ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
![Բնանկար՝ լեռնային գիւղի բնակարանով եւ բնակիչներով](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2015/12/Sassouni2_121715.jpg)
Բնանկար՝ լեռնային գիւղի բնակարանով եւ բնակիչներով
Անուններ Եւ Բանասիրութիւն
«Լեռներու խորհուրդը» ժողովածուի շապիկին վրայ հեղինակի Վիգէն Գլակ անունին խորհրդապահական ձեւով կ՛ընկերանայ երկրորդ` «Կարօ Սասունի» անունը, աւելի փոքր տառերով ու փակագիծի մէջ: Այս կրկնութիւնը կը թելադրէ մտածուած ընտրութիւն մը, ինքնութեան դաւանում մը: Միասնաբար անոնք կը յուշեն կարեւորութիւնը անուանակոչական արարքին, անձնանուանումի իմաստային պաշտօնին:
Կարօ Սասունի ծնած է 1888-ի (կամ 1889-ի) յուլիսի կէսերուն, Ահարոնք գիւղը, Խուլբ գաւառի բարձր մէկ հովիտին մէջ, Սասունի հարաւարեւմտեան կողերուն, ոռոգուած` Տիգրիսէն եւ անոր հարկատուներէն (1):
Կը պատկանի «Մանգոյի տան» (2), երկրագործ եւ անասնաբոյծ բարեկեցիկ ընտանիքի մը, հայ իշխաններու տոհմի մը շառաւիղ: Յղուելով բերանացի աւանդութեան, այսօր անհետ կորսուած ձեռագիր փաստաթուղթերու, ապա եւ անուններու ստուգաբանութեան, ան գիւղին հիմնադրումն ու անուանումը կը տանի մինչեւ ԺԲ. դար, ժամանակաշրջան, երբ Թոռնիկ եւ Վիգէն Մամիկոնեան Տարօնի վրայ իշխանապետութիւն մը կը հաստատէին` երկուքուկէս դարու տեւողութեան մը համար: Մանգոյի տունը այս Մամիկոնեան իշխաններու մէկ ճիւղէն սերած է:
Կարօ անուան բացատրութիւնը նոյնքան շահեկան է: Մինչեւ 1914, ուխտագնացութիւնները ժողովրդական ջերմեռանդութեան շատ ընթացիկ արտայայտութիւն էին, եւ ուխտատեղիները բազմաթիւ` հայկական քրիստոնէութեան օրրան այս երկրին մէջ, ուր Մեսրոպ Մաշտոց գտած էր «աստուածատուր» այբուբենը, եւ ուր համատարած էր սրբազնութեան ապրումը:
Դէպի նշանաւոր Սուրբ Կարապետ վանք ուխտագնացութեան ճամբուն վրայ, իր մայրը` Աննա, ծնունդ տուած էր իր վեցերորդ զաւկին (3): Ի շնորհակալութիւն սուրբին, ան իր նորածինը կոչած էր Կարապետ, ուրկէ եւ` Կարօ: Հետագային, Մանգոյի տան որդի Կարոն իր հայրենի գաւառէն առած է իր առաջին ծածկանունը` «Սասունի», զայն վերածած` ազգանունի. ապա` նոյնքան հպարտ` Վիգէն Գլակ երկրորդ գրական ծածկանունը, պատմական անցեալի մեծ դէմքեր Վիգէն Մամիկոնեանի եւ Զենոբ Գլակի, այս վերջինը` առաջին վանահայրը Սուրբ Կարապետ վանքի, որ յետոյ իր անունով պիտի կոչուէր Գլակայ վանք: Այս անուանակոչումը, անկախ Հայ եկեղեցիի մկրտական ծէսերէն, կը դառնայ իսկական «հռետորաբանութիւն» մը (ինքն)անուանումի. կամապաշտ սեփականում մը հայրենի Սասուն գաւառին, անոր առասպելներուն, աւանդութիւններուն, անոր միջնադարեան պատմութեան փառայեղ պահերուն: Իր լեռնականներու քաջութեան եւ դիմադրականութեան յատկութիւններուն, որոնցմով, աւելի ետք, զինուած պիտի ըլլային ամենանշանաւոր ֆետայիները (4):
Շատ աւելի ետք, Երկիր վերադարձի վերջին յոյսերու սպառումէն ետք, Կարօ Սասունի պիտի գտնէ դիմադրութեան պայքարի ուրիշ երգիչ մը` Յովհան Մամիկոնեան եպիսկոպոսը (5):
Կեանքի Մը Պատմութիւնը
Իր փոթորկայոյզ կեանքի ընթացքին Վիգէն Գլակ (Կարօ Սասունի) չէ դադրած երբեք հարցապնդելէ կեանքի իր փիլիսոփայութիւնը: Մղուած իր քաղաքական փորձը բացատրելու կարիքէն եւ փոխանցելու պարտականութեան զգացումէն` շատ գրած է եւ աւանդած` կարեւոր եւ բազմատեսակ վաստակ մը:
Իր ծագումնապատումին մէջ ան երկար կ՛ոգեկոչէ իր ընտանիքի կազմը, նահապետական մեծ ընտանիք, որ նոյն յարկին տակ կը խմբէ բազմաթիւ եղբայրներ, քանի մը սերունդներ: Իր հօր` Ղազարի եւ նոյնպէս «իշխանական» տան մը (Խեչենց) դուստր` Աննայի ամուսնութենէն ծնած են ութ զաւակներ (6): 1915-ին ամբողջ ընտանիքով հանդերձ անհետացած իր Աննա մայրիկին` Կ. Սասունի յուշադամբան մը պիտի կանգնեցնէ, անոր մէջ ողջունելով մայրական քաջութեան տիպարը (7):
Նախնական ուսումի շրջանէ մը ետք, Ահարոնք գիւղին մէջ, որ այդ պահուն օժտուած էր Միացեալ ընկերութեան «արդիական» մէկ դպրոցով (8), տղան 1901-ին կը ղրկուի Մուշ` ուսումը շարունակելու: Կը մտնէ Մուրատ Մխիթարեան վարժարան` Տարօնի միակ երկրորդական ուսման հաստատութիւնը, ամառները վերադառնալով գիւղ. երկու օրուան ճամբայ` ջորիի վրայ: Իր ուսուցիչներէն է Գեղամ Տէր Կարապետեանը (1865-1918), որուն գործերու անդրանիկ հրատարակութիւնը պիտի ապահովէ [հետագային] Փարիզ (9): 1906-ին, փայլուն ուսումնաշրջանէ մը ետք, կ՛անդամակցի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (10):
1906-1908 ուսուցիչ է Տիարպէքիր` զանազան վարժարաններու մէջ: Երիտթուրք յեղաշրջումը, 1908-ի ամրան, զինք կը մղէ առաջ: Ճիշդ հոն է, Սուրբ Կիրակոս մայր եկեղեցիին մէջ, որուն շրջափակը կրնայ ընդունիլ հինգէն վեց հազար հոգի, հսկայ բազմութեան մը առջեւ, խմբող նաեւ թուրք պաշտօնատարներ ու զինուորականներ, հայ եւ քիւրտ ընտրանիներ, որ, դեռ քսան տարեկան, ան պիտի արտասանէ իր առաջին ճառը: Ապա Պոլիս է, ուր կը յաճախէ Կեդրոնական վարժարան` կայսրութեան լաւագոյն հայ կրթական հաստատութիւններէն մէկը: Վկայեալ 1912-ին կը մտնէ համալսարան` իրաւաբանութեան բաժանմունք: Եւրոպայի նախամուտք Պոլիսի մէջ` կազմաւորման այս տարիները առիթ են իրեն ընելու գիւտը արդի գրականութեան եւ գրական մամուլի: Գործօն է ՀՅԴ ուսանողական միութեան օրկան «Երկունք» թերթի խումբին մէջ, ուր կը քննարկուին արուեստ եւ ընկերվարութիւն: Այս շրջանակին մէջ է, որ կը հանդիպի իր ապագայ կողակից Հռիփսիմէ Մեծատուրեանի (11), որուն հետ պիտի ամուսնանայ 1917-ին, Թիֆլիս:
1912-ի ամրան գործիչ կը ղրկուի Տարօն, Սիմոն Զաւարեանի (12) քայլերուն վրայ, եւ այս վերջինին սպառեալ շիջումէն ետք, 1913-ի հոկտեմբերին, Պոլիս կազմակերպուած ազգային հանդիսաւոր յուղարկաւորութեան` երիտասարդ գործիչը արդէն բաւական ծանօթ է Բանկալթիի գերեզմանատան մէջ խօսք առնելու համար Դանիէլ Վարուժանէն ետք (13):
(Շար. 2)