ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Մօրս ֆրանսերէն լեզուի հազուագիւտ բառամթերքին մէջ իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէր «թուալեթ» բառը, որ իր եւ այդ ժամանակի իգականներուն քով կը նշանակէր արդուզարդ:
Այդ տարիներուն շատ քիչեր արդուզարդի կարեւորութիւն կու տային:
Այդ քիչերու խմբակին մաս չէր կազմեր մայրս: Դէմ էր արհեստական գեղեցկութեան: Տարին քանի մը անգամ միայն, բացառիկ առիթներով, շրթունքը կը ներկէր կամ դէմքին քիչ մը բրնձափոշի կը քսէր:
«Թուալէթ»-ի ապրանքները կը պահէր «պիսկուիթ»-ի պարապ տուփի մը մէջ … մահճակալին տակը: Այդ տուփին մէջ կարելի էր գտնել շրթունքի ներկ մը, յօնք քաշելիք «ճիմպիկ» մը, փոքր մկրատ մը եւ քիչ մը բրնձափոշի (մօրս բառերով` «փուտրա»): Եղունգները ներկելու սովորութիւն չունէր:
Մեր տան մէջ «ճիմպիկ»-ը, յօնք քաշելէ աւելի, կը գործածուէր մեր մատներուն մտած փուշերը դուրս հանելու:
Ունէր նաեւ երկրորդ «պիսքուիթ»-ի պարապ տուփ մը, որ «թուալեթ»-ի տուփէն շատ աւելի յաճախ կը գործածէր: Անոր մէջ կարելի էր գտնել ասեղ, տարբեր գոյներով դերձաններ, գուլպայ կարկտելիք տախտակէ «հաւկիթ» եւ մկրատ մը:
Մինչեւ որոշ տարիք մը «թուալեթ» բառը ինծի համար նոյնպէս կը նշանակէր արդուզարդ: Բաւական ուշ սորվեցայ, որ ֆրանսերէնով կը նշանակէ նաեւ բաղնիք: Մեր առօրեայ խօսակցական լեզուով` արտաքնոց, կամ` պէտքարան:
Երբ մանկութեանս տարիներուն, տակաւին Էշրեֆիէ փոքր տնակի մը մէջ կը բնակէինք, մեզի համար «պէտքարան»-ը բաղնիք չէր: Անիկա կը գտնուէր մեր տունէն դուրս, բակին ամենահեռաւոր անկիւնը, եւ միայն արտաքնոց էր, ուր լոգանք չէինք առներ:
* * *
Այդ օր եւրոպացի հիւր մը ունեցանք մեր տունը: Երէց եղբայրս, որ քանի մը տարի է ի վեր օտար ընկերութեան մը մէջ կ’աշխատէր, իր եուկոսլաւ վերակացուին կինը մեր տունը բերաւ այցելութեան:
Ամբողջ թաղին հետաքրքրութիւնը մեր տան վրայ կեդրոնացաւ այդ օր: Սպիտակամորթ, կապոյտ աչքերով եւ դեղին մազերով հիւր մը ունէինք:
Առաջին անգամն էր, որ մեր թաղը նման արտաքինով անձ մը կը ժամանէր:
Թաղի դրացի կիները, առանց յայտնի ընելու, աչքերը մեր տունէն չէին հեռացներ, իսկ փոքրերը համարձակօրէն մտած էին մեր բակը եւ պատուհանէն ներս կը դիտէին անձ մը, որուն նմանին շատ յաճախ չէին հանդիպիր:
Մեր հիւրը, բացի իր մայրենի լեզուէն` եուկոսլաւերէնէ, ուրիշ լեզու չէր խօսեր, իսկ եղբայրս այդ քանի մը տարիներուն բաւական ընտելացած էր այդ լեզուին եւ ինքզինքը կ’ազատէր:
Անակնկալ այցելութիւն մըն էր, որուն համար տնեցիք պատրաստուած չէին:
Հիւրը մեր տունը հասցնելէն անմիջապէս ետք, եղբայրս հապճեպով գացած էր մեր տունէն բաւական հեռու խանութ մը` գնումներ կատարելու, որպէսզի կարենանք հիւրասիրել զայն:
Մայրս ու մեծ քոյրս հիւրին շուրջ կը դառնային եւ համրի լեզուով կը փորձէին հիւրասիրել, ինչ որ կարելի էր գտնել տան մէջ: Կարելի եղածին չափ կը ջանային գոհ պահել հիւրը: Այդ տարիներուն եւրոպացի հիւր մը ունենալը մեծ պատիւ էր, կարծես այդ այցելուն հանրապետութեան առաջին տիկինը ըլլար:
Հիւրը շրջապատուած էր տնեցիներով, իսկ պատուհանի ետին` թաղի երեխաներով: Բոլորին աչքերը կնոջ վրայ էին:
Մայրս զիս ղրկեց դուրս, որպէսզի մեր բակի մէջ գտնուող ծառէն նորաշխարհ քաղեմ: Քանի մը վայրկեանէն արդէն բաւական հաւաքած եմ:
Կը տանիմ խոհանոց, որ մայրս լուայ ու հրամցնէ հիւրին:
Քաղածներուս մէջ կան հասունն ու խակը, դեղինն ու կանաչը:
Մայրս հասուն պտուղները մեծ ամանի մը մէջ դնելով` կը բերէ ու կը զետեղէ հիւրին դիմաց, փոքրիկ սեղանի մը վրայ եւ ցուցամատը հիւրին կ’երկարէ, ապա պտուղի ամանին, ինչ որ կը նշանակէ «Հրամէ՛, կե՛ր»: Լեզու չունի, որ հասկցնէ, որ թարմ են եւ նոր քաղուած:
Քանի մը հատը հազիւ համտեսած` արդէն հասած է օշարակը, որուն կը յաջորդէ հայկական սուրճը, «պիսքուիթ»-ը, «լոխում»-ը, ինչ որ կը գտնուի մեր տան մէջ, կը դրուի հիւրին առջեւ:
Խեղճ կնոջ շունչ առնելու ժամանակ չի տրուիր:
Ուտել-խմելէն կարճ ժամանակ ետք հիւրը անհանգիստ վիճակ մը ունի:
Անդադար աջ ոտքը ձախին ու ապա ձախը աջին վրայ կը դնէ: Կը կարմրի, կը դեղնի: Ըսելիք մը ունի, սակայն չի գիտեր, ինչպէ՛ս բացատրէ իր միտքը, մինչ հիւրասիրութիւնը կը շարունակուի մեծ թափով:
Ի՜նչ դժուար բան է լեզու չգիտնալը:
Յանկարծ, մեծ գիւտ մը ըրածի նման, կը յիշէ իր փնտռած բառը, եւ բարձրաձայն… «թուալեթ» կը պոռայ:
Մայրս, անմիջապէս մահճակալին տակէն կը հանէ «թուալեթ»-ի տուփը եւ կը դնէ հիւրին դիմաց, որ զարմացած` մէկ տուփին կը նայի, մէկ մօրս:
Այդ տուփի՞ն մէջ, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս…, բոլորին ներկայութեա՞ն:
Բարեբախտաբար նոյն վայրկեանին կը հասնի եղբայրս: Եւրոպացի հիւրը ուրախ, որ վերջապէս իրեն հասկցող անձին պիտի կարենայ հասկցնել իր կարիքը, եւ նախքան վրան գլուխը աղտոտելը, կ՛առաջնորդուի մեր բակի անկիւնը գտնուող «թուալեթ»-ը: Մեր արտաքնոցը:
Այդ օր սորվեցանք, որ «թուալեթ» կը նշանակէ նաեւ բաղնիք:
* * *
Ընկերութեան շարժավարը հասած է եւ պատրաստ է հիւրը վերադարձնելու իր բնակավայրը:
Բակին մէջ, տնեցիներէն իւրաքանչիւրին քանի մը անգամ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, եղբօրս երկու այտերէն կը համբուրէ ու կը մեկնի:
Լման շաբաթ մը թաղեցիները ուրիշ նիւթ չունէին:
«Տեսա՞ր անամօթը, բոլորին ներկայութեան ինչպէս համբուրեց: Եւրոպացիները բոլորը անպատիւ են: Ամօթին ի՛նչ ըլլալէն գաղափար չունին»:
Եղբայրս եթէ ճիշդ ժամանակին հասած չըլլար, մեր հիւրը պիտի արժանանար նաեւ տարբեր «ամօթ»-ներու:
«Ամօ՛թ իրեն, մեծ մը կնիկ, չէ՞ր կրնար քիչ մը դիմանալ մինչեւ «պէտքարան» հասնիլը:
Ամենակարեւորը, մօրս «թուալեթ»-ի տուփը գործածելու կարիքը չունեցաւ, ապա թէ ոչ… շատ մը «ամօթ»-ներ պիտի լսէինք խեղճ կնոջ հասցէին:
Այդ օրէն մեր տան մէջ «պէտքարան» բառը փոխարինուեցաւ «թուալեթ»-ով:
Եւրոպացի հիւրին այդ օրուան այցելութիւնը «զարգացուցած» էր մեզ:
* * *
Այդպէս էր այդ տարիներուն: Այտերէն անմեղ համբոյր մը ամբողջ թաղին բամբասանքի նիւթ դարձաւ: Աւելի ուշ, հաւանաբար այդ «ցնցիչ» լուրը փոխադրուեցաւ տարբեր թաղեր: Ո՞վ գիտէ:
Վերադառնալով «թուալեթ»-ին (խօսքս անշուշտ նիւթին մասին է)` անգլերէնով կու տան restroom անունը (հանգստասենեակ): Տրամաբանական բացատրութիւն է եւ ձեւով մը իմաստալից, քանի որ մարդոց հանգստացնելիք վայր մըն է:
Ֆրանսացիք կ’անուանեն «թուալեթ», որ միեւնոյն ժամանակ կը նշանակէ արդուզարդ:
Հայերէնով, արեւելահայերն ու արեւմտահայերը տարբեր հոմանիշներ կը գործածեն:
Արեւմտահայերը կ’անուանեն պէտքարան կամ արտաքնոց եւ իմ կարծիքովս, յաջող թարգմանութիւն է: Բնական պէտքերու վայր:
Արեւելահայերը կ’անուանեն «զուգարան»: Զուգուել, զարդարուելու վայր, ինչ որ շատ կը համապատասխանէ ֆրանսացիներու անուանած «թուալեթ»-ին:
Հետաքրքրական է գիտնալ, ո՛վ որմէ՞ ընդօրինակած է:
Հա՞յը ֆրանսացիէն, թէ՞ ֆրանսացին հայէն:
Հա՞ւը հաւկիթէն ելած է, թէ՞ հաւկիթը հաւէն:
Լոս Անճելըս 2016