Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Անդրադարձ. Լեւոն Տէր Պետրոսեան Ինքզինք Կը Գերազանցէ` Իր Վարքագիծը Վերահաստատելով

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Վերանկախացած Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան (այսուհետեւ ԼՏՊ) 3 փետրուար 1997-ին հեռացուած էր նախագահի պաշտօնէն` իր նախարարներուն ու հարիւրաւոր խորհրդատուներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ, ո՛չ միայն սեփականաշնորհումի իր վատահամբաւ տնօրինումին, փտածութեան ու երկրի տնտեսութեան անկումին համար, այլ մանաւանդ` Արցախի ազատագրուած տարածքները Ազրպէյճանին վերադարձնելու իր դաւադիր քաղաքականութեան պատճառով կուտակուած ժողովրդային ու քաղաքական ճնշումին տակ:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան 17 դեկտեմբեր 2016-ի ուղերձի պահուն

Լեւոն Տէր Պետրոսեան 17 դեկտեմբեր 2016-ի ուղերձի պահուն

17 դեկտեմբեր 2016-ին 18 էջերէ բաղկացած ուղերձով մը ան գրեթէ մէկ ժամ տեւողութեամբ ելոյթ ունեցաւ իր կուսակցութեան` Հայ ազգային քոնկրեսի` ՀԱՔ (հիմնուած` 1 օգոստոս 2008-ին, իբրեւ Հայոց համազգային շարժման` ՀՀՇ-ի իրաւայաջորդը, որուն կը նախագահէ 13 ապրիլ 2013-էն ի վեր) համագումարին առջեւ, 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր կուսակցութեան ցանկը գլխաւորելու որոշումը եւ որդեգրելիք քաղաքականութիւնը յայտնող: Հայկական կուսակցութիւն, որուն անուան մէջ կայ անգլերէն քոնկրես (congress, համաժողով) բառը:

6 մայիս 2012-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ան նաեւ գլխաւորած էր Հայ ազգային քոնկրես դաշինքի ցանկը` ընտրուելով երեսփոխան, սակայն հրաժարած էր` յառաջացած տարիքի պատճառաբանութեամբ… 5 տարի ետք ան կրկին կը յայտնէ յառաջիկայ ընտրութիւններուն իր մասնակցութիւնը… Երիտասարդացա՞ծ է արդեօք:

Ստորեւ կը ներկայացնեմ պարզամիտներու ու յիշողութիւնը կորսնցուցած մարդոց ուղղուած անհաւատալիօրէն ապատեղեկութիւններով լեցուն միակողմանի այս ուղերձէն կարգ մը հատուածներ, որոնք թէեւ մեկնաբանութեան չեն կարօտիր, սակայն անհրաժե՛շտ է լուսաբանել: Այսպէս սկսաւ ան իր ուղերձը. (1)

  1. «Իմ վերջին յօդուածներից մէկում ես նշել էի, որ «Հայաստանի բոլոր չարիքների` սոցիալական (ընկերային-Յ.Չ.) ծանրագոյն վիճակի, բնակչութեան աղքատութեան, զանգուածային արտագաղթի, բանակի թերզինուածութեան ապօրինի ընտրութիւնների, արդարադատութեան չգոյութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքների ոտնահարման արմատը կոռուպցիան (փտածութիւն-Յ.Չ.) է` պետական պաշտօնեաների կողմից ազգային հարստութեան համատարած ու անյագ թալանը»:

Արդեօք խոստովանութի՞ւն կը կատարէ իր նախագահութեան ժամանակաշրջանին համար: Յիշեցնենք, որ իր նախագահութեան օրերուն սկսաւ թալանը` իր այս նշած վարքագիծը: Մինչեւ 1997 առանց  նախապայմանի կատարուած են ազգային հարստութեան սեփականաշնորհումները, այն ալ` շուկայի գիներէն 3-4 անգամ ցած գիներով եւ ընդհանրապէս մուրհակներով: Այլ խօսքով, «գոյքը» ստացողը պետութեան առանց մեծ գումար վճարելու, կանխավճարով կամ նոյնիսկ առանց կանխավճարի` մուրհակներով տէր կը դառնար, օրինակի համար, հսկայ գործարանի մը եւ կրնար գործարանը փակել ու մէջի սարքաւորումները ծախել իբրեւ մեքենաներ ու հաստոցներ, կամ` մետաղի-թափօն, որոնց կարեւոր բաժինը ծախուեցաւ Թուրքիոյ եւ մաս մըն ալ Իրանի` դադրեցնելով աշխատանքը ու հազարաւոր աշխատաւորներ անգործութեան մատնելով (2):

«Հայոց Աշխարհ» թերթը անդրադառնալով Հայաստանի վերանկախացումի առաջին եւ երկրորդ վարչակարգի տարիներուն տեղի ունեցած սեփականաշնորհման հոլովոյթին` կ՛արձանագրէ, որ մինչեւ 1997 սեփականաշնորհուած է 4917 պարագայ, շուրջ 230-ով աւելի, քան` 1997-2007 տարիները: Սեփականաշնորհման այս առաջին փուլին անուանական արժէքէն քանի մը անգամ պակաս շուկայական գին ունեցող վկայագիրներով  իւրացուած է պետական ունեցուածքին շուրջ 60 տոկոսը: Մինչեւ 1997 սեփականաշնորհումի մուտքերը կազմած են 40,2 միլիառ դրամ, այն ալ` վկայագիրներով, որոնց արժէքը 3-4 անգամ պակաս էր շուկայի գինէն: Մինչդեռ Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան երկու շրջաններուն պայմանական կերպով սեփականաշնորհուած է շուրջ 4590 պարագայ, որուն շնորհիւ պետութիւնը ստացած է աւելի քան 122 միլիառ դրամ եւ 108 միլիոն տոլար: Եթէ բաղդատենք տարբերութիւնը` սեփականաշնորհումի առաջին փուլին հետ, պետական ունեցուածքի սեփականաշնորհումէն ստացուած մուտքերը գրեթէ 10-12 անգամ պակաս էին երկրորդէն (3):

  1. «Սակայն սա այսպերկի (սառցալերան-Յ.Չ.) միայն տեսանելի մասն է: Անտեսանելին 1998 թուականից ի վեր հայոց պետականաշինութեան հիմքում դրուած քաղաքական փիլիսոփայութիւնն է, այլ կերպ ասած` ղարաբաղեան սթաթիւս-քուոն պահպանելու եւ հարիւր տարի էլ շրջափակումների պայմաններում զարգանալու ռազմավարութիւնը: Թէ ժամանակին կանխատեսուած ինչպիսի կործանարար հետեւանքների է հասցրել այս փիլիսոփայութիւնը, կարծում եմ, աւելորդ է պարզաբանել»:

Բնա՛ւ աւելորդ չէ պարզաբանել: ԼՏՊ-ի կողմէ Արցախի ազատագրուած տարածքները վերադարձնելու փիլիսոփայութիւնն էր, որ յոյս ներշնչեց նախայարձակ ու պարտուած Ազրպէյճանին, որ ազատագրուած տարածքներուն կրնայ «վերատիրանալ եղեր» բանակցութեան միջոցով… «Արցախը Ազրպէյճանին մաս չի կազմեր եւ երբեք ալ մաս պիտի չկազմէ», կ՛ըսէ Լիւքսամպուրկը ներկայացնող Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանք Էնկել. «Եթէ դուն նախայարձակ պատերազմի կը ձեռնարկես ու կը պարտուիս, կարելի չէ վերադառնալ նախապէս տիրող կարգավիճակին, այլապէս Քալինինկրատը (Պալթիկ ծովու եզերքին, այժմ` Ռուսական Դաշնութեան մաս կազմող ու Ռուսիոյ հետ սահման չունեցող, նախապէս Պրուսիա-Գերմանիոյ պատկանող շրջան- Յ.Չ.) մինչեւ հիմա Քէօնիքսպերկ (նախկին անունը- Յ.Չ.) կը կոչուէր», ըսաւ Էնկել աւելցնելով` «Ներկայ կացութեան մէջ ամէնէն ակներեւ քայլը պիտի ըլլայ Արցախի անկախութեան ճանաչումը… խորհրդային օրերուն, օրինական ճամբով (Լեռնային Ղարաբաղի-Յ.Չ.) անկախութիւնը հռչակուած էր, սակայն չէր վաւերացուած. եկած է ժամանակը ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը» (4):

  1. «Փաստն այն է, որ ժողովրդագրական, տնտեսական եւ ռազմական առումներով 1998 թուականին մենք ունէինք մի երկիր, իսկ այսօր ապրում ենք բոլորովին մի այլ երկրում: Դա նշանակում է, որ այն կարեւորագոյն խնդիրը, որը շատ աւելի ուժեղ վիճակում կարող էինք լուծել 18 տարի առաջ, այժմ հարկադրուած ենք լուծել անհամեմատ թուլացած վիճակում»:

Բոլորովին շրջուա՛ծ հաստատում, իմա` ճիշդ հակառակը: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը յառաջացած էր 1992-ին` Արցախի վրայ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած նախայարձակ պատերազմը դադրեցնելու համար, սակայն ձախողեցաւ եւ հայկական կողմը յաղթանակեց, ու պարտուած Ազրպէյճանը 1994-ին զինադադար խնդրեց, ապա ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը առաքելութիւնը շարունակեց զինադադարը պահպանելու եւ «խաղաղ լուծում» որոնելու համար, սակայն ԼՏՊ-ի կամաւոր կերպով Արցախի ազատագրուած տարածքները վերադարձնելու պատրաստակամութիւնն է որ տկարացուց հայկական կողմին դիրքը ու սրեց Ազրպէյճանի ախորժակը… «միտքերնին բան ձգեց»: Ա՛յն ժամանակ էր «թուլացած վիճակը», որուն իբրեւ հակազդեցութիւն` ժողովուրդը իշխանութենէն վտարեց ԼՏՊ-ին: Միւս կողմէ, շատ ճիշդ է, որ այսօր «բոլորովին մի այլ երկրում…», սակայն տնտեսապէս, ուժանիւթով ու ռազմականօրէն աւելի՛ հզօր «վիճակում» ենք, քան` 18 տարի առաջ, երբ ԼՏՊ թալանած, թշուառութեան, անօթութեան ու խաւարի մատնած էր Հայաստանը:

  1. «Իսկ մի քիչ էլ յապաղելու պարագայում անխուսափելիօրէն կը յայտնուենք սրանից վատթար դրութեան մէջ` կրկնելով 1920 թուականի արկածախնդրութիւնը, երբ ձգտելով առաւելագոյն տարածքային ընդարձակման` կորցրինք Հայաստանի Հանրապետութեան ունեցած տարածքի մօտաւորապէս կէսը»:

Այս անհեթեթ, միամիտ ու խեղաթիւրուած հաստատումը արդեօ՞ք կը վերաբերի Սեւրի դաշնագիրի «արկածախնդրութեան», որ Թուրքիան իբրեւ պարտուած կողմ համաձայնեցաւ եւ ստորագրեց: Իսկ ո՞վ էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատկանող հողերը` Կարսը, Արտահանը, Սուրմալուն` Արարատ լեռով ու Անիով, Նախիջեւանը, Արցախը ու Ախալքալաքը Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի ու Վրաստանի նուիրողը, եթէ ոչ` «մեծ հայրենական» խորհրդային համայնավար իշխանութիւնը:

  1. Ապա երկարաշունչ պարտուողական ու պատմականօրէն խոցելի ու հեգնական ոճով «թեզով» մը կը շարունակէ «ազգ-բանակ» առաջադրանքի անյարմարութիւնը` օրինակ բերելով ամազոններու, մոնկոլներու, Զուիցերիոյ եւ Իսրայէլի փորձը` խոստովանելով հանդերձ իւրաքանչիւր պարագայի իւրայատկութիւնը եւ զուգահեռներու բացակայութիւնը… «Հայ ժողովրդի նուաճողական նկրտումների մասին ծիծաղելի է խօսել, եթէ, ի հարկէ, նկատի չունենանք Պաքուն գրաւելու, Արեւմտեան Հայաստանն ազատագրելու եւ ծովից ծով Հայաստան ստեղծելու ցնորամիտ անուրջները: Ինչ վերաբերում է «ազգ-բանակ»-ի ստեղծման հարցում անվտանգութեան ու գոյատեւման անհրաժեշտութիւնից բխող պարտադրանքին, ապա զուիցերիական փորձը պէտք է լիովին զանց առնել, որովհետեւ միջնադարն աւարտուել է, եւ պետութիւնների յարաբերութիւններն այսօր կարգաւորւում են միջազգային իրաւունքի բոլորովին այլ սկզբունքներով: Թւում է, թէ այս տեսակէտից Հայաստանի խնդիրները համեմատելի են Իսրայէլի խնդիրների հետ: Իրօք համեմատելի են, սակայն` լուրջ վերապահումներով»:

Ահաւո՛ր ու անտեղի, սխալ համեմատութիւն: Առանց այլ էական բազում տարբերութիւններու մասին խօսելու, այս է պարզ ու յստակ իրողութիւնը. Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կերտուեցաւ ու ազատագրուեցաւ հայ ժողովուրդին կողմէ իր հազարաւոր տարիներ ապրած հողին վրայ եւ վերջին անկախութիւնը խլածներուն դէմ ազատագրական պատերազմ մղելով ու ստանալով միջազգային ճանաչում` յատկապէս բոլոր դրացիներուն կողմէ, եւ ո՛չ թէ Իսրայէլի նման` յանկարծ Անգլիոյ կողմէ որոշուեցաւ ու ստեղծուեցաւ:

Շեշտակի՛ կերպով ԼՏՊ բոլորովին կ՛անտեսէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը` իր իսկ կողմէ նշուած «պետութիւնների յարաբերութիւններն այսօր կարգաւորւում են միջազգային իրաւունքի բոլորովին այլ սկզբունքներով» որուն կարեւորագոյն սկզբունքն է ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը, որ Արցախի ժողովուրդը երկու անգամ կատարած է արդէն, ինչպէս նաեւ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ իսկ յայտարարուած Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը: Այնպէս` ինչպէս վերջերս կիրարկուեցաւ Խրիմի ժողովուրդին կողմէ:

Ապա որոշակի կերպով նշելով, որ սփիւռքահայերուն պէտք չէ ապաւինիլ, կը շարունակէ.

  1. «Բաւական է յիշեցնել, որ 1990-ականների եռամեայ պատերազմին մասնակցել է ընդամէնը 12 սփիւռքահայ: Այդ թիւը ժամանակին ցաւով հրապարակել է ոչ այլ ոք, քան` պատերազմի բոլոր մանրամասներին տիրապետող Վազգէն Սարգսեանը»… «Նիւթական ռեսուրսների (աղբիւրներու -Յ.Չ.) առումով եւս առանձնապէս յոյս պէտք չէ դնել սփիւռքի էական աջակցութեան վրայ: Նախ` սփիւռքն ինչո՞ւ պիտի օգնի Հայաստանին, որի հարստութիւնը թալանւում է սեփական իշխանաւորների կողմից, եւ երկրորդ, երախտագիտութեամբ գնահատելով հանդերձ սփիւռքահայ բարերարների եւ հասարակ ժողովրդի կողմից անկախութեան շրջանում Հայաստանին ցուցաբերուած մարդասիրական օգնութիւնը, պէտք չէ մոռանալ, որ այն երբեք չի գերազանցել մեր երկրի տարեկան պիւտճէի երկու-երեք տոկոսը»: Ահաւասիկ ԼՏՊ կը շարունակէ թերագնահատել ու արհամարհել սփիւռքը եւ կը դրսեւորէ հակադաշնակցական իր մոլուցքը:

Երկարաշունչ այս ուղերձին մէջ ԲՆԱՒ նկատի չ՛առներ այժմու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ներքին, արտաքին-քաղաքական ու տնտեսական անկումը,  այլ կ՛ենթադրէ, որ անոնք միա՛յն պիտի զօրանան ու Հայաստանը միա՛յն պիտի տկարանայ…: Տարօրինակօրէն, հակասելով իր ամբողջ այս թեզը` հաւանաբար ծափահարութիւն խլելու համար կ՛աւելցնէ. «Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը չարաչար սխալուած կը լինի, եթէ այս ելոյթի հաշտարար ոգին եւ հայ ժողովրդի խաղաղութեան ձգտումը թուլութեան նշան համարի ու աւելի եւս կոշտացնի իր դիրքորոշումը Ղարաբաղի հարցում: Ապրիլեան պատերազմը, կարծում եմ, նրան ապացուցած պէտք է լինի վտանգի պահին հայ ժողովրդի միաւորուելու ու ցանկացած ոտնձգութեան հուժկու հակահարուած հասցնելու կարողութիւնը: Սեփական նախաձեռնութեամբ սանձազերծուած յաջորդ պատերազմում, երբ էլ այն պատահի, Ազրպէյճանը հաստատաբար դառը պարտութիւն կը կրի ու եւս մի քանի շրջան կը կորցնի: Իսկ թէ դրանից յետոյ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, միայն Աստծուն է յայտնի»: Ուրեմն «թուլցած» չե՞նք…

Ու ծիծաղելիօրէն կ՛աւելցնէ. «Հակառակ իր ռազմաշունչ հռետորաբանութեանը` Իլհամ Ալիեւին ես համարում եմ ռացիոնալ (բանական, արդար -Յ.Չ.) մտածող պետական գործիչ, որն ընդունակ է համաչափ քայլ կատարել խաղաղութեան հաստատման նաեւ սեփական ժողովրդին խիստ անհրաժեշտ ուղղութեամբ, ինչպէս ժամանակին իմ «Պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն» յօդուածին ընդարձակ ելոյթով ողջախոհաբար արձագանգեց իր հայրը` հանգուցեալ Հայտար Ալիեւը»…

Ապա կանխատեսելով իր այս ելոյթին նկատմամբ հայ ժողովրդային ժխտական հակազդեցութիւնը` կ՛ըսէ.

«1. Զիջում ես մասը, միւս մասը կարողանում ես պահպանել:

  1. Ոչինչ չես զիջում, կորցնում ես ամէն ինչ:
  2. Մասը պահողները հռչակւում են դաւաճաններ, ամէն ինչ կորցնողները կոչւում են հայրենասէրներ»:

Թէ ինչպէ՛ս այս բացարձակ բանաձեւ-արդիւնքին կը հասնի, բնաւ չի հիմնաւորեր, արդեօք հաւաստիքնե՞ր ստացած է մեր թշնամիներէն… Ապրիլեան պատերազմը փաստեց, որ մենք յաւելեալ ռազմավարական տարածքներու պէտք ունինք պաշտպանելու համար Արցախը եւ Հայաստանը, քանի որ Ազրպէյճան իրը կը նկատէ նոյնիսկ Երեւանը, Մեղրին ու այլ նահանգներ…

Իսկ ամբողջ ելոյթին մէջ ԼՏՊ որեւէ ակնարկութիւն չի կատարեր, թէ Ազրպէյճանը ի՛նչ պիտի զիջի… պիտի զիջի՞ մնացեալ չազատագրուած, բռնագրաւուած ու խորհրդային վարչակարգի օրերուն իրեն նուէր տրուած Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքները վերադարձնել… Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք իւրաքանչիւր հանրապետութիւն պէտք է վերադառնայ իր նախախորհրդային սահմաններուն: Ա՛յս է տրամաբանական լուծումը, որ կը շարունակենք պահանջել:

ԼՏՊ ՀԱՔ-ին առաջարկեց ընտրութիւններուն երթալ «Խաղաղութիւն, հաշտութիւն, բարի դրացիութիւն» նշանաբանով… Արդեօք մենք պարզապէս գժտուա՞ծ էինք, որ հաշտուինք փոկրոմներ գործած ու ապրիլին անզէն ծերունիներ մորթածներուն հետ: Ու խօսքը աւարտեց` «Ելոյթս գուցէ դառը ստացուեց, բայց իմ նպատակը ոչ թէ մարդկանց վհատեցնելն էր, այլ, ընդհակառակը, ազգին ներկայիս հեղձուկ  իրավիճակից յուսադրիչ ու արժանապատիւ ելք ցոյց տալը, ազգ, որի ուրախութեան ու հպարտութեան միակ առարկան այսօր Հենրիկ Մխիթարեանն է»:

Ահաւասիկ ԼՏՊ-ի վայել եզրակացութիւն: Արիւնով ազատագրուած հայկական տարածքները թշնամիին վերադարձնելը անամօթաբար ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ կը նկատէ, իսկ բոլորովին կ՛անտեսէ հայոց բանակին ու կամաւոր ազատամարտիկներուն նահատակ ու ապրող հերոսները, որոնք իրեն համար ուրախութեան ու հպարտութեան արժանի չեն…

22 դեկտեմբեր 2016

 

(1) ( https://news.am/arm/news/363399.html )

(2) ( http://www.aztagdaily.com/archives/310121 )

(3) ( http://news.am/arm/reviews/629.html )

(4) ( http://www.aztagdaily.com/archives/313048 )


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>