Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Նոր Ջուղա
Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Ի Յիշատակ
Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» Միութեան
Ննջեցեալ Միութենականներուն
Հովանաւորութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան հիմնադրման 60-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու ծիրէն ներս 20 նոյեմբերին Նոր Ջուղայի հայոց Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ միութեան ննջեցեալ հիմնադիրներուն եւ միութենականներուն, որոնք նշանակալի դեր ունեցած են միութեան կեանքի վերելքին մէջ:
Այնուհետեւ միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: Թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան ելոյթ ունենալով` գնահատական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան սոյն ծրագրի իրագործման: Ան կարեւոր նկատեց միութեան դերը` մարզամշակութային ոլորտին մէջ առողջ սերունդ դաստիարակելու գծով:
Յունաստան
Հայկական Մշակոյթին Նուիրուած
Երկօրեակ Թատերական Ներկայացում
«Հրէշը Լուսնին Վրայ»
Կազմակերպութեամբ Յունաստանի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Շրջանային վարչութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ելոյթներու ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ հայկական մշակոյթին նուիրուած երկօրեակ մը` երկու կեդրոնական հրապարակային ձեռնարկներով:
Արդարեւ, 15 նոյեմբերին Աթէնքի քաղաքապետական «Աննա եւ Մարիա Քալութա» թատերասրահին մէջ ներկայացուեցաւ գրագէտ – թատերագիր Ռիչըրտ Քալինոսքի «Հրէշը լուսնին վրայ» թատրերգութիւնը, կատարողութեամբ Համազգայինի «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբին: Նիւթը Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերու ողբերգութիւնը կը պարզէ գեղեցիկ ու պատգամներով լեցուն զգայացունց պատմութեամբ մը: Թատրերգութիւնը գրուած է 1995-ին եւ արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու: Թատրերգութեան անգլերէնէ յունարէնի թարգմանիչն է Տիմիթրիս Թարլօու, որ այս գործը Աթէնքի մէջ ներկայացուց 1999-ին եւ կրկնեց 2009-ին, բեմադրութեամբ Յունաստանի Ազգային պետական թատրոնի տնօրէն Սթաթի Լիվաթինոյի, որ ողջոյնի խօսք մը յղած է թատերական ներկայացման առիթով եւ թատրոնի աւարտին կարդացուեցաւ:
Ներկայացման աւարտին Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Մարի Միքայէլեան իր խօսքին մէջ պատմական անդրադարձ մը կատարեց Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք Յունաստան հաստատուած հայ գաղթական ու տարագիր բեկորներուն, որ 6 յունուար 1924-ի հայոց Ս. Ծնունդին օրը, հայ թատրոնին հանդէպ իրենց անսահման սէրը արտայայտելով, առաջին անգամ ըլլալով թատերական ներկայացման մը կազմակերպումով հանդէս եկան` ներկայացնելով «Ժառանգորդը» թատրերգութիւնը, աւելցնելով, որ գաղութային կեանքի անցնող 91 տարիներուն միջոցին յունահայ գաղութը ունեցած է 370 թատերական հրապարակային ներկայացումներ:
Ապա կարդացուեցաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի գիրը` յունարէնի թարգմանուած:
Պոլիս
Պոլսահայ Գործիչը Ստանձնեց Պաքըրքոյի
Թաղապետի Խորհրդականի Պաշտօնը
Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդային հանրապետական կուսակցութեան պոլսահայ ներկայացուցիչ, Պոլսոյ Պաքըրքոյ Շրջանային խորհուրդի նախկին անդամ Օհաննէս Կարապետեան ստանձնեց Պաքըրքոյ շրջանի տեղական ինքնակառավարման մարմինի ղեկավարի խորհրդականի պաշտօնը:
Կարապետեանին գործունէութիւնը կը ներառէ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու եւ մասնաւորապէս Պոլսոյ հայ համայնքը յուզող հարցեր:
Կարապետեան յայտնեց, որ աշխատանքներ պիտի տարուին յատկապէս հայկական դպրոցներուն, զբօսապտոյտներուն եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններուն տրամադրուող հանրակառքերու թիւի յաւելումին, հայկական Տատեան դպրոցին եւ համայնքի նմանատիպ կառոյցներուն առաւել մեծ աջակցութիւն ապահովելու ուղղութեամբ, ընդգծելով, որ
իր գործունէութիւնը պիտի չսահմանափակուի միայն հայ համայնքի խնդիրներով, այլ նաեւ` յունական եւ սուրիական համայնքները յուզող հարցերով: Ան շեշտեց նաեւ, որ աշխատանքներ պիտի տարուին Պաքըրքոյի մէջ փակուած հրեաներու սինակոկի բացման ուղղութեամբ:
Աւստրալիա
Նուրան Զօրլուի «Փրժիա Թու Իրան» Գիրքին
Շնորհահանդէսը
Նախաձեռնութեամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի առաջնորդարանին, 19 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ նկարիչ Նուրան Զօրլուի «Փրժիա թու Իրան» գիրքին շնորհահանդէսը:
Օրուան բանախօս դոկտ. Ստեփան Գրգեաշարեան անդրադարձաւ հայ-պարսկական մշակութային յարաբերութեանց եւ փոխադարձ ազդեցութեանց:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ հեղինակը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան ձեռնարկի իրագործման, յատկապէս` իրանեան դեսպանատան մշակութային կցորդ Մոհսեն Ապու Թալեպիի, որուն խորհուրդով ան մտածած էր սոյն գիրքը գրել:
Իր կարգին, Ապու Թալեպի մեծապէս գնահատելէ ետք Զօրլուի արուեստը հաստատեց, թէ ինք 5 տարի նոյն պաշտօնով ծառայած է Երեւանի մէջ եւ շատ մօտէն ծանօթ է հայոց լեզուին եւ մշակոյթին:
Եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեան: Ան իր կարգին պատմական վկայութիւններ եւ փաստեր տուաւ հայ եւ պարսիկ ժողովուրդներու մշակոյթներու եւ լեզուներու փոխազդեցութեան մասին` սկզբնական շրջանէն մինչեւ մեր օրերը: Ան գնահատեց իրանեան պետութեան որոշումը եւ ծախսերու ստանձնումը Ծործորի վանքի քար առ քար տեղափոխման եւ վերակառուցման աշխատանքին կապակցութեամբ, զայն ազատելու համար ջրամոյն ըլլալու վտանգէն:
Աւարտին վաճառուեցան Նուրան Զօրլուի գիրքերը:
Քանատա
Բացում` Քանատայի Պետութեան
Հովանաւորութիւնը Վայելող
«Մուսա Լերան Հերոսամարտը» Ցուցահանդէսին
Հինգշաբթի, 10 դեկտեմբերին, Մոնթրէալի Հրէական Ողջակիզումի թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Մուսա տաղի քառասուն օրերը. դիմադրութեան վկայութիւն մը` Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, ուր կը ներկայացուին արխիւային լուսանկարներ` համապատասխան պատմական բացատրութիւններով:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քանատայի Միացեալ մարմինին եւ Մոնթրէալի Հրէական Ողջակիզումի թանգարանին կողմէ ու կը վայելէ հովանաւորութիւնը Քանատայի ներգաղթի նախարարութեան: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ փետրուար 2016:
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան խօսք առաւ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան, որ յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Քանատայի պետութեան` ցուցահանդէսը հովանաւորելուն առիթով: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քանատայի Միացեալ մարմինի նախագահ Մհեր Գարագաշեան վեր առաւ հայ-հրէական այս համատեղ նախաձեռնութիւնը` անդրադառնալով երկու ժողովուրդներու ճակատագրակից պատմութեան: Ան նաեւ իր խօսքին մէջ, յանուն մուսալեռցիներու շառաւիղներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսացի ծովակալ Տարթիէժ Տը Ֆուռնէին, որուն հրահանգին շնորհիւ ֆրանսական մարտանաւերը փրկեցին Մուսա Լերան ժողովուրդը:
Մուսա Լերան հերոսամարտի ղեկավար Մովսէս Տէր Գալուստեանի որդին` տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը այսօր պէտք է դասեր քաղէ պատմութենէն եւ չթոյլատրէ, որ կրկնուին անցեալի ցեղասպանական յանցագործութիւնները:
Նոյն օրը երեկոյեան, հրեայ ցեղասպանագէտ եւ պատմաբան Եայիր Օրոն նոյն թանգարանին մէջ ներկայացուց «Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրեր»-ը վէպի ազդեցութիւնը Բ. Աշխարհամարտի հրէական դիմադրութեան վրայ» նիւթը: Ան խստօրէն դատապարտեց Իսրայէլի կառավարութեան բացասական դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով եւ կոչ ուղղեց Քանատայի կառավարութեան, որ իր կրթական ծրագիրներուն մէջ ներառնէ 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու պատմութիւնը:
Միացեալ Նահանգներ
Փոլ Գրիգորեան Եւ Տէյվիտ Ռիու
Կ՛այցելեն Ազգային Առաջնորդարան
Դեկտեմբեր 1-ին Ազգային առաջնորդարան այցելեցին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Փոլ Գրիգորեան եւ Տէյվիտ Ռիու եւ հանդիպում ունեցան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ:
Փոլ Գրիգորեան առաջնորդ սրբազանին ներկայացուց իր պաշտօնակիցը, որ քաղաքապետական խորհուրդի նորագոյն անդամն է: Առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց Ռիուի ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր հանրօգուտ ծառայութիւններուն մէջ:
Հանդիպումը առիթ եղաւ տեղեկութիւններ հաղորդելու Ազգային առաջնորդարանի ծառայական աշխատանքներուն մասին, ապա նաեւ` խորհրդակցելու Լոս Անճելըս քաղաքի կարգ մը անմիջական հարցերուն շուրջ, մասնաւորաբար այն նիւթերուն, որոնք կը շահագրգռեն հայ ամերիկացի եւ քորէացի ամերիկացի համայնքները:
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութիւնը
«Ծառայութեան» Շքանշանով Գնահատեց
16 Անդամներ
Նոյեմբեր 21-ին, ՀՄԸՄ-ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ՀՄԸՄ-ի օր»-ուան տօնախմբութիւն:
Օրուան հանդիսավարներ ՀՄԸՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի փոխխմբապետուհի Նաթալի Հինտոյեան (հայերէն) եւ «Արարատ» մասնաճիւղի միաւորի խմբապետ Շանթ Միրզայեան (անգլերէն) գնահատական խօսք ուղղեցին այն հարիւրաւոր անձնաւորութիւններուն, որոնք կազմակերպութիւնը հասցուցին այս մակարդակին, եւ խոստացան միասնական աշխատանքով շարունակելու հիմնադիրներուն սկսած գործը եւ կերտելու կազմակերպութեան փայլուն ապագան:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ըսաւ, որ պէտք է խոնարհիլ յիշատակին առջեւ բոլոր անոնց, որոնք ոչ միայն հիմնեցին ՀՄԸՄ-ը, այլ անոր հիմնադրութենէն ետք, իբրեւ արժանաւոր կերտիչները ՀՄԸՄ-ի ուղղութեան եւ ծառայական կեանքին, կերտեցին ՀՄԸՄ-ի այդ օրերու ներկան, որպէսզի ՀՄԸՄ-ին այսօրուա՛ն լուսաւոր ներկայութիւնը մենք վայելենք: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄ-ի բոլոր կերտիչներուն եւ նուիրեալ ղեկավարներուն:
Շրջանային վարչութեան անունով Մանուէլ Մարսելեան խօսք առնելով` հպարտալի երեւոյթ որակեց ՀՄԸՄ-ի 97 տարիներու գոյատեւումը, որ արդիւնքը նկատեց ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան, որդեգրած նպատակներուն ու անոնց ընդմէջէն դաստիարակուած սերունդներուն:
Ապա ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի պատմականը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան» շքանշաններու եւ հաստատագիրներու յանձնումը:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեան, որ շնորհաւորելով բոլոր պարգեւատրեալներն ու ձեռնարկի կազմակերպիչ Շրջանային վարչութիւնը` իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ականներու մէջ, եւ յատուկ հպարտանքով արտայայտուեցաւ անոնց աշխատանքներուն մասին:
Այնուհետեւ Պայծառ Թովմասեան Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի նախագահ Քեւըն Տէ Լիոնի անունով գնահատագիր մը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակի վարիչ տնօրէն Ռուբինա Ճանսըզեանին` ՀՄԸՄ-էն ներս ցուցաբերած անոր ժրաջան ու նուիրեալ աշխատանքին համար:
Վրաստան
Ալեքսանդր Մանթաշովի Անուան
Կեդրոնի Բացում
Դեկտեմբեր 5-ին Պաթումի մէջ տեղի ունեցաւ վիրահայոց թեմի Ալեքսանդր Մանթաշովի անուան կրթամշակութային կեդրոնին բացումը:
Սոյն ծրագիրը իրականացաւ Հայաստանի կառավարութեան, յատկապէս սփիւռքի նախարարութեան նիւթական աջակցութեամբ: Վերանորոգման աշխատանքները կատարուեցան Ճինիշեան հիմնադրամին հովանաւորութեամբ, իսկ ներքին յարդարումը եւ գոյքը տրամադրուեցան վիրահայոց թեմի առաջնորդարանին եւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքին կողմէ:
Շնորհաւորական խօսքով ելոյթ ունեցան Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Եուրի Վարդանեան, Ճինիշեան հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Յակոբեան, որոնք կարեւոր նկատեցին հայերէնի պահպանման, ազգային մշակոյթի զարգացման, հայու ինքնութեան փոխանցման, հայ-վրացական բարեկամութեան խորացման առաքելութեան նպատակաուղղուած կեդրոնին գործունէութիւնը: Նորաստեղծ կեդրոնի տնօրէն Սոնա Յովհաննիսեան ներկայացուց կեդրոնին աշխատանքները, ուր կը գործեն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ նախակրթարանը` իր 33 հայ մանուկներով, Մեսրոպ Մաշտոց հայերէնի ուսուցման միօրեայ դպրոցը` երկու դասարաններով եւ աւելի քան 50 աշակերտներով, «Մեր ապագան» երիտասարդական միութիւնը, «Աղբիւր» երգի, «Հեղնար» պարի, ասմունքի եւ թատրոնի խմբակները, ելեկտրոնային լրատուամիջոցը, հոգեբանութեան դասընթացները եւ այլն: Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցան կեդրոնի շէնքի ստեղծման գործընթացը ներկայացնող նկարներ, ինչպէս նաեւ` սփիւռքի նախարարին կեդրոնի աշխատակազմին եւ Պաթումի հայ համայնքին ուղղուած շնորհաւորանքի եւ բարեմաղթութիւններու տեսերիզը:
Վիրահայոց թեմի մշակոյթի բաժնի տնօրէն եւ «Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Լեւոն Չիդիլեան յանձնեց սփիւռքի նախարարութեան նուէրը, իսկ «Հայարտուն» կեդրոնի կողմէ` թիֆլիսահայ մանրանկարիչներ Գոհար Յակոբեանի եւ Մերուժան Շահումեանի աշխատանքները:
Գերմանիա
Հայաստանի Դեսպան Աշոտ Սմբատեան
Մասնակցեցաւ «Նոր Մետաքսի Ճանապարհ»
Մրցանակաբաշխութեան
Դեկտեմբեր 4-ին Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան Պերլինի մէջ մասնակցեցաւ «Պիզնես ինթըրնէշընըլ» կազմակերպութեան նախաձեռնած «Նոր Մետաքսի ճանապարհ» խորագրով մրցանակաբաշխութեան, որ կը կազմակերպուի գերմանական եւ արտասահմանի մանր եւ միջին առեւտրական այն ներկայացուցիչներուն համար, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ գործարար կապերու ամրապնդման գործին մէջ:
Առաջին անգամ տեղի ունեցող մրցանակաբաշխութեան գլխաւոր մրցանակի համար ներկայացուած են շարք մը հայկական ընկերութիւններու թեկնածութիւնները, որոնց շարքին էին «Թերմորեքս», «Աւա շուզ», «Էլբատ» եւ «Եունիթրանսֆեր» ընկերութիւնները: Մրցումի աւարտին դատական կազմը յատուկ մրցանակ շնորհեց «Աւա շուզ» ընկերութեան, որ Հայաստան վերադարձած սուրիահայերու կողմէ հիմնադրուած կօշիկի արտադրութեան փոքր գործարան է, որ իր գործունէութեան կարճ ժամանակահատուածին մէջ կրցաւ բազմաթիւ գործընկերներ ձեռք բերել միջազգային շուկայի մէջ: