Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17368

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Յետվիրաբուժութեան Խնամք»

$
0
0

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի 11 յունուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յետվիրաբուժութեան խնամք» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց հիւանդապահ Վիքի Հերկելեան:

Առողջապահական յանձնախումբին ատենապետ Սիրուն Վարդապետեան բացատրեց, որ առողջութիւնը իւրաքանչիւրիս պիտի ընկերանայ մինչեւ մահ: Ան դիտել տուաւ, որ առողջութիւնը կրնայ խախտիլ, վատթարանալ, ուստի պէտք է դիմել երկու գլխաւոր ուղղութեան`  դեղորայքի օգտագործում կամ  վիրաբուժական գործողութիւն:

Առաջինին պարագային, դեղերուն կանոնաւորութեամբ ու հերթականութեամբ հետեւելով կարելի է բարելաւել առողջութիւնը: Երկրորդին պարագային, վիրահատութեան ընթացքին եւ անկէ ետք խնամքի բաժինով, որուն կը վերաբերի օրուան դասախօսութիւնը:

Հիւանդապահ Վիքի Հերկելեան դասախօսութեան սկսաւ` բացատրելով, որ բոլորս ալ վիրահատութեան ենթարկուած ենք եւ առաւել կամ նուազ չափով ծանօթ ենք ընթացքին ու մանրամասնութիւններուն` աւելցնելով, որ անիկա ունի իր պատրաստութեան բաժինը, վիրահատական ընթացքն ու անոր յաջորդող խնամքը:

Ան բացատրեց վիրաբուժական գործողութեան պատրաստութեան ընթացքին մասին, ուր բժիշկը կը յանձնարարէ կատարել զանազան ախտաճանաչման քննութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են նախքան վիրաբուժութեան հանգրուանները: Հիւանդը նաեւ կը հանդիպի բժիշկին, որ անհրաժեշտ բոլոր տեղեկութիւնները կ՛առնէ եւ հիւանդը կը պատրաստէ վիրաբուժութեան փուլերուն: Այս բաժինով դասախօսը յիշեց քաղցկեղի պարագան,  երբ անհատը անհրաժեշտ է տեղեակ պահել, պատրաստել, որպէսզի ան ամենայն գիտակցութեամբ գործակցի ու նպաստէ բուժման ընթացքին:

Հիւանդապահը մանրամասնօրէն բացատրեց, թէ գործողութեան ընթացքին ի՛նչ պէտք է ըլլայ խնդրոյ առարկայ անձին գործակցութեան բաժինը, յատկապէս երբ բժիշկը ժամանակաւորապէս դադրեցուցած կ՛ըլլայ դեղորայքը: Անհատը պէտք է քաջատեղեակ ըլլայ դեղերու գործածութեան ամբողջ ընթացքին մասին: Այս բաժինով Վիքի Հերկելեան մանրամասնօրէն բացատրեց յետվիրաբուժական խնամքի մասին` նշելով, որ զգայազրկիչ դեղի ազդեցութիւնը ու անկէ արթննալը կախեալ է օգտագործուած զգայազրկիչ դեղին քանակէն: Այս բաժինի մէջ նաեւ անհրաժեշտ է իրազեկ ըլլալ, թէ անհատը կը տառապի՞ որեւէ գերզգայնութենէ: Այս հանգրուանին նաեւ անհրաժեշտ է հետեւիլ ընդհանուր ցաւերու, սրտխառնուքի, մարմնի զանազան շարժումներուն, ձեռքերու, ոտքերու, ինչպէս նաեւ հոգեբանական ազդակին:

Վիրաբուժութենէ ետք խնամքը կը շարունակուի նաեւ տան մէջ: Այս փուլին անհրաժեշտ է ճշգրտօրէն հետեւիլ բժիշկի թելադրանքներուն, դեղերուն օգտագործումը ըլլայ կանոնաւոր ու հետեւողական: Զգուշութեամբ հետեւիլ որեւէ բարդութեան, որ կրնայ ծագիլ: Յաճախ վիրաբուժութենէ ետք բժիշկը կը յանձնարարէ մարձումի հետեւելու ժամանակամիջոց մը, որպէսզի անհատը վերադառնայ իր բնական կեանքին:

Իբրեւ եզրակացութիւն` հիւանդապահուհին թելադրեց.

ա.- Անպայման շարունակաբար հետեւիլ հիւանդին բուժման ընթացքին` նուազեցնելու համար բարդութիւններու հաւանականութիւնը վիրաբուժական գործողութենէն ետք,
բ.- Նախքան հիւանդանոցէն մեկնիլը` բաւարար տեղեկութիւններ ունենալ խնամքի վերաբերեալ,
գ.- Ինչպէս նաեւ որեւէ հարցի պարագային դիմել բժիշկին:

Աւարտին Վիքի Հերկելեան զանազան բացատրութիւններով ու օրինակներով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17368

Trending Articles