Տարիներու աւանդութեան համաձայն, բոլոր եկեղեցիները յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը նուիրած են եկեղեցիներու միութեան աղօթքի: Այս տարի եւս յատուկ արարողութիւններ եւ քարոզախօսութիւններ տեղի ունեցան շեշտելու համար եկեղեցիներու միութեան հրամայականը:
Առ այդ, հինգշաբթի, 19 յունուար 2017-ին Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան բացումը կատարուեցաւ Պէյրութի մարոնիներու «Սայիտեթ Ուահտէ» վանքին մէջ: Միջեկեղեցական արարողութեանց ներկայ էին հոգեւոր պետեր, առաջնորդներ եւ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ` անոնց կողքին հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Սոյն արարողութեան, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին Կոմիտաս արք. Օհանեանն ու միջեկեղեցական բաժանմունքի փոխվարիչ Թաթուլ աբղյ. Գարտանաքեանը: