Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Գրիչի Զբօսանք. «Ես», «Ես»-եր

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Գերմանացի 18-րդ դարու  փիլիսոփաներէն  Ֆիխթէի փիլիսոփայական տեսութիւնը գոյութենական ամէն ինչ, մեր տեսած ու զգացած բոլոր բաները կը  վերագրէ ու կը կապէ «ես»-ին, «ես»-երուն: Կ՛ըսէ , թէ մեր «ե՛ս»-ը կայանալու,  ինքզինք իրագործելու համար պէ՛տքը ունի ոչ-«ես»-ին, այսինքն` հակադրութեան, իրեն դիմադրող  բանի մը, այնպէս` ինչպէս ֆիզիքական մեր ուժը կ՛իրագործուի, երբ իր դիմաց դիմադրութիւն կը գտնէ: Ինչպէս մարզիկը, որ  իր առջեւ դրուած արգելքները յաղթահարելու մեծ ճիգի կը մղուի, որպէսզի ինքզինք իրագործէ, իր կարողականութիւնը փաստէ: Տեսութիւնը կը հասնի այն աստիճանի, որ կասկածի տակ կը դնէ նոյնիսկ տիեզերքի իրականութիւնը` պնդելով, թէ անիկա առարկայական գոյութիւն մը չէ, այլ մեր «ես»-ին ենթագիտակցութենէն ելած  «ներկայացում» է: Տիեզերքն ու անոր մէջ ինչ որ կը տեսնենք, ինչ որ կը շօշափենք, մտացածին, անգիտակից երեւակայութենէ արտադրուած պատկերներու խաբկանք մըն է, որպէսզի ինք (եսը) հակադրուի այդ պատկերներուն, զանոնք բացատրելու  ու  իմաստաւորելու ճիգին մէջ  ինքզի՛նք կայացնէ, ինզի՛նք  իրագործէ: Զուգահեռ մը ընելով` այդ «ներկայացումը» կը նմանցնէ երազին, որ պատկերներու անիրական աշխարհ մըն է մեր ենթագիտակցութեան մէջ, ինչպէս անիրական է մեր տեսած դուրսի աշխարհը…

Սա փիլիսոփայական տեսութիւն մըն է` բնազանցական:

Պարզեցնենք . «Ես»-ին համար ո՛չ մէկ բան կայ, ո՛չ երկիր ու երկինք, ո՛չ արեւ ու լուսին ու աստղեր այն պարագային, որ ի՛նք (եսը) չկայ : Ահա թէ ինչո՛ւ գոյութենական ամէն ինչ պայմանաւորուած է իրմով, «ես»-ով: Ուրեմն, տիեզերքը շարժման մէջ դնող առանցք-ուժը մեր «ես»-երն են…

Մեր ժողովուրդի հնադարեան իմաստութիւնն ալ  քիչ մը տարբեր ու պարզունակ բանաձեւումով  յանգած է  գրեթէ  նոյնանման եզրակացութեան մը. «Մարդն է, որ գործէ զերկիր»:

Այս կէտին, թողունք փիլիսոփայութիւնը, որ անով փիլիսոփաները զբաղին: Մենք վերադառնանք  մեր առօրեային:

Կը տեսնենք, թէ ինչպէս, փոքրահասակ կամ չափահաս  տարբեր ու յաճախ արտասովոր միջոցներու կը դիմեն իրենց «ես»-ին վրայ լուսարձակներ հրաւիրելու համար:  Հեռաձայնային խօսակցութիւններու  հետազօտութիւն մը հաստատած է, որ խօսողներու գործածած բառերուն 70 առ հարիւր համեմատութիւնը կազմած է առաջին դէմքին` «ես»-ին վերաբերող:

Փաստ է, որ հանրային-հասարակական մեր կեանքի մէջն ալ, իբրեւ առանցքային ուժ ու գերակշիռ դերակատար, մեր «ես»-երն են:  Գիտենք նաեւ, որ ուժը կը գործածուի ազնիւ ու օգտակար կամ անազնիւ ու վնասակար նպատակներու:

Հաւաքական կեանքի ու աշխատանքի հրամայականներով «ես»-երու ձուլումը ընթացք կ՛առնէ «մենք»-ի մէջ եւ ուժը կը բազմապատկուի, անոր  առանցքային  դերակատարութիւնը աւելի կը շեշտուի: Այդ ուժը` «մե՛նք»-ը կայանալու, ինքզինք իրագործելու, ինքզինք արժեւորելու համար պայմանականօրէն կը փնտռէ ու կը գտնէ իր դիմադրութիւնը, որ բնականաբար «դո՛ւք»-ն  է,  ինչ որ իբրեւ հակադարձ առանցքային ուժ,  նոյնպէս ինքզինք իրագործելու համար կը հակադրուի «մենք»-ին: Այսպէս, «մենք»-ի եւ «դուք»-ի զուսպ ու հաւասարակշիռ հակադրութեան մէջ առաջ կը մղուի ընկերութիւնը` դրական ու ժխտական երեսներով:

Դիտած ենք անշուշտ, թէ ինչպէս միասնաբար սկիզբ առած երեխաներու  համերաշխ խաղը յանկարծ կը վերածուի կագ ու կռիւի, գզուըրտոցի: Պատճա՞ռը.  երեխայ ըլլալնուն` կը դժուարանան  զսպելու-հաւասարակշռելու եսի-դունի , մենքի-դուքի հակադրութիւնը եւ բնականաբար խաղն ալ կը խանգարուի:

Բացառուած չէ, որ մեծահասակներու մօտ եւս երբեմն պակսի մենքի-դուքի հակադրութիւնը զսպելու-հաւասարակշռելու ունակութիւնը, որով եւ անոնք ալ իյնան երեխայական, բայց այդ պարագային հանրութեան անդորրը խանգարող վտանգաւոր  գզուըրտոցի  մէջ… Նմանատիպ հաւանականութեանց առջեւ , իր սեփական հանդարտութեան ու անալեկոծ ընթացքին համար իսկ, ընկերութիւնը (մենքը եւ դուքը) անհրաժեշտ նկատած է ստեղծելու կամ ընդունելու «ղեկավարութիւն» կոչուած հաստատութիւնը, անոր շնորհած` համարժէք լիազօրութիւն ու հեղինակութիւն, որպէսզի ան , իբրեւ «մենք»-ի եւ «դուք»-ի հակամարտութեան դիմադրող  ուժ, զանոնք հաւասարակշռէ, ի հարկին վճռական  միջամտութիւններով առաջքն առնէ հակամարտութեան սրումին ու գզուըրտուքի ահագնացումին, որպէսզի կ՛անխարգիլէ  հանրութեան անդորրին խանգարումը եւ ապահովէ  ընկերութեան առաջընթացը:

Այդ առաջընթացին համար որքան որ պէ՛տք մըն է  մենքի-դուքի հակադրութիւնը, նոյնքան եւ աւելի պա՛րտքն է ղեկավարութիւն կոչուած հաստատութեան, որ ինք հակամարտող կողմ չդառնայ: Կայանալու, ինքզինք իրագործելու, ինքզինք արժեւորելու համար ան իր լիազօրութիւններով պա՛րտ է դիմադրելու անոնց հակամարտութեան եւ ապահովելու այդ երկուքին (մենք»-ի եւ դուք»-ի)  իրար հանդուրժող գոյակցութիւնը: Վա՜յ  այն ղեկավարութեան, որ կը միանայ  կողմերէն մէկուն կամ միւսին եւ անոնց հակամարտութեան մասը կազմելու փորձութեան մէջ կ՛իյնայ: Նման պարագայի մը անխուսափելի կը դառնայ իր հիւծումը, մաշումը` հաւասարապէս ե՛ւ մէկուն, ե՛ւ միւսին համար:

Անշուշտ, մտածող ու զգացող մարդ անհատի ես(եր)-ին համար  շատ դժուար է դիմադրել  կողմ դառնալու փորձութեան: Սեփական համոզմունք, չկարենալ կիրք զսպելու տկարութիւն, խոստումներու շռայլանք ու այս կարգի բաներ կը դժուարացնեն,  փորձութիւնը  վանելը:

Հապա ի՞նչ  կը կարծուէր. դիւրի՞ն է ղեկավար-ղեկավար խաղալ:

Կը զգամ, որ գրիչի զբօսանքը երկարեցաւ: Սուրճս ալ արդէն շատոնց լիզած է  գաւաթին յատակը :

 

Աթէնք, 18 դեկտ. 2016   

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>