Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Կեանքի ներկայ ընթացքը այնպէս մըն է, որ բնականաբար կարելի չէ արհեստագիտական, ճարտարագիտական նորութիւններն ու նորարարութիւնները հեռու պահել դպրոցներէն եւ ընդհանրապէս կրթական-ուսումնական համակարգէն: Պատասխանատուներ, մասնագէտներ, ուսումնասիրողներ միշտ այս հարցերը կը քննարկեն աւելի արդիւնաւէտին ձգտելու մղումով: Եզրակացութիւնները երբեմն կը հերքեն ընդունուած նախկին տեսակէտները, տարածուած մօտեցումները` փորձելով հաստատել նորը, ապա աւելի նորը, եւ այսպէս` շարունակ…
Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութիւնը (ՏՀԶԿ) վերջերս հրապարակեց համաշխարհային նոր ուսումնասիրութիւն մը` նշելով, որ դպրոցներու համակարգիչներու եւ դասարանային արհեստագիտութեան մէջ մեծ ներդրումներ ընելը «չի բարելաւեր աշակերտին աշխատանքն ու արդիւնքը»: Կը նշուի, որ դպրոցներու մէջ համակարգիչներու առաւել յաճախակի օգտագործումը, աւելի հաւանական է, որ առնչուի աւելի նուազ արդիւնքներու: ՏՀԶԿ-ի կրթական բաժանմունքի տնօրէն Անտրէաս Շլեչըր կը հաստատէ, որ դպրոցի մէջ արհեստագիտութեան օգտագործումը «բազմաթիւ սխալ յոյսեր յառաջացուցած է»:
Ըստ աշակերտներու վերաբերմունքի շարք մը մասնագէտներու, ուսուցիչներ ապշած, շլացած են դպրոցական համակարգիչներով: Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան տեղեկագիրը, հիմնուելով աւելի քան 70 երկիրներու մէջ կատարուած միջազգային քննութեանց արդիւնքներուն վրայ, կ՛արծարծէ դպրոցի մէջ արհեստագիտութեան ազդեցութեան հարցը:
Հրապարակուած տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ կրթական-ուսումնական համակարգեր, որոնք մեծ ներդրումներ կատարած են տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեանց արհեստագիտութեան մէջ, «նշմարելի բարելաւում» մը չունին ընթերցանութեան, ուսողութեան եւ գիտութեան նիւթերու քննութեանց մէջ: «Եթէ ակնարկ մը նետէք լաւագոյն արդիւնքներ արձանագրող կրթական համակարգերու վրայ, ինչպէս` արեւելեան Ասիոյ մէջ, անոնք շատ կը զգուշանան դասարաններուն մէջ արհեստագիտութիւնը օգտագործելէ: Այն աշակերտները, որոնք համակարգիչներ եւ նման սարքեր կ՛օգտագործեն, շատ յաճախ աւելի վատ արդիւնքներ կ՛արձանագրեն, քան անոնք, որոնք աւելի նուազ կ՛օգտագործեն», կ՛ըսէ Անտրէաս Շլեչըր:
Կրթական արհեստագիտութեան վրայ դպրոցներուն մէջ տարեկան ծախսուող գումարները կ՛անցնին 30 միլիառը: Բայց ՏՀԶԿ-ի կրթական բաժանմունքի տնօրէն Անտրէաս Շլեչըր կ՛ըսէ. «Աշակերտին արդիւնքին վրայ ատոր ազդեցութիւնը լաւագոյն պարագային խառն է»:
Տեղեկագիրը կ՛ըսէ.
– Աշակերտներ, որոնք համակարգիչներ աւելի յաճախ կ՛օգտագործեն դպրոցին մէջ, վատագոյն արդիւնքները կ՛արձանագրեն:
– Աշակերտներ, որոնք համակարգիչներ չափաւոր կ՛օգտագործեն դպրոցին մէջ, ինչպէս` շաբաթական մէկ կամ երկու անգամ, «ձեւով մը աւելի լաւ ուսումնական արդիւնքներ» ունին, քան այն աշակերտները, որոնք համակարգիչները հազուադէպ կ՛օգտագործեն:
– Արդիւնքները ցոյց կու տան «ոչ գնահատելի յառաջդիմութիւն» ընթերցանութեան, ուսողութեան կամ գիտական դասանիւթերու պարագային, այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի մեծ ներդրումներ ըրած են:
– Բարձր արդիւնքներ նուաճող դպրոցական համակարգերը, ինչպէս Հարաւային Քորէայի եւ Չինաստանի Շանկհայի մէջ, աւելի նուազ մակարդակ ունին դպրոցներէ ներս համակարգիչներու օգտագործման մէջ:
– Սինկափուր, ուր դպրոցներու մէջ արհեստագիտութիւնը չափաւոր կ՛օգտագործուի, լաւագոյնն է թուային հմտութիւններու մէջ (digital skills):
«Տեղեկագիրին ամէնէն յուսահատեցնող բացայայտումներէն մէկը այն է, որ աշակերտներու միջեւ ընկերային-տնտեսական բաժանումը արհեստագիտութեան օգտագործումով չէ նուազած, հաւանաբար նոյնիսկ բազմապատկուած է», կ՛ըսէ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան բաժանմունքի տնօրէն Անտրէաս Շլեչըր: Շլեչըր զգուշացուցած է, որ աշակերտները իրենց տնային աշխատանքը, պարտականութիւնները համացանցէն կ՛ընդօրինակեն:
Ըստ անոր, ընկերային-տնտեսական բաժանումը նուազեցնելու համար աշակերտներու ընթերցանութեան եւ ուսողութեան հմտութիւնները զարգացնելը աւելի արդիւնաւէտ ձեւ մըն է, քան` «բարձր արհեստագիտական սարքերը մատչելի դարձնելը»: Շլեչըր կը զգուշացնէ, որ դասարանային արհեստագիտութիւնը կրնայ շեղում ըլլալ եւ ատոր պատճառով աշակերտները տնային պարտականութիւններու պատասխաններուն համար համացանցէն պատրաստ հատուածներ «կը կտրտեն եւ կը փակցնեն»: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ` «ոչ մէկ երկիր կայ, ուր համացանցը յաճախ կը գործածուի աշակերտութեան մեծամասնութեան կողմէ, եւ ուր աշակերտներու արձանագրած արդիւնքները բարելաւուած են»:
Դպրոցներու մէջ համացանցի օգտագործման ամէնէն բարձր մակարդակ ունեցող 7 երկիրներու շարքին երեք երկիրներ (Աւստրալիա, Նոր Զելանտա եւ Շուէտ) յատկանշական նահանջ արձանագրած են ընթերցանութեան մէջ, իսկ երեք այլ երկիրներու (Սպանիա, Նորվեկիա եւ Դանիա) արդիւնքները կը հաստատեն, որ ընթերցանութիւնը անշարժ մնացած, լճացած է: Դպրոցներու մէջ համացանցը նուազագոյն չափով օգտագործող երկիրները եւ քաղաքները (Հարաւային Քորէա, Շանկհայ, Հոնկ Քոնկ եւ Ճափոն) միջազգային քննութիւններուն մէջ ամէնէն բարձր արդիւնքներ արձանագրողներէն են:
Բայց Շլեչըր կ՛ըսէ, որ ուսումնասիրութեան արդիւնքները պէտք չէ ծառայեն իբրեւ «արդարացում», արհեստագիտութիւնը չօգտագործելու դպրոցներու մէջ, այլ իբրեւ խթան` աւելի արդիւնաւէտ մօտեցում գտնելու, մշակելու: Ան տուաւ օրինակը թուային դասագիրքերու, որոնք կարելի է թարմացնել իբրեւ օրինակ, թէ առցանց արհեստագիտութիւնը ինչպէս աւանդական մեթոտներէն աւելի լաւ կրնայ ըլլալ:
Դպրոցներու մէջ համակարգիչներու օգտագործման մարմինի (Naace) գործադիր տնօրէն Մարք Չամպըրս ըսաւ, որ իրապաշտ չէ մտածելը, թէ դպրոցները պէտք է նուազեցնեն արհեստագիտութեան օգտագործումը: «Հանրութիւնը այժմ ունի արմատացած այն ըմբռնումը, որ տան մէջ պատանիները, երիտասարդները պէտք է օգտագործեն արհեստագիտութիւնը: Ուրեմն դպրոցներէն արհեստագիտութիւնը մենք ոչ մէկ ձեւով պէտք է դուրս ձգենք: Դպրոցները պէտք է յառաջատար ըլլան, եւ ոչ թէ հետեւող», ըսաւ ան:
Մայքրոսոֆթի բանբեր Հիւճ Միլլարտ ըսաւ. «Համացանցը ոեւէ աշակերտի մատչելի կը դարձնէ մարդկային ամբողջ գիտութիւնը, եւ 3 տարածութիւններով տպագրութիւնը յառաջադէմ արտադրական կարելիութիւնները ձեր գրասեղանին կը բերէ, իսկ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի 100 ընկերութիւններու յաջորդ սակարանը կրնայ նոյնքան լաւ կառուցուիլ ննջարանի մը մէջ»:
Անգլիացի աւագ ուսուցիչ Ճոն Մորիս եւս մերժեց գաղափարը: Ան ըսաւ. «Մեր աշակերտները կը պատրաստենք աշխատանքներու համար, որոնք տակաւին գոյութիւն չունին: Մենք զանոնք կը վարժեցնենք օգտագործելու արհեստագիտութիւն մը, որ տակաւին չէ ստեղծուած: Այսպիսով, դուք ինչպէ՞ս կրնաք ամուսնալուծել արհեստագիտութիւնը ճարտարարուեստէն, արդիւնաբերութենէն, կամ` ուսուցանելէն եւ սորվելէն: Երբ մարդիկ կ՛ըսեն, թէ դպրոցներու մէջ արհեստագիտութեան վրայ շատ դրամ կը ծախսուի, իմ պատասխանս կ՛ըլլայ. «Պարապ խօսք»: Մենք կարիքը ունինք յաւելեալ դրամի, յաւելեալ ներդրումի»:
Աշակերտներու վերաբերմունքի Անգլիոյ կառավարութեան մասնագէտ Թոմ Պենեթ ըսաւ, որ անիրապաշտ ակնկալութիւններ կրնան ըլլալ, բայց` «դասարանին մէջ արհեստագիտութեան որդեգրումէն ետդարձ չի կրնար ըլլալ»:
Անգլիոյ դպրոցներու նախարար Նիք Կիպ իր կարգին ըսաւ. «Մենք կ՛ուզենք, որ բոլոր դպրոցները նկատի առնեն իրենց աշակերտներուն կարիքները` որոշելու, թէ արհեստագիտութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ամբողջացնել հիմքերը լաւ ուսուցման եւ ուսումնական խստապահանջ ծրագիրի, այնպէս մը, որ իւրաքանչիւր աշակերտ կարենայ հասնիլ իր ներուժին»: