Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17374

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Վրայ Ազերիական Շրջանէ Շրջան Տեղափոխուող Յարձակումներ Եւ Ռմբակոծումներ

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախի մէջ պատերազմը դարձած էր ապրելակերպ եւ թշնամի դիրքերէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կեանքը կը շարունակուէր. գիւղացիք կը զբաղէին երկրագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Պատերազմի ծանրութիւնը իրենց վրայ կը կրէին բոլորը` թէ առաջին գիծի վրայ գտնուողները եւ թէ թիկունքին գտնուողները: Թիկունքի կամաւորները ստանձնած էին  ռազմաճակատ առաջին գիծին զէնք մատակարարելու պատասխանատուութիւնը: Ճակատի առաջին գիծին վրայ կռուողները յաճախ դիրքերուն վրայ կը քնանային:

Թշնամին կը փորձէր ռատիոհանգոյցի միջոցով հոգեբանական ազդեցութիւն գործել ազատամարտիկներուն վրայ: Անոնք յաճախ կոչեր կը հնչեցնէին` «Հայաստանցիներ, դուք ձգեցէք գացէք, մենք ղարաբաղցիներուն հետ եղբայրներ ենք եւ մեր հարցերը մենք կը լուծենք»: Կամ ռատիոկապով կը հաղորդուէր ազերիներու դիմումը դիրքերուն վրայ գտնուող ազատամարտիկներուն. «Գիտենք դուք լաւ տղաք էք, կ՛ուզենք ձեզի օգնել, վաղը մենք մեծ զօրքով պիտի յարձակինք ձեր վրայ, հիմա հեռացէք ձեր դիրքերէն»: Հայ ազատամարտիկները անոնց կը պատասխանէին զուարճալիքներով:

Ազրպէյճանական կողմը կը դիմէր նաեւ այլ հոգեբանական ներգործութեան միջոցներու. երեկոները, դաշտային ռատիոհանգոյցով կը միացնէին ուրախ երաժշտութիւն, իբրեւ թէ ամէն ինչ լաւ է եւ ազերի զինուորներուն ոգին բարձր է:

Ազրպէյճան արդէն մարտի դաշտ նետած էր իր պահեստի բոլոր ուժերը, որոնցմէ շատեր անհրաժեշտ մարզումի չէին ենթարկուած: Բռնի կերպով ռազմաճակատ կ՛ուղարկուէին նաեւ պատանիներ: Ազրպէյճան կը փորձէր թուական գերակշռութեան հասնիլ այդպիսի զինուորներով:

***

Ֆիզուլիի շրջանի ազրպէյճանական գիւղերը լքուած էին, իսկ հսկայ ջրամբարը, ուր կը կուտակուէին Մարտունիի եւ Հատրութի շրջաններու անտառներէն սկիզբ առնող մեծ եւ փոքր գետերու ջուրերը, ցամքած էր: Այդ ջրամբարին ջուրերով կ՛ոռոգուէին շրջանի արգաւանդ հողերը, խաղողի այգիներն ու բամպակի դաշտերը:

Ֆիզուլի աւելի քան երկու տարի շարունակ դարձած էր Հատրութի եւ Մարտունիի շրջաններու իսկական պատուհասը: Քաղաքի մերձակայ բլուրները, բոլորն ալ պատմականօրէն հայկական տարածքներ, դարձած էին «Կրատ»-ի եւ հեռահար հրետանիի նշանառութեան թիրախներ եւ գիշեր ու ցերեկ կը խախտէին հայկական բնակավայրերու խաղաղութիւնը, խլելով անմեղ զոհեր:

Արցախեան բանակի զօրամասերը շեշտակի գրոհով մը վնասազերծած էին ոչ միայն հակառակորդի այդ խոշոր ռազմակայանն ու զինանոցը, այլեւ զայն շրջապատող տասնեակ մը բնակավայրերը:

Արցախեան բանակի շրջանային հրամանատարութեան սպայակոյտը տեղաւորուած էր շրջանային դատախազութեան նախկին շէնքին մէջ: Կողքին դատարանի եւ ոստիկանութեան շէնքերն էին: Այդ շէնքերուն մէջ ազրպէյճանական «իրաւապահ մարմիններ»-ուն կողմէ հազարաւոր հայեր անասելի տանջանքներու ենթարկուած էին:

Ֆիզուլի քաղաքէն քիչ հեռու բարձրացող բլրաշարը իսկական պատուհաս դարձած էր յատկապէս Կարմիր Շուկայ աւանին համար: Այդ բլուրներուն վրայ տեղադրուած մարտկոցներէն աւերուած էին Կարմիր Շուկայ, Ճարտար, Սօս, Մաճկալաշէն, Թաղավարդ եւ այլ գիւղերու հարիւրաւոր տուներ:

***

Ազրպէյճանական բանակը 22 մարտ 1994-ին յարձակման անցաւ դէպի Ֆիզուլիի հայկական դիրքերը: Բուռն բախումներու ընթացքին ազերիները ունեցան աւելի քան 40 սպանեալ, կորսնցուցին հրասայլ, հրթիռարձակ կազմած եւ այլ զինատեսակներ: Հայկական հակահարուածներուն տակ, անոնք ետ մղուեցան:

Յաջորդող օրերուն Ազրպէյճան իր օդուժը գործի լծեց Արցախի դէմ: Օդանաւեր ռմբակոծեցին Հորատիզի մօտակայ հայկական դիրքերը: Անոնք նետեցին տարանջատուող ռումբեր: Նկատի ունենալով որ հայկական եւ ազերիական դիրքերը մօտ էին իրարու, այդ ռումբերուն պայթումին հետեւանքով նաեւ ազերի զինուորներ վիրաւորուեցան:

Ազերիական օդանաւերը փորձեցին ռմբակոծել նաեւ Ստեփանակերտը, սակայն հայկական հակաօդային պաշտպանութեան միջոցները արգելք եղան անոնց:

Արցախի վրայ ազերիական զինուորական ճնշումները շարունակուեցան անփոփոխ կերպով: Ազերիական հրետանին ռմբակոծեց Արցախի հարաւ-արեւելեան շրջանները: Ռմբակոծումները տեղի ունեցան քանի մը հանգրուաններով:

Այնուհետեւ Ազրպէյճանի բանակը սկսաւ կիրարկել ռազմաճակատներու տաք գօտիները տեղափոխելու նոր «քաղաքականութիւն» մը:

Ազերիական բանակը մարտ 28-ի կանուխ առաւօտուն լայնածիր յարձակման անցաւ Արցախի վրայ, Աղտամի ճակատի ամբողջ երկայնքին: Նախորդող օրերուն Ազրպէյճան իր յարձակումները առաւելաբար կեդրոնացուցած էր հարաւ-արեւելեան ճակատին վրայ` Ֆիզուլի-Մարտունի գօտիին դէմ: Աղտամի ճակատին վրայ տեղի ունեցած յարձակումին օգտագործուեցան ծանր զէնքեր եւ օդուժ: Ազերիական յարձակումը ձախողութեան մատնուեցաւ, իսկ ազերիները ծանր կորուստներ ունեցան, տալով 150 սպաննուած եւ վիրաւոր: Քանդուեցան ազերիական վեց հրասայլ եւ երեք զրահապատ: Արցախի ուժերը տուին մէկ նահատակ եւ չորս վիրաւոր:

Յաջորդ օր, իր կորուստները «հաւասարակշռելու» դիտաւորութեամբ, ազերիական բանակը սաստկօրէն ռմբակոծեց Աղտամի շրջանի հայկական դիրքերը: Հայկական ուժերը դիմեցին համապատասխան պատասխանի:

Ազերիական բանակը յարձակման անցաւ նաեւ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանային գօտիին վրայ: Սաստկօրէն ռմբակոծուեցան Տաւուշի եւ Նոյեմբերեանի սահմանամերձ շարք մը գիւղեր: Ինկան զոհեր եւ վիրաւորներ: Հայաստանի սահմանապահ ուժերը, որոնք մինչեւ այդ ժամանակ անպատասխան կը ձգէին ազերիական յարձակումները, հարկադրուեցան պատասխանելու կրակին:

Ազերիական յարձակումը նախատեսելի էր, որովհետեւ հայկական ուժերը նախորդ օրերուն նկատած էին, որ ազերիական բանակը ուժերու եւ զինական կազմածներու կեդրոնացում կը կատարէր Աղտամի ճակատին վրայ: Այդ իսկ պատճառով ազերիական պարտութիւնը յայտնի էր ի սկզբանէ, իսկ ազերի զինուորները այսպիսով պարզապէս զոհերը կ՛ըլլային իրենց ղեկավարներուն ձախորդ քաղաքականութեան:

***

Քարիւղի արեւմուտքցի գործատէրերն ու ազերի պաշտօնատարներ կը բանակցէին միլիառաւոր տոլարներ արժող քարիւղի ծրագիրներու շուրջ: Այնուհետեւ բանակցութեան սեղանին հասաւ նոր անդամ մը` Ռուսիան:

Ազրպէյճան կը ներկայացնէր քարիւղի քաղաքականութեան, իշխանութեան համար քաղաքական եւ զինուորական պայքարի, ինչպէս նաեւ պատերազմի ուրուականով հալածուած երկրի մը քաոսը:

Կասպիական ծովափին Պաքուի մեծաթիւ հորերը շահարկելու արեւմտեան ընկերութիւններուն կնքած պայմանագրութիւնը կախեալ կը մնար հանրապետութեան ներքին յարափոփոխ կացութենէն:

Արեւմտեան ընկերութիւններուն հետ բանակցութիւնները ընթացան լարուած պայմաններու մէջ: Պաքու միշտ ալ մնաց իր արտաքին քաղաքականութիւնը վերադասաւորելու պայքարին մէջ: Պայմանագրութեան մը ճակատագիրը կախեալ էր, թէ ինչպէ՞ս կրնային դիտել արեւմտեան ընկերութիւնները ռուսական միջամտութիւնը: Միջամտութիւն մը, որ քաղաքական բնոյթ ունէր:

Ռուսական քայլը դիւանագիտական յարձակում մըն էր` վերահաստատելու կայսերական իր երբեմնի ուժն ու ազդեցութիւնը Անդրկովկասի եռեւեփող տարածքներէն ներս:

Ռուսական «Լուքօյլ» քարիւղի ընկերութիւնը կը ջանար Ազրպէյճանի քարիւղի հորերը արեւմտեան ընկերութիւններուն հետ շահարկելու պայմանները առաւելագոյն չափով ի նպաստ իրեն դասաւորել:

Արեւմտեան ընկերութիւններն ու Պաքուի պետական քարիւղի ընկերութիւնը` «Սոքար» համաձայնած էին շահերուն 20 առ հարիւրին բաժնեկցութեան շուրջ:

Տնտեսական եւ քաղաքական նկատառումներով փշոտ հարց կը մնար արտահանուած քարիւղի խողովակներուն անցքի ճամբան: Կ՛ուսումնասիրուէին երկու տարբերակ. առաջինը` քարիւղը ռուսական տարածքներէն հասցնել Ռուսիոյ Նովորոսիսք նաւահանգիստը, երկրորդը` Պաքուի քարիւղը հասցնել Թուրքիոյ նաւահանգիստները:

Արեւմտեան ընկերութիւնները տակաւին մտավախութիւններ ունէին ստանձնելու մեծագումար շահարկումներու նախաձեռնութիւնը այնպիսի երկրի մը մէջ, որ աւելի ծանօթ էր աղէտներով եւ իրարանցումով` քան տնտեսական հրաշքներ գործելու իր կարողութեամբ:

***

«Ազդակ»-ի 9 ապրիլ 1994-ի թիւով եւ «Բոլոր ձմեռներն ալ կ՛անցնէին» խորագիրով ակնարկով պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Հայաստանի կառավարութեան որոշումով, 7 ապրիլը հռչակուած է պաշտօնական տօն եւ արձակուրդի օր: Ըստ էութեան, այս տօնը կու գար փոխարինելու Խորհրդային Միութեան օրերու 8 մարտի տօնը, այսինքն կիներու նուիրուած օրը: Այս տօնը կը կոչուի «մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր»: Անիկա նաեւ կոչուած էր ըլլալու Հայաստանի մէջ իսկական գարունը աւետող տօն: Հայրենիքէն կը հասնէին ամոքիչ լուրեր: «Ձմրան խստաշունչ օրերը վերջացած են, այլեւս երկարաճիտ կօշիկներով դուրս չենք գար: Ծանր վերարկուներ նետած ենք մեր ուսերէն»:

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով որ կարելի՞ էր չուրախանալ եւ հայրենի ժողովուրդին չխնդակցիլ, ի լուր դաժան ձմեռը եւս յաղթահարած ըլլալու անոր սխրանքին:

Մահսէրէճեան կը նշէր, որ անկեղծ մաղթանքներն ու սրտակցութիւն լաւ բաներ են, մեր ժողովուրդին նկարագիրին գիծերը: Սակայն կայ նաեւ մետալին միւս երեսը: Ձմեռը ետին ձգած հայրենի ժողովուրդը ամէն օր լրատու միջոցներէն առիթ կ՛ունենար լսելու եւ կարդալու, որ կառավարութեան «ձմեռ 94» ծրագիրը ընթացքի մէջ էր: Վիճակագրական տախտակներով եւ թուանշաններով, կառավարական պատասխանատուներ եւ բանբերներ կը յայտարարէին, որ որոշ շրջաններու մէջ ծրագիրը կիրարկուած էր 40, 50, 60 կամ այլ համեմատութիւններով… եւ կիրարկումը տակաւին կը շարունակուէր:

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով որ ով էր յանցաւորն ու պատասխանատուն, եթէ «ձմեռ 94» ծրագիրը կիսկատար իրականացած էր միայն: Ճիշդ է որ գլխաւոր պատճառը ազերիական եւ թրքական պաշարումներն են, ճիշդ է որ Վրաստանի վրայով կազ փոխադրող խողովակը շաբաթը քանի մը անգամ ականահարուած էր ձմրան ամբողջ տեւողութեան: Բայց կար նաեւ մետալին միւս երեսը. կառավարական պատասխանատուները, մեծէն մինչեւ փոքրը,  կրնայի՞ն ձեռքը խղճին վրայ դրած, ըսել թէ իշխանութիւնը պատասխանատուութեան բաժին չունէր թերացումին մէջ: Բնականաբար ոչ: Պարզ այն պատճառով որ երկրին ու ժողովուրդին կարիքները հոգալու պարտականութիւնը ունեցող իշխանութիւնը, այս առաքելութեան համար իր տրամադրած ճիգին չափ. ճիգ, ժամանակ եւ մանաւանդ նիւթական միջոցներ մսխեց մէկ կողմէ` իր աթոռները ամրացնելու, իր ծիրէն դուրս գտնուողները ջլատելու, բայց մանաւանդ «ստուերային տնտեսութիւնը»` մաֆիան գոհ ձգելու եւ իր «ներքին» մրցակցութիւններուն ստեղծած «դանայեան տակառները» լեցնելու համար իշխանութեան հրապարակային ցեխարձակումներն ու բացայայտումները աւելի քան պերճախօս էին եւ չէինք կարօտեր մեկնաբանութեան. սակայն նաեւ սիրտեր կը ճմլուին, ի տես եւ ի լուր այս կամ այն նախարարին կամ «իշխանութեան մարդ»-ուն կատարած իւրացումներուն, չարաշահութեան, մաքսանենգութեան եւ յումպէտս մսխումներուն:

***

Արցախեան ճակատները 1994-ի ապրիլի սկիզբը վերստին ջերմացան, ազերիներու կողմէ շրջանէ շրջան տեղափոխուող յարձակումներու եւ ռմբակոծումներու միջոցով:

Ազերիական բանակը փորձեց յառաջանալ Մարտակերտի հարաւային շրջանին մէջ, սակայն Արցախի պաշտպան ուժերը յաջողեցան ետ մղել յարձակումը եւ ձախողութեան մատնել ազերիները:

Ազերիները յարձակումներ գործեցին նաեւ այլ ճակատներու վրայ. ռմբակոծուեցան Մարտունիի մօտակայ հայկական դիրքերը: Հայաստանի սահմաններուն վրայ, ռմբակոծումներ տեղի ունեցան Նոյեմբերեանի եւ Երասխաւանի ուղղութեամբ: Սահմանապահ ուժերը ինքնազսպումի դիմեցին եւ չհակադարձեցին յարձակումներուն:

Ազերիական բանակը յաջորդող օրերուն շարունակեց արցախեան դիրքերու եւ քաղաքներու վրայ յարձակումները, գործի լծելով նաեւ իր օդանաւերը: Յարձակումները կեդրոնացած էին հիւսիս-արեւելեան Մարտակերտի ճակատին վրայ: Ցամաքային յարձակումներուն կը գործածուէին հրասայլեր եւ ծանր թնդանօթներ:

Ցամաքային յարձակումներուն կ՛ընկերանային օդանաւային յարձակումներ: Ազերիական օդանաւերուն արձակած ռումբերը զոհեր եւ վիրաւորներ խլեցին Ստեփանակերտի մէջ, պատճառելով նաեւ նիւթական վնասներ: Ռմբակոծուեցան նաեւ արցախեան այլ քաղաքներ: Ստեղծուած վիճակին մէջ, դպրոցները կը մնային փակ: Զոհերն ու վիրաւորները մեծ մասամբ կիներ եւ մանուկներ էին:

Ազերիական օդուժը նաեւ փորձեց յարձակում գործել Հայաստանի սահմանային շրջանին վրայ, սակայն սահմանապահ ուժերը յաջողեցան հակաօդային զէնքերով հեռացնել ռմբակոծող օդանաւերը: Շատ բարձրէն թռիչք կատարելով, ազերիական օդանաւերը ռումբեր արձակեցին Կապանի շրջանի սահմանային գիւղերուն վրայ: Յարձակումներու թիրախ դարձան նաեւ Տաւուշի շրջանի Մովսէս եւ Այգեպար գիւղերը: Յարձակում գործուեցաւ նաեւ Նախիջեւանէն, դէպի Այգեհովիտ գիւղը:

***

Ազրպէյճանի բանակէն դասալիք եղող երիտասարդները այլ տեսակի հարց ստեղծած էին Պաքուի իշխանաւորներուն համար:

Ազրպէյճանի բանակին մէջ դժգոհութիւնը հետզհետէ կ՛աճէր Արցախի դէմ պատերազմին ձգձգումին պատճառով: Ոմանք երեքէն եօթը միլիոն ռուսական ռուբլի փրկագին կը վճարէին զինուորական ծառայութեան բաժանմունքին եւ զերծ կը մնային ծառայութենէ, իսկ անոնք, որ այդ կարողութիւնը չունէին, փախուստ կու տային երկրէն եւ կ՛ապաստանէին Ռուսիա, Ուքրանիա կամ հիւսիսային Կովկաս:

Ազրպէյճանի ազգային անվտանգութեան նախարարութիւնը յատուկ աշխատանքի լծուեցաւ այդ փախստականներուն հետքը գտնելու եւ զանոնք համոզելու, որ Ազրպէյճան վերադառնան եւ բանակ մտնեն:

Այդ նպատակով Մոսկուա գացած ազգային անվտանգութեան նախարարութեան պատուիրակներ բախում ունեցան ազերի առեւտրականներու հետ, որոնք սպաննեցին քանի մը պատուիրակներ:

***

«Ազդակ»-ի 15 ապրիլ 1994-ի թիւով եւ «Ղարաբաղի խորհրդարանը իրաւունք ունի» խորագիրով ակնարկով Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան խորհրդարանը իրաւունք ունի, երբ կ՛ըսէ թէ Ազրպէյճան «միջազգային ընտանիքի թոյլտուութեամբ» կը շարունակէ արցախեան քաղաքներու վրայ յարձակումները, օդանաւերով ռմբակոծումները:

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով, որ ազերիական օդուժը բազմիցս ռմբակոծեց Ստեփանակերտն ու արցախեան այլ բնակավայրեր, մինչեւ անգամ հասաւ Հայաստանի սահմանները եւ ռմբակոծեց սահմանամերձ գիւղեր: Ստեփանակերտի մէջ ինկան բազմատասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ, մեծ մասամբ կիներ եւ մանուկներ: Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան խորհրդարանը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը աշխարհին ուշադրութիւնը հրաւիրեց կրկնուող ոճիրներուն վրայ եւ սակայն… աշխարհը հաստատեց թէ իր անտարբերութեամբ, լուռ կերպով կը քաջալերէ, թոյլ կու տայ ազերիական յարձակումները:

Մահսէրէճեան կը նշէր, որ Արցախը Պոսնիա, Ռուանտա կամ Քամպոտիա չէ, պէտք չունի այդ երկիրները ըլլալու, որպէսզի միջազգային ընտանիքը գործնական քայլերու դիմէ, կասեցնելու համար արիւնահեղութիւնը: Ընդհակառակը, Արցախի տագնապն ու անոր բոլորին ծանօթ ծալքերը կը հարկադրէին որ Պոսնիոյ, Սոմալիի եւ Կիպրոսի պէս տագնապներու շիլ մօտեցումով եւ ծուռ հաշիւներով դիմագրաւումը վերջ գտնէ, եւ միջազգային ընտանիքը, մեծով ու պզտիկով մտածէ եւ գործէ բոլորին կողմէ ընդունուած, բայց միշտ ալ յիշեալ հաշիւներուն զոհ գացող միջազգային օրէնքներով, որոնք կրնան երաշխաւորել ժողովուրդի մը եւ աշխարհագրական ուրոյն շրջանի մը մարդկային եւ ազգային տարրական իրաւունքները: Մինչդեռ, Արցախի պարագային, միջազգային ընտանիքը իր լռութեամբ, իսկ այլ տագնապներու պարագային, շիլ հաշիւներով եւ ոչ-բաղձալի միջամտութիւններով կը քաջալերէ բռնադատողը, վարկաբեկելով եւ անարժէք դարձնելով բոլոր այն տարրերը, որոնք կը կազմեն մարդկային եւ ազգային իրաւունքներու եւ քաղաքակրթութեան զարգացման սկզբունքները:

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Արցախի ազատամարտիկն ու ղեկավարները յաճախ ամէն օր ցոյց կու տան թէ իրենք ինչ մօտեցումով կը դիտեն միջազգային անտարբերութիւնը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17374

Trending Articles