Յ. ՊԱԼԵԱՆ
«Լաւ քաղաքագէտը ան է, որ կրնայ նախատեսել ապագան, եւ` ան, որ հետագային, կրնայ բացատրել, թէ ինչո՛ւ դէպքերը չընթացան այնպէս, ինչպէս, ինք նախատեսած էր»:
Վինսթոն Չըրչիլ
Համայն մարդկութիւնը բռնուած է քաղաքական տենդով. միջազգային յարաբերութիւններ, մրցակցութիւններ, աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը անդադրում երթեւեկ, գաղափարաբանութիւններ եւ անվերջանալի «ընտրութիւններ», մեծեր, որոնք կեր կը հայթայթեն զանգուածային լրատուամիջոցներուն, եւ փոքրեր` թաղային, համայնքային, միութենական, որոնց արձագանգը երբեմն կը գտնենք թերթի մը կամ թաղային թուղթի անյայտ մէկ անկիւնը:
Բոլոր պարագաներուն, թեկնածուներ եւ քաղաքական գործիչներ հրապարակ կու գան աւելի լաւը իրականացնելու առաջադրանքով, վերլուծումներով եւ անոնց հետեւող խոստումներով: Եւ ընտրութենէ մը ետք կը սկսի սպասումը, հետզհետէ կ՛աճի խօսքի քանակը, քննադատութիւնները թափ կ՛առնեն լուսարձակները բանալով չիրականացած խոստումներու վրայ:
Կը մտնենք կրկին քուէի որսորդութեան արշաւը սնուցանող խոստումներու բազմաձայն եւ աններդաշնակ աղմկարարութեան եթերին մէջ: Եթէ միայն նախատեսումներու եւ խոստումներու կէսը իրականանար, աշխարհի կացութիւնը եւ մարդոց վիճակը աւելի լաւ կ՛ըլլար: Իսկ չիրականացած նախատեսութիւններու եւ չյարգուած խոստումներու համար Հին Յունաստանէն ժառանգուած գիտոսիկութիւնը (sophisme), իր լեզուագարական լոյսի խաղերով, կը փորձէ համոզել համոզուելու պահանջ ունեցող խմբակները եւ զանգուածները:
Վինսթոն Չըրչիլ պատմութեան մեծերէն է, եւ իր խօսքը` աւելի քան այժմէական, երբ կը հետեւինք աշխարհի այս կամ այն անկիւնները գոռացող ընտրական ծրագիրներուն, եւ անոնք բազմաթիւ են, խօսուած ճառերուն. «Լաւ քաղաքագէտը ան է, որ կրնայ նախատեսել ապագան, եւ` ան, որ հետագային կրնայ բացատրել, թէ ինչո՛ւ դէպքերը չընթացան այնպէս, ինչպէս ինք նախատեսած էր»: Այս խօսքը կը խտացնէ կարծեցեալ ժողովրդավարական ազատութիւններու ալֆայէն օմեկայի միջեւ գտնուող խոպան տարածութիւնները, զորս բառերով կ՛ուզեն հերկել: Այս պատճառով ալ մարդիկ կը յաւերժանան նոյն դիրքերու վրայ, կը մշակեն անփոխարինելիութեան հեքիաթը, կը կրկնուին ամբոխին կողմէ դիւրըմբռնելի ցնցող եւ անվիճելի թուացող տարազներ:
Ժամանակակիցներս, եւ ոչ միայն զանգուածները, կը գտնուինք մեզ ուղեղալուացքի ենթարկող լրատուամիջոցներու (media) ենթակայութեան մէջ: Այդ լրատուամիջոցները, որոնց բարոյականութեան առանցքին պէտք է ըլլայ ժողովուրդի լուսաբանութիւնը, լուսաւորումը, որպէսզի ան գիտակից վերաբերումով օգտագործէ այն հիւլէաչափ իրաւունքը, որ քուէատուփին մէջ ձգուած թղթիկն է, կողմնորոշումներ ունին, նախասիրութիւններով, աւելի ճիշդ` նաեւ շահակցութիւններով:
Այսպէս, ընտրարշաւի մը ընթացքին երբեմն ձայներ կը բարձրանան, որ մէկ կամ միւս թեկնածուն «լրատուամիջոցներու թեկնածուն է»: Միաժամանակ պէտք է ըսել, թէ ինչո՛ւ այդպէս է: Նոյնիսկ երբ խօսքի ազատութիւն կայ, այդ ենթադրել պէտք չէ տայ, որ լրատուամիջոցներու եւ մամուլի ազատութիւն կայ: Անոնք կը պատկանին անհատներու կամ կողմերու, մեծապէս կախում ունին դրամը հակակշռող շրջանակներէ, որոնց ծանուցումներով կը պահեն իրենց գոյութիւնը: Կրկին պէտք է յիշեցնել, որ, օրինակ, Ամերիկայի կամ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան կը ծախսուին միլիոններ, բարեսիրական միութիւն չեղող ծանուցումի ընկերութիւններ կը մշակեն ժողովուրդը տպաւորելու կոչուած «պատկերներ»-ը եւ «պատգամներ»-ը, «կը գնուին» թերթերու էջերը, ճամբաներու ցուցանակները:
Ծանուցումներու եւ քարոզչութեան «մրճահարում»-ը զգայազիրկ կը դարձնէ զանգուածին դատելու եւ ողջմիտ ընտրութիւն կատարելու կարողութիւնը: Դեռ չեմ խօսիր նախնականութեան դրոշմով ապրող հաւաքականութիւններու մասին, որոնց «ձայները սա կամ նա ձեւով» կը գնուին, ինչ որ հանրային գաղտնիք է: Նման պարագաներու, ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ ժողովրդական կամքի եւ ազատ ընտրութեան մասին:
Դասական եւ ընդունուած դատումներէ հեռանալով` երբեմն պէտք է փորձել հասկնալ ծայրայեղականութեամբ սահմանուող խմբակցութիւններու եւ շարժումներու ծնունդը…
Քաղաքական ճառերը, զիրար խաչաձեւող հանրաժողովները, քաղաքացիին տեսադաշտը խճողող հակասական ծանուցումները անկարելի կը դարձնեն իրատեսութիւնը, եւ` այն, ինչ որ կը կոչենք ժողովրդավարական ազատութիւններ:
Ի՞նչ կը պակսի կենսագործելու համար զանգուածներու իրատեսութիւնը եւ անոր ժողովրդավարական ազատութիւնները: Կը փորձե՞նք մտածել այս հարցման պատասխանի մասին: Այս` մեծ պետութիւններու շրջանակներէն մինչեւ համեստ թաղային խմբակները, մարզական, բարեսիրական կազմակերպութիւնները եւ կուսակցութիւնները:
Այդ փորձին համար անհրաժեշտ է անձնուրաց, պարկեշտ, անշահախնդիր եւ հեղինակաւոր առաջնորդի խօսքը, որ անձին օրինակով վստահութիւն ներշնչէ: Մտածել հեղինակաւոր առաջնորդի իմաստութեան մասին, երբ կ’ըսէ` «Սկսեցէ՛ք դուք ձեր մէջ փոխել այն, ինչ զոր կ’ուզէք փոխել ձեր շուրջ»: Եւ ի հարկէ, այդ կարենալ ընելու համար պէտք է գիտնալ յաղթահարել ընչաքաղցութիւն եւ փառասիրութիւններ:
Մեծերը` անկասկած, մեծանուններ եւ մեծ երկիրներ:
Բայց նաեւ` մեր «փոքրիկ ածու»-ին մէջ… մենք փոքրիկ ժողովուրդ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, եւ մենք` անհատներ:
Որպէսզի քաղաքական ճառը անապատին մէջ անարձագանգ աղմուկ չըլլայ, «միւսը» եւ «միւսները», հեռուի եւ մօտի, փոխելէ առաջ, քաղաքացին եւ ազգի անդամը, ունկնդիր արժէքներու տախտակէն բխող պատգամին, ինք պէտք է ըլլայ արտայայտութիւնը ճշմարիտով եւ ծառայութեամբ հոգեփոխութեան:
Որքա՞ն կը սիրեմ իմաստասէրին խօսքը, որ կ’ըսէ` «Ուրիշին իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»:
Եթէ նուազագոյն դրական քննադատութեամբ մօտենանք գրուածներուն եւ ըսուածներուն, պիտի կարենա՞նք ըսել, որ համաշխարհային աղմուկին ի՞նչ է տոկոսը ուրիշի իրաւունքի պաշտպանութեան, երբ մէկդի դնենք բոլոր տեսակի մեծ եւ պզտիկ դիրքապաշտութիւնները եւ շահախնդրութիւնները:
20 նոյեմբեր 2016, Քուինզ, Նիւ Եորք