Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ա.- Խօսքի Մէջ Եւ Բեմի Վրայ Մոռցուող Էական Հայրենիք-Հողը
Բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի ազատագրութիւնը դադրեցաւ հայ ազգային քաղաքականութեան ռազմավարական եւ մարտավարական օրակարգ ըլլալէ, այն օրէն, երբ մխրճուեցանք ուրիշները եւ մեզ չանհանգստացնող Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ բարեսիրութիւն-հայասիրութիւն վերաբերումներու մէջ, որոնք սրահներ եւ ամբոխ կը յուզեն:
Անվաղորդայն վերսկսող յուզումներու պահեր, որոնք չեն առնչուիր հայրենահանման, որ բառակոյտերու մէջ չի յիշուիր անգամ: Այդ յիշեցումը հայրենադարձութիւն ենթադրել կու տայ:
Հայ եւ օտար հանրային կարծիքին կը բացատրե՞նք, թէ ի՛նչ բան է Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան հարցը: Անոր տէրը ո՞վ է, ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի հետապնդէ. ան եզակի՞ է, թէ՞ յոգնակի, Հայաստա՞ն, թէ՞ սփիւռքներ: Համաշխարհայնացման եւ ուժերու վերադասաւորման մերօրեայ ընթացքին մէջ ինչպէ՞ս կը ներկայանայ կամ ինչպէ՞ս կարելի է ներկայացնել Արեւմտահայաստանի դատը:
Այս դատը այլ նպատակ է` որպէս խորք եւ որակ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումներու հրավառութիւններէն եւ մսխումներէն անդին: Ան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութեան ռազմավարական եւ մարտավարական վարքագիծին մաս կը կազմէ՞, կրնա՞յ մաս կազմել, ան կ՛ուզէ՞, կրնա՞յ այդ դատին տիրութիւն ընել: Սփիւռքները կրնա՞ն, ոչ միայն թուղթէ կապարճով եւ բարձրախօսներու աղմուկով հրապարակ գալով, Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան պայքարին մէջ ընդգրկուիլ:
Միամիտ չըլլանք. այսօր Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատ չի հետապնդուիր, անոր մասին կը խօսուի, առաւել կամ նուազ, բաժակաճառի պէս, երգերով, կամ յուշագրութեան թատրոն կը բեմադրուի: Ոչ ոք կ՛ըսէ, թէ ո՞ւր կ՛ուզենք հասնիլ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան հարցով: Եթէ ճշդուած նպատակ մը կայ, ի՞նչ կ՛ընենք անոր իրականացման համար:
Ցեղասպանութեան «ճանաչումները» կը փոխարինե՞ն բռնագրաւուած հայաշխարհը:
Այսինքն յառաջիկայ տասը, քսան կամ յիսուն տարիներուն համար ունի՞նք համազգային ծրագիր մը, որ վեր ըլլայ մեր այս կամ այն ձեւի մրցակցութիւններէն, նոյնիսկ տարբեր ձեւերով կը ձգտի՞նք այդ ծրագրի կէտ առ կէտ իրականացման, որուն մասնակցինք մեր տարբերութիւններով: Այս ծրագիրը հայը ինք պիտի մշակէ, ոչ անոնք, որոնց դռները ափ կ՛առնենք փշրանքներու համար:
Ժամանակակիցներս պէտք է պատասխանենք պարզ հարցումի մը. այսօր ունի՞նք պայքարին համար ներդրուելիք բաւարար ուժ: Պիտի կարենա՞նք յառաջացնել «ղեկավարում» մը, որ ներազգային համախոհութեան մը վրայ հիմնուելով` առաջնորդէ ազգը որպէս մէկ, իրականացնելու համար Արեւմտահայաստանի ազատագրութիւնը եւ Հայաստաններու միացումը:
Այս հարցումներուն մասին խորհելէ առաջ պիտի հասկնանք, որ արագօրէն փոխուող եւ զարգացող աշխարհին մէջ, ուր ուժերը կ՛աճին մեծ համեմատութիւններով եւ արագութեամբ, անոնք զգացումներով եւ բարոյախօսութեամբ չեն առաջնորդուիր: Ինչպիսի հեռանկարներով եւ հեղինակութեամբ ղեկավարութիւն մը պէտք է քաղաքական-գաղափարախօսական տեղքայլին վերջ տալու համար:
Բ.- Արեւմտահայաստանի Ազատագրութիւնը Անջատել
Քաղաքական Երկրորդական Խնդիրներէ
Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, Լոզանի անարգ դաշնագրով, «Արեւելեան հարց»-ին (Question d՛Orient) մաս կազմող Արեւմտահայաստանը դադրեցուցին քաղաքական հիմնահարց ըլլալէ: Պատերազմի ընթացքին տրուած խոստումները «յոյսեր» ներշնչած էին, որոնք մարեցան ամբողջ գիշերը սրբապատկերի մը առջեւ մնացած մոմի լոյսին պէս: Թէեւ այդ մոմի լոյսի յիշատակով դեռ ջերմացող, մաշած դիմագիծով նախկին գաղթականներ կան, որոնք կը կարծեն ազգ առաջնորդել` բազմալեզու խօսքերու գինովութեան անձնատուր ըլլալով:
Հայ ժողովուրդը, իր զանազան տկարացումներով եւ գործնապաշտութիւններով, մոռցաւ, որ Արեւմտահայաստանի այս կամ այն ձեւով բեկոր Կիլիկիան, ուր պետութիւն կազմակերպելու խարխափումներ եղան, այսօր «Հայոց ցեղասպանութեան» ճանաչման յուզիչ նախաձեռնութիւններով բեմի վրայ գտնուող Ֆրանսան լքեց եւ յանձնեց ցեղասպանութիւն եւ հայրենահանում գործած Թուրքիոյ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յաջորդական իշխանութիւնները տէր չեղան իրենց նախագահ Վուտրօ Վիլսոնին ստանձնած իրաւարարական վճիռին: Ի՞նչ բանի կը ծառայէ Ցեղասպանութեան ճանաչման աղմուկը, եթէ նոյն Ֆրանսան քաջութիւնը չունենայ հայութեան նկատմամբ իր գործած սխալը ընդունելու եւ ի հարկին սրբագրելու նախաձեռնութեամբ հրապարակ գալու: Կամ Ամերիկան սեղանի վրայ չդնէ իր նախագահին վճիռը: Նման հարցադրում սփիւռքեան եւ հայաստանեան հոգեբանութեան հետ անյարիր է:
Ցեղասպանութեան «ճանաչումներ»-ու աղմուկը Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատը չի՞ շեղեցներ իր նպատակէն: Հարցում էր:
«Դաշնակիցներ»-ուն համար բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանը դադրեցաւ քաղաքական խնդիր ըլլալէ, երբ անոնք անկարող եղան Սեւրի դաշնագիրը գործադրելու համար քաղաքական կամք ունենալէ: Այդ վերաբերումը բնական էր պատերազմը աւարտած «դաշնակիցներ»-ու շահերու տեսանկիւնէն: Մենք ալ, ազգովին, երէկ եւ այսօր, Ցեղասպանութեան ճանաչման հասնելիք տեղ չունեցող զբօսաշրջային եւ մխիթարութեան ծէսի ճամբու մը վրայ դրինք մենք մեզ եւ այդպէս ալ կը շարունակենք: Եթէ համայն աշխարհ, ներառեալ` Թուրքիան, հրաշիւք իմն յայտարարէ, որ հայոց դէմ ցեղասպանութիւն գործուած է, հայոց ո՞ր իրաւունքը պիտի վերականգնի:
Իսկ մեր ժողովուրդը, ինքնագոհութեամբ, մտած է մեզ իրաւազրկողներու եւ անոնց մեղսակիցներու նուագած կշռոյթով պարին մէջ` յուզելով դեռ յուզուելու տրամադիր եւ սոսկ այդքանով բաւարարուելու պատրաստ զանգուածները եւ անոնց թաշկինակ ճօճող պարկոթները: Պարի մը տեւողութեամբ չանհանգստացնող բեմադրութիւն, զոր ոմանք կը կոչեն քաղաքականութիւն, ազգի լինելութեան տեսանկիւնէ` անբովանդակ, որուն ենթահող կը համարուի «յաւերժական սփիւռքը», որ այսօր դեռ ազգի բեկոր է, բայց վա՞ղը…
Ի՞նչ բան պէտք է ազգին: Ի՞նչ բան կ՛ուզեն այսօր հարիւր տարիէ ի վեր գաղթական դարձած եւ այդ վիճակին վարժուած ազգի անդամները, ի՞նչ կ՛ուզեն հայրենիք լքող նոր գաղթականութիւն դարձող ամբոխները: Իրապէս բան մը կ՛ուզե՞ն բառային պղպջակներէ անդին: Պատրա՞ստ են «հայրենատիրութեան» յանձնառութեան, որ կիսամիջոցներով չ՛ապրիր: Ան ուրիշներու զոհողութեան գինովութեամբ չբաւարարուող յանձնառութիւն է:
Հայաստանի վերանկախացումը եւ Արցախի հայկական հանրապետութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին մէջ հանգրուաննե՞ր, թէ՞ վերջնական կայան: Հայ քաղաքական միտքը այս յստակացումը պէտք է ընէ: Պա՛րզ. Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռքներ Հայաստաններու միացման խնդիր ունի՞ն, թէ՞ չունին: Այսինքն հայոց հայրենիքի վերակառուցման մէջ Արեւմտահայաստան կա՞յ, թէ՞ չկայ: Ցեղասպանութեան ճանաչումները անվաղորդայն իրարանցումներ են, ներազգային ակնթարթային միութիւն ստեղծելու կոչուած, բայց ազգի քաղաքականութեան տեսանկիւնէ ոչ մէկ ձեւով ապագայակերտ են: Ապագայակերտ է Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան համար մղուած-մղուող-մղուելիք պայքարը: Տարբեր ձեւով, հակաապագայակերտ է այդ պայքարէն հրաժարումը` թաքնուելով համաշխարհայնացման ստեղծած անյաղթահարելի համարուող արգելքներու ետին:
Այսօր Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատ չի հետապնդուիր: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իր կալուածներու տիրանալու առաջադրանքով յարուցած դատը, հողային պահանջը հայ եւ միջազգային կարծիքին համար օրակարգ դարձնելու նախաձեռնութիւն մըն է, Դաւիթը Գողիաթի դէմ, եւ Գողիաթը միայն Թուրքիան չէ:
Փաստ է նաեւ, որ յաջորդական եւ շարունակուող տեղատուութիւններով հայ մարդոց դաստիարակութենէն, երազներէն, առօրեայէն դուրս է Արեւմտահայաստանի դատը: «Ճանաչումներ»-ու շարքին, փաստահաւաք եւ յուշագրութիւններ խօսքի եւ թուղթի սպառում են: Հիները կը մոռնան Արեւմտահայաստանի տիրութիւնը, նորերը չեն գիտեր եւ չեն սորվիր: Բացառութիւնները կը նմանին խոպան արտի մէջ ծաղկած հրաշք կակաչի:
Կրնա՞յ պատահիլ, որ հայերը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, հայրենատիրական շրջադարձ ունենան` յաղթահարելով ամէն կարգի լքումները, հրաժարումները, գործնապաշտութիւնները, մանր փառասիրութիւնները եւ անոնց հետեւող ուրացումները:
Հայրենատիրութեան յանձնառութիւնը պատասխանն է ուրացումներու:
Հայրենատիրութիւնը կ՛արտայայտուի արտագաղթի անբարոյութեան կասեցումով եւ սփիւռքները վերջնական համարելու ախտավարակ հոգեբանութեան քանդումով եւ հայրենադարձութեամբ:
Այս ընելու համար հոգեբարոյական յեղափոխութիւն մը պէտք է` ընդդէմ «մենք ալ լաւ ապրելու իրաւունք ունինք»-ի: Այդ յեղափոխութիւնը թաղի նպարավաճառը պիտի չիրականացնէ, այլ` Խորենացիի դպրոցը յաճախած վաւերական ղեկավարութիւնը:
Գ.- Արեւմտահայաստանը` Շրջանային Բարդութեան Մաս
Արեւմտահայաստան մաս կը կազմէ շրջանային բարդ խնդրի մը, որ յառաջացած է թուրք-թաթար-մոնկոլական ներխուժման պատճառով ստեղծուած Օսմանեան կայսրութեան, որ պատմական, մշակութային եւ ցեղային ոչ մէկ հիմք ունի, ոչ մէկ բանի շարունակութիւն էր, բիրտ ուժի վրայ հիմնուած եւ արիւնահեղութիւններով ու անարդարութիւններով ոտքի մնացած: Հակառակ յաջորդական պատերազմներու եւ ըմբոստութիւններու, խորհրդաժողովներու եւ որոշումներու` դարեր տեւած թնճուկը չէ լուծուած: Այսօր ալ ան գոյութիւն ունի:
Ազգայնամոլական-կրօնական հիմերու վրայ շարունակուող պետութիւն մը կը տեւէ ասորիներու, յոյներու, քիւրտերու, հայերու եւ արաբներու գողօնին ու թողօնին վրայ: Ժամանակակից իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ Թուրքիան դեռ կը փայփայէ «կայսրութիւն» դառնալու ցանկութիւններ` դրացի երկիրներու հաշուոյն ընդարձակուելու համար, ձեռք բերելու համար նաւթահանքեր: Դէպի արեւմուտք ընդարձակուելու իր քաղաքականութեան արդիւնք է Կիպրոսի մէջ ստեղծուած «թրքական պետութիւնը», ներխուժած քառասուն հազար թուրք զինուորներու ներկայութեամբ: Միաժամանակ, ձգտելով Եւրոմիութեան անդամութեան, Թուրքիան կը հետապնդէ Եւրոպայի տիրելու օսմանեան երազը, երազ, որ կանգ առած էր Վիեննայի դռներուն առջեւ, 14 յուլիս 1683-ին: Թուրքիան այդ քաղաքականութիւնը հետապնդեց Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս շրջանի ապակայունացման նպաստելով, չյայտարարուած, բայց գաղտնիք չեղող մեղսակցութեամբ «Իսլամական պետութեան», անոր գրաւած շրջաններէն հում նաւթի արտածումը դիւրացնելով եւ զէնք տրամադրելով:
Թուրքիան մեծապետական քաղաքականութիւն կը վարէ իր սովորական պատեհապաշտութեամբ` իր սահմանները ընդարձակելու համար: Գաղտնիք չէ ոեւէ մէկուն համար:
Իսկ Ռուսիան եւ Արեւմուտքը օր մը իրենք զիրենք պիտի գտնեն պատմութեան կրկնուող դիպաշարի մը առջեւ` իրենց յաջորդական բարեմիտ ընկրկումներուն պատճառով, ինչպէս այդ տեղի ունեցաւ Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակին, նացիական Գերմանիոյ հետ: Եթէ այս բաղդատութիւնը համեստօրէն կրնանք ընել մենք, անկասկած կրնան ընել, կ՛ընեն, քաղաքականութեան եւ ռազմավարական հաւասարակշռութիւններու մասնագէտները, որոնց երկիրներուն մէջ շատ կը խօսուի մարդասիրութեան, մարդկային իրաւանց, օրէնքի եւ ժողովրդավարութեան մասին: Զարմանք կը պատճառէ այն, որ Թուրքիան եւ միւսները քաղաքական խաղին չեն մասնակցիր նոյն կանոններով եւ խաղադաշտին մէջ իրարանցում կ՛ըլլայ:
Թրքական պատեհապաշտութեան նորագոյն օրինակը քիւրտերու դէմ շղթայազերծուած պատերազմն է` «Իսլամական պետութեան» դէմ կռուելու թափանցիկ պատրուակով:
Միշտ կը զարմանամ, որ ինչո՞ւ միջազգային համաժողով մը չեն գումարեր Թուրքիոյ կողմէ իրաւազրկուած եւ ճնշուած ժողովուրդները` հասարակաց դիրքորոշում մը ունենալու եւ միջազգայնացնելու համար իրենց հարցը, որ մասնակի չէ, շրջանային է, հետեւաբար կը հետաքրքրէ միջազգային հաւասարակշռութիւնը եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը: Այդ համաժողովը պիտի չգումարեն «մեծ»-երը:
Իր կայսերական ձգտումներու իրականացման համար Թուրքիան միջոցներու միջեւ խտրութիւն չէ դրած, անոնք կրօնական, ցեղային եւ լեզուական են` Եւրոպայէն մինչեւ Կովկաս, Կեդրոնական եւ Ծայրագոյն Ասիա:
Միշտ պէտք է յիշել նախկին նախագահներէն Սուլէյման Տեմիրելի անկեղծութեան պահու մը ըսած խօսքը, որ` Թուրքիան կը տարածուի Ատրիական ծովէն մինչեւ Չինաստան: Երբեմն կացութիւնները այնքան լաւ կը բացատրուին քարտէսներով, նոյնիսկ երբ սպայակոյտի մը ռազմական կանաչ սեղանին առջեւ չենք բոլորուած:
Այդ անծայրածիր ցանկացուած Թուրքիոյ մէջ ինչպէ՞ս յայտնուած են Ս. Սոֆիա տաճարը եւ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին:
Իրենք զիրենք աշխարհի իրաւարարութեան կոչած «մեծեր»-ը կը պատասխանե՞ն այս հարցումին:
Դ.- Թուրքիոյ Ճնշած Եւ Անիրաւած Ժողովուրդները
Միացեալ Ճակատ Կրնա՞ն Ստեղծել
Թուրքիոյ նորօսմանական վարչակարգը հակամարտութեան մէջ է ոչ միայն իր կողմէ ճնշուած եւ անիրաւուած ժողովուրդներուն հետ, այլ նաեւ` իր բնակչութեան յառաջադէմ ուժերուն հետ: Կացութեան փտախտը կը բացատրուի իշխանութեան կեդրոնացումով եւ ազատութիւններու աստիճանական վերացումով, որոնք ենթադրել կու տան մոլեռանդութեան եւ ոճիրներու վրայ հիմնուած համակարգի հաւանական փլուզումը:
Թուրքիան ստիպուած պիտի ըլլայ առերեսուիլ իր կողմէ անիրաւուած եւ ճնշուած ժողովուրդներուն եւ իր լուսամիտ մտաւորականութեան հետ: Իր խաղքութիւնները այլեւս գաղտնիք չեն նաեւ անոնց համար, որոնք «Պաղ պատերազմ»-ի օրերուն կը հանդուրժէին զանոնք, զինք կը պահէին զիջումներով եւ առատաձեռնութիւններով: Ժամանակները հասունցած են: Իրաւ բանաստեղծները մարգարէներու պէս յայտնատես են: Այս օրերուն պէտք է յիշել Վահան Թէքէեանի տողերը.
«Պիտի իյնաս, կ՛իյնաս ա՛լ… Բայց որպէսզի դեռ ճանչնաս
Քու անարգ սիրտըդ ծակող մեծագոյն ցաւը վերջին`
Պիտի զարնեն քեզ անոնք որ քեզ յաճախ փրկեցին…»
Այդ պահը դիմաւորելու համար անիրաւուածներ, իրաւազրկուածներ եւ ճնշուածներ պիտի կարենա՞ն միացեալ ճակատ կազմել` յաղթահարելով իրենց ժամանակավրէպ քէները, օրին չարիքի աղբիւր եղած ազգայնամոլութիւնները եւ մրցակցութիւնները, ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքներ ձեռք բերելու համար, այլ` վերջ տալու համար դարերէ ի վեր տեւող անարդարութիւններու:
Ո՞վ կամ որո՞նք պիտի նախաձեռնեն:
Հայաստան փաստով ցոյց տուած է, որ համագործակցութեան հաստատումը կարելի է: Քիւրտերը Հայաստանի մէջ է միայն, որ կրցած են պետական նպաստով զարգացնել իրենց մշակոյթը, իրենց լեզուով թերթ հրատարակել: Նոյնը կարելի պէտք է ըլլայ շրջանի ժողովուրդներուն միջեւ` ստեղծելով համագործակցութիւն եւ վստահութեան մթնոլորտ, երկխօսութեամբ, նպատակ ունենալով բոլորին բարօրութիւնը, պատմութեան ընթացքին գործուած սխալները միասնաբար սրբագրելու առաջադրանքով:
Անցեալին արդարութիւն հաստատելու ձգտումով դաշնագրեր ստորագրած երկիրները, նաեւ` Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, բարդութիւններու կծիկ դարձած արեւելքի մէջ խաղաղութիւն կրնան հաստատել, այս անգամ ոչ թէ թնդանօթներու ետին կանգնելով, այլ` իրենց իսկ կողմէ հոլովուած մարդասիրական սկզբունքներուն անկեղծ եւ անաչառ կերպով հետեւելով:
Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան հարցը պէտք է հետապնդել շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն ստեղծելու նախաձեռնութիւններով, որ անմիջականէն տարբեր հեռանկարային ղեկավարում կը պահանջէ:
Ժողովուրդները կը հետեւին արդար եւ հեռանկարային քաղաքականութեան մը, եթէ վստահութիւն ներշնչուի` նպատակ ունենալով ժողովուրդներու բարօրութիւնը, զարգացումը, ազատութիւնը եւ խաղաղութիւնը:
Եթէ այս վստահութիւնը ստեղծող ղեկավարում մը չյառաջանայ, քաղաքական աւազակութիւնը պիտի շարունակուի, եւ ժողովուրդները պիտի վճարեն անոր գինը:
Քիւրտին, հայուն, յոյնին, ասորիին, արաբին եւ թուրքին համար տարբեր քաղաքականութիւն մը անկարելի չէ: Անոր հետեւող, իրենց անձէն անդին տեսնող անշահախնդիր եւ հեղինակութիւն ունեցող պատմական դէմք եւ դէմքեր կը փնտռուին:
Նաեւ` զանոնք լսող ժողովուրդներ, որոնք կը մերժեն կատարուած իրողութիւն համարել չարիքները:
3 յունուար 2017, Նուազի-լը-Կրան