Պ ատրասետց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Իրողութիւն է, որ արուեստագէտները որքան վաւերական ըլլան, այնքան դժուար կ՛ըլլայ անոնց հետ ապրիլը, որովհետեւ արուեստագէտը ի՛ր օրէնքով, բնազդով ապրող էակ մըն է, որ շատ յաճախ բախումներ կ՛ունենայ իր շրջապատին, նոյնիսկ ինքն իրեն հետ: Սակայն յաճախ իսկական եւ մնայուն սէրն է, որ կիները կը կապէ այդպիսի արուեստագէտներու, այս պարագային` երաժիշտ-երգիչներու: Ներկայիս, երբ յաճախ ականատես կ՛ըլլանք ամուսնալուծումներու եւ բաժանումներու պատճառով ընտանիքներու քանդումին, որքա՜ն հաճելի է տեսնել աստղեր, որոնք տասնամեակներէ ի վեր միասին են: Աւելի՛ն. կիներ, որոնք չեն վախցած իրենց կեանքը կապել զգացմունքային եւ բռնկուն ռոք երգիչներու, հակառակ անոր որ ունեցած են փոթորկոտ կեանք մը:
Ն.
Մնայուն Սէր. Ռոք Երգի Մարզի
Գոյատեւող Ամուսնութիւններ
Գոյատեւող Ամուսնութիւններ
«Ռոք էն ռոլ» երգիչներու ամուսնութիւնները յաճախ փոթորկոտ եղած են: Նոյնիսկ լաւագոյն ամուսնութիւնները երբեմն մեծ ջանք կը պահանջեն: Ամուսնական կեանքին վրայ բազմազբաղ ժամանակացոյցի եւ երկարատեւ բացակայութիւններու յաւելումը ռոք աստղերուն համար շատ դժուար կը դարձնեն ուղին (չխօսելով փորձութիւններու մասին, որոնք մատչելի են իրենց): Բարեբախտաբար այս ցանկին մէջ պիտի գտնէք «ռոք» աստղերու զոյգեր, որոնք յաղթահարած են այդ դժուարութիւնները եւ իրականութեան մէջ միասին մնացած են տասնամեակներ` շնորհիւ այն խենթ մանրուքին, որ սէր կը կոչուի:
Տէյվիտ Պովի Եւ Իման
Ամուսնացած` յունիս 1992-ին
Երգիչ Տէյվիտ Պովի եւ իր հռչակաւոր բնորդուհի կինը` Իման, մօտեցած են իրենց ամուսնութեան 25-ամեակին: Ըստ երգիչին, ինք առաջին հանդիպումէն եւ նայուածքէն սիրահարած է Իմանի: Զոյգը անմիջապէս սկսած է ապագայ երեխաներու անուններու փնտռտուքը: Տէյվիտ եւ Իման նոյնիսկ միասնաբար անմահացած են «Տրիմքաստ 3Տի» խաղով` Օմիկրոն. Նոմատ Սոլ», որուն երաժշտութիւնը յօրինած է Պովի:
Զոյգը միասին ունի դուստր մը, իսկ Իման որդեգրած է Տէյվիտի նախորդ ամուսնութենէն ունեցած տղան` շարժապատկերի յայտնի բեմադրիչ Տունքան Ճոնըզ:
Թետ Նաճենտ եւ Շիման Տեզիել
Ամուսնացած` յունուար 1989-ին
Թետ Նաճենտ ամուսնացաւ Տեզիելի հետ յունուար 1989-ին, երբ երկուքը հանդիպեցան Տիթրոյիթի ձայնասփիւռի կայանին մէջ, ուր Շիման լուրերու հաղորդավարուհի էր: Զոյգը նաեւ միասնաբար պատրաստած եւ 2002-ին հրատարակած է եփելու արուեստի գիրք մը: Ունին միայն մէկ զաւակ:
Քէյթ Ռիչարծ եւ Փաթի Հանսըն
Ամուսնացած` դեկտեմբեր 1983-ին
«Ռոլլինկ Սթոնզ» խումբի կիթառահար Քէյթ Ռիչարծ իր ապագայ բնորդուհի կնոջ` Փաթի Հանսընի հանդիպած է 1979-ին բայց զոյգը ամուսնացած են դեկտեմբեր 1983-ին, Ռիչարծի 40-րդ տարեդարձին օրը: Անոնք երկու դուստրեր ունին:
Տի Սնայտըր եւ Սուզեթ Սնայտըր
Ամուսնացած` հոկտեմբեր 1981-ին
«Թուիսթըր սիսթըրզ» խումբի Տի Սնայտըր իր կնոջ` Սուզեթի հետ ունեցած են բաւական հետաքրքրական սիրոյ պատմութիւն մը, որ Տի կը վերապատմէ իր յուշերու սքանչելի գիրքին` «Լռէ՛ եւ ինծի բարձրախօսը տո՛ւր» մէջ: Անոնք իրարու հանդիպեցան, երբ Սուզեթ միայն 15 տարեկան էր եւ Տի` 21: Տարիքի տարբերութեան պատճառով Տի պարտաւորուեցաւ Սուզեթի ծնողքը համոզել, որ ինք յարմար փեսացուն է անոնց աղջկան: Յստակօրէն ժամանակը փաստեց, որ Տի ճիշդ էր: Անոնք չորս զաւակներ ունին:
Ռինկօ Սթար եւ Պարպարա Պախ
Ամուսնացած` ապրիլ 1981-ին
«Պիթըլզ»-ի նախկին անդամ Ռինկօ Սթար իր կնոջ հանդիպած է «Քարանձաւի բնակիչ» շարժապատկերի նկարահանումներու ատեն, 1980-ին, եւ անոնք քիչ ժամանակ ետք ամուսնացան, ապրիլ 1981-ին: Ռինկօ եւ իր կինը` Պարպարա Պախ, որ հերոսուհին էր Ճ. Պոնտի «Լրտեսը, որ սիրեց զիս» շարժապատկերին, իրենց ժամանակը կ՛անցընեն Լոս Անճելըսի եւ Մոնթէ Քարլոյի իրենց բնակարաններուն մէջ:
Միքայել Անթոնի եւ Սու Անթոնի
Ամուսնացած` փետրուար 1981-ին
Վան Հալենի եւ «Չիքըն Ֆուտի»-ի անդամ Միքայել Անթոնի ամուսնացած է երկրորդական վարժարանի իր պաշտելի ընկերուհիին` Սուի հետ: Անոնք սիրահարած եւ իրարու ընկեր եղած են 1971-ին: Ամուսնական մատանին անցուցած են տաս տարի ետք, փետրուար 1981-ին, երբ Սու ինք ամուսնութիւն առաջարկած է Մայքըլի, «ՄաքՏոնալտզ» ճաշարանին մէջ: Իսկական պատմութիւն:
Անոնք ունին երկու դուստր:
Օզի Օզպուրն եւ Շերըն Օզպուրն
Ամուսնացած` յուլիս 1982-ին
«Պլեք սապաթ» խումբի անդամ եւ առանձին հռչակ նուաճած Օզի Օզպուրն եւ կինը Շերըն ելեւէջներով կեանք մը ունեցած էին, սակայն յուլիս 1981-ին ամուսնանալէ ետք, յստակօրէն երկարատեւ, կայուն ամուսնական կեանք ունեցան: Շերըն գործավարն էր Օզիի, որ կ՛ըսէ, թէ եթէ կինը չըլլար, ինք շատոնց մահացած կ՛ըլլար: Անոնք երեք զաւակներ ունին:
Անկըս Եանկ եւ Էլեն Եանկ
Ամուսնացած` 1980-ին
«Էյ.Սի./Տի.Սի.» խումբի հիմնական կիթառահար Անկըս Եանկ եւ իր կինը` Էլեն, յստակօրէն իրենց անձնական կեանքը կ’արժեւորեն եւ բաւարար պատմութիւններ չեն հրապարակուիր անոնց մասին: Կը հաղորդուի, որ անոնք բնակարաններ ունին Սիտնիի (Աւստրալիա) եւ Էլենի ծննդավայր Աալթենի մէջ (Հոլանտա): Անոնց ամուսնութիւնը կառավարութեան մօտ պաշտօնապէս արձանագրուած է 1980-ին:
Նիլ Եանկ եւ Փեկի Եանկ
Ամուսնացած` 1978-ին
Նիլ Եանկ եւ Փեկի Եանկ ամուսնական մատանին անցուցին 1977-ին: Ամուսինին երգերուն պարբերաբար ընկերակցելէ եւ առանձին իր երգի ասպարէզը շարունակելէ բացի, Փեկի օգնած է իր ամուսինին` հիմնելու «Կամուրջ դպրոց»-ը, որ կրթական խմբաւորում մըն է լեզուական եւ ֆիզիքական անկարողութիւններ ունեցող երեխաներու համար: Անոնք նաեւ այս կրթական խմբաւորման ի նպաստ բարեսիրական համերգներ կը կազմակերպեն: Զոյգը երկու զաւակ ունի:
Ալիս Քուփըր եւ Շելի Կոտարտ
Ամուսնացած` մարտ 1976-ին
Սիրուած ռոք երգիչ Ալիս Քուփըր իր «Քուին օֆ տարքնես»-ը պալէի պարուհի եւ պարադրող, պարուսոյց Շերիլ Կոտարտը գտած է մարտ 1976-ին: Անոնք հանդիպած են, երբ Շերիծ Քուփըրի համերգի ձեռնարկին մէջ կը պարէր, որ շարունակեց 1975-էն մինչեւ 1982: Անոնք երեք զաւակ ունին:
Կիներ, Որոնք Չեն Վախցած Իրենց Կեանքը
Կապելու Առասպելական Երգիչներու
Եօքօ Օնօ
Ճոն Լենընի ոչ նուազ առասպելական կինը` Եոքօ Օնօ, իր ծննդեան 84-րդ տարեդարձը կը նշէ: Օնոն եղած է հանրածանօթ «պիթըլ»-ի սիրելի կինը, կեանքի ընկերն ու ներշնչումի աղբիւրը:
Եոքօ Օնոյի անունը միշտ հակասական զգացումներ կը յառաջացնէ «Պիթըլզ»-ի համակիրներուն մօտ: Զայն կրնային մեղադրել ամէն բանի մէջ. սկսեալ` Լենընի վրայ իբր թէ ճնշում բանեցնելէ մինչեւ խումբի փլուզման նպաստելուն: Սակայն, Լենընի այրին, անտարբեր է այդ բոլորին հանդէպ: Չէ՞ որ ան միշտ կը հասնի իր ուզածին ամէն գնով:
«Վերջապէս ես գտայ մէկը, որ կ՛արժէ սիրել», գրած է Օնոն իր օրագիրին մէջ, Ճոնի հետ առաջին հանդիպումէն ետք:
Թէեւ անոնք կարճ ժամանակ մը բաժնուած են իրարմէ, սակայն Լենընն ու Օնոն միասին էին մինչեւ երաժիշտին մահը:
Լինտա Մաքարթնի
Փոլ Մաքարթնին եւ իր կինը` Լինտան, առաջին անգամ հանդիպած են 1967 թուականին: Առաջին հանդիպումէն ետք, անոնք տարի մը չտեսնուեցան, յետոյ անոնց ճամբաները կրկին խաչաձեւուեցան եւ այս անգամ` ընդմիշտ:
Ամուսնական մատանին Լինտայի համար Փոլ գնած էր հասարակ խանութէ` միայն 12 սթերլինով:
Պատահական չէ, որ Մաքարթնիի առաջին ալպոմին մէջ տեղ գտաւ «Լաւլի Լինտա» երգը:
Լինտան անոր անբաժան եւ ամէնէն մտերիմ ընկերն էր:
Փրիսիլլա Փրեսլի
Էլվիս Փրեսլիի եւ Փրիսիլլայի ամուսնութիւնը տեւեց միայն հինգ տարի, սակայն երբ անոնք ամուսնալուծուեցան, ոչ ոք կը պատկերացնէր, որ պուպրիկի արտաքինով եւ իւրայատուկ սանտրուածքով այս կինը այդքան տոկուն է եւ խելացի: Փրեսլիի մահէն ետք այս գեղուհին կրցաւ տիրանալ «ռոք էն ռոլ»-ի արքայի ամբողջ հարստութեան: Աւելի՛ն. ամրացուց «Էլվիս» մակնիշի դիրքերը եւ կրցաւ առանձինը մեծցնել իրենց դուստրը:
Շերըն Օզպըրն
Օզզին, որուն բուն անունը Ճոն Մայքըլ Օզպորն է, իր կեանքին ճիշդ կէսը` 34 տարի, ապրած է իր կնոջ` Շերընի հետ:
Այս ամուսնութիւնը աստղերու շրջանակին մէջ ամէնէն երկար տեւածներէն մէկն է:
Օզզին պէտք է գնահատել իբրեւ ընտանիքի իսկական հայր:
Ընտանիքը արտօնած էր նկարահանողներուն նկարչական սարքեր տեղադրել իրենց տան բոլոր անկիւններուն մէջ:
2002 թուականին սկսաւ «Օզպորնները» պատկերասփիւռային յայտնի հաղորդաշարը: Նոյն տարուան մէջ Շերընին յայտնեցին սարսափելի ախտորոշման մասին` հաստ աղիքի քաղցկեղ: Սակայն ան պնդեց, որպէսզի հաղորդաշարի նկարահանումները չաւարտին: Ի վերջոյ ան կրցաւ յաղթահարել հիւանդութիւնը:
Արդէն 2003 թուականին Օզպորնները ունէին ամերիկեան եւ բրիտանական «Էմ. Թի. Վի.» կայանները դիտողներու ամէնէն բարձր ցուցանիշները:
Չմոռնա՛Նք Մերինները…
Այս բոլոր աստղերուն կողքին, պէտք է անպայման նշել երգարուեստի մեր ազգային հարստութիւնները. Հայրիկ Մուրատեան, Յովհաննէս Պատալեան, Ռուբէն Մաթեւոսեան եւ ուրիշներ, որոնք ամբողջ կեանք մը, տասնամեակներ, կապած են իրենց կիներուն եւ ընտանիքներուն: Եթէ անոնց երգարուեստը շատ ուսանելի է երաժիշտներուն եւ երգիչներուն համար, նուազ ուսանելի չէ անոնց ամուսնական կեանքը` նոր ընտանիք կազմողներու համար:
Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուածներ` հայկական կայքի մը տուած Ռուբէն Մաթեւոսեանի հարցազրոյցէն:
Ն.
«Ես թերեւս այն երջանիկներէն եմ, որ յաջողած է կեանքին մէջ ունենալ այնպիսի կեանքի ընկեր, որ քու գաղափարներդ կիսողն է, քեզի աջակից է: Կինս հոգեբուժ է, եւ ես ալ հոգի կը բուժեմ երգի միջոցով: Կնոջս մասին չեմ կրնար խօսիլ, որովհետեւ զայն ճանչցողները գիտեն, որ ինչպիսին է ան: Երբ ընտանիքին մէջ ճիշդ կեանք կ՛ապրիս, չես մտածեր, որ հարս բերած ես, քեզի կը թուի, որ դուք միասին ծնած էք»:
«Քանի որ կինս հոգեբուժ է, ան երբեք սխալ չ՛ընկալեր այդ սէրը: Այդ սէրը ոչ թէ քաղաքացի Ռուբէն Մաթեւոսեանին ուղղուած էր, այլ` երգիչ Ռուբէն Մաթեւոսեանին: Իսկ ես երգած եմ բոլորին համար, ժողովուրդին երգիչը եղած եմ: Իմ կինս նախանձ չէ ունեցած: Երբ որոշեցի ամուսնանալ, արդէն վաստակաւոր արուեստագէտ էի, բոլորը զիս արդէն կը ճանչնային: Իսկ մեր հանդիպումը պատահական էր, ինչպէս` բոլոր հանդիպումները… Բայց նորէն ալ պատահական չէր, ծրագրուած էր, ես շատ հեռու չգացի, իմ երկրորդ կէսս ճիշդ Երեւանի մէջ էր:
«Կինը իր էութեամբ առեղծուած է` ե՛ւ հրաշք է, ե՛ւ կեանք է, ե՛ւ նուրբ է, գեղեցիկ է, երբ աշխարհ է, երբ տիեզերք է: Եւ այս բոլորը հասկնալով` ինքը կ՛արժեւորէ իր լինելիութիւնը: Այդ ժամանակ հայ տղամարդը կ՛ըլլայ ամէնէն երջանիկը, որ կը սիրէ հայուհին»: