ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Մեծն Բրիտանիոյ նշանաւոր վարչապետ Սըր Ուինսթըն Չըրչիլ մամուլի ազատութեան մասին խօսելով, կ՛ըսէ. «Բոլորը կը պաշտպանեն ազատ խօսքը: Օր չ՛անցնիր առանց ազատ խօսքի գովաբանութեան, սակայն ոմանք խօսքի ազատութիւնը հետեւեալ կերպ կ՛ընկալեն. իրենք ազատ են ըսելու այն, ինչ որ կը ցանկան, բայց եթէ ոեւէ մէկը ի պատասխան տարբեր բան արտայայտէ, այդ մէկը արդէն օրինախախտում է…»:
Լրագրողի մը առաքելութեան գլխաւոր կարգախօսը ճշմարտութիւնն է, այսինքն` ճշգրիտ ըլլալ: Տեղեկատուութիւնը պիտի չդառնայ մոլորեցնող, կամ աղաւաղուած պիտի չներկայացուի: Լրագրողը երբեք պէտք չէ միտումնաւոր կեղծիք հրապարակէ:
Դժբախտաբար, ինչպէս` կարգ մը երկիրներու պարագային, Հայաստանի մէջ եւս որոշ լրագրողներ համացանցային կայքերու եւ լսատեսողական տարբեր ցանցերու վրայ չարաչար կը խախտեն խօսքի եւ կարծիքի ազատութեան սկզբունքը, համացանցի հասանելիութենէն օգտուելով` աժան, աղբիւրէ զուրկ, չհիմնաւորուած քարոզչութիւն կը տարածեն հասարակութեան մէջ:
Լրագրողը պարտի ըլլալ անաչառ:
Ոչ ոք կարելի է դատապարտել կարծիքի ազատութեան համար, բայց կեղծիքի` այո՛: Բազմաթիւ կայքեր անհատական կարծիքի եւ անհիմն պնդումներու խառնարան ստեղծած են Հայաստանի մէջ:
Հասարակութեան առջեւ իշխանութիւնը հաշուետու դարձնելը լրագրողի աշխատանքին կարեւոր մասն է, բայց` ապացոյցներու վրայ յենելով միայն, որովհետեւ իրաւական եւ բարոյական տեսանկիւնէն դիտելով` լրատուական ցանցերը նոյնպէս հաշուետու կը մնան իրենց հաղորդած տեղեկութիւններուն համար: Մամուլի ազատութիւնը կարգախօս չէ միայն:
Ճիշդ է, որ համացանցը իր բոլոր նորարարութիւններուն կողքին ստեղծած է իրաւական բազմաթիւ բարդոյթներ, բայց հիմնական սկզբունքները կը մնան անփոփոխ. հեղինակը պատասխանատու կը մնայ իր յայտարարութիւններուն եւ քննադատութիւններուն: Այսօրինակ «հեղինակութիւններ» որքան ալ անձեռնմխելիութեան իրաւունք վայելեն, իրենց յայտարարութիւններուն պատճառով ենթակայ պիտի ըլլան դատական հետապնդման եւ նոյնիսկ պիտի պատժուին: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ արժանապատուութիւն վիրաւորելը կամ անհատի բարոյականութեան դպչիլը, իրաւացի ըլլալով հանդերձ, ընդունուած է իբրեւ իրաւական խախտում կամ յանցագործութիւն:
Համացանցը, Դիմատետրը եւ այլ լսատեսողական միջոցներ սխալելու կամ բարոյական չափանիշները ոտնակոխելու արտօնութիւն չեն շնորհեր լրագրողին: Ընդհակառակը, իրաւական չափորոշիչները լրագրողը պիտի մղեն նախանձախնդիր մնալու իր աշխատանքին եւ առաքելութեան: Լրագրողը պիտի գիտակցի, թէ իր որոշումները կրնան ծանր ազդեցութիւն ունենալ մարդոց եւ հասարակութեան վրայ:
Բազմաթիւ երկիրներու մէջ զրպարտանքի համար ներկայացուող բողոքը կը քննուի իբրեւ քրէական հայց: Զրպարտանքի պատճառով յարուցուող հայցերը դուրս կը մնան մամլոյ ազատութեան սկզբունքներէն, ընդհակառակը, լրագրողը կամ անհատը պատասխանատուութեան առջեւ կը դնեն հասարակութիւնը ապատեղեկացնելու յանցանքով:
Մամլոյ ազատութիւնը եւ լրագրողի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը իրեն հետ կը բերէ պարտաւորութիւններ: Լրագրողը իրաւունք չունի կամայական պատճառներու ազդեցութեան տակ, սխալ յայտարարութիւններով, կանխամտածուած զրպարտանքներով ոտնահարելու այլոց վարկն ու հեղինակութիւնը: Կեղծ, ստապատիր յայտարարութիւնները անյարիր եւ խորթ կը մնան մամլոյ ազատութեան սկզբունքներուն:
Լրագրողին վերապահուած է իրադարձութիւնները անաչառ ներկայացնելու դերակատարութիւն: Ճիշդ այս պատճառով արեւմտեան երկիրներու մէջ օրէնսդիր կառոյցներ լրագրողներէն կը պահանջեն տարանջատել իրականութիւնը եւ կարծիքը: Լրագրողին բարոյականութիւնը կը պարտադրէ զգուշօրէն վերաբերիլ տեղեկատուութեան հետ: Ընթերցողին կամ ունկնդիրին հասցնել մաքուր, անաչառ եւ ապացուցուած տեղեկատուութիւն: Կարծիքի արտայայտութիւնը ազատ է, բայց նոյնքան եւ աւելի կարեւոր` ապացոյցը: Կարծիքի ձեւաւորումը պէտք չէ զուրկ ըլլայ լրագրողական բարեխղճութենէն, արժանապատուութենէն եւ հաւասարակշռուածութենէն:
Ինչ կը վերաբերի մեկնաբանութեան եղանակին, ապացոյցի եւ կարծիքի ազատութեան միջեւ տարակարծութիւնները պատճառ պէտք չէ դառնան հարուածելու տուեալ լրատուութեան առարկայականութիւնը:
Լրագրական ամենակարեւոր սկզբունքներէն մէկը` անաչառութիւնը, խախտած է Հայաստանի մէջ: Լրագրողը փաստերու միջոցով պարտի բացայայտել ճշմարտութիւնը: Հայաստանի մէջ այսօր լայն տարածում գտած է «գայթակղիչ» լրագրութիւնը, այսինքն` լրագրութիւն, որուն հիմքն է կիրքը, գաղափարական սահմանումը, պատահականութիւնը, գռեհկութիւնը եւ փողոցային խօսակցութիւնը… Խախտած է մամուլի ազատութեան սկզբունքը, ուր ընթերցողին կը զլացուին ապացոյցը, իրականութեան վրայ դատողութիւն եւ եզրակացութիւն քաղելու միջոցները: Բացակայ են մասնագիտական բարոյականութեան չափանիշները:
Այդպիսի խարդախուած, խեղաթիւրուած տեղեկութիւններ կրնան ազդել ունկնդիրի եւ ընթերցողի հոգեբանութեան վրայ: Արտայայտել սեփական տեսակէտները, սակայն նախապայման է, որ անոնք հիմնուած ըլլան ճշմարտութեան եւ անաչառ տեղեկութիւններու վրայ: