Հ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ
«Եւ դո՛ւք, երիտասարդնե՛ր, միշտ եւ ամէն տեղ վսեմ գաղափարների պաշտպաններ, միացէ՛ք ժողովրդի հետ»: Այսպէս կը թելադրէ 1890-ի ՀՅԴ «Մանիֆեստ»-ը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր ծննդեան առաջին օրէն իսկ, իր անդրանիկ հրատարակութեամբ, յատուկ կարեւորութիւն կու տայ երիտասարդութեան եւ գաղափարականութեան: Իսկ հոլովոյթը այն է, որ երիտասարդութիւնը ո՛չ միայն ինք գաղափարական պիտի ըլլայ, այլ նաեւ` այդ գաղափարներուն դրօշակիրը եւ պիտի պաշտպանէ այդ սկզբունքները:
Այս թելադրանքէն մեկնած` դաշնակցական երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը իրենց հիմնադիր սերունդէն կտակ ունին տէր կանգնելու կուսակցութեան գաղափարական սիւներուն: Վսեմ գաղափարներ, որոնց հիմերուն վրայ ծնունդ առաւ Դաշնակցութիւնը: Չորս գաղափարական սիւներ, որոնք կազմեցին հայ աշխարհի անկիւնադարձային պահը:Եւ հոս է այս կուսակցութեան գաղտնիքը` առաջնորդուիլ գաղափարներով, ոչ թէ անձերով: Որոշումներ տալ սկզբունքային հիմերով, ոչ թէ` անձնական հաշիւներով:
Ինքզինք յարգող կուսակցութիւն մը միշտ ալ առաջնորդուած է իր սկզբունքներով եւ գաղափարաբանութեամբ: Այդպէս է ՀՅ Դաշնակցութիւնը:Այդպէս եղած է նաեւ պատմութեան ամէնէն դժուար պահերուն իսկ: Այսօր ոմանց համար այդ գաղափարները յաճախ «աւանդական» կրնան թուիլ եւ կամ` գեղեցիկ բառեր, սակայն` անիրագործելի: Բայց այդպէս չէ: Կուսակցութեան գաղափարաբանութիւնը կուսակցութեան կորիզն է, առանց որուն` կուսակցութիւնը կը դադրի ըլլալէ ժողովուրդին պաշտած կուսակցութիւնը:
Հակիրճ ձեւով անդրադառնանք ՀՅԴ-ի գաղափարական սիւներուն:
Առաջին սիւնը կը հանդիսանայ կուսակցութեան Ազգային դիմագիծը: Ազգը, ազգին շահերը, հաւաքականութիւնը, հայրենիքը, մշակոյթը, լեզուն, հողը, Հայ դատը, հայապահպանումը կը մնան մեր գործունէութեան հիմնաքարերը: Բայց եւ այնպէս, պէտք չէ շփոթել ազգայինի եւ ազգայնականի միջեւ: Ծայրայեղութեան երթալը կը խաթարէ մեր էութիւնը: Դաշնակցութիւնը կը տարբերի ուրիշ կուսակցութիւններէ, որովհետեւ կը պահէ, կը պահպանէ ազգայինը` առանց զայն գերադաս սեպելու ուրիշ ազգերէ: Ազգայնական եւ ֆաշական հակումներ չունի եւ պէտք չէ ունենայ դաշնակցականը: Բոլոր ազգերը իրաւունք ունին ապրելու եւ գոյատեւելու:
Ժողովրդավարութիւնը` որպէս երկրորդ գաղափարական սիւն, մեզի կը թելադրէ, որ մենատէրեր եւ բռնատէրեր տեղ չունին այս կուսակցութեան մէջ: Ժողովուրդը ի՛նք կը ղեկավարէ այս կուսակցութիւնը: Շարքայինները կու գան ժողովուրդէն եւ կուսակցական հաւաքանութիւնը մը կազմելով, կուսակցութեան ճամբով, կը ծառայեն ամբողջ ազգին: Կուսակցութիւնը կը հաւատայ, որ անհատը ազատ է եւ իրաւունք ունի մասնակից դառնալու ղեկավարութեան կազմութեան եւ աշխատանքին: Դաշնակցութեան մէջ չկան մեծ կամ պզտիկ ընկերներ, կան միայն դաշնակցական ընկերներ, որոնք համահաւասար են եւ բոլորը, անխտիր, կանոնագիրին ենթակայ: Ոչ մէկը իրաւունք ունի կանոնագիրին հակադրուելու կամ զայն շրջանցելու, որքան որ երէց կամ պատասխանատու դիրքի վրայ ըլլայ ան: Հակառակ անոր որ ընտրութիւններու երեւոյթը առանձինն բաւարար չէ ժողովրդավարութիւն յայտարարելու, բայց պէտք է նշել, որ բոլոր անդամագրեալները հաւասար քուէի իրաւունք ունին:Այսուամենայնիւ, միշտ տեղ կայ ալ աւելի ժողովրդավարացման եւ տարբերող ձայներու նկատմամբ ներարական մօտեցումի:
ՀՅ Դաշնակցութեան համար նոյնքան կարեւոր է ընկերվարական համակարգը: Այս կուսակցութիւնը, որեւէ կուսակցական մարմինէ մը աւելի, մշակին եւ բանուորին կուսակցութիւնն է: Այսպէս կը թելադրէ նաեւ նոյնինքն կուսակցութեան քայլերգը: Որպէս քաղաքական կուսակցութիւն` Դաշնակցութիւնը կը ձգտի անհատին ազատութիւնը ապահովել ամէն տեսակի, ներառեալ աշխատանքի եւ տնտեսական, բռնատիրութենէ: Դաշնակցութիւնը աշխատաւորին շահագործման դէմ է, ոչ թէ անհատի մը տրամաբանական սեփականատիրութեան իրաւունքին:
Դաշնակցութեան յեղափոխական դիմագիծը միայն զէնք-զինամթերք եւ զինեալ պայքար չի նշանակեր: Անոնք մէկ կարեւոր մասնիկն են մեր էութեան եւ պատմութեան: Բայց եւ այնպէս մեր յեղափոխական դիմագիծը նաեւ կ’ենթադրէ յեղափոխական ըլլալ ոչ ռազմական դիրքերու վրայ ալ: Այս մէկը կ’իրականանայ յեղափոխաշունչ շարքեր ունենալով: Յեղափոխաշունչ մտայնութեամբ, նորութիւններով, սխալին դէմ ըմբոստութեամբ, տկարին ձեռք երկարելով, բարոյականի գերադասութեամբ եւ ամէնէն դժուար պահուն իսկ սկզբունքային ըլլալով: Դաշնակցական երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը բոլորէն առաջ իրենք պէտք է ըլլան յեղափոխաշունչ, յանդուգն, խիզախ, համարձակ, ճիշդը սխալէն զանազանող եւ տրամադրութիւններ յառաջացնող ներքին թէ արտաքին ճակատի վրայ:
Այս չորս սիւներու կողքին, Դաշնակցութիւնը ունի շարք մը գրաւոր եւ անգիր սկզբունքեր, որոնք նոյնքան կենսական են դաշնակցականի մը կազմաւորման: Անոնց կարգին են ընկերասիրութիւնը, համեստութիւնը, հաւասարութիւնը, կարգապահութիւնը, գաղտնապահութիւնը, հաշուետու-հաշուեյարդարի սկզբունքը, ապակեդրոնացումը եւ ուրիշ շարք մը դաշնակցական եւ համամարդկային արժէքներ:
Ո՞վ պիտի ըլլայ այս վսեմ գաղափարներու պաշտպանողը եւ կենդանի պահողը եթէ ոչ երիտասարդական եւ ուսանողական միաւորները: Այս գաղափարներու պահպանման կողքին, յառաջդիմական ըլլալը հրամայական է: Յառաջդիմական ըլլալ չի նշանակեր որեւէ սկզբունքէ զիջիլ, այլ` քայլ պահել տուեալ ժամանակաշրջանի պայմաններուն եւ կարիքներուն հետ: Բոլորին պարտականութիւնն է 19-րդ դարու հիմնուած կուսակցութիւնը 21-րդ դարու կուսակցութեան վերածել, սակայն` պահելով էութիւնը եւ տեսլականը: Պէտք չէ վախնալ յառաջդիմական ըլլալէ, փոփոխութիւններ առաջարկելէ, տարբեր տեսակի փոքրամասնութիւններու եւ ճնշուածներու զօրակցելէ, կիներու իրաւունքներու ջահակիր ըլլալէ եւ, ըստ կարիքի, նոր գործելաոճ որդեգրելէ, մինչեւ այն ատեն որ մեր բոլոր քայլերը համերաշխ են մեր կուսակցութեան գաղափարաբանութեան եւ հիմնադիրներու ճշդած սկզբունքներուն հետ: