Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Արմենակին «Քրիստալ Տը Պոհեմիա»-ով Ազնուական Կապոյտ Ուիսքի Հիւրասիրեր Են

$
0
0

ՄԱԿԱՐ Ի Գաղղիա

Ոմանք «կլոր սեղան»-ներու կը հրաւիրուին խօսելու: Կեդրոնականցի Արմենակ կ՛երթայ լսելու եւ ուրախանալու, թէ որքա՛ն խելացիներ ունինք: Միշտ ալ կը զարմանայ, թէ ամէն անգամ քիչ մը աւելի խելացի դառնալով` ինչո՞ւ կատարեալ խելացի չենք դառնար:

Ֆրանսա հարիւր հինգ տարեկան մարդ մը կայ, որ հեծելարշաւի մրցանիշ կը հաստատէ: Եթէ հայկական ձեռնարկներու ներկայութեան ախոյեանութիւն մը ըլլար, Կեդրոնականցին կը պարգեւատրուէր եւ մեր բազմազան շքանշաններէն մէկը կը կախէին իր լամբակէն:

Թէեւ երախտագիտութիւնը մեր ժողովուրդի ազգային մարզաձեւը չէ:

Այսպէս կը մտածէի, երբ Արմենակը կը լսէի:

– Քանի մը օր առաջ «կլոր սեղան»-ի հանդիպման մը ներկայ եղայ: Սեղանը կլոր չէր, բայց չորս հոգի նստած էին իրարու կցուած սեղաններու ետին, եւ այծի սպիտակ մօրուքով, ինծի պէս թոշակառու մը կը վարէր զրոյցը: Ինչե՜ր ըսին: Ո՛չ Ամերիկայի մեկնելու վրայ եղող եւ դրան առջեւ սպասող նախագահները, ո՛չ Ֆրանսայի նախագահը, ո՛չ Թուրքիոյ նոր սուլթանը բացակայեցան: Կրկնեցին Ցեղասպանութեան ճանաչումը` միջազգային եւ Թուրքիոյ կողմէ: Մէկ հոգի ալ գիւտարարի պէս խօսեցաւ «հատուցման» մասին: Ոչ ոք ըսաւ, թէ ինչպէ՛ս եւ որո՛ւ` ի՞նչ պիտի հատուցուէր:

– Յառաջդիմութիւն կայ ուրեմն, Արմենա՛կ, այրած սիրտերը զովացնող մխիթարական խօսքէ տարբեր բան ըսուած է,- ըսի:

– Աւարտին, դրացի Ժոժոն, որուն ընկերակցած էի սրահ գալու համար, ըսաւ, որ հատուցում պահանջողը մեծ ընկերութիւններու հաշուապահ է, գիտէ, թէ ի՛նչ կ՛ըսէ: Յաճախ այս մասին կը խօսի, գործնական մարդ է. գիտէ, որ Սասունը, Մուշը, Վանը պիտի չվերադարձուին, եթէ դրամ տրուի, գոնէ դուրսը դպրոցներ կը պահենք եւ եկեղեցիներ կը շինենք: Ժոժոն գնաց հաշուապահ տեսաբանը շնորհաւորելու: Եկաւ եւ ըսաւ, որ հրաւիրուած էինք հաշուապահին բնակարանը բաժակի մը շուրջ շարունակելու համար զրոյցը:

– Լա՛ւ է, Արմենա՛կ, բախտաւոր ես, սովորաբար «փլաստիկ» բաժակով ջուր կամ հիւթ կը հրամցնեն:

– Զարմացայ: Կլոր սեղանին ներկաներէն աւելի մարդ կար: Պսպղուն բաժակներով հիւրասիրուեցանք: Տեսաբան հաշուապահը մօտեցաւ մեզի եւ հարցուց, թէ ի՞նչ տեսակ ուիսքի կը նախընտրէինք, սե՞ւ, կապո՞յտ: Իսկ կը լսէի կնոջ, որ ուրիշ կնոջ մը կ՛ըսէր, թէ բոլոր բաժակները «Քրիստալ տէ Պոհեմիա» էին:

– Բախտաւոր ես: Միայն խօսքով չես օրօրուած:

– Մակա՛ր, նոր հասկցայ «հատուցման տրամաբանութիւնը»: Այդքա՜ն մեծ տարածութեամբ հողերու, կալուածներու, զոհուածներու համար եթէ հատուցում ըլլայ, բոլոր հայերը կրնան «Քրիստալ տը Պոհեմիա» բաժակ ունենալ եւ «կապոյտ ուիսքի» վայելել: Մանաւանդ` մեղր բռնողներն ալ իրենց մատները կը լիզեն, ինչպէս միշտ:

– Ի դէպ, ի՞նչ էր տարբերութիւնը սոխի գոյն ուիսքիին եւ կապոյտին,- հարցուցի տգէտ չմնալու համար:

– Պարզ է, Մակա՛ր, «կապոյտ ուիսքի»-ն ալ ծագումով նոյնն է,  «ծագումով հայ»-ուն պէս անհող մարդու շպարով օրինակելի աշխարհաքաղաքացի, նախկին հայրենահանուած եւ նոր ինքնահայրենահանուող:

Չհարցուցի Արմենակին, թէ տուն վերադարձին այդ «կապոյտ ուիսքի»-ն մարսե՞ց, թէ՞ փսխեց: Այդ կ՛ըլլար «հատուցման» ըմբռնում:

24 յունուար 2017

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>