ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուելէ ետք, երբ պարտադիր հանգիստի ժամեր կ՛անցընէի հիւանդանոցի սենեակիս մէջ, ձանձրոյթը փարատելու համար կը թերթատէի Դիմատետրի էջերը, կայծակնահարի նման կանգ առի ՀՅԴ Բիւրոյի էջին դիմաց, ուր տպուած էր գոյժը ընկ. Արա Տեմիրճեանի մահուան, անոր նկարին կողքին:
Այս տարուան ամրան (2016), որպէս Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ան` ընկերակցելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, այցելած էր Քեսապ, ինչ որ, ափսոս, իր վերջին այցելութիւնը պիտի ըլլար:
Անշուշտ ողջագուրուեցանք:
Մեր յաջորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ իր գրասենեակին մէջ, մօտ մէկ ամիս ետք, բաժակ մը սուրճի շուրջ: Անշուշտ իր հետաքրքրութեան կիզակէտը Քեսապն էր. իրավիճակը` ապահովական, տնտեսական, ազգային, կուսակցական եւ այն ամէն բաները, որոնցմով կրնան հետաքրքրուիլ երկու դաշնակցականներ:
Ժամանակը անբաւարար էր նիւթերը աւարտելու: Հինը պեղելով, տակաւին չէինք հասցուցած հեռակայ տեսլականներու մասին խօսելու` ժամանակի անբաւարարութեան պատճառով:
Այդ մէկուկէս ժամուան հանդիպումին ընկեր Արային դիմագիծը ոչ մէկ անհանգստութեան նշոյլ կ՛արտայայտէր:
Մէկուկէս ամիս ետք վերստին Պէյրութ էի: Դարձեալ Շաղզոյեան կեդրոն: Ընկ. Արային դուռը կը թակէի, սակայն ափսոս չէր բացուեր:
Առաջին յարկ իջնելով կը հանդիպէի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեանին, որ սրտի ճմլումով կը փոխանցէր չարաբաստիկ լուրը:
Ընկ. Արան հարուածած էր համարեա անբուժելի հիւանդութիւնը, որ տարածուած էր մարմնին մէջ:
Սրտաճմլումի կարգը իմս էր:
***
Ընկ. Արային կեանքին եւ գործունէութեան մասին տողերուս հեղինակը քիչ տեղեկութիւններ ունի: Վստահ որ իր գործակիցներէն բանիմացները շատ բաներ պիտի գրեն: Սակայն որպէս համագիւղացի, ես կրնամ տալ իր մասին քանի մը գիտելիք, որոնք աւելի ապրումներ են քան գիտելիքներ:
1970 թուականն էր, աշնան, երբ հանգուցեալ հայրս ձեռքէս բռնած զիս առաջնորդեց Պէյրութ, որպէսզի միջնակարգ ուսումս շարունակեմ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մէջ:
Բարեբախտ օր մը: Եւ կեանքիս ամենաքաղցր օրերը հոն անցուցի չորս տարիներ, մինչեւ Լիբանանի պատերազմին սկիզբը իբրեւ գիշերօթիկ աշակերտ:
Ճեմարանի շրջափակի ամէն ինչը նոր էր ինծի համար: Աշակերտներ, ուսուցիչներ, մարդիկ, քարն ու պատը: Ճիշդ կը նմանէի այն գիւղական պատանիներուն, որոնք գիւղէն քաղաք կ՛երթային, եւ անոնց աչքերը կը շլմորէին քաղաքի լոյսերէն ու ճոխութենէն: Եւ ո՛վ կրնայ ըսել, թէ Ճեմարանը Պէյրութի չափ ճոխ ու փայլուն չէր:
Հոն ինծի համար միակ ծանօթ դէմքը պրն. Արան էր, որպէս նախակրթարանի հսկիչ: Թուխ մազերով, քիչ մը խոժոռ, բայց ոչ խիստ դիմագիծով, ճիշդ հակապատկերը պրն. Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանին, որուն ժպտուն` սակայն խիստ դէմքէն կը սոսկային աշակերտները:
Զբօսանքներուն պրն. Արան Ճեմարանի շրջափակին մէջ կը հսկէր նախակրթարանի աշակերտներուն, որոնք անդադար կը վազվզէին: Ես չէի տեսած անոր բարկութիւնը: Իր ոճը միշտ թելադրական էր: Գիտեմ, նկատած եմ, որ անյագօրէն կը ծխէր դպրոցական զբօսանքի պահերուն:
Թաւալեցան տարիները: Անդամակցած էի վերակազմակերպուած «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան, եւ հազիւ հասած կանոնագրային տարիքը, մուտք պիտի գործէին նորակազմ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի շարքերը:
Արեւու պայծառութեամբ կը յիշեմ ընկերներ Տիգրան Ճիմպաշեանի (որ նոյն ժամանակ մեր ուսուցիչն էր) եւ ընկ. Արա Տեմիրճեանին դէմքերը: Տարիներ պէտք է անցնէին, որ ես ըմբռնէի, թէ անոնք կը ներկայացնէին մեր երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը:
Շաբաթներ ետք բռնկեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Ամէնուրեք անիշխանութիւն կը տիրէր: Խախտած էր դպրոցական կեանքը: Լիբանանի ժողովուրդին կեանքը եւս խախտած էր ու կարծես կանգ առած:
Հայ ժողովուրդին եւ անոր նիւթական թէ հոգեւոր սրբութիւններուն ոչնչութիւն կը սպառնար, եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, ակումբներուն եւ հայահոծ թաղերուն գլխուն կախուած էր պատերազմի անիշխանութեան դամոկլեան սուրը:
Մեր` Ճեմարանի մօտակայ շրջանին մէջ սպառնալիքի տակ էին նոյնինքն Ճեմարանի լայնատարած կալուածը, անոր դիմաց գտնուող Համազգայինի փոքրիկ ակումբը, Ս. Նշան եկեղեցին, Սուրէն Խանամիրեան երկրորդական վարժարանը, «Արա Երեւանեան» ակումբը, «Ազդակ» օրաթերթի տպարանը, անոր խմբագրատունը, Հայկազեան համալսարանը, քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճը… (ասոնք կը յիշեմ 40 տարիներ ետք)…
Պէտք էր տէր կանգնիլ այս հարստութեանց:
Հասաւ հրահանգը ներկայ գտնուելու «Արա Երեւանեան» ակումբ: Չէինք գիտեր հաւաքին նպատակը: Պէյրութի ամայացած փողոցներէն կրցած էին հոն հասնիլ սպասուած թիւին մէկ երրորդը միայն:
Ընկեր Արան էր հրաւիրողը:
Մեզ զօրակոչի «հրաւիրողը» ընկեր Արան էր:
Գիտէինք լրջութեան պահը: Գիտէինք ընկեր Արային լրջութիւնը: (Երբեւիցէ ան անլուրջ պահ ունեցա՞ծ է):
Ինծի, որպէս դեղնակտուցի, մէկ հարցում եւ մէկ նախադասութիւն ուղղեց:
– Ճեմարան կը մնա՞ս: Գնա՛ հոն` ընկեր Գառնիկին մօտ: Գիտես ընելիքդ:
Կարճ ու յստակ:
Անցան պատերազմի աւելի քան քսան տարիներ:
Եղաւ տեղափոխութիւն դէպի Յունաստան:
Եղաւ Հայաստանի վերանկախացում:
Միշտ հոն էր ընկեր Արան, առաջին գիծին վրայ, ուր որ պարտականութիւնը կը կանչէր:
Հիմա այլեւս ան մեզի հետ չէ, սակայն իր օրինակը ժառանգ թողած է մեզի: Լուռ, գաղտնապահ, լուրջ ու գործունեայ:
Կեանք մը ամբողջ նոյնացած է Լիբանանի Դաշնակցութեան յիսնամեայ պատմութեան հետ:
Աստուած ողորմի իր հոգւոյն:
Յիշատակը անթառամ մնայ:
20 նոյեմբեր 2016