Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

ՔԵՌԻ (Հայդուկապետ Քեռիին Նուիրուած Ձեռնարկին Կարօ Յովհաննէսեանի Արտասանած Խօսքը)

$
0
0

Ա. Աշխարհամարտ Եւ Կամաւորական Գունդեր

Ա. Աշխարհամարտի սկիզբը հայեւռուս բանակցութիւնները կը յանգին այն եզրակացութեան, որ պիտի կազմուին կամաւորական գունդեր` ռուս հրամանատարներու ձեռքին տակ: Այսպէս, կը կազմուին չորս կամաւորական գունդեր: Ա. գունդի հրամանատար կը նշանակուի Անդրանիկը: Բ. գունդին` Դրոն, Գ. գունդին` Համազասպը, իսկ Դ. գունդին` Քեռին:

Համատարած խանդավառութիւն կար, խմբապետ ու զինուոր, կուսակցութիւն եւ ժողովուրդ ոգեւորուած էին կամաւորական շարժման գաղափարով:

Կամաւորական գունդերու մէջ Քեռին յաջողապէս կը կատարէ իր վրայ դրուած պարտականութիւնը, սակայն ռուս հրամանատարի մը ապիկար կարգադրութեան պատճառով Քեռիին խումբը կը պաշարուի Իդի եւ Լիասոր գիւղերու շրջանին մէջ: Մեծ վտանգ մը կը սպառնայ խումբին: Պէտք էր դուրս գալ այս պաշարումէն նուազագոյն վնասներով:

Քեռին խումբը կը բաժնէ երկու մասի եւ կը շարունակէ կռուիլ թշնամիին դէմ: Ի վերջոյ կը յաջողի ճեղքել պաշարման օղակը դեկտեմբերեան բուք բորանին:

Ռուսերը Ա. Աշխարհամարտին ատեն մը իրենց ուշադրութիւնը կը դարձնեն դէպի հարաւ` Արարատէն մինչեւ Ատրպատական երկարող ճամբան: Օրակարգի  վրայ կ՛ունենան գրաւել Վանը: Այդ նպատակին համար անհրաժեշտ էր Բ., Գ., Դ. եւ Ե. խումբերէն կազմել աւելի մեծ զինուորական միաւոր մը: Ե. գունդի հրամանատարն էր Խանասորի Վարդանը. այս գունդը կազմուեցաւ, երբ առաջին չորս գունդերը կռիւ կը մղէին արդէն: Պէտք էր վերակազմել  խումբերը: Բ., Գ. եւ Դ. խումբերուն կը հրահանգուի երթալ Երեւան, ուր պիտի կատարուէր անոնց միացումը: Ժողովներ կը գումարուին: Վէճեր կ՛ըլլան: Պէտք էր կազմուէր մէկ խումբ` Արարատեան գունդ անունով, որ պիտի հաշուէր 2300-2400 զինեալ: Վէճը կը խորանայ մանաւանդ այն ատեն, երբ պիտի որոշուէր ընդհանուր հրամանատարը: Թեկնածու խմբապետներէն ոչ մէկը կ՛ընտրուէր, որովհետեւ ոչ մէկը ձայներու մեծամասնութիւն կ՛ունենար: Սուր պայքար կար: Քեռին որեւէ ձեւով չմասնակցեցաւ այս ընտրութիւններուն, ոչ ալ իր թեկնածութիւնը առաջադրեց:

Ի վերջոյ կ՛ընտրուի Խանասորի Վարդանը` իբրեւ ընդհանուր հրամանատար: Անոր ընտրութիւնը Համազասպի եւ Դրոյի սրտովը չէր, եւ որոշ չափով տեղին էր անոնց դժկամութիւնը, որովհետեւ օրուան ղեկավարը չէր:

Քեռին կը պահէր Արարատեան գունդի ձախ թեւը: 6 մայիս 1915-ին գունդը գրաւեց Վանը: Շուրջ երկու ամիս ետք, սակայն, անակնկալ կերպով հրահանգ կը ստացուէր ռուսական վերին հրամանատարութեան կողմէ, որ նահանջեն: Քեռին եւ Համազասպը ստիպուած եղան Վանը ձգել եւ բռնել Պարսկաստանի ճամբան` Արճակ – Սալմաստի գծով: Պարսկաստան հասնելէ ետք Քեռին կը տեղաւորուի Փայաջուկ գիւղը, իսկ Համազասպը Հաւրվան գիւղը` իրենց զօրքերուն պակասները լրացնելու  համար: Ամիսներ ետք, երբ կացութիւնը կը պարզուի, երկու խումբերը յաջորդաբար կը մեկնին Սալմաստէն:

Ռեւանտուզ

1915-ի վերջերը թրքական բանակը Մուսուլի շրջանէն Ռեւանտուզի վրայով կը սկսին շարժիլ դէպի Սովուջ-Քուլախ` վտանգելով ռուս բանակի թիկունքը: Ռուսական զօրամասին մէջ, որ դէմ պիտի դնէր թրքական բանակին, ներառուեցաւ Քեռիի խումբը, ինչպէս նաեւ նորակազմ եօթներորդ կամաւորական գունդը` Իշխանի ղեկավարութեամբ: Ռուսական զօրքը զօրավար Չեռնազուբովի գլխաւորութեամբ կ՛ուղղուի դէպի Մուսուլ: Ան իր բանակը կը բաժնէ երկու մասի: Մէկ մասը զօրավար Ռիբալչենկոյի հրամանատարութեամբ կ՛ուղղուի դէպի Ռեւանտուզ, անոր նպատակն էր գրաւել Ռեւանտուզը` կանխելու համար թրքական յառաջխաղացքը: Այս զօրասիւնին մէջ կար նաեւ Քեռիին խումբը:

1916 ապրիլի վերջերուն բանակը ճամբայ կ՛ելլէ դէպի այդ նպատակակէտը: Քեռիին խումբը կը գտնուէր յառաջապահ դիրքի վրայ, բանակի ձախին:

Ռեւանտուզը կը գրաւուի 30 ապրիլին: Քաղաքը գրաւող բանակի առաջին գիծը, ինչպէս ըսինք, Քեռիին խումբն էր: Քաղաքը գրաւելէ ետք սակայն, բանակին համար կը ստեղծուի անմխիթար կացութիւն մը ռուս հրամանատարութեան գործած մէկ սխալին պատճառով: Պէտք էր նախ գրաւել Պէճանի եւ Պարսլինի բարձունքները, բա՛ն մը, որ նախապէս առաջարկուած էր Քեռիին եւ Իշխանին կողմէ: Թշնամին կը գրաւէ այդ շրջանները եւ կը փակէ ռուսերու ճամբան դէպի Մուսուլ: Աւելի՛ն. թուրքերը կը կտրեն ռուսերու հաղորդակցութիւնը անոնց իսկ թիկունքին հետ: Ռուսական բանակի պաշարման հետ պաշարման օղակի մէջ կ՛առնուին, բնականաբար, Քեռիին կամաւորները:

Այսպիսի կացութեան մէջ, 10 մայիսին, թշնամին կ՛անցնի յարձակողականի: Ռուսական բանակը, բնականաբար նաեւ հայ կամաւորները թէ՛ սննդեղէնի եւ թէ՛ ռազմամթերքի պակաս ունէին:

Մայիսի 12 – 13 բախտորոշ օրեր կ՛ըլլան: 12 մայիսին Քեռին իր ձիաւորներով կ՛արշաւէ դէպի Պիճան եւ կը յաջողի գրաւել ձորը երկու կողմերէն: Ասոր պատճառով թուրքերը կանգ կ՛առնեն իրենց դիրքերու վրայ: 15 մայիսին Քեռին հնարամիտ կերպով դուրս կը բերէ հայեւռուս զօրքերը պաշարման վիճակէն, սակայն թշնամի փամփուշտ մը գետին կը տապալէ զինք:

Ֆետայիները իրենց սիրելի հրամանատարին մահը տեսնելով, բարոյալքուելու եւ տկարանալու փոխարէն, նոր եռանդ առած` կը շարունակեն կռուիլ: Թշնամին կը սկսի նահանջել: Ֆետայիները իրենց վրէժխնդրական կատաղութեան մէջ կը հալածեն եւ կը ջարդեն նահանջող թուրքերը:

Հերոսին մարմինը կը փոխադրուի Թիֆլիս եւ կը թաղուի Խոջիվանքի գերեզմանատունը: Հսկայ բազմութիւն մը ներկայ կ՛ըլլայ թաղման արարողութեան:

Մատակարարապետ-Պահեստապետ-Տնտեսողը

Քեռին խոր ընդունակութիւն ունէր մատակարարութեան եւ տնտեսելու մէջ: Ո՛ւր որ գտնուեցաւ, ի՛նչ պաշտօնի վրայ ալ եղաւ, ժամանակ տրամադրեց զբաղելու մատակարարութեամբ: Չէր ուզեր, որ կուսակցական պահեստներու մարզին մէջ թերութիւններ  կամ թերացումներ արձանագրուէին: Չէր ուզեր, որ ռազմամթերքի կամ սննդեղէնի պակաս ըլլար: Խնայասէր, ժուժկալ, բծախնդիր եւ պահանջկոտ էր: Ոգի ի բռին դէմ է շռայլութեան եւ մսխումի: Հետեւեալը կը թելադրէր ան իր զինուորներուն. «Փամփուշտ քիչ առէք, որովհետեւ ձեր սպաննուելու պարագային փամփուշտները պիտի անցնին թշնամիին ձեռքը»:

1903-ին  Քեռին «Մրրիկ» խումբին մէջ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ իբրեւ պահեստապետ` մատակարարապետ: Նոյնը եղաւ 1904-ի Սասնոյ ապստամբութեան ատեն, երբ ընկերներու միահամուռ ցանկութեամբ Քեռիին տրուեցաւ զէնքի եւ այլ մթերքներու պահեստապետի պաշտօնը: Երեւութապէս այս գործը կարեւոր չի նկատուիր, խորքին մէջ սակայն ասիկա շատ պատասխանատու պաշտօն է, չերեւցող սեւ աշխատանք, որովհետեւ պահեստապետի պարտականութիւնն էր կռիւի ատեն փամփուշտ, դեղորայք, ուտեստեղէն հայթայթել ֆետայիներուն, ինչպէս նաեւ հոգալ անոնց այլեւայլ կարիքները: Բնական օրերուն, երբ յարաբերաբար ամէն ինչ առատ կ՛ըլլայ, դիւրին է պահեստապետութիւնը, սակայն Սասունի պէս շրջանի մը համար դժուար էր այս պաշտօնը, որովհետեւ այնտեղ ո՛չ ռազմամթերքի առատութիւն կար, ո՛չ ալ ուտեստեղէնի, մա՛նաւանդ որ Սասունը պաշարուած էր ամէն կողմէ: Ո՛չ կռուողները անհրաժեշտ ռազմական պաշարը ունէին, ո՛չ ալ գիւղացիները` անհրաժեշտ ուտեստեղէնը: Բաներ են ասոնք, որ կը դժուարացնեն պահեստապետին գործը:

Քեռին մեծ փորձառութիւն ունէր պահեստապետութեան եւ տնտեսելու մէջ: Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան ատեն ան պատրաստած էր ծրարներ, որ տեղաւորած էր լեռնային զանազան կեդրոններու մէջ, հո՛ն, ուր կռիւի կարելիութիւն կրնար ստեղծուիլ: Այս պահեստները, զինուորական հեռատեսութեամբ, բարերար ու փրկարար դեր կատարեցին Սասնոյ ապստամբութեան ատեն: Սասնոյ մէջ դարձեալ Քեռին հիմնած էր փոքր գործարան մը, ուր կը նորոգուէին աւրուած զէնքերը եւ կը լեցուէին փամփուշտներ:

Յաջորդ տարի, հայ-թաթարական կռիւներուն, մարտական համբաւի կողքին, կը փայլի նաեւ Քեռիի մատակարարապետի կարողութիւնը, որովհետեւ քիչ կը պատահի, որ մեր խմբապետները, ռազմագէտ ըլլալու կողքին, բծախնդրութիւն ցուցաբերէին մատակարարման գործին մէջ:

Կայ պերճախօս դրուագ մը, որ պատմուած է մեր յեղափոխականներէն Նիկոլ Օտապաշեանի կողմէ, եւ որ ցոյց կու տայ Քեռիին ժուժկալութիւնը: Դէպքը տեղի կ՛ունենայ 1905-ին, հայ-թաթարական կռիւներու ատեն: Նիկոլ Օտապաշեան կը գրէ. «Երբ Գորիս հասանք, Քեռին հոն էր իր խումբով: Շատ պարզ մարդ էր, մէկ-մէկու շատ սիրեցինք, կարծես հին բարեկամներ էինք: Իր հագուստները շատ հին էին, շալվարը` մի քանի տեղից կարկտած:

«Մի օր Քեռին ասաց. «Նիկո՛լ, գնա՛ շուկայ եւ մի քանի տեսակ կտոր բեր, շալվարս հինցած է, մի հատ նորը կարել տամ»: Գնացի, երկու նմուշ բերի: Հարցրեց գիները: Ասացի` մինը` արշինը հինգ ռուբլի է, միւսը` եօթը ռուբլի: Մէկ կողմ նետեց: Ասաց շատ սուղ է, հագնել չ՛արժեր: Ասացի` ինչո՞ւ չէ. Մուրատը [Սեբաստացի] բոլոր տղոց համար եօթը ռուբլիանոց կտորէն շալվար կարել տուած է, ինչո՞ւ քեզի համար յարմար պիտի չըլլայ: Բարկութիւնից պիտի խենթանար: Այդ ժամանակ Մուրատը ներս մտաւ: Քեռին ասաց, թէ ճի՞շդ է, որ այդ սուղ կտորից տղոց համար շորեր կարել տուած է: Մուրատի դրական պատասխանին վրայ ասաց. «Ա՜յ, անաստուած, մոռցա՞ր ձեր հագուստները Սասունի մէջ: Հիմա ճռճռան կօշիկներով, փայլուն շորերով ո՞ւմ ուզում էք զարմացնել, անբարեխիղճներ…»:

«Տղաներից մէկը Շուշի էր գնում, Քեռին ասաց. «Մի հին վերարկու կ՛առնես, վերադարձիդ հետդ կը բերես, թէ՛ կռնակս, թէ՛ ոտքերս կը տաքացնի»: Շուրջ երկու տարի ետք, երբ նրան Պարսկաստան տեսայ, նոյն պարզ հագնուած Քեռին էր»:

Դրոն կը յայտնէ դարձեալ, յատկապէս Սիսիանի ինքնապաշտպանութեան ատեն, որ այլ խումբերու զինուորներէն շատեր ունէին լաւ կերպասէ կարուած շալվարներ (տաբատներ) եւ կապարտին մորթէ փափախներ: Քեռին դժգոհութիւն կը յայտնէր եւ դիտել կու տար, որ ժողովուրդը դրամ չունի լաւ կերպասէ շալվարներ եւ կապարտին փափախներ հագցնելու իր զինուորներուն: Այդպէս է, որ Քեռին աժան կտորէ հագուստներ եւ ճերմակեղէն պատրաստել տուած էր: Իր զինուորները երբեմն կը տրտնջային եւ նոյնիսկ բողոք  կը ներկայացնէին, որ միւս խմբապետները իրենց տղաներուն լաւ կտորէ հագուստ կու տային, մինչդեռ Քեռին կը զրկէր զիրենք եւ միւս խմբապետներուն նման չէր նայեր իր զինուորներուն: Քեռին, սակայն, անտեղեակ էր. ազգի իւրաքանչիւր կոպեկը ան հաշիւով կը ծախսէր: Ահա այդպիսի վերաբերմունքի շնորհիւ էր, որ կուսակցական դրամարկղէն ստացած 2000 ռուբլիէն մէկ տարուան ընթացքին ծախսած էր հազիւ 500 ռուբլի: Նիկոլ Դումանը խմբապետական ժողովի ընթացքին բացառիկ եւ ջերմ  գնահատանքով կը խօսէր Քեռիի խնայողութեան մասին եւ իրեն ներկայացուցած հաշիւները իբրեւ օրինակ ցոյց կու տար միւս խմբապետներուն:

Իսկ ի՞նչ ըրած էր Քեռին այդ խնայողութիւնը ընելու համար։ Երկու կարի մեքենայ եւ երկու գործաւոր բերել տուած էր, որ 10-15 օրուան ընթացքին կարած էին անհրաժեշտ բոլոր շալվարներն ու ճերմակեղէնը իր զինուորներուն:

(Շար. 3)

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>