ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Վիրաւոր Սուրիոյ գաղթական զաւակները եւ ժընեւաբնակ երաժշտասէր ընտրանի մը, շուրջ հազար հանդիսատես, աւելի քան երկու ժամ անընդհատ, յոտնկայս ծափողջոյններու ընդմիջումներով, ունկնդրեցին սուրիահայ աշխարհահռչակ երգչուհի Լենա Շամամեանի իւրայատուկ կատարումները:
Ժընեւի «Վիքթորիա հոլ»-ը, իր դասական յարդարումով, եւրոպական բարձրորակ երաժշտական փարոս մըն է, ուր կը սլանան աշխարհահռչակ արուեստագէտներու կատարումները:
Շաբաթ, 5 դեկտեմբեր 2015-ին, Լենա Շամամեան իր արտակարգ ելոյթով այդ հորիզոնին բարձրացուց անմահն Կոմիտասն ու Կանաչեանը եւ արաբական երգարուեստը:
Սուրիոյ խաղաղ օրերուն արդէն իսկ իր արուեստով աշխարհահռչակ դարձած դամասկահայ Լենան ունէր իւրայատուկ արուեստի մը երկրպագուները` արաբական դասական երգը մեկնաբանելով արդիականի համեմումով, իր ետին ունենալով դաշնամուրն ու ճազը, ջութակն ու տհոլը: Դասականի կաղապարուած սահմաններէն դուրս գալու այս յատկութիւնը կրնայ պահ մը խորթ թուիլ, յատկապէս` նման սրահի մը պալատական քանդակներուն տակ, միւս կողմէ, սակայն, ծափերն ու կանչերը կը հաստատեն արդիականացման պաշտպաններու տեսակէտը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Արաբական եւ միջերկրական մշակութային կեդրոնին կողմէ: Իր բացման խօսքին մէջ Ալան Պիթար յայտնեց, թէ այս ձեռնարկին հասոյթը «Թահատտի» կազմակերպութեան կողմէ պիտի յատկացուի Լիբանան հաստատուած սուրիացի գաղթական մանուկներու կրթական կարիքներուն:
«Քուն եղիր, բալա՛ս» երգի գեղեցիկ ունկնդրութեամբ, մենք վերացանք Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ին մայրական ապրումներով, Լենային մեկնաբանութեամբ, առաջին իսկ երգով ան կամուրջ մը նետեց ներկայ խառն հանրութեան հետ` երգը բազմալեզու հրամցնելու իր յատկութեամբ:
Յայտագիրը կազմուած էր ընդհանրապէս արաբական դասական երաժշտական կտորներէ, Լենային մեկնաբանելու ոճը կը համընկնի Ֆէյրուզեան գանձարանին, այս շարքին մէջ անոր «Եա հաուա»-ն ալեկոծեց հայրենազուրկ սուրիացիներուն հոգիները օտարութեան մէջ, «Խտնի ալա պլատի» (տար մեզ մեր երկիրը) սրտխօսիկ նախադասութեամբ:
Հայ երաժշտութեան հայրն է Կոմիտաս, այսպէս ներկայացուց Լենան «Սարերի հովին մեռնեմ»-ը երգելէ առաջ, հոս հայորդիի մաքուր սէրը հայրենիքը եւ սիրահարը կը միախառնէ` անքակտելի կապ մը ստեղծելով հայրենասիրութեան եւ մարդ արարածի սիրոյ միջեւ:
Հալէպեան «Քտուտ»-ները անմասն չէին, «Եա մալ իլ Շամ» երգի «Եա րապպի թրճա զաման իլ աուալ» (Տէ՛ր Աստուած, վերադարձուր հինաւուրց օրերը) նախադասութիւնը արտասուաբեր ռումբի զօրութիւն ունեցաւ:
Խաղաղութեան եւ արդարութեան ծարաւը ապրող երկրագունդի տագնապին առիթով լսեցինք նաեւ Ճոն Լենոնի «Երեւակայութիւն» երգը, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով:
Լենան սրահը թնդացուց, երբ հանդիսատեսները «Հալալ է ջան Լալէ» կրկներգի մասնակցութեան հրաւիրեց` երգը դասական մեկնաբանութենէն փոխադրելով արագ կատարողական նորարարութիւն, յոտնկայս ծափերու տարափին տակ կրկնելով այս երգը` յայտագիրը իր աւարտին հասաւ, Մեսրոպի լեզուով ինչպէս սկսած էր մայրական «Օրօր»-ով:
Լենա Շամամեանին անունը ծանուցումներուն վրայ երեք լեզուներով` ֆրանսերէնի, հայերէնի եւ արաբերէնի յաջորդականութեամբ, եւ որպէս սուրիացի հայ ծանօթացումի երեւոյթը իր պարզութեամբ կը հաստատէ համբաւաւոր հայ արուեստագիտուհիի մը հայրենասէր նկարագիրը, իսկ Սուրիոյ գաղթական որբերու նպաստը կը ցոլացնէ անոր երախտագէտ եւ մարդասէր հոգին:
Ժընեւեան տարագիր երկամեայ կեանքս ցարդ նման հայաշունչ մթնոլորտի մը մէջ չէր վերացած` շնորհիւ սուրիահայու հպարտութիւն առթող Լենա Շամամեանի անմոռանալի երեկոյին:
Ժընեւ