Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17778

Բարի Սովորութիւն Մը` Լիբանանահայ Տպագիր Մամուլի Յոբելենական Տարեդարձներու Նշումը

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Բարի սովորութեան մը վերածուեցաւ տպագիր մամուլի տասնամեակային նշումները:  Այս տարի լիբանանահայ երեք օրաթերթերն ալ կը նշեն իրենց տարեդարձներ.  «Ազդակ»-ը (90)‚ «Արարատ»-ը (80)‚ Զարթօնք’-ը (80):

Ժամանակակից տպագիր մամուլին սպառնացող իրավիճակը նկատի ունենալով` լոյս տեսնող լիբանանահայ բոլոր թերթերն ու հանդէսներն ալ արժանի են նշելու իրենց տարեդարձները. «Աւետիք»-ը (85)‚  «Հասկ»-ը (85)‚  «Պատանեկան Արձագանգ»-ը (81)‚  «Ջանասէր»-ը (80)‚  «Խօսնակ»-ը (60)‚ «Բագին»-ը (55)‚  «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ը (47)‚  «Ձայն Հրեշտակապետին»-ը (36)‚  «(Նոր) Սփիւռք»-ը (27)‚   «Ծաղիկ»-ը (12)‚  «(Նոր) Մասիս»-ը (11)‚  «Կամար»-ը (11)‚ «Փթիթ»-ը (7):  Որքան փափաքելի պիտի ըլլար այս ցանկին վրայ աւելցնել «Մարզիկ»-ը (37) եւ «Դիտակ»-ը (20)‚ եւ ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն‚  անոնք այս տարուընէ սկսեալ պիտի հրատարակուին առցանց:  Որոշ ատենէ մը ի վեր հրապարակի վրայ չենք տեսներ եւ ոչ ալ լուր մը ունինք  «Արծիւ»-էն‚ եւ  «Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք»-էն:  Իսկ  «Նայիրի»-ն ու «Կանչ»-ը վերջնականապէս դադրած կ՛երեւին:

Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի եւ Ժիրայր Դանիէլեանի` լիբանանահայ մամուլի մասին բազմաթիւ ուսումնասիրութիւնները եւ պատրաստած մամլոյ ցանկերը կը վկայեն փառաւոր անցեալի մը մասին: Այսօրուան օրաթերթերու տարեդարձներու արդար նշումը ցաւալի յիշեցում մը կատարեն‚ թէ այդ անցեալէն ի՛նչ փոխանցուած է ներկային:  Ներկան սոսկ վկայ մըն է տպագիր մամուլին բոլորած դժուար օրերուն եւ անխուսափելի ճակատագրին մասին:  Որքան ալ անկարելի թուի առցանց  մամուլին հետ մրցիլ‚ անպայմանօրէն ձեւը պէտք է գտնուի նոր սերունդը ընտելացնելու մամուլի եւ ընթերցանութիւն կոչուած հաճոյքին:

Պարոնեանական պտոյտ մը Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ` պիտի ապացուցէ, որ թերթ ընթերցողները կը պատկանին երէց սերունդին: Լրջօրէն պէտք է մտածել գոնէ օրաթերթային մամուլը ծանօթացնել դպրոցական սերունդին (գէթ անոնց, որոնք կը յաճախեն հայկական վարժարաններ):  Ատենին գրեթէ ամէն հայախօս տունէ ներս հայերէն թերթ մը կը տեսնուէր: Ատենին կային նաեւ հայերէնի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ‚ որոնք դասագիրքի փոխարէն` օրուան մամուլը կ՛օգտագործէին իբրեւ դասանիւթ:

Նման կացութիւն մը յուսալով չէ, որ պիտի բարեփոխուի‚ այլ` վճռականութեամբ եւ գիտակցութեամբ:  Լոզունգ արձակողները պարտաւոր են անյապաղօրէն որոշում տալու փուլին անցնելու:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17778

Latest Images

Trending Articles



Latest Images

<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>