ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Համոզուած եմ, որ աշխարհի բոլոր պետութիւնները օժտուած են մարդասպանութեան, ոճրագործութեան յատկութեամբ: Իւրաքանչիւր պետական համակարգ, բացի պատերազմներ հռչակելէն ու մահապատիժներ վճռելէն, ունի մարդասպանութեան զարտուղի եղանակներ կամ միջոցներ: Ունի այդ առումով աշխատելու համար պատրաստուած կազմեր: Ամենաժողովրդավարականէն մինչեւ ամենաբռնակալը, բոլո՛ր վարչակազմերը կարիքը զգացած պահուն կը պաշտօնակոչեն այդ կազմերը:
Ուրեմն, բոլոր պետութիւնները ոճրագործ յատկութիւն մը ունենալով հանդերձ, խիստ սակաւաթիւ են «ոճրագործ պետութիւն» բառակապակցութեան արժանացողները: Այդ կոչումին կ՛արժանանան միայն այն պետութիւնները, որոնք հպարտօրէն կ՛իւրացնեն` «Եթէ խնդրոյ առարկայ եղածը հայրենիքն է, մնացեալը մանրամասնութիւն է» կարգախօսը: Յիշենք, որ անծայրածիր շտեմարան մըն է այդ «մանրամասնութիւն» բառին բովանդակութիւնը: Յետոյ, այդ կոչումը արդարացնելու համար, անհրաժեշտ է հին` առնուազն հարիւրամեայ անցեալով հսկայ եւ յարատեւ աւանդութիւն մը ունենալ…Եւ մանաւանդ, դոյզն իսկ խղճի խայթ զգալ պէտք չէ` ոճրագործ պետութիւն անունը արդարացնելու համար:
Եթէ մակերեսային ակնարկով մը իսկ դիտենք Թուրքիոյ հարիւր տարուան պատմութիւնը, ապա նախ պիտի տեսնենք Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ այս հողերուն վրայ նոր ժամանակներու մեծագոյն ոճիրն է: 1914-1922 թուականներուն միջեւ բազում մարդասպանութիւններ կատարուեցան` պետական որոշ ծրագիրի մը համաձայն: Այդ տարիները կը բնորոշեն նաեւ Թուրքիոյ հանրապետութեան բեղմնաւորման շրջանը:
1923-ին հիմնուած նորակազմ հանրապետութիւնը, որ մեծ ջերմեռանդութեամբ դիմաւորուած էր արեւմտեան սատանայական բարձր դիւանագիտութեան կողմէ, վայելեց անպատժելիութեան փաղաքշանքը եւ ամենակարճ ժամանակի մէջ գործադրեց ցեղասպանութեան` աւելի նեղ աշխարհագրական հատուածի մը մէջ կրկնութիւնը: Բազմահազար ժողովուրդ սպաննուեցաւ Տէրսիմի լեռնաշխարհին վրայ վերապրողները պարտադիր գաղթի ենթարկուեցան, իսկ ծնողազուրկ մնացած երեխաները յանձնուեցան օտարներու: Եթէ շարունակենք արիւնով յագեցած այս աշխարհագրութեան վրայ մեր ուղեւորութիւնը, պիտի հանդիպինք Մարաշի կոտորածին: Այս անգամ ալ կրօնական խտրականութիւնը դերակատար էր. աշխարհի ամենախաղաղ հաւատքը համարուող ալեւիները երեք օր շարունակ հալածուեցան իրենք զիրենք երկրին տէրն ու տիրականը համարող խուժանին կողմէ: Այդ բեմադրութիւնը գրեթէ նոյնութեամբ կրկնուեցաւ Չորումի մէջ:
Ո՞վ կրնայ մոռնալ Սեբաստիոյ մէջ 34 ալեւի մտաւորականներու` օր ցերեկով հրկիզման պատկերը:
Անոնք, որոնք չեն մոռցած, ամէն շաբաթ կէսօրին կը մէկտեղուին Կալաթասարայի հրապարակը եւ 1915-էն այս կողմ պետութեան կողմէ սպաննուածներուն լուսանկարները պարզելով` արդարութիւն կը պահանջեն: Արդարութի՛ւն` շիրիմ չունեցողներուն համար, արդարութի՛ւն` Հասան Օճաքին, արդարութի՛ւն` Ճեմիլ Քըրպայըրին, արդարութի՛ւն` Էրտալ Էրենի համար, եւ այսպէս, հազարաւորներու, տասը հազարաւորներու, հարիւր հազարաւորներու, նաեւ միլիոններու համար:
Այսօր կը նշենք Հրանդ Տինքի մահուան տասնամեակը: Կը նշենք վիպագիր Սապահաթթին Ալիի հետ, լրագրող Մեթին Կէօքթեփէյի ու փաստաբան Թահիր Էլչիի հետ: 24 ապրիլի բիւրաւոր նահատակներուն հետ կը յիշենք Հրանդ Տինքը եւ կը խոստանանք վերջ ի վերջոյ կործանե՛լ ոճրագործ պետութիւնը:
19 յունուար 2016