն վերածէ աննախընթաց բարիքի մը` բոլոր գալիք սերունդներուն համար:

Նոր սահմանադրութեան մէջ դրուած են շարք մը փոխադարձ հակակշիռներ, որոնք կարեւոր զէնքեր են սահմանադրական իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, բայց նաեւ իրողութիւն է, որ անոնք դեռ չեն զարնուած իրական կեանքի փորձաքարին: Նոր խորհրդարանի պատգամաւորական կազմն է, որ աչալուրջ պիտի հսկէ եւ պիտի ապահովէ մեր վաղուան օրը: Այն կա՛զմը, որ քու քուէովդ, պիտի մտնէ Ազգային ժողով: Եւ դուն պիտի որոշես, թէ ինչպիսի՛ կազմ մը պիտի ըլլայ ան: Եւ որպէսզի սահմանադրութիւնը պաշտպանէ քեզ, առաջին հերթին դուն ի՛նքդ պիտի պաշտպանես զայն եւ թոյլ չտաս, որ շահագործումի ուժերը զայն վերածեն աննախընթաց չարիքի: Այսպէս միայն կրնայ գործել քաղաքացիական պայմանագիրը: Այսպէս միայն մենք կրնանք մտնել նոր իրաւակարգի դռներէն ներս որպէս իրաւատէ՛ր: Պիտի գիտնաս, որ դուն ես տէրը եւ դուն ես ծառան այս հայրենիքին` ե՛ւ իր ազատութեան, ե՛ւ իր ժողովրդավարութեան, ե՛ւ իր անկախութեան, ե՛ւ իր անվտանգութեան, եւ վերջին խօսքը կը պատկանի միայն քեզի:

23 փետրուար 2017
Ուաշինկթըն

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>