Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17591

Սիսի Կաթողիկոսարանի Պահանջքով Հայ Դատը Կը Մտնէ Իրաւական Մարզ

$
0
0

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պատմաիրաւական ի՞նչ տուեալներու հիման վրայ պատրաստուեցաւ թղթածրարը:

ՆՈՐԱ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆ-ԳԱՊԱՔԵԱՆ.- Դատական թղթածրարը կ՛ընդգրկէր.- Ա) պատմական թղթածրար մը, պատրաստուած թուրք պատմագէտ Մակար Էլցինի կողմէ, որ կը միտէր փաստել կաթողիկոսութեան սեփականատիրութիւնը, պատմական անցեալի վաւերագրական տուեալներու գիտական ներկայացումով (յայտնենք, որ կաթողիկոսարանը չունի Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածագիրը): Բ) Իրաւական թղթածրարը` պատրաստուած յանձնախումբի փաստաբաններուն կողմէ: Սոյն թղթածրարի հիմնաւորումները կարելի է խտացնել հետեւեալ կէտերուն մէջ.- 1) Սիսի կաթողիկոսութիւնը կաթողիկոսական նստավայր էր ու մեծ նշանակութիւն ունէր Կիլիկիոյ հայութեան համար: 2) 1915-էն ի վեր հայերը ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք հեռացուած են իրենց կալուածներէն: 3) Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը օրինական իրաւատէրն է այդ կալուածին: 4) «Լքեալ կալուած»-ներու օրէնքները, զորս թուրքերը հնարած են անհատական կալուածներու բռնագրաւումը օրինականացնելու համար, գործադրելի չեն կաթողիկոսութեան պարագային: 5) Կալուածներու օրինականացման թրքական օրէնքները կը հակադրուին միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն: 6) Լոզանի դաշնագիրի 37-էն 44-րդ յօդուածներու առաջադրանքները գերադաս են կալուածներու գծով Թուրքիոյ պետութեան հաստատած ներքին օրէնքներէն: Վերոնշեալ օրէնքներու հիմամբ, յանձնախումբը եզրակացուց, որ կաթողիկոսութիւնը իրաւունք ունի այդ հողատարածքը օգտագործելու, ինչպէս նաեւ` պահանջելու անոր վերադարձը:

Հ.- Ի՞նչ կը պահանջէ կաթողիկոսարանը` Սիսի կաթողիկոսարանի վերադա՞րձ, թէ՞ նիւթական հատուցում:

Ն. Պ. Գ.- Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատին մէջ մեր պահանջը յստակ է` վերադարձնել Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածը իր իրաւական սեփականատիրոջ` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Այլ խօսքով, թէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին, եւ թէ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանին մէջ մեր բացած դատը հիմնուած է կալուածի սեփականութեան իրաւունքին վրայ: Դատի պատրաստութեան ընթացքին ոչ մէկ կերպով արծարծուած կամ քննարկուած է նիւթական հատուցման խնդիրը: Յանձնախումբը կը հաւատայ, որ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքի դատը առաջին օղակն է մեր բոլոր եկեղեցիներու եւ եկեղեցական կալուածներու վերադարձի պահանջքին: Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքին գծով առնուած դատական քայլով, առաջին անգամն է որ Հայ դատը միջազգային օրէնքի իրաւական շրջագիծին մէջ մուտք կը գործէ եւ, հետեւաբար, ինչպէս նշեցինք, ան կարեւոր դարձակէտ մը կը հանդիսանայ 100-ամեայ մեր պայքարին մէջ: Ինչպէս կ՛ըսէ Արամ Ա. վեհափառը. «Այս դատը սովորական դատ չէ. ան կը պահանջէ մեր ժողովուրդին համար մեծ նշանակութիւն ունեցող Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի հողատարածքին վերադարձը, որպէս առաջին հանգրուան մեր եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու վերադարձի մեր պահանջին»: Արդ, դարձեալ ինչպէս կ՛ըսէ վեհափառը. «Այս հայեցակէտով հարկ է դիտել այս դատը եւ շեշտել անոր իւրայատուկ կարեւորութիւնը մեր պահանջատիրութեան ծիրին մէջ»:

Հ.- Ինչո՞ւ որոշուեցաւ դիմել ուղղակի Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան:

Ն. Պ. Գ.- Մեր առջեւ կը գտնուէին օրինական երեք ուղիներ.- 1) Թուրքիոյ ներքին դատարաններ. 2) Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան. 3) Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարան: Առաջին հնարաւորութիւնը կրնար մոռացութեան տալ դատը` երկար տարիներ անպատասխան ձգելով: Երրորդ հնարաւորութիւնը կրնար բախիլ Թուրքիոյ ներքին դատարաններու իրաւական ընթացքը ամբողջացուցած չըլլալու Եւրոպական դատարանի օրէնքին: Հետեւաբար, յանձնախումբը որոշեց ուղղակիօրէն դիմել Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան, պարզելով, բնականաբար տրամաբանական հիմնաւորումներով, այն բոլոր արգելքները, որոնք զինք մղած են շրջանցելու Թուրքիոյ ներքին դատարանները: Սահմանադրական դատարանին կողմէ մերժողական որեւէ պատասխանի պարագային, յանձնախումբը պատրաստ պիտի ըլլար դատական թղթածրարը, որոշ բարեփոխումներով ու վեց ամսուան օրէնքով ճշդուած ժամանակամիջոցին, ներկայացնելու Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարան: Այս հանգրուաններն ու կարելիութիւնները նկատի ունենալով պատրաստուած էր դատական թղթածրարը:

Հ.- Ի՞նչ պատճառներով դատարանը մերժեց դատի քննարկումը:

Ն. Պ. Գ.- Նախ յիշեմ, թէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը, որ սկզբունքով վեց ամսուան ժամանակամիջոցին պէտք էր պատասխանէր դատական հայցերու, ներկայացման թուականէն ութ ամիս ետք, տակաւին լուռ կը մնար մեր դատին գծով: Ուստի, մեր թուրք փաստաբանը Թուրքիոյ Սահմանադրութեան 68-րդ յօդուածի հիման վրայ, պահանջ ներկայացուց դատի արագացման համար: Նկատի առած դատի իրաւաքաղաքական կարեւորութիւնը ու անոր զգայուն բնոյթը, Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը կը խնդրէ արդարութեան նախարարութեան տեսակէտը: Արդարութեան նախարարութիւնը կը թելադրէ Սահմանադրական դատարանին չքննարկել այս հարցը` շեշտելով, որ ան Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի իրաւասութեան սահմաններէն դուրս կ՛իյնայ:

Սահմանադրական դատարանը 15 յունիս 2016-ին արձակեց իր վճիռը, մերժելով դատի քննարկումը եւ յայտնելով, որ դատը պէտք է ուղարկել թրքական ներքին դատարաններ:

Այստեղ կ՛արժէ կարեւորութեամբ նշել, թէ դատարանին մերժումը ըստ էութեան չէր, այլ` ըստ ձեւի, եւ այս մէկը կը պարտինք մեր փաստաբաններուն կողմէ հարցի մանրազննին ուսումնասիրութեան ու պատշաճ բանաձեւման: Իսկ մերժումի գծով տրուած պատճառաբանութիւնները (19 էջերու վրայ տարածուած), իրաւական մօտեցումով անհիմն էին: Խորքին մէջ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը ի մտի ունէր երկու կէտ.- ա) Մեր դիմաց փակել Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանի դռները, եւ բ) Դատը ուղարկել թրքական ներքին դատարաններ: Երկու պարագաներուն ալ իր նպատակը հարցը քննարկումէ հեռու պահել էր ու մոռացութեան դատապարտել:

Հ.- Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին ուղղուած թղթածրարը եւ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանի թղթածրարները նոյն հիմնաւորումներն ու մօտեցումները ունի՞ն:

Ն. Պ. Գ.- Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի վճիռը ստանալէ ետք, վեհափառ հայրապետին թելադրութեամբ յանձնախումբը անմիջապէս ժողով մը գումարեց Ժընեւի մէջ: Երկար խորհրդակցութիւններէ ետք որոշուեցաւ Դատը փոխանցել Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարան: Ինչպէս օրին յայտնած էինք, այս գործընթացի սկիզբէն մեր հիմնական նպատակն էր դատը ներկայացնել Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարան, որովհետեւ թրքական դատարաններէն դրական մօտեցում չէինք սպասեր: Հետեւաբար, մեր դատական տուեալները ու իրաւական մօտեցումները այնպէս բանաձեւուած էին, որ համընկնէին Եւրոպական դատարանին մօտ կատարուելիք մեր հայցին հետ: Այսօր, Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարան ներկայացուած մեր դատը կը հիմնուի նոյն դատարանին պաշտպանած Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց ուխտի հետեւեալ երկու հիմնական սկզբունքներուն վրայ.- ա) կալուածի սեփականութեան վերահաստատում, եւ բ) պաշտամունքի իրաւունք, որոնք փաստօրէն իրարու հետ սերտօրէն առնչուած են:

Հ.-  6 դեկտեմբեր 2016-ին թղթածրարը Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարան ներկայացուելէն ետք ի՞նչ են ձեր առնելիք յաջորդ քայլերը:

Ն. Պ. Գ.- Ինչպէս յիշեցիք, թղթածրարը 6 դեկտեմբեր 2016-ին յանձնուեցաւ Եւրոպական դատարան: Այժմ կը սպասենք, որ դատարանը ընդունի դատի քննարկումը կատարել եւ ապա անցնի ըստ էութեան քննարկումի փուլերուն: Այս հանգրուանին, որպէս արգելք տակաւին ունինք թրքական դատական ներքին ուղիները ու պայմանները ամբողջութեամբ լրացուցած չըլլալու դժուարութիւնը. բան մը, որ եթէ կատարած ըլլայինք, ինչպէս ըսինք, մեզ փապուղիի առջեւ պիտի դնէր ու անելի մատնէր: Սակայն, հարկ է նշել, թէ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանի պարագային եւս մեր փաստաբանները մեծ աշխատանք տարին ու շուրջ հազար էջերէ բաղկացած մեր դատական թղթածրարին մէջ հարկ եղած հիմնաւորումները ներկայացուցին: Անոնք նաեւ սերտեցին իւրաքանչիւր հաւանական պատասխանի այլընտրանքները:

Սիսի կաթողիկոսարանի դատի փորձառութենէն մեկնելով, կարելի է եզրակացնել, թէ որքան դժուար է ու փշոտ պահանջատիրութեան իրաւական ուղին, մանաւանդ ժամանցելիութեան խնդրին եւ կալուածներու վերադարձի գծով թուրք պետութեան կողմէ դրուած արգելքներուն պատճառով: Սակայն, այդ բոլորը մենք արգելք չնկատեցինք ու հետեւեցանք Արամ Ա. կաթողիկոսի խիզախ որոշումին: Նաեւ այս գիտակցութեամբ ու նուիրումով գործեց մեր իրաւական յանձնախումբը: Արդարեւ, 100 տարիներ յետոյ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին, ապա Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանին մէջ դատ բանալը մեծ մարտահրաւէր մըն էր: Մեր փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, թէ եթէ աւելի երկար սպասէինք, շատ ուշ պիտի ըլլար: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իրաւական դաշտ մտնելու եւ հողային պահանջք ներկայացնելու առաջին քայլը առաւ: Հարկ է շարունակել այս ուղին: Պէտք չէ անտեսել պետական ուղիներով եւս իրաւական մարզ ներկայանալու ընտրանքը, որ ինչպէս քննարկուեցաւ 2012-ի Անթիլիասի խորհրդաժողովին, Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ կը բանայ իրաւական հետապնդումի տարբեր հնարաւորութիւններ:

(Շար. 2 եւ վերջ)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17591

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>