Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Տօնդ Շնորհաւոր` Հայկական Բանակ

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Դարերով հայը երազած եւ տենչացած է իր հայրենի հողին վրայ ապրիլ ազատ եւ անկախ, ապա նաեւ ունենալ պետականութիւն եւ յատկապէս` բանակ: Այսօր այդ դարաւոր փափաքն ու իղձը արդէն իրականութիւն է, որովհետեւ մեր երկրի խաղաղութեան եւ անոր սահմաններուն պաշտպանութեան համար կեանքի կոչուած է հայկական ազգային բանակը, որ արդէն 25 տարեկան է:

Համազգային ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը դիմաւորենք մեր զինեալ ուժերուն ծննդեան այս պատմական ու յիշատակելի տարեդարձը:

25 տարիներ առաջ մեր ազատ եւ անկախ հայրենիքին մէջ բանակաշինութիւն տեղի ունեցաւ ու այս ձեւով մեր ժողովուրդը իր ինքնութեան գոյութիւնը կրկին անգամ երաշխաւորեց:

Յստակ է, որ երկրի մը բանակը իւրայատուկ առաքելութիւն մը ունի զինք ստեղծող կամ հիմնող երկրի ժողովուրդին ու անոր ապրած հողատարածքի պահպանման նկատմամբ:

Ուստի կը կարծեմ, որ հայկական բանակի օրուան յիշատակումը առաջին իսկ հերթին մեր երկրին խաղաղութիւնը գնահատող եւ անոր սահմանները ապահով պահողներուն երախտագիտութեամբ յիշելու օրն ու առիթն ալ է:

Որովհետեւ մեր երկրի բանակը մեր պատիւն ալ է: Ու կասկածէ դուրս է, որ մեր բանակը կարգապահ մարդոց տեղն ալ է, եւ որուն ծառայողը լաւատեղեակ է հայրենի հողի արժէքին ու իմաստին, իր ապրած պապերու երկրի խաղաղութեան հաստատման ու անոր պաշտպանման: Ու եթէ բանակի մը հիմնական կորիզը իր անդամներն են, ուստի հետեւցնելով` կրնանք ըսել, որ բանակի մը գլխաւոր հիմքը ընտանիքն է:

Միւս կողմէ, սակայն, պէտք է նաեւ աւելցնել, որ ազգեր, պետութիւններ, ժողովուրդներ ոչ միայն իրենց երկրի խաղաղութեան, այլ նաեւ նոր հողատարածքներ ձեռք ձգելու որդեգրումներէն ու ծրագիրներէն մեկնած` առաջին իսկ հերթին մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են իրենց երկրի բանակին, անոր մարդուժի քանակին եւ որակին ու հզօրացման աշխատանքներուն: Անոր շարքերուն միշտ կարգապահութիւն սահմանած ու պարտադրած են: Նոր զէնքերով եւ մարդուժով զինած են զայն: Միշտ մօտէն հսկած ու ամէն գնով հոգացած են անոր ամէն տեսակի պահանջներն ու կարիքները:

Գալով մեզի, իբրեւ անկախ պետութիւն եւ պետականութիւն, ամէն տարի, յունուար 28-ին հրապարակային կերպով կը տօնախմբենք եւ պիտի տօնախմբենք մեր ազգային բանակի հիմնադրութեան թուականը: Քառորդ դար առաջ ծնած հայ մանուկը այս օրերուն ծառայած է եւ կամ տակաւին կը ծառայէ իր ազգային բանակին:

Ի՜նչ հպարտութիւն եւ ուրախութիւն:

Վստահօրէն կրնանք ըսել, որ ունինք զօրեղ եւ մարտունակ բանակ, որ իւրաքանչիւր հայու ազգային գիտակցութիւն կը ներշնչէ:

Չենք կրնար անտարբեր ըլլալ եւ մնալ:

Այսօր խոր յարգանքով կը յիշենք արցախեան պատերազմին մեր բանակին ձեռք ձգած յաղթանակները: Աւելի՛ն. չենք կրնար նաեւ չյիշել տակաւին չորսօրեայ պատերազմին հայ զինուորին քաջարի ծառայութիւնը, օրինակելի գիտակցութիւնն ու խիզախութիւնը, անոր օրինակելի իր մարտունակութիւնը, հայրենիքի հողի ազատութեան ի խնդիր անոր թափած սուրբ արեան նպատակը:

Այս բոլորի կողքին, նաեւ անպակաս են անոր ամէնօրեայ սխրալի առիթներն ու երեւոյթները, որոնք հպարտութիւն կը ներշնչեն մեր բոլորին եւ վառ յոյս` մեր հայրենիքի փայլուն ապագայի հանդէպ:

Սփիւռքի տարածքին թէ հայրենի հողերուն վրայ ապրող կամ գոյատեւող հայեր, մեր կեանքի հեւքին հետ ալ միատեղ, միշտ մօտէն կը հետեւինք մեր բանակի լուրերուն ու անոր տագնապներուն: Կը լսենք անոր «խնդիրներ»-ն ու «բացթողումները»: Սակայն, անկեղծօրէն, մեր այս տողերը պարզ պաշտամունքի մը ծնունդը չեն միայն, այլ` մեր բանակին հանդէպ մեր ունեցած ամուր հաւատքին, որ մեր երկիրը դէպի լուսաւոր ճանապարհ ալ կ՛առաջնորդէ: Մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկայ է հայ բանակը: Ո՛չ մէկ կասկած եւ տարակուսանք:

Ուստի անսակարկ պէտք է անոր զօրակցիլ: Միշտ արդիական դարձնել, զինել ու պահել: Մասնագէտներով օժտել: Աջակցիլ եւ անոր ցաւերուն կարեկցիլ: Անոր կողքին կենալ: Գործնականապէս զօրավիգ կանգնիլ: Վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչել ու այս ձեւով ամրապնդել նաեւ մեր յոյսերը:

Քաջութիւն, նուիրում եւ հերոսութիւն մեզ դարերէ ի վեր առաջնորդած են դէպի առաջ, խրոխտ յաղթանակներու եւ յաւերժական կեանքի ու յաւիտենականութեան:

Ահա թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս մեր բանակի անձնազոհ զինուորներով ու մարտիկներով յաղթանակներ կոթողուեցան:

Մեր ժողովուրդը, պատի՛ւ իրեն, միշտ ալ բարձր գնահատած է հայ բանակին, հայ զինուորին եւ հայ ազատամարտիկին հայրենասիրական ոգին: Տագնապած ու մտահոգուած է անոր ներքին ու արտաքին հարցերով եւ սակայն երբեք չէ յուսահատած, այլ ընդհակառակն, միշտ խանդավառուած է անոր յաջողութիւններով, որովհետեւ ազգովին հաւատացած ենք, որ մեր բանակին մէջ ամրօրէն խարսխուած է հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատամքը, որովհետեւ մեր բանակը նաեւ իր մէջ պահած իր կոչումին յատուկ գիտակից ու սրբազան հայակերտ առաքելութեան նշանակութիւնը:

Հայ ենք ու պատմութիւնը վկայ, իբրեւ բանակ, համայն ժողովուրդով, մեր այրուձիով, մեր  մեծով ու պզտիկով միշտ կռուած ենք կեանքի, ազատութեան եւ մահուան համար:

Ուստի պարտաւոր ենք ամէն առաւօտ անոր շնորհակալութիւն յայտնել, մաղթել առողջութիւն, համբերութիւն, ուժ եւ կորով անոր բազուկին, անոր իւրաքանչիւր զարկին եւ անոր թափած արեան սրբազան կաթիլներուն:

Հայկական բանակն ու անոր անպարտելի մարտիկներն են, որ այսօր խաղաղ երկինք կ՛ապահովեն մեր հայրենիքին: Այս բոլորը, որովհետեւ անոնց հրեղէն սրտերուն եւ ամուր կամքին մէջ սիրով կ՛ապրի նժդեհեան ոգին:

Այսօր նոյն այդ բանակը ունենալու հրճուանքն է, որ մեզ կը խանդավառէ, որովհետեւ ան է, որ մեր հողին ապահովութիւնը կ՛երաշխաւորէ:

Անոր համար` ի սրտէ բարի մաղթանք մը մեր բանակին ու անոր մեծ ու փոքր բոլոր զինեալ նուիրեալներուն:

Արդ, քառորդ դարու տարեդարձդ շնորհաւոր, հայկական հզօր եւ քաջարի բանակ ու բանակայիններ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>