ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔ. ԶՕԼՈՅԵԱՆ
Առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի
5 դեկտեմբեր 1979…
Յատուկ առաքելութեամբ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը զիս Քուէյթ ուղարկեց: Օդակայանին մէջ հոգելոյս տէր Պարոյրը իր երէց որդիին` Քեռիին եւ կարգ մը ազգայիններուն հետ եկած էր դիմաւորելու զիս: Հակառակ ձմրան եղանակին, տաք էր Քուէյթը, ջերմ էին նաեւ զիս դիմաւորողներուն սիրտերը:
Յաջորդն օրն իսկ սկսայ հանդիպիլ Ազգային վարչութեան անդամներէն ոմանց: Երեկոյեան, լուսահոգի տէր հայրը ըսաւ թէ լաւ կ՛ըլլայ` քեզ տանիմ լաւ բարեկամներուս մօտ: Քանի մը հոգիի հանդիպելէ ետք ըսաւ. «Երթանք Մելիքին, ուրիշ է Մելիքը»:
Մելիքը ամենայն յարգանքով ընդունեց մեզ իր ոսկերչական խանութէն ներս: Կայծակնային արագութեամբ մը յարգանքին միախառնուեցաւ համակրանք մը, մտերմութիւն մը, հարազատութիւն մը: Տաք սիրտ մը
Այդ տաք ու սիրելի սիրտը մնաց սրտիս մէջ, որ կարծես կանգ առաւ բաբախելէ, երբ Մելիքին մահուան գոյժը առի: Անմիջապէս քակուեցաւ յուշերու եւ քառասունհինգ տարիներու իրարու հետ մեր ունեցած միշտ ուրախ, հաճելի եւ մտերիմ պահերուն ժապաւէնը:
Սրտով բարի, մաքուր ու անկեղծ հայ մըն էր Մելիքը: Յիսուս Բարթողիմէոս առաքեալը կը նկարագրէ որպէս մէկը, «որուն մէջ նենգութիւն չկայ»: Համաստեղ պիտի ըսէր` «մաքուր ու ճերմակ էջ մըն է» իր սիրտը, առանց որեւէ արատի: Կողմնակի հաշիւներ ու շահեր գոյութիւն չունէին իր հայու հոգիին մէջ: Կը սիրէր հայու իր ինքնութիւնը, եկեղեցին եւ դպրոցը, արժէքներ, որոնք դարերով պահած ու պահպանած են մեզ: Հայոց պատմութիւնը եւ մեր ազգին գոյութիւնը կը դիտէր ամէնէն պարզ հասկացողութեամբ, եւ ճիշդ այս պատճառով ամբողջ իր կեանքի ընթացքին եղած էր իրապաշտ, գործնապաշտ: Ազգին անցեալի փորձառութիւնը, ներկայի իրավիճակը կը դիտէր զարմանալի իմաստութեամբ եւ զայն կեանքի կը վերածէր հեռատես մարդու կարողութիւններով: Ինքզինք լաւ կը ճանչնար, ուսումնական համեստ իր մակարդակին ծանօթ` կեանքի դպրոցին մէջ յաջողած անձ մըն էր, ուրիշներուն ուսուցիչը ըլլալու կարողութիւններով ու շնորհքներով:
Շատեր չեն գիտեր, թէ ի՛նքը եղաւ խրախուսողը եւ գործնապէս նպաստողը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, յատկապէս Շարժա-Տուպայի եւ Ապու Տապիի համայնքներուն կազմակերպումին: Առաջին իսկ հանդիպումին, երբ իրեն յայտնեցի առաքելութեանս նպատակին մասին եւ ըսի, թէ կը մտածեմ նաեւ Էմիրութիւններ անցնիլ, անմիջապէս անցագիրս ուզեց եւ ո՛չ միայն վիզան ապահովեց, այլ ճամբորդութեան բոլոր ծախսերը հոգալէ ետք, ընկերացաւ ինծի, յաջորդ շաբաթն իսկ: Հոն, Շարժա-Տուպայի մէջ աննախատեսելի հեռատեսութեամբ մը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անունով ընթրիքի հրաւիրեց բոլոր հայերը, ինչ որ առիթը եղաւ շրջանին կազմակերպուելուն առաջին քայլին, շրջան մը, որ այսօր իր եկեղեցիներով ու ազգային կազմակերպ կեանքով վերելք մը կ՛ապրի:
Իր առատաձեռնութիւնը ծանօթ է բոլորիս, սակայն այս արարքը եւ միայն պարզապէս առատաձեռնութեան արտայայտութիւնը չէր, այլ` նուիրումի, հեռատեսութեան, համոզումի եւ հաւատքի միախառնութիւն մը, որ հայու իր պարզ ու սիրազեղ հոգիին պատկերն է:
Իր գերագոյն գոհունակութիւնն ու երջանկութիւնը իր ընտանիքն էր, կինը` Պիան, մայրը` տիկին Ծաղիկը եւ սիրասուն զաւակները: Թէ՛ սիրով, թէ՛ յարգանքով եւ թէ՛ անձնազոհութեամբ նուիրուած էր անոնց: Որպէս հարազատ անդամը իր ընտանիքին վկան եմ իր ընտանեկան ուրախ ու շէն մթնոլորտին: Կարօտով կը յիշեմ իր քաղցր, յարգալից վերաբերմունքը, հարազատութիւնը, նոյնիսկ խօսակցութեան բարձր իր ձայնը: Ի՜նքն էր Մելիքը:
Վերջին անգամ զինք տեսայ Լիբանանի մէջ, քանի մը ամիսներ առաջ, առողջական բարդութիւններու ենթակայ վիճակով: Ամբողջ մեր խօսակցութիւնը բացայայտումն էր ազգային իր նախանձախնդրութեան, մտահոգութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն: Ազգային կեանքը եւ Քուէյթի մեր համայնքը եղան իր կեանքին իմաստ տուող ապրումները, որոնցմով տասնամեակներ ապրեցաւ, եւ առանց պաշտօնի ու դիրքի, ասպետական ոգիով ուսուցանեց բոլորին, միշտ հետամուտ ներդաշնակ, յաջողագոյն եւ բարեկարգ ապագային: Այսօր Մելիքը չկայ: Այսօր Քուէյթը առանց իրենց նոյնը չէ: Իմաստուն հայր մը կը բացակայի հոն:
ՄԵԼԻՔԸ ՈՒՐԻՇ ԷՐ…