ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
1995-էն առաջ, երբ տակաւին Շենկեն վիզայի դրութիւնը չէր որդեգրուած, իբրեւ զբօսաշրջիկ կամ այլ, աւելի դիւրութեամբ կը ստանայինք Յունաստան մուտքի վիզան: 1985-ին Լիւքսամպուրկի Շենկեն քաղաքին մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ տասը երկիրներէն հինգը որդեգրեցին միացեալ` Շենկեն վիզայի դրութիւնը, որուն միջոցով միայն մէկ վիզայով այս երկիրներուն միջեւ ճամբորդներուն սահմանային ստուգումները կը դիւրանային: 1995-ին այս դրութիւնը Եւրոպական Միութեան կառոյցէն անջատ կարգավիճակ ստացաւ, եւ ցարդ 26 եւրոպական երկիրներ միացած են Շենկեն վիզայի դրութեան (1):
2000-ի յունիսին միութենական գործով Յունաստան ճամբորդելու համար յատուկ Շենկեն վիզան ստացայ, որուն մէջ կ՛արձանագրուի կեցութեան սահմանուած վերջին օրը, որ պէտք է երկրէն դուրս գալ` հիմնուելով օդանաւային տոմսի տուեալներուն վրայ: Աթէնք հասնելով` օդակայանի անցագիր ստուգող պաշտօնեան հարցուց, թէ մինչեւ ե՞րբ պիտի մնայի երկրին մէջ. յայտնեցի թուականը: Պաշտօնեան ըսաւ, որ վիզայիս վաւերականութիւնը կ՛աւարտի նշած թուականէս մէկ օր առաջ, սակայն ստուգելով օդանաւային տոմսը` յայտնեց, որ սխալմունք եղած է Լիբանանի իրենց հիւպատոսութեան կողմէ, ու պէտք էր Աթէնքի մէջ համապատասխան վարչութեան մօտ վիզաս մէկ օրով երկարաձգէի: Ահաւասիկ անտեղի տաղտուկ մը եւ ժամավաճառութիւն` սեղմ յայտագիրիս մէջ:

«Ազնիւ եւ Ժիրայր Ճենազեան միջնակարգի ու «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի նախակրթարանի վերամուտ 2015-2016

ՀՄԸՄ-ի Ֆիքսի սկաուտները նոյն վարժարանի հաւաքավայր-շրջափակին մէջ 2016
Պօղոս գործը թողած` օդակայան եկած էր դիմաւորելու զիս, յայտնեցի անոր այս անսպասելի տաղտուկին մասին, սակայն ան վստահեցուց, որ դիւրաւ կարելի էր դասաւորել, ու ինք այս հարցով կարգադրութիւն կը կատարէ:
Յունաստանի մէջ ամառնային տարեկան արձակուրդը «անձեռնմխելի» իրադրութեան վերածուած է, եւ ընդհանրապէս ժողովուրդը կը ծրագրէ ու անձկութեամբ կը սպասէ տարեկան հանգիստը անցընելու կղզիներուն եւ ամարանոցներուն մէջ, նոյնն է պարագան յունահայերուն համար: Միւս կողմէ` նաեւ կար առօրեայ հանգիստի «սիեսթա» դրութիւնը` ժամը 14:00-17:00, որ այժմ խստօրէն չի կիրարկուիր. բոլոր վաճառատուները կը փակուէին եւ նոյնիսկ պանդոկներուն մէջ այդ ժամերուն ճաշի սպասարկութիւնը կը դադրէր, ու բացի մուտքի հիւրընկալ անձնակազմէն, պաշտօնէութիւնը նաեւ կը «հանգստանար»:

«Զաւարեան» Նախակրթարանի վերամուտ 2015-2016

ՀՄԸՄ-ի Քոքինիոյ սկաուտները «Զաւարեան» կեդրոնի կից դաշտին մէջ
Յունահայ գաղութը կազմաւորուած է, երբ Հայոց ցեղասպանութենէն ու 1922-ի Փոքր Ասիոյ աղէտէն բռնի տեղահանուած ու փրկուած հայութեան հատուած մը` 120 հազար հայ գաղթականներ եւ 8 հազար հայ որբեր, ապաստան կը գտնեն Յունաստան եւ քանի մը տարի ետք կը հաստատեն դպրոց, եկեղեցի եւ ակումբ: Կեցութեանս ընթացքին այցելեցի այս հայկական ազգային հաստատութիւններէն` ամառնային արձակուրդի մէջ եղող Աթէնքի կեդրոնին աւելի մօտիկ, Ֆիքս շրջանի բնակարանային թաղամասի մը մէջ գտնուող Ազգային «Ազնիւ եւ Ժիրայր Ճենազեան» միջնակարգ ու «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» նախակրթարանը, ուր կը գործէր նաեւ ՀՄԸՄ-ի Ֆիքսի մասնաճիւղը, որուն սկաուտները վարժարանի բակին մէջ հաճելի ու խանդավառ քերմես մը կազմակերպած էին: Նաեւ վարժարանէն շուրջ մէկ քմ դէպի հիւսիս-արեւմուտք գտնուող, Աթէնքի մայր պողոտաներէն Անտրէա Սիկրուի կից, 25 փետրուար 1945-ին հիմնուած «Ազատ Օր» օրաթերթի խմբագրատունը եւ այլ կառոյց, ուր կը գտնուի ՀՅԴ Յունաստանի մարմինին նստավայրը` պատկառելի սեփական շէնքին մէջ:
«Զաւարեան» կեդրոնը` ակումբ-դպրոց, հաստատուած է 1927-ին, Աթէնքէն շուրջ 6 քմ դէպի արեւմուտք գտնուող արուարձաններէն` Փիրէաս նաւահանգիստ-քաղաքի Քոքինիոյ շրջանին մէջ, ուր տարի մը ետք պաշտօնական բացման հանդիսութեամբ կը սկսի 1928-1929-ի ուսումնական տարեշրջանը: Վաթսուն տարիներու գործածութենէն ետք, 1988-ին կ՛որոշուի նոր շէնքի մը կառուցումը, որ գոհացում պիտի տար վարժարանի, մարզարանի եւ ակումբի արդիական կարիքներուն:
Այսպէս, 1992-ի վերջաւորութեան շէնքին կառուցումը կ՛աւարտի` շնորհիւ շրջանի հայութեան եւ Հայ կապոյտ խաչի նիւթաբարոյական աջակցութեան, ինչպէս նաեւ` խումբ մը ազգայիններու նուիրատուութեամբ: Այժմ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ կը գործեն Ազգային «Զաւարեան» վարժարանը, ՀՅԴ Քոքինիոյ «Մ. Վարանդեան» կոմիտէն, Քոքինիոյ Հայ կապոյտ խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղը, ՀՄԸՄ-ի Քոքինիոյ մասնաճիւղի մարզական եւ սկաուտական ճիւղերը, Համազգայինի «Յ. Շիրազ» մասնաճիւղը, ՀՅԴ երիտասարդական միութեան «Փոթորիկ» խումբը եւ ՀՅԴ պատանեկան միութեան «Քրիստափոր Միքայէլեան» խումբը (2): Շէնքին տանիքը օժտուած է գոց եւ բացօթեայ ճաշարանի յարմարութիւններով, ինչպէս նաեւ` ստորերկրեայ կողովագնդակի յարմարութեամբ գոց դաշտով:
2000 թուականի դեկտեմբերին, Քոքինիոյ քաղաքապետութեան կողմէ ու ՀՅԴ-ի հովանաւորութեամբ պաշտօնական արարողութեամբ մը, «Զաւարեան» կեդրոնին մօտ գտնուող հրապարակ մը կոչուեցաւ Սիմոն Զաւարեանի անունով` պետական պաշտօնատարներու եւ հայկական համայնքի ներկայութեամբ, ուր նաեւ զետեղուած էր Զաւարեանի կիսանդրին:

Զաւարեանի կիսանդրին եւ քանդակագործ` Գագիկ Գալստեան հեղինակէն

Կոմիտասի կիսանդրին` Քոքինիա
Յատկանշական է, որ երկու վարժարաններուն պարագային, շրջանի յոյն բնակիչները փափաք կը յայտնէին իրենց զաւակները հայկական վարժարան արձանագրելու, յատկապէս` անոնց բարոյապէս մաքուր մթնոլորտին համար, զերծ ամէն տեսակի արդի հասարակութեան յոռի վտանգներէն:
Պօղոսին կարգադրութեամբ, կեցութեանս նախավերջին առաւօտը, ժամը 11-ին պանդոկ պիտի ժամանէր Ազգային առաջնորդարանէն պաշտօնեայ մը, որպէսզի ընկերանար ինծի` վիզաս երկարաձգելու գործողութեան համար: Պանդոկի հիւրասրահին մուտքի դրան դիմաց նստած` երկար սպասեցի, ու շուրջ կէս ժամ ուշացումով` պանդոկի դռնէն մուտք գործեց փոքր կազմով անձ մը, որ ինծի մօտենալով, հայաստանեան լեզուով ողջունեց զիս` ըսելով, որ ինք Կակոն էր` Գագիկ Գալստեան… Բնաւ չերեւակայելով, որ ինքն էր սպասած անձս, եւ կարծելով որ այլ հարցի մը համար եկած էր, ըսի, որ կարեւոր գործի մը համար մէկը կը սպասեմ, ուշադրութիւնս չշեղելով պանդոկի մուտքէն` «հիմա ժամանակ չունիմ քեզմով զբաղելու» դէմքի արտայայտութեամբ մը… Ու ի՛նչ զարմանք, ըսաւ, թէ առաջնորդարանէն ղրկած էին զինք` վիզայիս հարցը կարգադրելու համար…
Այդ պահուն սաստիկ յուսախաբ եւ ընդվզումի զգացումով մը մտածեցի, որ ինչպէ՛ս կ՛ըլլար, որ յունական պետական գործ մը կարգադրելու համար հայաստանի քաղաքացի մը ղրկած էին: Հարցուցի, թէ գիտէ՞ր ինչու համար եկած էր, ու շատ ինքնավստահ ու պարզ ոճով մը ըսաւ, թէ վիզաս երկարաձգելու համար, կարծէք ան ամէն օր այսպիսի հարցերով կը զբաղէր: Սակայն մտահոգութիւնս չփարատեցաւ` մտածելով, որ այս ի՛նչ փորձանք էր եւ ինչպէ՛ս գլուխ պիտի հանէի այս գործը:

Աթէնքի խճողումը եւ վարձակառքեր

Սպասման երկար շարք
Պանդոկէն դուրս գալով` վարձակառք մը նստանք, ու Կակոն տուաւ հասցէն: Վարորդը միջին տարիքի լեցուն կազմով կին մըն էր` գլխուն երկու անգամը տարածուած գանգուր ու շէկ մազերով: Արդէն ուշացած` սաստիկ խճողուած փողոցներով կը յառաջանայինք, ու կը զրուցէինք յատկապէս ի՛ր մասին, թէ ինչո՛ւ Յունաստան եկած էր եւ այլն, ու երբ յայտնեց, թէ ինք արուեստագէտ քանդակագործ եւ գծագրիչ էր, մտահոգութիւնս աւելի սաստկացաւ: Այս միջոցին, վարորդուհին բան մը ըսաւ ու Կակոն խիստ զայրացած ու բարկացկոտ երկար պատասխան մը տուաւ..
. Հարցուցի, թէ ի՛նչ պատահած էր, Կակոն ըսաւ թէ վարորդուհին հարցուցած էր, թէ արդեօք թո՞ւրք էինք…
Այս պահուն բոլոր մտահոգութիւններս փարատեցան` բացի ժամանակի տուեալէն, թէ` արդեօք յարմար ժամանակին պիտի հասնէի՞նք: Կակոն շարունակեց զրոյցը, թէ` ընտանիքով եկած են Յունաստան եւ իր որդին համալսարանին մէջ իր դասարանին առաջնութիւնը շահած է եւ այլն: Վերջապէս հասանք անցագիրներու յատուկ Աթէնքի վարչութեան կեդրոնը:
Գրասենեակը կը գտնուի շէնքին երկրորդ կամ երրորդ յարկը: Բարձրանալով աստիճաններէն` արդէն մէկ յարկ առաջ հանդիպեցանք սպասողներու երկար շարքին, ընդհանրապէս «հիփփի»-ի տեսքով, ուսապարկերով երիտասարդ-երիտասարդուհիներ: Գրասենեակը փակուելուն հազիւ կէս ժամ մնացած էր, ու տակաւին չէինք յառաջանար:
Տասը վայրկեան այսպէս սպասելէ ետք Կակոն ըսաւ. «Ասիկա մեր գործը չէ, տուր անցագիրդ ու հետեւէ ինծի». հակառակ բողոքիս` շարքէն դուրս գալով շրջանցեցինք երկար շարքը, ու գործառնութեան պատուհանն ալ անցնելով` Կակոն գոց դուռ մը թակեց, ու առանց ներսէն պատասխան ստանալու դուռը բացաւ ու ներս մտանք:
Բաժանմունքի տնօրէնին սենեակն էր… Մտածեցի, որ Կակոն ի՛նչ փորձանքի մատնեց մեզ… Եւրոպայի մէջ այսպիսի բան կրնա՞ր պատահիլ: Կակոն անմիջապէս մատով զիս ցոյց տալով սկսաւ լեզու թափել: Տնօրէնը ժպիտով` հաւանաբար Կակոյին յատուկ ոչ սահուն յունարէն շեշտին պատճառով, ըսաւ, թէ պէտք չկար վիզան երկարաձգելու եւ օդակայանը որեւէ հարց չեն յարուցեր: Չվստահելով Կակոյին թարգմանութեանը` անգլերէնով բացատրեցի օդակայանի պաշտօնեային ըսածը ու տնօրէնը կրկին վստահեցուց, որ ելքի պարագային մէկ օրով վիզան շրջանցելը հարց մը չէր… Ահա շնորհիւ Կակոյին` այս հետաքրքրական արկածախնդրութիւնը իր աւարտին հասաւ, ու վերջաւորութեան շատ գոհ մնացի այսպիսի բազմատաղանդ անձնաւորութեան մը հետ ծանօթանալուս համար:
Յաջորդ օրը Պօղոս իր պարտականութիւնը համարելով` զիս օդակայան հասցնելէ ետք, յատուկ կարգադրութեամբ, մինչեւ դէպի օդանաւ ճամբորդներու ելքի սրահը ընկերակցեցաւ ինծի` առանց որեւէ դժուարութեան հանդիպելու:
17 Դեկտեմբեր 2017
——————————-