«Այս Հաւատքէն Մեզ Ոչ Ոք Կրնայ Խախտել,
Ո՛չ Հրեշտակները Եւ Ո՛չ Մարդիկ, Ո՛չ Սուրը
Եւ Ո՛չ Հուրը, Ո՛չ Ջուրը Եւ Ո՛չ Ալ
Որեւէ Այլ Դառն Հարուած…»
Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, կու գանք սիրով ողջունելու մեր ժողովուրդի զաւակները եւ յիշեցնելու բոլորին, որ իբրեւ «անկատար տենչեր» ունեցող ազգութեան մը զաւակները, սրբազան պարտականութիւն պէտք է համարենք երախտիքով յիշել մեր պատմութեան մեծերը, յատկապէս անոնք, որոնք իրենց նահատակութեամբ պատիւ ընծայեցին Աստուծոյ եւ պատիւ բերին մեր ժողովուրդին:
Վստահաբար մեր ժողովուրդը գիտէ, որ 5-րդ դարուն, Հայաստանը վերջնականապէս նուաճելու դիտաւորութեամբ, պարսից Յազկերտ արքան կրօնափոխութիւն թելադրելով հայ ժողովուրդին, փորձեց բռնութեամբ զրադաշտականութիւնը հաստատել Հայաստանի տարածքին: Պատասխանելու համար Յազկերտին, 449 թուականին, Յովսէփ կաթողիկոսին ու սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանին գլխաւորութեամբ, Արտաշատի մէջ գումարուած ազգային ընդարձակ ժողովին, հայ ժողովուրդը մերժելով Յազկերտի պահանջները, իր միացեալ կամքը արտայայտեց` հռչակելով.-
«Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել, ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ դառն հարուած…»:
Հայ ժողովուրդին կողմէ տրուած այս խիզախ պատասխանին իբրեւ արդիւնք, 451 թուականին, պարսկական 200 հազար հաշուող բանակը ներխուժեց Հայաստան: Եւ այսպէս, սկիզբ առաւ «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» հայութեան սրբազան պայքարը:
Մեր ազգային պատմութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ պարսկական հսկայ զօրքին դիմաց, հայկական փոքրաթիւ բանակը, Վարդան Մամիկոնեան սպարապետին առաջնորդութեամբ, Աւարայրի դաշտին վրայ հերոսաբար դիմաւորեց թշնամին ու Տղմուտ գետի ափին ո՛չ միայն կասեցուց անոր յառաջխաղացքը, այլեւ ծանր կացութեան մատնեց պարսկական հզօր կայսրութիւնը:
Ճակատամարտին ընթացքին նահատակուեցաւ հայոց սպարապետը` Վարդան Մամիկոնեան, ու իրեն հետ քաջաբար ինկան նաեւ 1036 զօրականներ, սակայն ձախողած էր հայ ժողովուրդը կրօնափոխ ընելու պարսկական դաժան ծրագիրը, եւ Վարդանանց արի, քաջ ու առաքինի նահատակները դարձած էին մեր պատմութեան անմահները: Իսկ հայ եկեղեցին, մեծարելով ու պատուելով Վարդանանց ճակատամարտին ինկած մեր ազգի ընտիր զաւակներուն յիշատակը, զանոնք դասեց սուրբերու կարգին, որովհետեւ անոնք թէեւ ինկած էին մարտի դաշտին վրայ, սակայն` հերոսի մահով, հաւատքի եւ հայրենիքի համար:
Եւ ինչպէս գիտենք, Վարդանանց ճակատամարտէն ետք հայ ժողովուրդը առաւել սաստկութեամբ մղելով «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» իր գոյապայքարը, Նուարսակի դաշնագիրով, ազատօրէն ապրելու իր կամքը պարտադրեց պարսից կայսրութեան:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Ահաւասիկ, մեզ կանխող սերունդներու օրինակով դարեր ետք մենք ալ Վարդանանց պատմութիւնը պատմելով, կը մեծարենք ու կը պատուենք մեր ժողովուրդին անմահները, որովհետեւ գիտենք, որ անոնց հաւատքին եւ զոհաբերութեան օրինակը կենդանի պահելու եւ ապրեցնելու սրբազան պարտականութիւնը կը պատկանի մեզի:
Ո՛չ միայն իրենց տօնին առիթով, այլ նաեւ մեր գոյութեան ամբողջ տեւողութեան, պարտինք շարունակաբար մեր անմահ նահատակներուն հաւատքի օրինակը տիրական ներկայութիւն դարձնել մեր մտածողութեան ու աշխատանքներուն մէջ եւ Աւետարանի տեսլականով ու ազգային հաւատարմութեամբ ըմբռնել աշխարհի բարին ու չարը, որպէսզի մերօրեայ բարդ ու դժուարին կացութիւններուն դիմաց եւս տագնապներու չմատնուինք, այլ յաղթանակի ընթացքի վերածելով մեր ազգային երթը, մեր սեփական հաւատքով ու կեցուածքով կարենանք քաջաբար ըսել.-
«Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել, ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ դառն հարուած…»:
Հետեւաբար, մեր համայնական ու հոգեւոր կեանքին թարմ շունչ բերելու եւ հայրենասիրութեան նոր կորով ներարկելու բաղձանքով, հաւատարմութեամբ պահենք Սրբոց Վարդանանց յիշատակը, նաեւ` անոնց հաւատքի ու հայրենասիրութեան գիտակցութիւնը:
«Մերօրեայ Աւարայր»-ի գոյապայքարին մէջ, մենք պէտք Է զգանք, որ Վարդանանք մեզմէ կը պահանջեն իմաստուն եւ սուրբ գործեր, սուրբ կենցաղ, գիտակից կամք եւ սրբազան հաւատք: Նախանձախնդիր ըլլանք մեր պապերուն հաւատքին հանդէպ, որպէսզի հաւատարմութեամբ կարենանք մեծարել մեր պատմութեան մեծերը, մեր ազգի սուրբերը եւ մեզի կեանք պարգեւող մեր բիւր բիւրաւոր անմահ նահատակները:
Անոնց օրինակով արիանանք, անոնց սուրբ յիշատակով մեր ազգային ինքնութեան մէջ վերստին թարմանանք, անոնց հաւատքով նոր ուխտ կնքենք մեր պատմութեան հետ, որպէսզի «Առաւել կեանք»-ը ունենանք:
ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ