Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17368

Մեր Խօսքը. Յեղաշրջման Ուղիով

$
0
0

Դաշնակցութեան ընտանիքին մաս կազմելը պատիւ է իւրաքանչիւր մարդու համար, որ որոշած է նուիրուիլ այն կուսակցութեան, որ տուած է Մանուկեաններ ու Խատիսեաններ, Թեհլիրեաններ ու Երկանեաններ, Պետոներ ու Մհերներ:

Եւ այս մեծ ընտանիքին անդամ ըլլալը «պատուհաս» մըն է իւրաքանչիւր դաշնակցականի համար, որովհետեւ ան ճշմարիտ շառաւիղը պէտք է ըլլայ անոնց, որոնք այս մեծ ընտանիքը կազմեցին, հարիւրաւոր տարիներ «ստրկութենէ» ետք հայուն արժանավայել պատմութիւն կերտեցին, չարչարուեցան ու տառապեցան բանտերուն մէջ` Ամերիկաներէն մինչեւ Պերլին, Պոլիսէն մինչեւ Պաքու, գաղութներ կազմակերպեցին հոն, ուր հայ կայ, դպրոցներ հիմնեցին, գործիչներ դարձան, մանկավարժներ եղան, կամաւոր դարձան ու ինկան Ղարաբաղի ազատագրման ճամբուն վրայ:

Այս ընտանիքին մաս կազմելը այդ պատճառով ալ բեռն ու պարտքն է իւրաքանչիւր դաշնակցականի, որ կենդանի է այսօր: Ակնկալութիւններ, որոնք մեր բոլորէն մեծ են ու վսեմ եւ բեռցուած են իւրաքանչիւր դաշնակցականի ճիտին վրայ:

Սակայն հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ` արդեօք բոլոր դաշնակցականները այն օրինակելի շառաւիղնե՞րն են Զաւարեաններու, Վրացեաններու կամ Կանայեաններու: Արդեօք վատ դաշնակցականներ չկա՞ն:

Պատասխանը պարզ է ու յստակ: Չկան վատ դաշնակցականներ, եւ չեն կրնար ըլլալ վատ դաշնակցականներ, որովհետեւ դաշնակցականը այն անձն է, որ արդարադատ է ու ազգասէր, կառչած կը մնայ ընկերային արժէքներու, կը հաւատայ մարդու եւ իրաւունքներու հաւասարութեան, է պահանջատէր ու ըմբոստ եւ չի կրնար անշարժ կամ լուռ մնալ վերոնշեալներուն խախտման դիմաց:

Այս յատկանիշերը իրենց անհատական իրավիճակին մէջ ազնուական են, սակայն բաւարար չեն դաշնակցականին համար: Դաշնակցականը այդ ԲՈԼՈՐԻՆ մարմնացումն է եւ ոչ ատոնցմէ քանի մը հատին ընտրուած:

Ծայրայեղն ու մոլեռանդը դաշնակցական չեն, այլ միայն` սկզբունքայինն ու չափաւորը:

Չկան խաբեբայ դաշնակցականներ, ինչպէս որ չկան վատ նկարագիրով դաշնակցականներ: Այն անձը, որ կը ձեւացնէ ունենալ վերոնշեալ յատկանիշերը, դաշնակցական չէ, այլ` «շարլաթան» մը, որ կը փորձէ կրել դաշնակցականի զուլալ դիմակը, որպէսզի վարկի «տէր» դառնայ: Այդ տեսակներով չէ՛ Դաշնակցութիւնը, ո՛չ ալ դաշնակցականը:

Ի դէպ, Դաշնակցութիւնը կենցաղ է, իսկ դաշնակցականը` վեհանձն նկարագիր. նենգը դաշնակցական չէ, այլ միայն` բարոյականն ու լաւը:

Դաշնակցութիւնը պերճանք չէ՛, այլ  արժանիք է ու հարստութիւն:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17368

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>