Սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը թէեւ իր ճակատագիրին բերումով տարտղնուած է, բայց հնարաւորութիւն ունի հայ կեանքին շուրջ բոլորուելու, հոգեպէս միանալու հայութեան մեծ ընտանիքին, իր հայատրոփ սրտին ու խորազնին կշռադատութեան անսալով` տագնապելու ազգային հարցերով, իր կարծիքն ու տեսակէտը արտայայտելու:
Մամուլը եւ յատկապէս հասարակական ցանցերը կարծիքներու փոխանակման անպարագիծ դաշտ յառաջացուցած են, միաժամանակ սակայն` վերածուած անհակակշռելի բեմի, ուր մերթ ընդ մերթ կարծիքներու փոխանակումը կը վերածուի տնավարի խօսակցութեան, անմակարդակ լեզուակռիւի, զգացական պոռթկումներու, ուր կը բացակային պատասխանատու, իմաստուն խօսքը, փոխադարձ յարգանքը, տրամաբանութիւնը:
Ակնկալելի է ցեխարձակումն ու կառուցողական քննադատութիւնը զանազանել իրարմէ, նոյնիսկ` հասարակական ցանցերուն վրայ: Յատկապէս երբ երիտասարդութիւնը մեզ կը լսէ, մեզի կը դիմէ:
Մամուլին նպատակը նոյնանման կարծիք ունեցողներու հարթակ դառնալ չէ, այլ` բոլոր անոնց, որոնք կ՛արտայայտուին յօգուտ մեր հաւաքական շահերուն, կը զգան, կը մտածեն ու մանաւանդ կը գործեն հայաբար:
Հայաբար կը գործեն երբեմն ապրելով հանդերձ հայրենիքէն հեռու, ոմանք` իրենց կեանքը նուիրելով հայրենիքին, ուրիշներ, իրենց գրիչը, մասնագիտութիւնը, նիւթական հնարաւորութիւնները ծառայեցնելով հայրենիքին:
Հայաբար կը գործեն երբեմն ապրելով պատերազմական պայմաններու մէջ, իրենց մորթին վրայ կրելով պատերազմի ողջ արհաւիրքը ու մերթ ընդ մերթ հիասթափութիւն ապրելով:
Ու այս բոլորը լուսարձակի տակ պիտի բերէ հայ մամուլը` համախմբելու երիտասարդ ուժերը, ծանօթացումի եւ հեղինակաւոր կարծիքներու շինիչ փոխանակումի բեմ դառնալու ու մանաւանդ` երիտասարդ մեր ներուժի ուղղորդումին ծառայելու: Իսկ երիտասարդ մեր տարրը պարտի պահել ազատութեան, իրերու եւ հոլովոյթներու անկաշկանդ, բայց լայնախոհ քննարկումի այն սկզբունքներն ու աւանդութիւնները, որոնք հարցերուն լուծումներ պիտի առաջադրեն ու հաւաքական մեր շահերու պահպանման պիտի ծառայեն` հեռու կարծրատիպերէ եւ մեր արժէքները նսեմացնող փորձերէ:
Մամուլը չորրորդ իշխանութիւն է նաեւ, որուն հետեւող աչքէն պէտք է զգաստանայ իւրաքանչիւր հասարակական գործիչ եւ հաշուետու զգայ իր արտասանած իւրաքանչիւր խօսքին ու գործին համար:
Որպէս լրագրողներ, հրապարակագիրներ, կոչուած ենք ինքնուրոյն ոճով հասարակութեան լուսաբանումի եւ հարցերու քննարկումի մեր հարթակը որակաւորելու: Այստեղ կարեւոր է կառուցողական քննադատութիւնը, սակայն մեր տեղեկատուական քաղաքականութեան նշաձողը պէտք է պահել բարձր մակարդակի վրայ` մեկնակէտ ունենալով ազգային մեր արժեհամակարգը, յեղափոխականի մեր դաւանանքը:
«Գ.»