Ամանորի` 2017 յունուարի առաջին օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պաշտօնական եւ հովապետական այցելութիւն կատարեց Սուրիա, ի մասնաւորի` Հալէպ:
Հալէպի մէջ վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին հետ, ուր աշխատանքային ընդհանուր իրավիճակի հանգամանալի քննարկումէ ետք, Աստուածայայտնութեան տօնի յետմիջօրէին, Հալէպէն հրապարակեց «Դէպի վերականգնում» կոչը:
Վեհափառ հայրապետին հրապարակած կոչին թելադրութեամբ առաջնորդուելով` ՍՇՕՎՄ-ը Նոր տարուան առաջին իր նիստով վերականգնումի ծրագիրներու մշակումի սկզբնական իր սերտողութիւնը կատարեց:
Արդ, 2016-ի վերջաւորութեան եւ 2017-ի սկիզբը Սուրիոյ մէջ ընդհանրապէս եւ Հալէպի մէջ մասնաւորապէս քաղաքական-ապահովական առումներով արձանագրուած դրական տեղաշարժներուն լոյսին ներքեւ` սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը, համաձայն իր անուանումով իսկ ճշդուած առաքելութեան, պիտի շարունակէ իր աշխատանքները Սուրիոյ մէջ ապրող հայութեան թէ՛ օգնութեան եւ թէ՛ վերականգնումի առնչութեամբ:
Հալէպի, Դամասկոսի, Ծովափի եւ Ճեզիրէի գործադիր մարմինները պիտի շարունակեն չորս տարիէ ի վեր ընթացող օժանդակութեան աշխատանքները, տրուած ըլլալով, որ ժողովուրդին տագնապը կը շարունակուի, հակառակ անվտանգութեան առումով արձանագրուած ողջունելի յառաջխաղացին: Իսկ սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը պիտի նախաձեռնէ վերականգնումի ծրագիրներու մշակման:
ՍՇՕՎՄ-ը իր հերթական նիստերուն քննարկած ըլլալով վերականգնումի աշխատանքներու իրագործման եղանակները` որոշեց յառաջացնել սերտողութիւններու մասնագիտական յանձնախումբեր, բաղկացած` երկրաչափ, իրաւաբան, գործարար եւ արհեստաւոր մասնագէտներէ:
Այս աշխատանքը վերականգնումի առաջին քայլը պիտի համարուի, եւ հերթաբար պիտի յայտարարուի յառաջիկայ քայլերուն մասին:
Ինչպէս որ Սուրիոյ պատերազմի անցնող հինգ տարիներուն հայրենի եւ ողջ սփիւռքի մեր հայրենակիցները թեւ ու թիկունք կանգնեցան սուրիահայութեան, այնպէս նաեւ յուսադրուած ենք, որ մեր ազգակիցները պիտի շարունակեն իրենց օժանդակութիւնները` նպաստելով պատմական ու ազգային արժէքներու աւանդման առաքինի գործ կատարող սուրիահայ համայնքին:
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ
Հալէպ, 17 յունուար 2017